ԿԵԱՆՔԻՆ ԺՊՏՈՒՆ ԵՐԵՍԸ

Աշխարհի վրայ կա՞յ արդեօք հաշիւի մեքենայ մը, եւ կամ կարելի՞ է հնարել համակարգիչ մը՝ որ ծրագրուած ըլլայ հաշուելու կեանքին զուարթ եւ տրտմալից օրերը։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս յառաջիկայ շրջաններուն այդ ալ կ՚իրականանայ եւ մարդիկ համակարգիչին դէմը՝ կը հաշուեն իրենց կեանքին ժպտուն եւ դժնդակ, դառն երեսները, թէ ո՞ր մէկը աւելի է…։

Եթէ մարդուս նպատակը ի վերջոյ երջանկութեան հասնիլ է, այս հաշուով, երջանիկ պէտք է նկատուի այն՝ որուն կեանքի զուարթ օրերը աւելի են բաղդատմամբ տրտմալից օրերուն։ Բայց կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ո՛չ մէկը իր կեանքին մէջ կրնայ ունենալ միայն զուարթ օրեր, քանի որ աշխարհի վրայ երբեք չի՛ պակսիր նեղութիւն, դժուարութիւն, տրտմութիւն, ցաւ եւ վիշտ։ Միջին տարիքով ո՞ր մէկը կրնայ ըսել, թէ ինք իր կեանքին մէջ չէ ունեցած նեղութիւն, ցաւ եւ վիշտ։ Եթէ այդ ըսող ըլլայ, հաւանաբար մոռացկոտ եւ կամ կեանքին հանդէպ բոլորովին անտարբեր մէկն է, եւ մոռցած կամ անտեսած է ամէն նեղութիւն, ցաւ եւ վիշտ։

Մարդ անզգայ ըլլալու է, որ մոռնայ իր կրած ցաւերը եւ նեղութիւնները, քանի որ անոնք որքան ալ մոռցուած կարծուին, անպայման հետք մը կը թողուն մարդուս հոգիին խորը եւ կը տպաւորուին ենթագիտակցութեան վրայ։ Եւ այնպէս կը թուի, թէ մարդուս կեանքը կ՚ընթանայ, ընդհանրապէս «մոռցուած» կարծուած նեղութիւններու եւ ցաւերու թողած հետք եւ տպաւորութիւններու համեմատ։ Եւ քանի որ կեանքի մէջ անպակաս են նեղութիւններ, ապա ուրեմն կեանքը ուղղութիւն կը ստանայ անցեալի մէջ ենթարկուած նեղութիւններու համաձայն։ Ուրանալ կարելի չէ՛ այս իրողութիւնը, քանի որ կեանքին ճշմարտութիւնը այս կը պահանջէ։

Արդարեւ, մարդուս անպատասխանատու շրջանին, մանուկ կամ երիտասարդ, կեանքը որքա՜ն ժպտուն եւ զուարթ կ՚երեւի։ Երբ իրենց տեղ նեղութիւններու դիմադրող մը կայ՝ հայր, մայր կամ եղբայր, կեանքը հաճելի է. ուժի զօրութեան, կորովի, արթնութեան, զուարճութեան շրջան մը։

Բայց մանկութեան կամ երիտասարդութեան այդ երազային շրջանը վախճան մը ունի, ինչպէս բնութեան մէջ ամէն ինչ վե՛րջ մը ունի։ Մանուկներ եւ երիտասարդներ երբեք չեն խորհիր, թէ հաճոյքներու, զուարճութիւններու, վայելքներու այդ կեանքը ունի նաեւ նեղութիւններու, տառապանքներու, ցաւերու եւ վիշտերու խոժոռ երես մըն ալ, դաժան դէմք մըն ալ…։

Եւ հասուն տարիքի մէջ այլեւս կը սկսի իր տրտում եւ դաժան դէմքը ցոյց տալ կեանքը, եւ կարծես աշխարհ կը խաւարի, մութը կը պատէ։

Բայց ինչպէս կ՚ըսէ բանաստեղծը, ո՛չ մէկ խաւար այնքան մութ է, քանի որ իր մէջ անպայման ունի լոյսի նշոյլ մը։ Եւ ուրեմն այդ լոյսի նշոյլը՝ յոյսը պէտք չէ անտեսուի, որովհետեւ կեանքը ունի երկու երես. խաւար երեսը եւ լուսաւոր երեսը։

Ահաւասիկ, երջանիկ է այն մարդը՝ որ գիտէ կեանքին մութ երեսը լուսաւորել, եւ կը յաջողի մութէն ելլել դէպի լոյս։

