ԵՐԿՈՒ ԱԹՈՌԷՆ՝ ՄԷԿ ԱԹՈՌ (Գ.)

Միւս կողմէ, Անթիլիաս իր յարգանքը կը ցուցաբերէր Ս. Աթոռ Էջմիածինը «նախամեծար» անուանելով. Անթիլիաս նեղացած չէր, որ իր կաթողիկոսը՝ Գարեգին Բ. մեկնելով Էջմիածին դարձած էր Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր պաշտօնական ամսագրին մէջ կը գրէ. «Ըսինք ու կը կրկնենք անկեղծ հաւատքով ու յոյսով, որ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանին կաթողիկոսական երկու աթոռներուն՝ Ս. Էջմիածնի նախամեծար Մայր Աթոռին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ փոխադարձ յարգանքի ու սիրոյ եւ ամբողջական ու անվերապահ գործակցութեան ոսկի նոր էջ մը պիտի բացուի: Ամենայն Հայոց երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Զարեհ եւ Խորէն կաթողիկոսները շա՜տ ուզեցին տեսնել Հայ Եկեղեցին, Էջմիածնի ու Անթիլիասի աթոռներու եղբայրական սերտ գործակցութեամբ առաւե՛լ զօրացած ու պայծառացած: Աշխատեցան ու տագնապեցան նուիրական այս նպատակին համար: Սակայն պայմանները երբեք չնպաստեցին»: («Հասկ», 1995, մարտ-ապրիլ-մայիս, ԿԴ. տարի, թիւ 3-4-5, էջ 125):

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար նոր կաթողիկոս ընտրել որոշուեցաւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Էջմիածին մեկնումէն երեք ամիսներ ետք՝ յունիսին. 28 յունիս 1995 թուականին գումարուեցաւ ազգային-եկեղեցական ժողով մը: Շատեր կը հաւատան, որ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի մեկնումէն ետք նոր կաթողիկոս ընտրելը ապօրինի է, մտածելով որ աթոռները միանալու համար է որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը մեկնեցաւ Էջմիածին, սակայն յայտնենք, որ այդ ժողովին իր ներկայութիւնը բերաւ նաեւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ընկերակցութեամբ Պոլսոյ Գարեգին Արք. Գազանճեան Պատրիարքին: Եթէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աթոռին համար նոր կաթողիկոս պէտք չէ ընտրուեր, ապա ինչո՞ւ համար այդ ժողովին ներկայ էր ամենայն հայոց կաթողիկոսն ու պատրիարքը, որոնք եկած էին հովանաւորելու ընտրութիւնը եւ կատարելու նորընտիր կաթողիկոսի Ս. Օծումը:

Ազգային-եկեղեցական ժողովի բացումին խօսք կ՚առնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղապահ Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին Էջմիածին մեկնիլը կը մեկնաբանէ հետեւեալ տողերով.

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռը թափուր է երեք ամիսէ ի վեր, բայց ամենաուրախ ու պատմական իրողութեամբը իր ազգընտիր Վեհափառ Կաթողիկոսին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի գահին արժանապէս բարձրացումին, ինչ որ բացառիկ երեւոյթ է մեր ազգային-եկեղեցական պատմութեան մէջ եւ բացառիկ նշանակութիւն ունի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նուիրապետական երկու բարձրագոյն աթոռներուն եղբայրական փոխյարաբերութեանց եւ եկեղեցանուէր ու ազգաշէն գործունէութեան մէջ: Այս իրողութիւնը ինքնին գերագոյն փաստն է եւ ամենէն պերճախօս ապացոյցը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անքակտելի միութեան,- հակառակ բոլոր տեսակի աղմկարարութեանց- եւ պատուական հայ ժողովուրդին միասնականութեան:»

