ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՔԸ

«Մի՛ սպաններ» (ՄԱՏԹ. Ե 21) պատուէրով Յիսուս կը պատուիրէ սրտի խաղաղութիւնը եւ կը դատապարտէ մահագործ բարկութեան եւ ատելութեան անբարոյականութիւնը։

Արդարեւ, «բարկութիւն»ը փափաք մըն է ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան։ Եւ «վրէժխնդրութիւն բաղձալը պատժի արժանացած մարդուն գործած գէշութեան համար, ապօրինի է», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Գովելի է սակայն անոր հատուցում պարտադրել «մոլութիւնները սրբագրելու եւ արդարութիւնը պահպանելու համար», կը շարունակէ Աքուինացի։

Եթէ բարկութիւնը հասնի մինչեւ մէկը սպաննելու կամ զինք ծանրօրէն վիրաւորելու, վնաս հասցնելու փափաքին, ան եւս ծանրօրէն կը հակառակի սիրոյն, եւ «մահացու մեղք» է։ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ո՛վ որ բարկանայ իր եղբօրը, պարտաւոր պիտի ըլլայ դատաստանի». (ՄԱՏԹ. Ե 22)։

Բացարձակապէս հակառա՛կ է սիրոյ նաեւ «ատելութիւն»ը։ Իր նմանին ատելութիւնը մե՛ղք մըն է, երբ ան ազատակամօրէն անոր չարիքը կը ցանկայ։ Իր նմանին՝ մերձաւոր կամ օտար, ատելութիւնը ծանր մեղք է, երբ ազատակամօրէն անոր ծանր վնաս մը կը մաղթէ։ Քանի որ անհնազանդութիւն է՝ «թշնամին սիրել»ու պատուէրին։ «Բայց Ես կ՚ըսեմ ձեզի. սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, աղօթեցէ՛ք ձեզ հալածողներուն համար, որպէսզի որդիներ ըլլաք ձեր Հօր՝ որ երկինքն է». (ՄԱՏԹ. Ե 44-45)։

Առաջին ակնարկով դժուար եւ նոյնիսկ անկարելի կրնայ թուիլ «թշնամին սիրել», բայց կ՚արժէ փորձել եւ թշնամին սիրելով զայն բարեկամի մը վերածել։ Պէտք չէ՛ մոռնալ, որ ճշմարիտ յաջողութիւնը դիւրինը կատարել չէ՛, այլ՝ դժուարը եւ անկարելին իրականացնե՛լ։

Ուստի, մարդկային կեանքին յարգանքը եւ գնահատումը եւ աճումը՝ «խաղաղութիւն» կը պահանջեն։

Արդարեւ, «խաղաղութիւն»ը միայն կռիւի, պատերազմի չգոյութիւն չի նշանակեր, ան չի սահմանափակուիր միայն հակադիր ուժերու հաւասարակշռութիւնը պահպանելով եւ առերեւոյթ հաշտութիւն հաստատելով։

Խաղաղութիւնը, իր ամենալայն առումով, կարելի չէ ձեռք ձգել առանց իւրաքանչիւր անհատի «ներքին խաղաղութեան»։ Երբ ընկերութեան մէջ անհատներ իրենց ներքին աշխարհին մէջ խաղաղութիւն չունին, աշխարհի վրայ կարելի չ՚ըլլար խաղաղութիւնը հաստատել։ Եւ այս իմաստով, «ներքին խաղաղութիւն»ը վարակիչ յատկութիւն մը ունի՝ մէկ հոգիի անհանգստութիւնը՝ ներքին խաղաղութեան պակասը կը փոխանցուի ուրիշ հոգիներու եւ այսպէս՝ ամբողջ հաւաքականութիւն մը խաղաղութենէ զուրկ կը մնայ։

Նոյնն է ազատութեան պարագան՝ երբ հաւաքականութեան մը մէջ մէկ հոգի ազատութիւնը չի վայելեր, այդ ամբողջ հաւաքականութիւնը ազատ կարելի չէ՛ համարել։

Եւ խաղաղութիւնը, ազատութեան իրաւունքով զօրացած՝ մարդկային արժանապատուութեան անհրաժեշտ պայմանն է։

«Խաղաղութիւնը», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս. «կարգ եւ կանոնին անդորրութիւնն է»։ Ուստի, երկրաւոր խաղաղութիւնը պատկերն է եւ արգասիքը Քրիստոսի երկնային խաղաղութեան։ Եսայի Մարգարէ կը գրէ. «Իշխան՝ մեսիական խաղաղութեան». (ԵՍ. Թ 5)։ Ան, Իր արիւնովը Խաչին, սպաննեց ատելութիւնը Իր իսկ մարմինին մէջ. հաշտեցուց մարդիկը Աստուծոյ հետ եւ ըրաւ Իր Եկեղեցին մարդկային ցեղին միասնականութեան եւ Աստուծոյ հետ անոր միութեան սուրբ խորհուրդը։ «Ան մեր խաղաղութիւնն է». (ԵՓԵՍ. Բ 14), Ան կը յայտարարէ. «Երանի՜ խաղաղարարներուն». (ՄԱՏԹ. Ե 9)։

Մարդոց ազատութեան եւ իրաւունքին, անոր ընդհանրական սկզբունքներուն կամաւորապէս հակադրուող արարքները «ոճիր» են։ Եւ կոյր հնազանդութիւնը չ՚արդարացներ անոնք, որոնք անոր կ՚ենթարկուին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 15, 2024, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2024