ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յիսուսի Այլակերպութիւնը կամ Պայծառակերպութիւնը, որուն յիշատակը կը տօնուի որպէս հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը, Իր Աստուածային Բնութեան հաւաստո՛ւմն է։ Լերան վրայ պայծառակերպուեցաւ, եւ աշակերտները՝ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս իրենց հասկացողութեան եւ կարողութեան չափով հիացմամբ դիտեցին Յիսուսի փառքը՝ Քրիստոս Աստուծո՛յ փառքը, որպէսզի երբ օր մը զԻնք խաչուած տեսնեն, հասկնան թէ Իր չարչարանքները կամաւոր էին եւ աշխարհին աւետեն, թէ Ան Հօր Աստուծոյ իսկական ճառագայթո՛ւմն է։ Եւ տեսնեն, թէ՝ Աստուած «լո՛յս» է։

Արդարեւ, Այլակերպութեան մէջ կը յայտնուի նաեւ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի. «Հայրը՝ ձայնով, Որդին՝ իր մարդկայնութեամբ, Սուրբ Հոգին՝ լուսաւոր ամպով»։ Յիսուս, Մովսէսի եւ Եղիայի հետ Իր «մեկնում»ին մասին խօսելով՝ կը յայտնէ, թէ Իր փառքը Խաչի ճամբէն կ՚անցնի, կը կանխէ Իր յարութիւնը եւ փառքով վերադարձը։

«Եւ ահա երկու հոգիներ՝ Մովսէս եւ Եղիա երեւցան իրենց փառքով, կը խօսէին Յիսուսի հետ՝ իր մահուան մասին, որ պիտի պատահէր Երուսաղէմի մէջ» (ՂՈՒԿ. Թ 31)։ Այլակերպութեամբը, Յիսուս կը յայտնէ Իր փառքով վերդարձը. «… կը սպասենք որ գայ մեր Փրկիչը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ մեր մահկանացու մարմինները պիտի կերպարանափոխէ եւ իր մարմինին պէս փառաւոր դարձնէ իր զօրուեամբ՝ որով կրնայ ամէն ինչ իր իշխանութեան ենթարկել» (ՓԻԼԻՊ. Գ 21)։

Արդարեւ, Այլակերպութիւնը կամ Պայծառակերպութիւնը, իր երեւումով կը յայտնէ, թէ Յիսուս Քրիստոս «Աստուծոյ միածին Որդի՛ն» է։

Ուստի Հօր Աստուծոյ ձայնը, թէ՛ Յիսուսի Մկրտութեան եւ թէ՛ Պայծառակերպութեան ժամանակ, զԱյն «Իր սիրելի Որդին» անուանեց։ Եւ Յիսուս, երբ Ինքզինք ներկայացնելով որպէս «Որդի»՝ որ «Հայրը կը ճանչնայ» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 27), կը հաստատէ Իր Հօր Աստուծոյ հետ Իր միակ եւ յաւիտենական յարաբերութիւնը։

«Ան է Աստուծոյ միակ Որդին» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 9)։

Այսինքն՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձը։ Ան է առաքելական քարոզչութեան կեդրոնը՝ առաքեալները Անոր մէջ տեսան «փառքը՝ զոր Հօրմէն կ՚ընդունի իբրեւ միածին Որդի» (ՅՈՎՀ. Ա 14)։

Այլակերպութիւնը՝ աշակերտներու աչքով դիտուած ամենէն սքանչելի՜ պահը եղաւ. անոնք տեսան Յիսուսը՝ իր յայտնութեան փառքով՝ աստուածային բնութեամբ եւ իրենց մէջ այդ պահուն փառքը երբեք չտժգունեցաւ տարիներու ընթացքին։

Արդարեւ, ամէն գաղափարի մարդու համար, որ հեռանկարի մը վրայ կեդրոնացուցած էր իր աչքը, կեանքը ծրագրած է այդ հեռանկարին, նպատակին իրականացման վրայ՝ յաճախ կ՚ապրի «ինքնափոփոխում»ի լուսաւոր պահեր՝ որոնք իր բարոյական կեանքի «պայծառակերպութիւն»ը՝ «այլակերպութիւն»ը կը ստեղծեն։ Եւ մարդ այնքան մեծ է՝ որքան մե՛ծ է իր հեռանկարը։