Արտաւազդ Սրբազանէն ետք խօսք կ՚առնէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ նախկին կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր խօսքին մէջ կ՚ըսէ. «Կ՚ողջունեմ ձեզ բոլորդ եւ ի խորոց սրտի կը մաղթեմ, որ Կիլիկիան դարաւոր Աթոռը ծաղկի առաւել եւս եւ յանուն մէկ եկեղեցւոյ դուք կատարէք ձեր ընտրութիւնը եւ ես երբ քիչ ետք ընդունիմ արդիւնքը, եղբայրական սիրով կ՚ողջունեմ նորընտիր կաթողիկոսը եւ միասին այն ուխտը կատարենք որ, մենք պիտի մնանք մի, ինչ ալ ըլլան փոթորիկները աշխարհի, մէկ նաւ ունինք երկու չունինք, մէկ հայրենիք ունինք, մէկ պետութիւն ունինք, մէկ ժողովուրդ ենք եւ եթէ ենք մէկ եկեղեցի՝ գործենք իբրեւ մէկ եկեղեցի»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը քարկոծողները թող իրենք պատասխանեն. նման պայմաններու մէջ նոր կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը ապօրինի՞ է՝ մանաւանդ երբ ընդունողն ու նախագահողը նոյնինքն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն է, որ սիրով կու գայ օրհնելու նորընտիր կաթողիկոսը:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ առաջին քուէարկութիւն՝ հետեւեալ պատկերով.

Արամ Արք. Քէշիշեան՝ 149 քուէ:
Մեսրոպ Արք. Աշճեան՝ 122 քուէ:
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան՝ 113 քուէ:
Արտակ Արք. Մանուկեան՝ 30 քուէ:
Կորիւն Արք. Պապեան՝ 20 քուէ:
Արտաւազդ Արք. Թրթռեան՝ 11 քուէ:
Սահակ Արք. Այվազեան՝ 18 քուէ:
Սուրէն Արք. Գաթարոյեան՝ 14 քուէ:
Վարդան Արք. Տէմիրճեան՝ 9 քուէ:
Սմբատ Արք. Լափաճեան՝ 6 քուէ:
Ղեւոնդ Արք. Չէպէյեան՝ 3 քուէ:
Օշական Եպս. Չոլոյեան՝ 3 քուէ:
Տաթեւ Արք. Սարգիսեան՝ 1 քուէ:
Կոմիտաս Եպսկ. Օհանեան՝ 1 քուէ:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ քուէներուն ներկայացուած էին նաեւ որոշ Էջմիածնական միաբաններ. ինչպէս՝ Գարգին Արք. Ներսիսեան, Գիւտ Արք. Նագգաշեան, Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Ասողիկ Եպսկ. Արիստակէսեան, Արիս Եպսկ. Շիրվանեան եւ ուրիշներ:

Երկրորդ ընտրութեան ժամանակ խօսք առին Մեսրոպ եւ Զարեհ Արքեպիսկոպոսները եւ յայտնեցին իրենց հրաժարականը ընտրութենէն եւ այսպիսով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նորընտիր կաթողիկոսը դարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդիկ ի՞նչ տարօրինակ բաներ կը պաշտեն։

Պատասխան. Աշխարհի մէջ մարդիկ կը պաշտեն տարբեր բաներ. ինչպէս՝ ժայռեր, ծառեր, լեռներ, հաւատալով, որ անոնք աստուածային ուժ մը ունին: Ուրիշներ իրեր կը պաշտեն. ինչպէս՝ արձաններ, նոյնիսկ մեքենաներ: Օրինակի համար, Ճաբոնի մէջ տարածուած է աղուէսի հոգիներուն երկրպագելը: Շատ մը մշակոյթներ կենդանիներ կը պաշտեն. ինչպէս՝ կովերը Հնդկաստանի մէջ կամ վիշապները՝ հին Չինաստանի մէջ: Այս պաշտամունքները կ՚արտացոլացնեն հասարակութիւններու յատուկ հաւատալիքներն ու մշակութային արժէքները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2024