ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

«Ճշմարտութիւն»ը՝ իբրեւ մարդու խօսքին եւ գործի միջեւ ճշդութիւն, կը կոչուի «ճշմարտախօսութիւն», անկեղծութիւն կամ ուղղամտութիւն։

Ճշմարտութիւնը կամ ճշմարտախօսութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ իր արարքներուն մէջ ինքզինք ուղիղ պահելու եւ ճիշդը ըսելու մէջ, զգուշանալով երկդիմութենէն, ձեւացումէն եւ կեղծաւորութենէն։ Արդարեւ, անկեղծութիւնը հի՛մն է ճշմարտութեան։

Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Մարդիկ պիտի չկարենային միասին ապրիլ, եթէ փոխադարձ վստահութիւնը չունենային, այսինքն եթէ ճշմարտութիւնը իրարու չյայտնէին»։

Ճշմարտութեան առաքինութիւնը կը վերադարձնէ ուրիշին ի՛նչ որ անորն է։ Ճշմարտութիւնը միջին ճամբան կը յարգէ ըսուելիքին եւ գաղտնի պահուելիքին միջեւ։ Ան կ՚ենթադրէ պարկեշտ եւ գաղտնապա՛հ ըլլալ։ Ըստ արդարութեան՝ «մարդը մարդուն պարկեշտօրէն պարտական է ճշմարտութիւնը յայտնել», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Քրիստոսի աշակերտը կ՚ընդունի. «ապրիլ ճշմարտութեան մէջ», այսինքն Տիրոջ օրինակին համաձայն կեանքի մը պարզութեան եւ չափաւորութեան մէջ եւ մնալ Անոր ճշմարտութեան մէջ։

«Եթէ ըսենք, թէ հաղորդութիւն ունինք Անոր հետ եւ խաւարին մէջ կը շրջինք, կը ստենք եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 6)։

Պիղատոսի առջեւ Քրիստոս կը յայտարարէ, թէ Ինք «եկած է աշխարհ վկայելու համար ճշմարտութեան». (ՅՈՎՀ. ԺԸ 37)։ Ուստի քրիստոնեան «Տիրոջ վկայութիւնը ամօթ չի համարեր». (Բ ՏԻՄ. Ա 8)։

Հաւատքի վկայութիւնը պահանջող կացութիւններու մէջ քրիստոնեան պարտի անսեթեւեթ դաւանիլ զայն, ըստ օրինակին Պօղոս առաքեալի՝ յանդիման իր դատաւորներուն։ Հարկ է պահել «խիղճ մը անբասիր՝ Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ». (ԳՈՐԾՔ. ԻԴ 16)։

Քրիստոնեան, արդարեւ, պարտաւոր է ցուցաբերել իր կեանքին օրինակով եւ իր խօսքին վկայութեամբ՝ ճշմարտախօսութեամբ՝ «նոր մարդ»ը, զոր զգեցած է Մկրտութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը՝ արիացուց զինք դրոշմով։

Քրիստոսի աշակերտները զգեցած են «նոր մարդը, որ ստեղծուած է ըստ Աստուծոյ արդարութեան եւ սրբութեան մէջ, որոնք կու գան ճշմարտութենէն». (ԵՓԵՍ. Դ 24)։ «Ձերբազատուած սուտէն». (ԵՓԵՍ. Դ 25), անոնք պարտին «մերժել ամէն չարութիւն եւ ամէն նենգութիւն, կեղծաւորութիւն, նախանձ եւ չարախօսութիւն». (Ա ՊԵՏ. Բ 1)։

Ճշմարտութեան հակառակ խօսք մը երբ տրուած է հրապարակաւ, կը ստանայ յատուկ ծանրութիւն։ Իսկ երբ տրուած է ատեանի մը առջեւ, ան կը դառնայ «սուտ վկայութիւն». (ԱՌԿ. ԺԹ 9)։ Երբ տրուած է երդումով մը, կը դառնայ «երդմնազանցութիւն»։

Այս գործելակերպերը կ՚օժանդակեն կա՛մ դատապարտելու անմեղ մը, կա՛մ չքմեղելու յանցաւոր մը կա՛մ ալ սաստկացնելու ամբաստանեալին պատիժը. (ԱՌԿ. ԺԸ 5)։ Անոնք ծանրօրէն կը խաթարեն արդարութեան գործադրութիւնը եւ անկողմնակալութեան, դատաւորներէն արձակուած վճռին պարագային։

Չարախօսութիւն եւ բամբասանք կը կործանեն մերձաւորին վարկը եւ պատիւը։ Արդ, պատիւը «ընկերային վկայութիւն»ն է, ընծայուած մարդկային արժանապատուութեան եւ ամէն մարդ բնական իրաւունք մը կը վայելէ իր անունին վարկին, իր համբաւին եւ յարգանքին։ Չարախօսութիւնը եւ բամբասանքը կը վիրաւորեն արդարութեան եւ սիրոյ առաքելութիւնները։

Սուտը ճշմարտութեան դէմ ամենէն ուղղակի՛ թշնամանք է։ Ստելը՝ ճշմարտութեան դէմ խօսիլ կամ գործել է՝ մարդս սխալի տանելու նպատակով…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 11, 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2022