Եւ իւրաքանչիւր անձ, իր կեանքին մէջ ունեցած է «այլակերպութեան» լուսաւոր պահ մը, իր կեանքը ընթացք է ստացած այդ այլակերպութեան լոյսով. ոմանք անդրադարձած են այդ լոյսին, ոմանք անտեսած են, չեն անդրադարձած եւ կորսնցուցած են այդ լոյսէն օգտուելու առիթը։

Մարդուս կեանքին մէջ այլակերպութեան այդ պահերը ապագային մասին խորհելու, ծրագրելու առիթ կու տան եւ ապագան կը հարստացնեն։

Մարդկային կեանքի մէջ մտքի եւ հոգիի ճշմարտութիւններ կը յայտնուին լոյսի շողերով՝ երբեմն դանդաղ եւ հեռաւոր տարածութեան մը բացուած։

Այս կերպով կը յայտնուին կեանքի ճշմարտութիւններ՝ մաս-մաս եւ ի վերջոյ ամբողջ ճշմարտութիւն մը՝ որ կը լուսաւորէ մարդկային կեանքի ուղին։

Ուստի մարդկային կեանքը խաւարի եւ լոյսի մէջ յառաջացող ընթացք մըն է՝ երբեմն խաւար, երբեմն լուսաւոր, խաւարը կը խորհրդանշէ ամէն տեսակ նեղութիւն, դժուարութիւն, տառապանք եւ մանաւանդ ապագայի նկատմամբ անստուգութիւն։

Արդէն խաւարը անստուգութեան, անորոշութեան պատճառն է, եւ հոն՝ ուր անստուգութիւն կայ՝ հոն կայ նեղութիւն, անյաջողութիւն, պարտութիւն։ Բայց հոն՝ ո՛ւր լուսաւոր է, հոն կա՛յ ուրախութիւն, հրճուանք եւ յաջողութիւն, եւ անշո՛ւշտ, երջանկութիւն։ Քանի որ լոյսը ապահովութիւն եւ վստահութիւն կը ներշնչէ մարդուն։ Ան ապահով կը զգայ ինքզինք լոյսի մէջ, լուսաւոր միջավայրի մէջ, որովհետեւ Աստուած լո՛յս է։

Աւետարանի ճշմարտութիւնները լուսաւոր ճամբան կ՚առաջնորդեն հաւատացեալը, լուսաւո՛ր, քանի որ լոյսի մէջ է որ մարդ ապահով է եւ կրնայ ինքզինք հեռու պահել ամէն չարիքէ, զոր կը տեսնէ, իսկ խաւարին մէջ մարդ ապահով չի զգար ինքզինք, որովհետեւ ամէն ինչ անորոշ է՝ անտեսանելի եւ անստո՛յգ։

Մարդ կրնայ կորսնցնել ամէն ինչ, բայց եթէ չէ կորսնցուցած իր հոգիին եւ մտքին «լոյս»ը՝ անիկա ի վերջոյ կը վերստանայ իր կորսնցուցածները՝ աւելիո՛վ։ Բա՛ւ է որ մարդ անդրադառնայ իր կեանքին մէջ պատահած այլափոխութեան, պայծառակերպութեան՝ լուսաւորութեա՛ն։

Արդարեւ, Գողգոթան գագա՛թն է փրկարար տառապանքին։ Խորհրդանիշն է անոր մեծութեան։ Ամէն յառաջդիմութիւն, որ Աւետարանէն ասդին կը սկսի, տոգորուած է այս պատկերի իրագործումովը։ Ուստի զգաստ են բարոյապէս անոնք, որոնք շատ տառապած են արդարութեան, բարիին եւ ճշմարտութեան համար։ Ամէն մարդ, իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին կամ անոր որեւէ ճակատագրական մէկ շրջանին, աւելի կամ նուազ չափով կրնայ զգացած ըլլալ այս ճշմարտութիւնը։ Տառապանքին փաստը, խօսուն զօրութիւնը՝ մարդուս արժանիքին ամենէն վաւերական ստուգանի՛շն է։

Ուրեմն, մարդ պէտք չէ՛ ունենայ «ցաւի աղաղակ» եւ ո՛չ ալ մեծգործութեան յաւակնութիւնը իր որեւէ արարքին, այլ այն վստահութիւնը՝ որ լոյսէն կու գայ, այն տեսիլքը, այն այլափոխութիւնը, որ կը քաղցրացնէ, կը սրբէ ու կը սրբացնէ հոգին խաչի՝ տառապանքի ճամբաներուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 12, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2017