ՁԵՐՆ ՈՒ ՄԵՐԸ
Անվիճելի ճշմարտութիւն է, որ պատմութեան ընթացքին օտար ազգութիւններէ, հզօր զօրքերէ եւ հակառակորդ ոսոխէն աւելի հայն է հայուն վնաս պատճառողը։ Հայու մեծագոյն թշնամին հայը ի՛նքն է, որ շատ անգամ թէպէտեւ անարիւն՝ ճակատամարտէ մը աւելի վշտալի հետքեր կը ձգէ:
Աշխարհի երեսին կը հպարտանանք որ առաջի՛ն Քրիստոնեայ ազգն ենք, սակայն թիզ մ՚անգամ չենք փորձեր նկատի ունենալ Քրիստոսի այն խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Ամենայն թագաւորութիւն բաժանեալ յանձն, աւելի՛, եւ տուն բաժանեալ յանձն՝ կործանի»: Դժուար թէ գտնուի դարաշրջան մը, որ մենք բաժան-բաժան եղած չըլլանք, եւ այդ բաժանմամբ՝ կործանած:
Մեր պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած ճակատամարտերը սկիզբ չառած՝ մենք արդէն ներքուստ եղած ենք յաղթուած: Եղբայրասպան բնութիւն մը համակած է մեզ, եղբայրը եղբօր դէմ վերածելով նոր Բաբելոն մը, որոնք իբրեւ թէ նոյն գաղափարին համար կը գործեն՝ սակայն առանց երբեք զիրար հասկնալու:
Արցախի վերջին պատերազմը լաւագոյն առիթ էր դարձեալ նշմարելու եղբայրատեաց մեր ընթացքը, որուն դժբախտ մէկ պատահարին ակամայ խաղարկուներէն եղայ:
***
Պատերազմի ընթացքին հարկաւոր գնումներ ընելու համար ընտանիքի անդամներու ընկերակցութեամբ գացի Երեւան՝ առեւտուրի: Ո՜վ անգրագիտութիւն. շուկայի աշխատակիցներէն մին չկրցաւ զանազանել արեւմտահայերէնը՝ Արցախի բարբառէն եւ ինքնավստահ շեշտադրումով, ճակատումի պատրաստ աքլորի մը յաւակնութեամբ սկսաւ ճչալ:
-Ձեր Արցախը պատերազմ է, հո՛ս ի՞նչ գործ ունիք. մեր «երեխեք»ը ձեզի համար գացած կը պատերազմին եւ դուք եկած էք Երեւան:
Հաւատացէ՛ք այդ վայրկեանին իր աչքին թշնամիէն աւելի՛ թշնամի մըն էինք մենք: Մեր «երեխեք»ը, ձեզի համար, ձե՛ր Արցախին համար...: Այս ե՞րբ դարձաւ ՄԵՐ եւ ՁԵՐ ու այդ ՄԵՆՔ-ը ե՞րբ յեղաշրջուեցաւ ես ու դունի. չե՛մ գիտեր:
Իր անգրագիտութեան վրայ չուզեցի անդրադառնալ. պարզապէս հարց տուի.- Եթէ երկիրդ պատերազմի մէջ է, այդ պարագային դո՞ւն ինչու այստեղ ես:
«Արա աբեր, դու գիտե՞ս ես ով եմ...». հոն է, որ կը գիտնաս, թէ այդ մարդու երակներուն մէջ արիւնէն աւելի օղին է շրջողը: Ամբողջ շուկան հաւաքուած է մեր շուրջ. մի քանի հոգի կը փորձեն ինձ բռնել, ուրիշներ՝ անգրագէտը: Անիմաստ պոռչտուք ու վայնասուն, բանականութենէ զուրկ...:
Մենք իրար հետ պէտք է թշնամիի դէմ կռուէինք, սակայն կեանքը պիտի գար արդարացնելու Օշականի խօսքերը.- «Բայց բախտը կ՚ուզէ ուրիշ կերպ։ Մեզի դէմ սուր պիտի շարժեն մեր համարիւն եղբայրները. քանի մը շաբաթ առաջ մեր կողքին, այսօր մեր դիմացը...» (Երբ մեռնիլ գիտենք. Վարդանանք (Խորհուրդ հայ միջնադարէն), Գ. Պատկեր):
Հայը չկրցաւ թշնամին ատել այնքան՝ ինչքան որ ատեց իր արիւնակից եղբայրը: Զիրա՛ր ոտնակոխելու մեր ղեկավարներու եւ հասարակ ժողովուրդին ի գործ դրած ջանքերը ի մի խմբուէին, այսօր մենք յաղթանակածի՛ դերի մէջ կ՚ըլլայինք եւ ո՛չ պարտուածի:
Կ՚ուզեմ բառացի, առանց ուղղագրական սխալները ուղղելու հայ կնոջ մը (ի՜նչ կին) համացանցի վրայ կատարած մէկ մեկնաբանութիւնը յիշել.-
