ԼԱՑԷ՛Ք, ԱՄՕԹ ՉԷ՛

Ո՞վ ստեղծեց այն սուտը որ, «տղամարդը չի լար». ո՞վ է հեղինակը այս թիւր զրոյցին եւ ինչո՞ւ չի լալ: Ինչո՞ւ վախնալ լալէն՝ երբ Տէրը Յիսուս Քրիստոս ի՛նք եւս լացաւ: Լալը երբեք սեռ ու տարիք չի՛ ճանչնար, որովհետեւ մենք աշխարհը ճանչնալէ առաջ մեր ծնունդի օրն իսկ լացին հետ կը ծանօթանանք ու աւարտին աշխարհէն կը հեռանանք դարձեալ լացի ընկերակցութեամբ:

Մարդկային բնութիւնը այսպէս ստեղծած է տղամարդն ու կինը. առաջինը խիստ ու կոշտ, իսկ երկրորդը՝ նուրբ ու զգայուն ու մանաւանդ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ ընդուն ո ւած է ա՛յն, որ տղամարը նուրբ ու զգայուն, իսկ կինը՝ կոշտ ու խիստ ըլլալու իրաւունք չունի: Իրականութեան մէջ սակայն բոլո՛րն ալ մարդուն համար են՝ առանց կին ու տղամարդ խտրութիւն ունենալու: Այնպէս ինչպէս սիրելը, վշտանալը, ուրախանալն ու ցաւիլը մարդկային, նոյնքանով մարդկային է նաեւ լալը:

Յաճախ մեր կեանքին մէջ արցունքը ժխտական ազդեցութիւն եւ իմաստ ունեցած է, իրականութեան մէջ սակայն արցունքը ո՛չ թէ բացասական, այլ տեղ մը ունի նաեւ դրական ազդեցութիւն մը, հիմնուած բնութեան այն օրէնքին վրայ, որ անձրեւէ ետք է որ ծիածանը գլուխ կը պարզէ ընդհանրապէս:

Հաւանաբար տարօրինակ թուի, սակայն մեր հին գրողներէն շատեր եղած են լալու եւ արցունքի սիրահարներ, որովհետեւ այդ արցունքներն են որ մարդը դարձուցած են բանաստեղծ, որովհետեւ բանաստեղծ ըլլալու համար լեզուի գիտութիւնը բաւարար չէ. անհրաժեշտ է նաեւ զգայուն հոգի, արցունք ու վիշտ՝ զանոնք բառերու ճամբով լոյս աշխարհ բերելու համար: Լալը սիրած են, որովհետեւ կեանքի մէջ լալը սորված են իրենց հաշւոյն. կեանքի անակնկալներուն որպէս հետեւանք ծնած են անոնք: Բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեան «Գարուն» խորագրեալ իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ լալը. «Երբ արցունքը, մարգրտի պէս, ամէն ամէն իրիկուն, երազօրէն այտերս ի վար կը ծորէր, Ա՜խ, ի՜նչ անոյշ է գարունը ողջունել...», իսկ հայ գրականութեան տիտաններէն Յակոբ Օշական «Երբ պատանի են» աշխատութեան Ե. գլխուն մէջ հետեւեալ ձեւով կը հիւսէ արցունքներու գովքը. «Բայց ուրիշ բան է երկուքով լալը: Իրար նայելէն։ Իրարու երեսին՝ դաժան հեղուկը կամաց թափելով։ Ու յետոյ ծծել, իրարու միսէն տժգոյն այդ թոյնը։ Հաճոյք էր ասիկա»: Ռուբէն Սեւակ «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր» աշխատութեան «Գինով աղջիկը» պատմութեան մէջ կեանքը ամբողջութեամբ որպէս արցունք կը բնորոշէ, ըսելով. «Ու ահա՛ կեանքը. կաթիլ մը արցունք, անցուկը՝ մոռցո՜ւկ…». ու այսպէս կարելի է երկարել շարքը անոնց, որոնք արցունքով ապրեցան, արցունքով գրեցին եւ շնորհիւ իրենց արցունքներուն անմահացան:

Արցունքները կարեւոր են, որովհետեւ որոշ ժամանակ տարիք առնելէ ետք շատ մը անցուդարձեր մոռացութեան պիտի տրուին, սակայն մարդուն մէջ դրոշմուած պիտի մնան ա՛յն օրերն ու դէպքերը, որոնք արցունքներ պատճառած են մարդուն:

