ՅԱՅՏՆԻՆԵՐ՝ ԱՌԱՆՑ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ

Երբեւէ մտածա՞ծ էք դառնալ հանրածանօթ մարդ մը. երբեւէ ուզա՞ծ էք ճանչցուիլ բոլորին կողմէ։ Ականջին քաղցր հնչող այս երեւոյթները իրականութեան մէջ կարծուածին չափ «լաւ» բան մը չէ եւ սկզբնական վիճակին որքան ալ հաճոյք պատճառէ եւ մեր ԵՍ-ը շոյէ, ժամանակ մը ետք կը վերածուի չարչարանքի։

Մարդու կամքէն անկախ մարդու մէջ միշտ ալ գոյութիւն ունի ուշադրութեան կեդրոն դառնալու փափաքը. գրողը կ՚ուզէ իր գրութեան կարդացուիլն ու որպէս գրող ճանչցուիլը, երգողը կ՚ուզէ ունկնդիրներու քանակի աճը, երիտասարդ օրիորդը կ՚ուզէ իր հագուածքով ու գեղեցկութեամբ շրջապատի ուշադրութեան առարկայ դառնալը եւ այսպէս ամէն մէկը տարբեր ձեւով կ՚ուզէ ձեռք բերել ճանաչում՝ որ որոշ ժամանակ ետք կը սկսի փափաքելի չըլլալ։

Հանրածանօթ ըլլալուն փափաքելի չըլլալը հետեւեալ ճշմարտութեամբ կրնամ փաստել։ Ոտնագնդակի յայտնի աստղ Ռոնալտօ վերջերս տուած մէկ հարցազրոյցին մէջ յուզուած ու թաց աչքերով կը յայտնէր, որ ունի իր զաւակներուն հետ այգի երթալ չկարենալու դժբախտութիւնը, սակայն ո՛չ բազմազբաղ ըլլալուն համար, այլ «հանրածանօթ» եւ «սիրուած» ըլլալուն պատճառով։ Յայտնի աստղը չի կրնար հանրութեան մէջ իր ընտանիքին հետ ժամանակ անցընել, որովհետեւ հանրութիւնը կու գայ խանգարելու մարդկային այդ պարզ իրաւունքը։

Մենք՝ ոչ-յայտնիներս յաճախ կեանքի մէջ կ՚ուզենք առանձնանալ, կ՚ուզենք առանձին ճեմել ու մտամփոփման պահ մը ապրիլ. այդ բնական իրաւունքէն զրկուած են բոլոր անոնք՝ որոնք յայտնի դառնալու «բախտաւորութիւնը» ունին։ Այդ իրաւունքը չունին՝ որովհետեւ այլեւս իրենք ազատ չեն ու կեանքի մէջ չկայ աւելի քաղցր բան՝ քան ազատութիւնը։

Հանրածանօթ մարդու կեանքը տարբեր չէ բանատրկեալին կեանքէն՝ այն տարբերութեամբ որ ունի հարստութիւն՝ առանց ազատութեան։

Տակաւին պատանի հասակին յայտնի դարձած ամերիկացի երգչուհի մը հարցազրոյցի ընթացքին լալով կը բողոքէր ազատութեան կաշկանդումը։ Երիտասարդ աստղը կը յայտնէր, որ առանց դիկնապահներու տեղ չի կրնար երթալ՝ ինչ որ կը կաշկանդէ իր ազատութիւնը. յայտնի աստղը փափաք կը յայտնէր միւս տարեկիցներուն նման ազատ ապրելու, ազատ շրջելու, վազելու եւ կեանքը վայելելու, որովհետեւ վայելքը նիւթականէն անդին հոգիի ազատութեան մէջ է եւ այդ ազատութիւնը կորսնցնելէ ետք մարդ կը գիտակցի, որ նիւթականէն շա՜տ աւելի կարեւոր հարստութիւններ կան աշխարհի վրայ։

