ԱՌԱՔԵԱԼԻՆ ՊԱՐԾԱՆՔԸ

Պօղոս Առաքեալ, համայն աշխարհի հանդէպ կը յայտարարէ, թէ իր միա՛կ ու միակ պարծանքը Յիսուս Քրիստոսի խա՛չն է։ Արդարեւ, Առաքեալը կը խօսի մշակուած մտքի մը երկար տարիներու գիտական հետազօտութիւններու համոզումովը եւ ձեռք բերած փորձառութեան արդիւնքովը՝ հիմնուելով սա ըմբռնումին վրայ՝ թէ աշխարհ իրեն համար անով խաչուած է, եւ ի՛նք անով խաչուած է աշխարհի համար։

Խաչին պարծանքը իր մէջ գոյութիւն ունենալէ առաջ, Գամաղիէլի աշակերտը Պօղոս գիտնական մըն էր, ինչ որ նոյն ժամանակի համար նուազ պարծանք մը չէր՝ Գամաղիէլի աշակերտը ըլլալ։ Ուստի այս ցոյց կու տայ, թէ Պօղոսի հաւատքը կոյր հաւատք մը չէր, ինչպէս անոր խաչի պարծանքը, քանի որ ան առիթը ունէր բաղդատելու պարծանքներու առարկաներուն ճշմարիտ արժէքը։

Այն օրէն, երբ իրերու խորին տրամաբանութեամբ մը խաչին ճակատագիրը փոխ-ւեցաւ, եւ եղաւ մարդկութեան պարծանքներէն մին, տարբեր կարծիքներ, համոզումի տարբեր կռուաններ եւ ընտրութեան զանազան եղանակներ ստեղծուեցաւ՝ ամէն մէկը իր պարծանքին համար, գերադասուելու փաստեր գտնելու մտահոգութեամբ։ Այսուհանդերձ, երբ այդ զանազանութիւնները եւ տարբերութիւնները դասաւորուին, եւ անոնց բարոյական եւ հոգեբանական նմանութիւններուն եւ մերձաւորութիւններուն վրայ հիմնուած՝ զանոնք ջոկուին, պիտի տեսնուի որ մարդոց համար երկու տեսակ պարծանք միայն գոյութիւն ունի, որոնցմէ մին Պօղոսի պարծանքը, եւ միւսն ալ՝ Աշխարհի պարծանքն է։

Արդարեւ, Պօղոս Առաքեալ, իր հմտութեան շնորհիւ կը տարբերէր միւս առաքեալներէն, քանի որ երբ անոնք Գալիլիայի ծովուն մրմունջները կը լսէին կամ իրենց ձկնորսի գիշերները լուսազարդող աստղերը կը դիտէին գեղջուկ համեստ անգիտութեամբ մը, Պօղոս՝ այդ ամէն լոյսերուն, այդ ամէն կոհակներուն եւ փրփուրներուն մէջ կը կարդար այն խորհուրդները, բոսորային այն բառերը՝ որոնք Գերագոյնին փառքը կը պատմէին իրեն։ Պօղոս, իր «փարիսեցի»ի նախանձախնդրութեամբ միշտ հպարտ էր եւ ո՛չ նուազ պարծանք մըն էր փարիսեցիութիւնը իրեն համար, գէթ ա՛յն շրջանակին մէջ, ուր կոչուած էր ապրիլ, ո՛չ միայն իբրեւ «Հռովմէական քաղաքացի», այլ եւ իբր իսրայէլա՛ցի մը, որուն տոհմային կրօնքի մասին ունեցած եռանդը զինք գիտնական մոլեռանդութեան մը առաջնորդած էր։

Պօղոս, իր ստացած դաստիարակութեան շնորհիւ բռնած էր այն դիրքը՝ որ ամենէն բարձրագոյններէն մէկը կրնար նկատուիլ տաճարին կրօնական կալուածին մէջ, եւ ասիկա ո՛չ նուազ պարծանք մըն էր իրեն համար, իր մոլեռանդի նախանձայուզութիւնը պատուար մը շինած էր իր հոգիին շուրջը. իրմով խաչի դատին «հալածող» մը պատրաստելու համար։ Եւ ասիկա ստեղծած էր «նախապաշարուած պատուար» մը իր ամբողջ հոգիին մէջ։

Ահաւասիկ, այդ «նախապաշարուած պատուար»էն ներս իր մաքուր եւ յստակ պայծառատեսութիւնը խեղդուած էր, իր հոգին վանդակի մէջ բանտարկուած պզտիկ եւ թեւակտուր թռչունի մը կը նմանէր, իր երգը՝ ցաւագին, զայրացկոտ եւ վրէժխնդի՛ր հեծկլտուք մըն էր միայն։