Բարեկամներ երբ մէկզմէկու հանդիպին, ընդհանրապէս իրարու սա հարցումը կ՚ուղղեն. «Ինչպէ՞ս ես»։ Այս հարցումը կը պարունակէ իր մէջ աւելի ընդարձակ հարցում մը. «Կեանքիդ խաւա՞ր երեսը կ՚ապրիս, թէ լուսաւոր երեսը»։ Այս հարցումը կը վերաբերի թէեւ «ներկայ» կեանքին, բայց կը բովանդակէ նաեւ «անցեալ»ը, քանի որ ներկան շարունակութիւնն է անցեալին եւ կը կրէ անցեալին հետքերը եւ տպաւորութիւնները մեծ մասամբ։

Արդարեւ, ինչպէս անցեալի ցաւերը, զուարթութիւններն ալ կը տպաւորեն ներկան եւ այդպէս կը կազմաւորուի մարդուս կեանքը։ Բայց, ընդհանրապէս նեղութիւններ կը մոռցուին եւ միշտ լաւ տպաւորութիւններ կը մնան, այդ իսկ պատճառով ալ, մարդիկ, սովորաբար միշտ անցեալի նկատմամբ կարօտ մը կ՚ունենան եւ կ՚ըսեն. «Հին ատեններ աւելի լաւ էինք…»։ Անշուշտ ասիկա ուրիշ պատճառ մըն ալ ունի։ Ինչպէս վերը յիշեցինք, մարդ իր մանկութեան եւ երիտասարդութեան պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը չունի, եւ այդ պատճառով ալ նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ շատ չեն ազդեր իրենց, եւ ուրեմն կեանքին այդ շրջանին նկատմամբ որեւէ ժխտական տպաւորութիւն չունին եւ կարօտը կ՚ունենան այդ «անցեալ» կեանքին։

Անշուշտ մանուկ հասակին եւ պատանեկան շրջանին ալ նեղութիւններ ունեցող, ցաւ եւ վիշտ զգացող դժբախտներ ալ կը գտնուին։ Անոնց ալ երկու տեսակ կ՚ազդէ այդ շրջանը՝ կամ այդ դժբախտութիւնը կը շարունակուի ամբողջ կեանքի ընթացքին, եւ կամ յորդորիչ, դրդիչ դեր մը կը կատարեն անցեալի նեղութիւնները եւ ցաւերը, եւ մարդ ճիգ կ՚ընէ, ջանք կը թափէ եւ կարելին կ՚ընէ նեղութիւններէ ազատելու, ցաւերէ փրկուելու համար, եւ այն ատեն կը յաղթէ, գլուխ կ՚ելլէ ամէն դժուարութիւններու, նեղութիւններու եւ կը տոկայ ցաւերու։

Բայց յաղթելու, գլուխ ելլելու համար նեղութիւններու, քա՛ջ ըլլալ պէտք է. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Եւ Յիսուսի այս խօսքը ցոյց կու տայ, թէ աշխարհի վրայ ապրուած այս կեանքը երկու երես ունի. «ժպտուն» եւ «տխուր»։ Եւ կը տեսնուի, որ կեանքը իր տխուր եւ խոժոռ երեսը աւելի շատ ցոյց կու տայ քան զուարթ եւ ժպտուն երեսը։ Ուստի կեանքը կը յուզուի ամէն ձեւի եւ երեւոյթի տակ։ Ոմանք բոլորովին անհաղորդ կ՚ըլլան անոր. իրենք դուրս կը մնան մաքառումի, ոգորումի, դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու այդ շրջանակէն։ Բայց մարդ որքան ալ հեռու մնալ փափաքի այդ շրջանակէն, անպայմա՛ն, կեանքի որեւէ մէկ շրջանին կը ստիպուի, կը պարտադրուի մտնել այդ շըր-ջանակին մէջ։ Կը տոկա՞յ կամ ո՛չ. անիկա մարդոց նկարագրին համեմատ կը փոխուի, եւ այն որ զօրաւոր նկարագիր ունի եւ քա՛ջ է՝ կը տոկայ եւ ի վերջոյ «կը յաղթէ աշխարհին»։

Ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ կը փոխուի, մարդոց ապրելակերպէն մինչեւ մանրամասնութիւններ, որոնց համաձայն կը փոխուին նաեւ ճաշակներ, հաճոյքներ, փափաքներ, եւ կը փոխուին նաեւ նեղութիւններու տեսակներ, ցաւեր եւ վիշտեր, որոնց ազդեցութիւնները եւ թողած տպաւորութիւններն ալ հետզհետէ տարբեր հանգամանքներ կը ստանան։

Եւ երանելի՜ են անոնք որ քիչ կը տպաւորուին կեանքի ժխտական ազդեցութիւններէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 10, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2018