«Այ անշնորհակալ շներ. մեր Հայաստանի այդքան երեխաները զոհվեցին Ձեր համար իսկ դուք Ղարաբաղցի շներ թողեցիք պատերազմը եւ փախակ մեր Հայաստան: Հիմաել կանգնելեք ինչ՞եք պահանջում: Ափսոս Մեր այդքան մատաղ սերունդը որ զոհվեցին Ձեր համար: Թքեմ ձեր երեսին»:
Ուրիշ նուրբ սեռի պատկանող տիկին մը կը գրէր. «Այ շուն ղարաբաղցիներ ջանդկվեք ձեր Ղարաբաղը»:
Ձեր Ղարաբաղը... մեր Հայաստանը... մե՛ր տղաքը՝ ձեզի համար:
Ինչպէ՞ս սպասել նման պատերազմէ մը յաղթական դուրս գալ, երբ վերոյիշեալ թշուառ մտածողութեամբ ողողուած են բազմահազար հայորդիներու միտքերը: Երբ վերոյիշեալ կիներուն նման բազմահազար կիներ իրենց զաւակները կը դաստիարակեն նոյն համոզումներով, որ Արցախը մերը չէ. մենք ուրիշին համար կը կռուինք:
***
Բոլոր այն նեղմիտները, որոնք միշտ առանց հասկնալու ունակութիւնը ունենալու «լուծում» կը հարցնեն՝ պատասխանեմ: Լուծումի մեծագոյն եւ առաջնահերթ աղբիւրը մտածողութիւններու փոփոխութիւնն է, հասկնալն է վերջապէս տասնամեակներ աղաղակուած լոզունգի այժմէականութիւնը. «Ով Հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
Այնքան ժամանակ որ ձերն ու մերը, մենքն ու դուքը հաւաքական բուռն ՄԵՆՔ-ի չվերածուի՝ պարտուած ես Հայ ազգ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳՐԻԳՈՐ ԽԱԼԱԹԵԱՆՑ
(1858-1912)
Մեր թուականէն 163 տարիներ առաջ՝ 15 սեպտեմբեր 1858-ին, Կիւմրիի մէջ ծնած է հայագէտ, պատմաբան, բանասէր, մանկավարժ եւ մշակութային գործիչ Գրիգոր Խալաթեանց:
Խալաթեանց իր կրթութիւնը ստացած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանին մէջ՝ 1868-1877 թուականներու միջեւ, ապա ուսումը շարունակած է Մոսկուայի համալսարանի բժշկական բաժնէն ներս, ուրկէ անցած է պատմութեան եւ լեզուաբանական բաժանմունք եւ աւարտած՝ 1884 թուականին: Բարձրագոյն ուսումը շարունակելու համար որոշ ժամանակ մեկնած է Գերմանիա:
Խալաթեանց աւարտելէ ետք իր ուսումը 1886 թուականէն մինչեւ իր կեանքին վերջը որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է Լազարեան ճեմարանին մէջ, 1890 թուականին եղած է անոր Հայագիտութեան բաժնի վարիչը եւ 1897-1903 թուականներուն նոյն ճեմարանի տեսուչը: Խալաթեանց ուսուցչութեան կողքին զբաղած է նաեւ գրականութեամբ: Անոր առաջին գործը եղած է «Սասունցի Դաւիթ»ի ռուսերէն թարգմանութիւնը՝ 1881 թուականին, որմէ հինգ տարիներ ետք թարգմանած է նաեւ գերմաներէնի: Գրականութեան մէջ Խալաթեանց ճանչցուած է հայ պատմիչներու մասին իր ուսումնասիրութիւններով. ան քննադատած է Ղազար Փարպեցին, Եղիշէ պատմիչը, Մովսէս Խորենացին. քննադատած է նաեւ Արշակունիները: Առանձին հատորներով լոյս տեսած են իր ուսումնասիրութիւններն ու քննադատութիւնները, որոնցմէ են՝ «Ղազար Փարպեցի եւ գործք նորին։ Պատմական եւ գրական քննութիւն», «Մովսէս Խորենացու «Հայոց պատմութիւնը»: Քննադատութիւն», «Մարաբա Մծուրնացի կամ կեղծ-Ագաթանգեղոս։ Համեմատական ուսումնասիրութիւն», «Եղիշէի Վարդանանց պատմութիւնը» եւ այլ ուսումնասիրութիւններ:
Գրիգոր Խալաթեանց մահացած է 8 փետրուար, 1912 թուականին, Թիֆլիզի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