ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ - Ա -
Այսօր կ՚ուզենք խօսիլ «քահանայի ընտրութեան եւ յատկութիւններ»ուն մասին՝ յենակէտ ունենալով բոլորովին օրինական տուեալ եւ տրամադրութիւնները Հայոց Եկեղեցական Իրաւունքին։
Լուրջ եւ նոյնքան պատասխանատու ծառայութիւն մըն է քահանայագործութիւնը՝ որ կը պահանջէ կարգ մը անհատական յատկութիւններ, եւ նաեւ բարձր արժանիք, ինչպէս՝ անձնուիրութիւն, նուիրականութիւն, զոհողութեան ոգի, անշահախնդրութիւն, սուրբ կեանք, համեստութիւն, խոնարհութիւն, չափաւորութիւն, մարդասիրութեան անկեղծ զգացում, ծառայասիրութիւն եւ բոլոր առաքինութիւնները՝ որոնք կ՚ազնուացնեն մարդս։ Այս իմաստով քահանայի թեկնածու մէկը՝ ընտրութեան ներկայացող, խնդրարկու անձը պէ՛տք է առաւելութիւններ ունենայ հասարակ մարդոց նկատմամբ, քանի որ ամէն բանէ առաջ ան «տիպար» պիտի կանգնի ուրիշներուն, օրինակ՝ ժողովուրդին։
Ուրիշ առիթով խորհրդածած էինք, թէ՝ գործին մէջ մասնագէտ մէկը երբ օգտակար ըլլալ կը թուի իր նմաններուն, իր մասնագիտութեան չափ իր անձնական կեանքը, նկարագիրը, բարոյականն ալ պէտք է նկատի առնուի, քանի որ կարեւոր դեր կը խաղան անոնք ալ մարդու մը արժանիքը չափելու մէջ։
Մարդ մարմնով, միտքով եւ հոգիով ամբողջ մըն է։
Այս բոլորը աւելի եւս խնդրոյ առարկայ է քահանային համար։ Եթէ ո՛չ «կատարեալ», անթերի, բայց կատարելութեան մօտ եւ անթերի նկարագիր մը պայմա՛ն է քահանայի մը ընտրութեանը համար։
Նաեւ մարդ իր անցեալով ու ներկայով ամբողջ մըն է, իսկ ապագայի մասին իր մտադրութիւններն ու ծրագիրները կը կազմեն անոր ընդհանուր նկարագիրը եւ բոլոր երեսակներով՝ իսկական «անձ»ը։
Քահանայի մը ընտրութեան առաջարկը ընդունողներ ալ նոյնքան պատասխանատու են ներկայ ժողովուրդին եւ ապագային նկատմամբ։ Կանոնական տրամադրութիւններ առանց նկատի ունենալու քահանայական ընտրութեան առաջարկները ընդունողներ պատասխանատո՛ւ են ապագային հանդէպ։
Ուրեմն տեսնենք, թէ ի՛նչ կը պահանջէ Հայոց Եկեղեցական Իրաւունքը քահանայի ընտրութեան եւ յատկութիւններուն մասին։
Առաքելական 22 եւ 20 կանոնները խստիւ կ՚արգիլեն ներքինիացածները քահանայ ձեռնադրելը։ («Ներքինալ» կը նշանակէ՝ սեռազրկուիլ, ամորձատուիլ)։
Իսկ Պօղոս առաքեալ կը խօսի «երկրորդ անգամ պսակուած»ներու մասին. «Որովհետեւ ես պիտի ուզէի որ ամէն մարդ ինծի պէս ապրէր, բայց Աստուած իւաքանչիւրին իրեն յատուկ շնորհք մը տուած է. մէկուն՝ այսպէս ապրելու շնորհք, միւսին՝ այնպէս» (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 7)։
