ԿՈՐՈՎ ԵՒ ԳՈՐՈՎ

Հին աշխարհի իմաստասիրական տիտաններէն Պիսակոր կ՚ըսէ, թէ՝ աշխարհ հաստատուած է հակադիր ուժերու հրաշալի՜ ներդաշնակութեանը վրայ։ Արդարեւ, ո՛չ միայն անցեալին, այսօր, մեր ներկայ կեանքին մէջ ալ կը գտնուին այնպիսի հակադիր ուժեր, որոնք ներդաշնակ կերպով կը գոյապահպանեն ու կ՚ապահովեն կեանքի տեւականութիւնը։ Ուստի եթէ չըլլար հակադրութիւններ՝ «կեա՛նք» ըսուած ընթացքը կրնա՞ր գոյատեւել եւ հասնիլ մինչեւ մեր օրերը եւ շարունակելու հնարաւորութիւնը ունենալ իր գոյութի՛ւնը «ապագայ» կոչուած անծանօթին մէջ ալ։

Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը սիրելիներ. չարն ու բարին, գէշը եւ աղէկը, խաւարը եւ լոյսը, դժբախտութիւնը եւ երջանկութիւնը, վատը եւ ազնիւը, սուրը եւ սէրը, եւ տակաւին անհամար հակադիր եւ իրերամերժ ուժեր համընթաց կը կազմեն «կեանք»ը, կը հաստատեն «աշխարհ»ը, որոնք կը շարունակուին դարերէ, շրջաններէ ի վեր։

Եւ ասոնց միութեան եւ համագործակցութեան պատճառը՝ ներդաշնակութի՛ւնն է, այն ինչ որ կը չափաւորէ, կը հաւասարակշռէ ուժերը եւ կ՚ապահովէ խաղաղութիւնը։ Տեսէ՛ք սիրելիներ, աշխարհի սկիզբէն ի վեր գոյութիւն են ունեցած բոլոր այս հակադրութիւնները, բայց շարունակուած է կեանքը, հաստատ է մնացած աշխարհը։ Եւ այնքան ատեն որ պահուի այդ «ներդաշնակութիւն»ը՝ պիտի տեւէ՛ կեանքը եւ պիտի մնա՛յ աշխարհը։

Երբ կը խօսուի հակադիր ուժերու եւ արժէքներու վրայ եւ կ՚ըսուի, թէ կեանքը եւ աշխարհը կանգուն պահողը այդ «ներդաշնակութիւն»ն է, որ կը հաւասարակշռէ իրերամերժ ուժերը, քանի որ անոնցմէ ծնած ներուժը շարժման կ՚անցընէ կեանքը, ապա ուրեմն «կեանք»ը ստեղծող ամենամեծ հակադիր ուժերու եւ անոնց ներդաշնակութեան վրայ խորհրդածել կ՚արժէ։

Ստեղծագործութեան ատեն «մարդ»ը ըս-տեղծուեցաւ, յետոյ այդ մարդէն ստեղծուեցաւ կին-մարդը եւ «մարդ» արարածը բաժ-նըւեցաւ երկու մասերու՝ այր-մարդ եւ կին-մա՛րդ։

Մարդը ստեղծուեցաւ հողէն, եւ կինը՝ անոր կողէ՛ն։ Եւ ահաւասիկ ապագայ սերունդներ, մարդկութիւն սկիզբ առաւ այս հակադիր վիճակի մէջ երկուքի բաժնուած «մարդ»ով։ Եւ ահաւասիկ, հո՛ս ալ երեւան եկաւ երկու տարբեր ուժերու ներդաշնակութեան արդիւնքը՝ մա՛րդը։ Եւ կեանքը շարունակուեցաւ «այր-կին» բաժանումին ներդաշնակ միութեան գործնականութեամբ, երկու տարբեր ուժերու ստեղծած միութեա՛մբ։

Ուրեմն, կ՚երեւի, որ մարդկային ցեղն ալ երկու տարբեր «մարդ»երու, չըսելու համար հակադիր, իրարմէ զատուած, բաժան-ւած եւ յետոյ դարձեալ զիրար ամբողջացուցած «ուժ»ի մը ներդաշնակ միութեանը վրայ։ Արդարեւ, եթէ միայն «մարդ»ը ըլլար, ինչպէ՞ս պիտի տեւականանար անոր ցեղը՝ մարդկութիւնը, ուրեմն միութեան, ամբողջութիւն կազմելու համար հարկ է բաժնը-ւիլ, զատուիլ՝ յետոյ դարձեալ ամբողջանալու, լիանա՛լու համար։

Արդարեւ, այր-մարդը ֆիզիքական եւ բարոյական զօրութեամբ մի՛շտ տիրապետողը եղած է կին-մարդուն։