Վիշտը ունի իր հանգրուանները եւ արցունքը գագաթնակէտն է. անձ մը կը նեղուի եւ իր վիշտը ուրիշին հետ կը բաժնեկցի. ուրիշ մը այդ մէկը բանաստեղծութեան կամ գրելու ճամբով կը փորձէ դուրս տալ... իսկ այդ երկուքին ծայրայեղ վիճակը կ՚ըլլայ արցունքը, որ շա՜տ աւելի զգացումներ ունի իր մէջ ամփոփած՝ քան բոլոր խօսքերն ու տողերը: Խօսքերը կրնան զգացումները կեղծել, սակայն արցունքները չունին այդ շնորհքը եւ ա՛յդ է պատճառը, որ արցունքը իր մէջ ունի խորհրդաւոր բան մը եւ այդ խորհրդաւորութեան համար է, որ մեր մտաւորականները զայն բղխած կը նկատեն հոգիի մութ անկիւններէն՝ ուր խօսքերը անկարող են:

Այսօր բազմաթիւ են անոնք, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պահելու համար իրենց արցունքները, մտածելով որ ամօթ մըն է այդ. մեզմէ ո՞վ չէ զգացած երբեւէ քաղցրութիւնը բարձին վրայ հոսող արցունքներուն, որոնք հոգին կը խաղաղեցնեն. ո՞վ երբեւէ խօսքերէ եւ մարդոց մխիթարական խօսքերէն աւելի չէ զգացած անոնց կարիքը, որպէս ներքին լուացումը հոգիին եւ միտքին: Լալը տկարանալ չի՛ նշանակեր, որովհետեւ լալ չգիտցողը երբեք ալ Մարդ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ այդ լալու զգացումն է, որ մարդը մարդ կը դարձնէ մարդու նկատմամբ... այլապէս անասունէն տարբերութիւն մը չ՚ունենար:

Լալու ամչցողները թող մտաբերեն Քրիստոսի խօսքերը. «Երանի՜ լացողներուն». Տիրոջ երանելի նկատածը մենք ամօթ կը նկատենք:

Լալը մարդկային է, սակայն որոշ ժամանակ ետք մարդ արարած պիտի զգայ, որ կամաց կամաց կը սկսին պակսիլ իր արցունքները, մանաւանդ ա՛յն ժամանակ երբ վիշտերն ու ցաւերը սկսին դառնալ սովորական ու մշտական եւ իրապէս դժբախտ է այն մարդը, որ այլեւս կորսնցուցած է իր լալու ունակութիւնը: Իսկական տկարները ո՛չ թէ լացողները, այլ մարդկային լալը տկարութիւն կարծողներն են, որովհետեւ լալ չգիտցող մարդը չի գիտեր նաեւ սիրել, չի՛ գիտեր նաեւ խղճալ, չի գիտեր ներել ու չի՛ գիտեր զգալ եւ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր դժբախտութիւններու հեղինակները ընդհանրապէս լալ չգիտցողներն են: Լալ չգիտցող մարդը ատակ է ամէ՛ն տեսակի չար գործեր ընելու, որովհետեւ լալ չգիտցողը մարդուն նման ապրիլ ալ չի գիտեր:

Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք լալ գիտեն, որովհետեւ լալ գիտցող տղամարդը մարդկային շատ մը արժէքներու տէր կ՚ըլլայ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -71-

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թանգարանին մէջ գտնուող սկիհներէն մէկուն մէջ մինչեւ օրս կը գտնուի արիւնի հետք մը, որ կարելի չէ մաքրել:

Աւանդութեան համաձայն, սրբակենցաղ եկեղեցական մը պատարագած ժամանակ կը ներշնչուի եւ աղօթած պահուն կաթիլ մը արցունք կը գլորի սկիհին մէջ եւ կը վերածուի արեան եւ դրոշմուած կը մնայ սկիհին վրայ:

Լիբանան այցելող ամէ՛ն մարդ կրնայ երթալ թանգարան եւ տեսնել սրբակենցաղ կրօնականին արցունքը, որ Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի արեան վերածուելով սկիհին մէջ կ՚ապրի մինչեւ այսօր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2022