ՍԻՐՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ
«Ով Իսրայէլ, մտիկ ըրէ. մեր Տէր Աստուածը մի միայն մէկ Տէր է։ Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ եւ բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ եւ այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։
Թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսէ։ Զանոնք նշանի համար ձեռքիդ վրայ կապէ ու ճակատնոցի համար աչքերուդ մէջտեղը թող ըլլան։ Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ եւ դռներուդ վրայ գրէ». (Բ ՕՐԻՆԱՑ Զ 4-9)։
Հին կտակարանի այս բանաձեւը թէեւ կը շարունակէ, բայց Յիսուս զայն կը միջբերէ միայն անոր առաջին բառերը, որոնցմով կը տրուի Աստուծոյ սիրոյ պատուիրանը։ Ան կը միացնէ անոր երկրորդ պատուիրան մը՝ քաղուած դարձեալ Հին կտակարանէն՝ Ղեւտացւոց Գիրքէն եւ կեդրոնացուած եղբայրական սիրոյ վրայ՝ որ առաջին պատուիրանին անհրաժեշտ լրացումն է։
«Վրէժ մի՛ առներ եւ քու ժողովուրդիդ որդիներուն դէմ ոխ մի՛ պահեր, հապա քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛։ Ես եմ Տէրը». (ՂԵՒՏ. ԺԹ 18)։
Յիսուսի ժամանակակից օրէնսգէտ մը այս մէջբերումներով յայտնապէս բաւարարուած՝ իր խոր համաձայնութիւնը կը յայտնէ Յիսուսի։ Ան, «Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ»էն կը քաղէ Յիսուսի կատարած մէջբերումը՝ զուգադրելով անոր մերձիմաստ ուրիշ հաստուած մը Բ Օրինաց գիրքէն.
«Ասիկա քեզի ցուցուեցաւ, որպէսզի գիտնաս թէ Տէրը՝ ինք միայն Աստուած է. անկէ ուրիշ Աստուած չկա՛յ». (Բ ՕՐԻՆԱՑ Դ 35)։
Բացի այդ, ան նաեւ դիտողութիւն մը ունի ողջակէզներէն գերիվեր սիրոյ մասին՝ որ արձագանգն է բոլոր մարգարէներու մարգարէութեան։ Ահա մարդ մը՝ որուն աստուածաշնչական հմտութիւնը բացայայտ է եւ միաժամանակ պարտաւորեցնո՛ղ.
«Յիսուս տեսնելով որ անիկա խելացութեամբ պատասխան տուաւ, ըսաւ անոր.- Աստուծոյ Թագաւորութենէն հեռու չես». (ՄԱՐԿ. ԺԲ 34)։
Ակնյայտօրէն այս օրէնսգէտը կը տարբերի իր խումբի միւս մարդոցմէ՝ իր առանձին հմտութեամբ եւ ճշմարտութեան ճանաչումով։ Արդարեւ, հոն կը գտնուէին շատեր՝ որոնք քահանայապետներու հետ եկած էին գտնելու Յիսուսը՝ մեղադրանքներ ուղղելու համար անոր. (ՄԱՐԿ. ԺԱ 27-33)։
Արդարեւ, ամէն շրջանի մէջ կան մարդիկ, որոնք յետին նպատակներով կը մօտենան եւ որոնց նպատակը միշտ գէշ է եւ մոլորեցուցի՛չ։
Աւետարանիչը, այստեղ մէջբերելով օրէնսգէտի միջամտութեան այս դէպքը, կ՚ուզէ ցոյց տալ, թէ եթէ հրէական իշխանութիւնները, ամբողջութեամբ միաբանած, կազմակերպեցին Յիսուսի սպանութիւնը, հրեաներէն իւրաքանչիւրը անհրաժեշտաբար մեղաւոր եւ մեղսակից չէ անոր նկատմամբ։
Ընդհանուր առմամբ թշնամաբար տրամադրուած օրէնսգէտներու խումբի մէջ իսկ կը գտնուին մարդիկ, որոնք հաստատապէս կ՚երթան դէպի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։
Արդարեւ, ամէն շրջանի մէջ կը գտնուին մոլորած մարդիկ, բայց նաեւ չեն պակսիր ողջախոհ եւ պարկե՛շտ անձեր…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 12, 2024, Իսթանպուլ