Պօղոս առաքեալ կը թոյլատրէ «երկրորդ պսակ»ը, բայց ողջախոհութեան կանոններուն համապատասխան կը համարէ երկրորդ անգամ չպսակուիլը, եւ այդ հիման վրայ կը պահանջէ, որ քահանայ մը մէկ անգամ պսակուած ըլլայ. «… մէկ կնոջ ամուսին…» (Ա ՏԻՄՈԹ. Գ 2), եւ. «Երիցութեան թեկնածուն պէտք է անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր ըլլայ…» (ՏԻՏՈՍ. Ա 6)։
Եւ այս հիմամբ Բ առ. 17 կանոնը որոշած է դրականապէս. «Ով որ մկրտութենէն յետոյ երկու անգամ պսակով կապուած ըլլայ, կամ հարճ ունենայ, ան չի՛ կրնար երէց, սարկաւագ եւ քահանայական կարգի անդամ ըլլալ»։
Աւելի վերջ, երկրորդ պսակը սկսաւ օրհնուիլ առաջին պսակի նման եւ ապաշխարանքի ենթարկելը վերցաւ։
Նէոկեսարիայի Տեղական Ժողով (314-315). (Կանոնագիրք Հայոց Ա հատոր, էջ 575-578)։
«Քահանան եթէ ձեռնադրութենէն առաջ կը խոստովանի իր մեղանչած ըլլալը, ան իր քահանայական պատիւը կը պահէ, բայց կը զրկուի քահանայագործելէ։ Ինչպէս կ՚ըսեն. ձեռնադրութիւնը կը սրբէ անոր միւս մեղքերը։ Իսկ եթէ իր մեղքը չի խոստովանիր եւ որեւէ կերպով չ՚ամբաստանուիր, ան իր խղճին տէ՛րն է՝ կամ քահանայութիւն կ՚ընէ կամ կը հրաժարի»։
(ԺԴ կանոն՝ Բ առաքելական 25, 61, Նիկիայի Ա 2, 9, 10, Բարսեղի 27, 89)։
Քահանաներ պէտք չէ համարձակին ապաշխարութեան խորհուրդը վաճառականութեամբ կատարել. հապա ձրի խրատելով եւ դաստիարակելով, ուսուցանելով։
Այս կանոնը կ՚ենթադրէ, որ եկեղեցիի խորհուրդներու կատարման համար քահանաները «տուրքեր» ստացած են, մինչեւ այսօր ալ խոստովանութիւնը եւ հաղորդութիւնը ձրի կը բաշխուի եւ կը կատարուի. իսկ պսակի, մկրտութեան, ձեռնադրութեան եւ միւս ծէսերու՝ թաղման, տնօրհնէքի եւ այլն, տուրք կը տրուի կամաւոր կերպով։
Եթէ քահանան համարձակի որեւէ խոստովանութիւն ուրիշին հաղորդել, կարգալոյծ կ՚ըլլայ նզովքով եւ ամէն բանով կը զրկուի քահանայական ժառանգութիւններէն։
9-րդ յօդուածին մէջ ալ կը պատժուէր քահանան՝ զկրելով քահանայական ժառանգութիւններէն, ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ պատժուողը կը զրկուի նիւթական օգուտներէ՝ եկեղեցական եկամուտներէն եւ իրենց տունէն քահանայական կարգ ու քահանայ ձեռնադրել տալու իրաւունքէն եւ արտօնութենէն։ Թէեւ քահանայական կարգի ժառանգութիւն գոյութիւն կարելի չէ ունենալ եկեղեցիի կարգադրութիւններու մէջ, քանի որ միա՛յն արժանաւորութեամբ քահանայ կ՚ընտրուին եւ ո՛չ ժառանգութեամբ, բայց որովհետեւ քահանաներու որդիները փոքր տարիքէն քահանայի ձեռքի տակ կրթուած եւ իբրեւ բուրվառակիր անոր հետ շրջելու վարժուած են եկեղեցական արարողութիւններու մէջ, ուստի եւ ընտրութիւնները ընդհանրապէս կը կատարուէին քահանաներու որդիներէն։ Այս կարգը տեսակ մը «ժառանգական սովորութիւն» դարձեր էր՝ քահանայութեան որդիէ որդի անցելու սովորութիւն մը…։
Գէորգ Դ.-ի Կանոնները (1866-1882)։