Արտաքնապէս նախանձելի այդ կեանքը ահռելի կը դառնայ, երբ մտածես թէ իւրաքանչիւր քայլափոխդ մարդոց ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Սխալիլն ու սայթաքիլը ներուած չէ այդպիսիներուն։ Անոնք պարտաւոր են հաւասարակշռել իրենց շարժումները, լաւապէս մտածեն ու խորհրդածեն իրենց  արտայայտելիք գաղափարներուն մասին։

Յայտնի մարդոց պարագային իրենց ճանաչելիութիւնն է որ կը սիրուի եւ ո՛չ անձը։ Այսօր ոչ-յայտնիներս մեր նեղ շրջանակին կողմէ կը սիրուինք մեր նկարագիրին ու բնաւորութեան շնորհիւ, մինչ անոնք կը սիրուին՝ որովհետեւ «յայտնի» են։ Այս է պատճառը, որ յաճախ երկրպագուներ յուսախաբ կ՚ըլլան մօտէն տեսնելով եւ ճանչնալով իրենց «պաշտելի» հանրածանօթ մարդը։

Յայտնի դառնալը վնաս կը պատճառէ նաեւ մարդու հարազատներուն, որովհետեւ ոչ միայն անձին, այլ ամբողջ ընտանիքի անդամներուն սխալը կը դառնայ աններելի։ Թէ՛ անձին եւ թէ՛ անոր ընտանիքին մէջ կատարուած ամէն մանրամասնութիւն կը դառնայ հանրութեան սեփականութիւն եւ կ՚արժանանայ քննադատութեան։

Այսօր ոչ-յայտնիներս մեր նեղ շրջանակին մէջ նոյնիսկ ականատես կ՚ըլլանք մարդոց կեղծաւորութեան, շահագործելու ախտին, բամբասանքներուն ու երկերեսութեան. կրնա՞ք պատկերացնել ինչքա՜ն աւելի է այդ մէկը յայտնիներու կեանքին մէջ՝ ուր յայտնի չեն անկեղծ սիրողն ու կեղծաւորները։ Անոնք տարբեր չեն Աբիսողոմ աղայէն՝ որ սիրուած էր մարդոց կողմէ ո՛չ թէ իր, այլ նիւթականին ունեցած հմայքին համար։

Այս բոլորէն ետք պէտք է գիտակցիլ, որ աշխարհի վրայ կարեւորը յայտնի կամ անյայտ ըլլալը չէ. Հերոսդրատի նման պէտք չունինք յայտնի ըլլալու ախտէն տառապելու, որովհետեւ այդ յայտնիութիւնը աշխարհին կը պատկանի եւ հետեւաբար ժամանակաւոր է, մինչ հոգեկան հանգստութիւնն ու երջանկութիւնը՝ անժամանակ։ Շատեր մինչեւ չկորսնցնեն ազատութիւնը յարգը չեն գիտնար անոր։ Այսօր աշխարհի վրայ բազմաթիւ մարդիկ հոգի կու տան վերստին տիրանալու այն ազատութեան, որ կորսնցուցած են։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -45-

Տարիներ առաջ Անթիլիասի մէջ ականջալուր եղայ երկու հետաքրքիր մարդոց խօսակցութեան, որոնք «նախանձ»ով գովքը կը հիւսէին, թէ ի՜նչ հանգիստ բան է կաթողիկոս ըլլալը.

-Բանէ մը պակաս չէ,- կ՚ըսէր անոնցմէ մին,- ի՜նչ երանելի կեանք։

Այդ կեանքին երանելին ո՞րն է։ Ականատես եղած եմ, թէ ինչպէս կաթողիկոսը աւելի քան երկու-երեք շաբաթ դուրս չի գար վեհարանէն։ Հագուստ կամ կօշիկի կարի՞ք ունի, չի կրնար դուրս գալ ու ազատութեամբ շուկան շրջիլ։ Այս կամ այն ուտելի՞քը ուզեց… պարտաւոր է բանտարկեալի մը պէս ուզել։

-Բայց շա՜տ դրամ ունի…,- կը հակաճառէ անոնցմէ մէկը։

Ի՞նչ արժէք ունի շա՜տ դրամ ունենալ՝ բայց չունենալ ազատութիւն։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2022