ՍԿԶԲՈՒՆՔ ԵՒ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄ

«Զմայլելի՜ բան է ոգի ի բռին պայքարիլ սկզբունքի համար. սակայն պէտք է վստա՛հ ըլլալ թէ սկզբունք է ա՛ն, որուն համար կը պայքարիք, եւ ո՛չ թէ նախապաշարում» (Nassau, Staten Island N.Y.)

Ո՜րքան հրապուրիչ, ո՜րքան մոգական բառ մըն է «սկզբունք»ը։ Կեանքին ուղղութիւն տուող, կեանքին ընթացքը որոշող հրաշալի՜ ուժ մըն է սկզբունքը։

Արդարեւ, «սկզբունքի տէր» ըլլալ, «սկզբունքի հաւատարիմ մնալ» հաստատ, ամուր նկարագրի մը ստուգանիշներն են. մարդ եթէ «սկզբունքի տէր» է կամ «իր սկզբունքներուն հաւատարիմ է», ան նաեւ նկարագրի տէր, վստահելի եւ ապահով մէկն է։

Ուստի յեղյեղուկ՝ դիւրափոփոխ նկարագիր ունեցող մէկը անվստահելի, մինչեւ իսկ վտանգաւո՛ր մէկն է, քանի որ յայտնի չէ թէ՝ երբ ի՛նչ պիտի ընէ եւ երբ ի՛նչպէս պիտի վարուի, ի՛նչպէս պիտի շարժի։ Յեղյեղուկ նկարագրի տէր մարդոց համար ժողովրդական պարզ բայց իմաստալից բացատրութիւնը յայտնի է. «որուն կառքը որ նստին՝ անոր երգը կը կանչեն»։ Եւ այդպիսիներ, ընդհանրապէս կը նախընտրեն նստիլ անոր կառքը՝ որմէ շահ մը, օգուտ մը կ՚ակնկալեն, կը յուսան…։

Այդ տեսակ մարդիկ շատ անգամ «ճարպիկ», հնարագէտ կամ ճկուն մարդ կ՚ան-ւանուին, եւ ընդհանրապէս յարգ եւ պատիւ կը վայելեն։

Իրականին՝ անոնք խորամանկ եսապաշտներ են։

Ընդհանրապէս ինքնակեդրոն են՝ միայն իրենց շահը եւ ապահովութիւնը կը խորհին, իրենց եսասիրութիւնը կը հասնի մինչեւ խարդախութեան, նենգամտութեան եւ անոնք խաբելու մէջ հնարագէտ կ՚երեւին։ Բայց չեն գիտեր որ ուրիշը խաբելու մէջ հնարագէտ ըլլալ ի վերջոյ ինքզինք խաբել կը նշանակէ, այն որ որոշ գիծ մը չունի, որոշ նկարագիր մը չունի, ինքնախաբէութեան թակարդին մէջ կը գտնէ ինքզինք, որուն վերջը ահաւոր կ՚ըլլայ։ Անձնականութիւն ունեցող, յարգելի ինքնութեան տէր ամէն անհատ անպայման ունի գիծ մը՝ նկարագիր մը, որ հաստատուած է սկզբունքի մը վրայ՝ որուն հաւատարիմ կը մնայ մինչեւ վերջ։ Անշուշտ սկզբունքի հաւատարմութիւնը պէտք չէ վերածուի նախապաշարումի՝ որ մարդկային կեանքի ամենէն խաւա՛ր վիճակն է։

Ահաւասիկ նկարագրի տէր մարդու մը ստուգանիշը՝ գիտակցութիւնը ունենալ սկզբունք հաւատարմութեան եւ նախապաշարումի տարբերութեան։ Այս կէտին կարեւորն է՝ բանականութեամբ եւ գիտակցութեամբ ընդունիլ սկզբունք մը եւ իմացականութեամբ հաւատարիմ մնալ անոր…։