Գէորգ Դ. տեսնելով քահանաներու ընտրութեան անկանոն ըլլալը 1868 թուականին՝ 21 Դեկտեմբերին 562 համարով կոնդակ արձակելով հրամայեց անխախտ պահել կանոն-ները՝ որոնք ցրուեց որպէս հրահանգութիւն։
Ըստ այս կանոններու՝ եպիսկոպոսներէ ոչ մէկը պիտի չհամարձակի քահանայ ձեռնադրել անարժան մարդիկ կաշառքով, մեր նախնիներուն հետեւելով՝ մինչեւ վերջ կը դատապարտենք արծաթասէր եկեղեցականները (Բ առաքելական 29, Սսի 1, Լուս. 26)։
Ո՛չ ոք չհամարձակի քահանայ դառնալ առանց եկեղեցիի ընտրութեան, այսինքն՝ քահանաներու եւ ժողովուրդի, այն ալ ո՛չ կողմնապահութեամբ եւ կամ աչառութեամբ, հապա հանրադրութեամբ, որ պիտի ներկայացնեն վիճակային ատեանին (Լաւ. 13, Սար. 6, Շահ. 16, Դ Դւ. 9, 10, Սիս. 1, 3, Երուս. 3, 9)։
Վիճակային ատեանը, ստանալով հանրագիրը, պէ՛տք է քննէ նախ ընծայեալը ունի՞ Սուրբ Գրքի հմտութիւնը եւ ուղղափառ հաւատ, երկրորդ ունի՞ իր աստիճանի համապատասխան բարոյականութիւն ժողովուրդին օրինակ ըլլալու համար։
Քահանաներու որդիները, որոնք եկեղեցականներու կարգին են գրուած, օրինակելի վարք ու բարքի տէր մարդիկ պէտք է ըլլան՝ ուսումնասէր եւ եկեղեցասէր (Ներսէս Ե. Սահ 23)։
Ծեր քահանաները, որոնք ընչասիրութեան եւ ագահութեան պատճառով չեն թողուր քահանայագործութիւնը, որը անկատար ձեւով կը կատարեն զգայարաններու թուլութեան պատճառով, հետեւելով նախնիներու գրած օրէնքներուն, անոնք կը զրկուէին քահանայագործութենէ եւ անոնց փոխարէն կը նշանակուէր նոր քահանաներ, որոնք կը ստանային ծխական հասոյթներուն մէկ մասը՝ 3 մասը թողելով ծերացած քահանային։
Նորընծայ քահանաները քառասունքը անխափան պիտի պահեն։ Մեր եկեղեցական կարգով 3 քառասունք պիտի պահեն՝ գիշեր ու ցերեկ եկեղեցին աղօթելով եւ պահք պահելով։ Առաջին քառասունքին ծոմապահութիւն պիտի կատարեն օրը մէկ անգամ պահքի կերակուր ուտելով։ Երկրորդ քառասունքին միայն կաթնեղէն, ձկնեղէն եւ ձուեղէն, կարելի է տուն երթալ եւ ճաշել ու եկեղեցի գալ յետոյ։ Երրորդ քառասունքին միս կարելի է ուտել Կիրակի օրերը։ Այս է մեր նախնական կարգը եւ այսպէս ալ պէտք է վարուիլ (Քառասունքի մասին այսպիսի խիստ կանոններ մեր եկեղեցական կանոններուն մէջ չկա՛յ. այս կանոնը առնուած է Փիլիպպոս առաքեալի կանոններէն, Փիլ. 1)։
Նախնիներու սահմանած կարգը ճշդութեամբ պիտի կատարեն ամուսնացեալ քահանաներ, որ պատարագէն երեք օր առաջ եւ երեք օր յետոյ եկեղեցին պիտի մնան սրբութեամբ, աղօթքով եւ հեռու մնալով ամուսնական յարաբերութիւններէն (Թադէոս 12 կ.)։
Քահանաներ հնազանդող ըլլալու են ամենայն օրինաւոր առաջարկութիւններուն աւագ քահանային…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 14, 2015, Իսթանպուլ