Իսկ կին-մարդը՝ որ աւելի փափուկ է եւ նուրբ, տրամադիր է եղած անձնատուրութեան եւ իշխուելու այր-մարդուն տիրապետութեանը ներքեւ։ Եւ ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով ստեղծուած է արականակեդրոն միութիւն մը՝ ուր առնական յատկութիւն մը համարուած ու ճանչցուած է «կորով»ը՝ որուն հակառակն է «գորով»ը։ Ուրեմն երկու սեռերուն միջեւ կան բնախօսական եւ հոգեբանական վիճակներու տարբերութիւններ, որոնք լայն առումով կարելի է անուանել՝ հակադրութիւններ, որոնք ներդաշնակուած են եւ ընդհանուր հիմքի մը վրայ միացած եւ նոյնացած են։ Սա իրողութիւն մըն է, թէ բնախօսական եւ հոգեբանական տարբերութիւններ կը ստեղծեն հիմնական տարբերութիւններ եւ մինչեւ իսկ հակադրութիւններ։

Բայց կարեւորը՝ այս հակադրութիւնները գործածե՛լն է նպատակի մը իրականացման համար, ուստի այս հակառակութիւնները պէտք չէ՛ ըլլայ մրցակցութեան առիթ, այլ՝ նուազագոյն չափով ալ ըլլայ, համաձայնութեան եւ ուժերը միացնելու միջո՛ց։

Այր-մարդ եւ կին-մարդ իրենց տարբեր եւ մինչեւ իսկ հակադիր կարողութիւններ եւ յատկութիւնները կրնան միացնել եւ ստեղծել հասարակաց ո՛ւժ մը՝ որ պիտի կերտէ ապագա՛ն։ Զոր օրինակ՝ իգական սեռին մէջ կարելի է նշմարել անհաշիւ նուիրումի բնազդը, իսկ արականին մէջ՝ բանականութեան վճռականութի՛ւնը։

Բնահոգեխօսական երեւոյթներ կին-մարդուն կու տան իւրայատուկ դրոշմ եւ արժէք։ Մանաւանդ որդեծնական յատկութիւնը՝ որ վերապահուած է միա՛յն կին-մարդուն, կը զատորոշէ զայն այր-մարդէն։ Եւ սակայն այս եւ ուրիշ իւրայատուկ յատկութիւններ չե՛ն խանգարեր կին-մարդու եւ այր-մարդու հաւասարութեան աստուածահաստատ կշիռը։

Արդարեւ երկու սեռերու յատուկ կան ազնիւ ու յոռի, առաւել ու նուազ կիրքեր՝ որոնցմով մարդկային կեանքը կը կազմուի եւ կ՚ամբողջանա՛յ։ Ուստի, ձգողական եւ վանողական բնական զօրութիւն մը այս կիրքերը կը մօտեցնէ իրարու եւ կամ կը հեռացնէ իրարմէ՝ որոնք կը ստեղծեն համակրութիւն կամ հակակրութիւն։ Հակամարտ կիրքերու հանդիպումը, երբեմն ծնունդ կու տայ կեանքի անհանդուրժելի եւ անտանելի դժբախտութիւններու եւ թշուառութիւննե՛րու։

Իսկ իրերանման եւ իրերահաշտ կիրքեր առիթ կը ստեղծեն «ներդաշնակութեան»՝ ուր կը յայտնուի այր-մարդուն եւ կին-մարդուն ճշմարիտ «հաւասարութի՛ւն»ը։

Ըսելու պէտք կա՞յ, որ ընկերային կեանքի հի՛մը ընտանեկան կեա՛նքն է։

Եւ հոն, ահաւասի՛կ, աւելի եւս կը շեշտը-ւի կին-մարդուն կարեւորութիւնը, արժէքը եւ անհրաժեշտութիւնը։ Ուստի, տունը՝ ընտանիքը վառարան մըն է՝ լոյսի եւ ջերմութեան սկզբնակէտ մը՝ որուն կրակը կ՚արծարծեն հ-այրն ու մ-այրը։

Արդարեւ, նոյն «կրակ»ն է «ատր» այսինքն՝ «այր», որ արու սկիզբէն կը կազմէ «հ»այր-ը եւ էգ սկիզբէն՝ «մ»այր-ը։ Ահաւասիկ հաւասարութեան հիանալի՜ փաստարկութիւն մը՝ հաւասարութեան կնի՛ք մը՝ որ կը ծագի, սկիզբ կ՚առնէ ընտանիքին լոյս եւ ջերմութիւն տարածող «կրակ»էն։

Կին-մարդու գերադաս եւ բարձրագոյն վիճակն է մայրութիւնը, անոր մայրական դերը, ինչ որ «գործակից» կը դարձնէ Աստուծոյ, որ մարդը կը ստեղծէ եւ մայրը՝ մարդ կը ծնի։

Աստուծոյ վեհագոյն գործակի՛ցն է «մայր»ը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 12, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017