ՕՏԱՐԸ, ՈՐ ԱՒԵԼԻ ՀԱՅ ԷՐ՝ ՔԱՆ ՀԱՅԸ

Չնայած Կոմիտասը մեծարելու մեր ազգային ջանքերուն, պէտք է առերեսուինք այն դառն ճշմարտութեան հետ, որ մեծ վարդապետին անունով փողոցներ, երաժշտանոցներ, դպրոցներ ու հրապարակներ կառուցելը երբեք պիտի չկրնայ ամոքել այն ցաւերն ու տառապանքները, որոնք ան ունեցած է իր կենդանութեան ժամանակ։ Կոմիտաս Վարդապետի գրած նամակներն ու այդ նամակներուն մէջ ունեցած անկեղծ արտայայտութիւնները մեծագոյն ապտակը պիտի ըլլայ մեր այդ ջանքերուն. այդ նամակներուն մէջ պիտի գտնէք տողեր, որոնք աղաղակներ են պարզապէս ու անկասկած այդ տողերէն մէկն է մեծ վարդապետին հետեւեալ բառերը. «Օտարները աւելիով կը հետաքրքրուին մեզնով՝ քան մենք»:

Պատմութեան ընթացքին եղած են օտարներ, որոնք հայը հայէն աւելի մտածած ու անոր բարօրութեան ու բարգաւաճումին համար ջանք չեն խնայած. ցաւ ի սիրտ, մեր ազգային աւանդութեան համաձայն, շատ անգամ մոռցած ենք անոնց անունները եւ անոնց մեծահոգի գործերը բանտած՝ պատմութեան փոշիներուն մէջ. անոնցմէ մէկն է Ալիս Սթոն Պլէքուէլէ անուն կինը: Այս անունը աւելի քան դար մը առաջ հայ մամուլի որոշ էջերուն մէջ տեղ կը գտնէր, սակայն ժամանակի ընթացքին սկսաւ կորսուիլ եւ այսօր անոր մասին հայ ազգը գրեթէ ոչինչ գիտէ:

Ալիս Սթոն Պլէքուէլէ ամերիկացի լրագրող մըն է, որ 1893 թուականէն սկսեալ սկսած է հետաքրքրուիլ հայ ժողովուրդով. սկսած է ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ գրել հայ ժողովուրդի մասին, սկսած է սորվիլ հայերէն եւ 1890 թուականին եկած է Հայաստան, այդտեղ մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալելու համար։ Հայաստան այցելելէ վեց տարիներ ետք՝ 1896 թուականին անգլերէնի թարգմանած ու հրատարակած է շատ մը հայ բանաստեղծներու գործերը եւ հայերու հետ ունեցած իր կապուածութիւնը ամրապնդելով հիմնած է «Հայաստանի ընկերներ» կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն էր օգնել հայուն եւ Հայաստանին:

Նման անձի մը գործունէութիւնը գնահատելու համար, մեր թուականէն 107 տարիներ առաջ՝ 1917 թուականին Ալիս Սթոն Պլէքուէլէն կը խնդրուի պատգամ մը գրել՝ նուիրուած հայ կիներուն: Ալիս իր պատգամին կը սկսի շնորհակալութիւն յայտնելով հայ կիներուն՝ մանաւանդ անոնց, որոնք նիւթապէս անկեալ վիճակի մէջ ըլլալով հանդերձ իրենց կարելին ի գործ կը դնեն պայծառացնելու համար հայ ազգի վիճակը. նուիրեալ օտար կինը կը գրէ. «Շնորհակալութիւն կ՚ուզեմ յայտնել շատ մը հայ կիներու - մանաւանդ աղքատ հայ կիներու - որոնք այսքան ծանր աշխատեցան եւ այնքան առատաձեռնութեամբ տուին հայ կարօտելոց նպաստելու համար». տարօրինա՞կ է չէ... օտարը հայուն շնորհակալութիւն կը յայտնէ այլ հայու մը օգնելու համար. այլեւս պատկերացուցէք, թէ Ալիս Սթոն Պլէքուէլէ ինչքա՜ն սեփականացուցած էր հայ ազգը:

Ալիս Սթոն Պլէքուէլէ իր խօսքը կը շարունակէ. «Այս կիները ազնիւ օրինակ հանդիսացան այն այրերու եւ կիներու, որոնք աւելի դրամ ունին եւ իրենց նիւթական միջոցներուն հետ բաղդատելով այնքան առատութեամբ չտուին: Գործարանի մէջ աշխատող աղքատ կնոջ մը դիւցազնական առատաձեռնութիւնը - զոր վերջերս լսեցի - զիս ամօթահար ըրաւ, վասնզի ես այնչափ քիչ կրցայ ընել կարօտելոց օգնելու համար»:

Ալիս օտար ըլլալով կը ցաւէր, որ հայ աղքատ աշխատաւոր կին մը մեծ զոհողութիւններով, մեծ հաւանականութեամբ իր հանգիստէն ալ զոհելով փութացած էր իր նպաստը բերել: Սակայն Ալիս Սթոն Պլէքուէլէ տակաւին ունէր զարմացնելու առիթներ. ան իր պատգամին մէջ կը խօսի կիներու իրաւունքներուն մասին եւ կանանց իրաւունքներու որպէս մեծ ջատագով կը յիշէ Խրիմեան Հայրիկը. ան կը յիշէ Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք» աշխատութիւնը եւ անկէ որոշ հատուածներու ու գաղափարներու կ՚անդրադառնայ:

Ալիս Սթոն Պլէքուէլէ ամերիկացի կին ըլլալով իր պատգամին մէջ կ՚ըսէ. «Հայ կիներ, երբ կը փափաքին ամերիկացի կիներու նմանիլ, չտարուին արեւմտեան քաղաքակրթութեան գէշ հոսանքներէն, անձնասիրութեան եւ թեթեւսոլիկութեան փորձութիւններէն հեռի մնան եւ իրաւունքի եւ անիրաւութեան տարբերութեան վրայ քիչ խորհին եւ չմոռնան հին բարձր իտէալները եւ գերի չըլլան նորաձեւութիւններու, արտաքին ցոյցերու եւ դրամի»:

Իր պատգամին մէջ օտարազգի կինը կը փափաքի, որ հայ կինը նմանի Վարդանանց ճակատամարտի ժամանակ ապրող կիներուն։ Աւելին, Ալիս Սթոն Պլէքուէլէ կը հաւատայ, որ հայ կինը կրնայ բարի օրինակ հանդիսանալ ամերիկացի կիներու:

Տարօրինակ է չէ՞... մենք որ կը նախանձինք օտարներու, օտար մը կու գայ նախ մեզ նախանձելու. գուցէ ճիշդ է այն գաղափարը, որ հայ ըլլալու համար հայ մայր ու հայր ունենալ չի՛ բաւեր, որովհետեւ Ալիս Սթոն Պլէքուէլէ իր համոզումներով, իր ապրումներով ու նուիրումով աւելի հայ էր՝ քան բազմաթիւ ուրիշ հայեր:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է փիլիսոփայական ամենէն անիմաստ մտածումը:

Պատասխան. Փիլիսոփայական ամենէն անիմաստ մտածումներէն մէկն է հետեւեալը. «Է՝ այն ինչ որ է» (It is what it is), որ էական իմաստ մը չ՚արտայայտեր: Ան պարզապէս կը վերահաստատէ ակնյայտը, առանց յաւելեալ ու ամբողջացուցիչ գաղափար մը փոխանցելու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2024