Պէ՛տք էր զգացնել իրեն այս ամէնը։

Եւ ահա՛, Ս. Ստեփանոսի աղօթաբոյր ձայնին շեշտը, անոր հրեշտակային նայուածքը մինչեւ երկինք, անոր մարմինէն կայլակող արիւնին բոսորը լայն խրամատ մը բացին այդ հուժկու պատուարին կողին, ուրկէ ներս թափանցեց խաչին ճառագայթը։

Դամասկոսի ճամբուն տեսիլքը վերջին յաղթանա՛կն էր եղած, իրմով Աւետարանին Ընտիր անօթը պատրաստելու համար։

Իր եռանդէն եւ յոյզերէն գինովցած Պօղոս տեսաւ, թէ անմեղ նայուածք մը, կաթիլ մը արիւն, բաւական եղած էին փշրելու այն պարծանքը, զոր ինքը կրցած էր իբրեւ հաստատուն եւ տեւական բան մը շինել իրեն համար։ Ճանչցա՛ւ իր պատրանքը։

Եւ մինչեւ այն ատեն խաբուած եւ սխալ ճամբու առաջնորդուած ըլլալուն հոգեկան կսկիծը՝ իր դարձին, իր նոր պարծանքին նախաշաւիղը եղաւ։

Ուստի, «ճշմարտութեան ոգի»ն ծծելէն վերջ երբ իր աչքերը բացաւ, տեսաւ թէ իր նախկին դիրքը, իր հմտութիւնը, իր փառքը, իր քաղաքացիութիւնը չէին կրնար ըլլալ այն իրական պարծանքը, որո՛ւն պէ՛տք է տենչայ մարդ։

Մոլեռանդութեան, կրքի մշուշը փարատած, հիմա խաչը զինք իրեն կը քաշէր, եւ իրեն ցոյց կու տար Երկինքի ճամբան, ցոյց կու տար իր մեղքերը, իր մոլորանքը, եւ հաւատքը՝ Աստուծոյ սիրուն եւ գթութեանը եւ ողորմութեանը արժանանալու համար։

Ինքը անո՛վ խմորուած է ա՛լ, խաչին հեշտանքը միայն կը զգայ իր հոգիին խորը։

Միայն այն ատեն սխալ գաղափարներով որդեգրուած մարդկութիւնը ա՛լ իրը չէր, հիմա աւելի՛ տեւական եւ աւելի՛ լուսաւոր մարդկութեան մը կը վերաբերէր, կը զգար թէ ինքը երկրին չէ՛ր վերաբերեր այլե՛ւս, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «քանի որ մեր քաղաքացիութիւնը երկի՛նքն է» (ՓԻԼԻՊ. Գ 20)։

Այլեւս իր յոյսը եւ հաւատքը հաստատո՛ւն է իր պարծանքին վրայ, փարած է անոր, իր հոգիին բովանդակ ուժովը, եւ նուիրուած է անոր, այնպէս որ աշխարհի մէջ չկա՛յ այլեւս որեւէ զօրութիւն, որ կարող ըլլայ զինք Անկէ բաժնել. «ինչո՛ւ որ ես հաստատ գիտեմ», կ՚ըսէ Պօղոս, «թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ ապագայինները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորութիւնը, եւ ո՛չ մէկ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն, որ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով է» (ՀՌՈՎՄ. Ը 38-39)։

Արդարեւ, Առաքեալը, իր կեանքովը ե՛ւ իր մահովը արդարացուց իր հաւատքը, եւ իր պարծա՜նքը։

Այս հաստատուն հաւատքով ապրող մարդուն համար աշխարհ «մեռած» մըն է՝ «խաչուա՛ծ» մը, Առաքեալին բառով, որուն եւ ո՛չ մէկ ժպիտը, եւ ո՛չ մէկ դիւթանքը կրնայ հրապուրել զինք, եւ մարդ աշխարհի համար «մեռա՛ծ» մըն է փոխադարձաբար։ Իրմով, իրարու համար ապրելու, եւ մէկզմէկու վրայ ազդելու եւ ներգործելու ուժը կորսնցուցած են այլեւս։ Իրեն համար պարծա՛նք եղող Խաչին հաւա՜տքն է որ Առաքեալը թելադրեց գրելու Հռովմայեցիներուն։

Ուստի Պօղոս իր պարծանքովը հակոտնէութիւն մը կը կազմէ «աշխարհի մարդոց» եւ անոնց պարծանքին հանդէպ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 11, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2017