Արդարեւ, կան մարդիկ, որոնք խղճմտութենէ զո՛ւրկ են. ամէն դէպք կը խեղաթիւրեն։ Իրենց քմայքին եւ նախասիրութիւններուն համաձայն դէպքերը կ՚այլանդակեն, ճշմարտութիւնը ոտնակոխ կ՚ընեն, «արդարութիւնը խաչը կը հանեն»։ Ի՞նչու։ Որովհետեւ իրենց շահը ա՛յդ կը պահանջէ։ Անոնց համար, անոնց թիւր մտածումով, սխալ կարծիքով՝ նպատակը կ՚արդարացնէ միջոցը։ Բայց երբ ճամբան սխալ է կամ աղտոտ, կարելի՞ է շիտակ տեղ հասնիլ կամ մաքուր ձեւով վերջացնել ճամբան։ Անբարոյ միջոցներով արդար եւ բարի նպատակի մը հասնիլ կարելի՞ է։ Միջոցը եթէ անբարոյութեամբ լեցուած է՝ անկարելի՛ է, որ բարոյական մաքուր նպատակ մը սպասուի այդ «միջոց»էն։

Ուրեմն նպատակը չ՚արդարացներ միջոցը։

Այս կը նշանակէ, որ շահ մը ապահովելու՝ «յաջող մարդ», «երեւելի անձնաւորութիւն», երեւութապէս «սիրելի եւ համակրելի անձ» ըլլալու համար երբեք պէտք չէ արդարացի համարուի ամէն միջոց։ Մաքուր միջոցով կարելի է միայն հասնիլ մաքուր նպատակներու…։

Զոր օրինակ, երբեմն կան մարդիկ, որոնք նպատակի մը հասնելու համար. միայն «ԵՍ» կ՚ըսեն, իրենց շուրջիններուն արժանիքը ոտնակոխ կ՚ընեն. արժանապատուութիւններ կը վիրաւորեն, ժողովրդական խօսքով՝ միշտ «ուրիշներու ուսերուն վրայ բարձրանալ» կը փորձեն։ Ինքնակեդրոն են անոնք, ընկերութեան կեդրոնը կը համարեն իրենք զիրենք, ուր ամէն մարդ պիտի դառնայ իրենց շուրջը։ Անոնք առանց վարանելու իրենք զիրենք կը ներկայացնեն որպէս «հերոս», «ամենագէտ», «ազնուական» եւ դժբախտաբար «սկզբունքի տէր»։ Բայց ո՞ր «սկզբունք»ը, յայնտ չէ…։

Նախապաշարումներ յաճախ ճշմարտութիւնը խաւարի մէջ կը թողու, ճշմարտութիւնը՝ ա՛յնքան գեղեցիկ, ա՛յնքան բարի կը վերածուի մութի մէջ տգեղ, չարի երեւակայական եւ շինծու մտածումի մը։ Այդ պարագային յաճախ ճշմարտութիւնը զո՛հ կ՚ըլլայ թիւրիմացութիւններու՝ որոնք ստեղծուած են նախապաշարումներու կողմէ։ Շողոքորթութիւններ, երկերեսութիւններ այնքա՛ն կ՚ազդեն, որ շատեր ստախօս եւ ցուցամոլ մարդոց թակարդին մէջ կ՚իյնան, ուր նախապաշարումի անողոք, անգութ «գազան»ը արդէն պատրա՛ստ է զանոնք անմիջապէս լափելու…։

Թէ ի՞նչ ընել պահպանուելու համար երկերես, ինքնակեդրոն, եսամոլ, միայն ի՛ր շահուն հետամուտ մարդոցմէ։ Նախ, փոխանակ գանգատելու՝ նախ ինքզինք, յետոյ դիմացինը լա՛ւ ճանչնալ, ուղիղ եւ ճիշդ սկզբունքներ ունենալ եւ մի՛շտ հաւատարիմ մնալ անոնց… եւ յատկապէս. սկզբունքը եւ նախապաշարումը կարենալ զանազանել եւ ըստ այնմ վարել եւ ապրիլ կեանքը։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 8, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019