ԵՂԷԳԻՆ ԱՌԱԿԸ - Բ -

Ստորեւ կը շարունակենք «Եղէգին առակը»՝ Ռիթարամ Դաւիթեանի թարգմանութեամբ։

«Տէրոջ դէմքը աւելի մեղմացաւ, մինչ սուր կացինը առաւ ու մի քանի հարուածով գետին տապալեց զայն։ Եղէգը չընդդիմացաւ, այլ իւրաքանչիւր հարուածին ենթարկուեցաւ մեղմօրէն ըսելով.- Իմ Տէրս, քու կամքդ ըլլայ։

«Մինչ Վարպետը շարունակեց հար-ւծել զայն մինչեւ որ ան մերկացաւ իր փառաշուք ճիւղերէն բոլորովին։

«Հիմա ան բոլորովին լերկ էր։

«Վարպետին սիրակէզ դէմքը փայլեցաւ, մինչ եղէգէն ինչ որ մնացած էր դրաւ Իր լայն ուսերուն վրայ եւ հեծկլտացող միւս պամպուներուն ընդմէջէն զայն հեռացուց լեռներէն անդին տանելով։ Բայց եղէգը այս բոլորին ենթարկուեցաւ սիրով, մինչ կը մրմռար.- Իմ Տէրս, ուր որ կ՚ուզես հոն տար զիս։

«Ամայի տեղ մը երբ հասան, Վարպետը կեցաւ եւ ձեռքր դարձեալ սուր շեղբով գործիք մը առնելով զայն խրեց եղէգին սրտին կեդրոնը, որով կ՚ուզէր Իր Կենարար Ջուրին համար ջրանցք մը բանալ, քանի որ միայն ծառին կոտրած սրտէն կրնար ջուրը անարգել հոսիլ դէպի ծարաւի գետինը։ Այսուհանդերձ եղէգը բնաւ չգանգատեցաւ, այլ կոտրած սրտով կրկին փսփսաց.- Իմ Տէրս քու կամքդ ըլլայ։

«Ուստի Վարպետը սիրակէզ սրտով եւ գթառատ ողորմութեամբ շարունակեց ցաւատանջ հարուածներով մաքրել եղէգին սիրտը, որ հիմա ծայրէ ծայր բաց էր, մինչեւ որ ամէն արգելք վերացաւ ու Վարպետին սիրտը գոհունակութեամբ լեցուեցաւ։

«Ապա դարձեալ վերցուց տանջուած եղէգը եւ կամացուկ մը շալկեց զայն ու տարաւ աննշմար տեղ մը, ուր Կենաց Ջուրի աղբիւր մը կը ցայտէր ակնվանիրի պէս բիւրեղ։ Հոն անոր մէկ ծայրը զետեղեց բժշկարար ջուրերուն ճիշդ մէջտեղը եւ կենաց գետակը սկսաւ հոսիլ ծառին սրտին մէկ կողմէն միւսը, այն ճամբէն որ բացուած էր անգութ վէրքերով։ Մեղմ հոսանք մը որ անձայն կը հոսէր ու յարատեւ կը վազէր։ Եւ Վարպետը ժպտեցաւ գոհունակութեամբ։

«Տէրը նորէն գնաց պամպուներու անտառը ուրիշ ծառեր փնտռելու։ Ոմանք քաշուեցան եւ վախցան, սակայն ուրիշներ անսակարկ Տէրոջը յանձնուեցան ըսելով.- Կը վստահինք քեզի, մեր Տէրը։ Քու ուզածիդ պէս վարուէ մեզի հետ։ Ուստի ան՝ մէկ առ մէկ նոյն ցաւատանջ ճամբով բերաւ եւ զետեղեց զանոնք ծայրը ծայրին եւ մինչ իւրաքանչիւր նոր եղէգ որպէս խողովակ շիտակ դիրքի մէջ դրուեցաւ, Կենաց Գետին թարմ ու զուլալ ջուրը թափեց իր խոցուած սրտէն եւ գնացքը աւելի եւ աւելի երկարեցաւ մինչեւ հասաւ խանձուած գետինը, ուր յոգնած մարդիկ ու կիներ նաեւ երեխաներ՝ որոնք շատոնց ծարաւած էին, եկան ու խմեցին այս փրկարար ջուրէն եւ աճապարեցին բարի լուրը ուրիշներուն տանելու ըսելով.- Վերջապէս Կենաց Ջուրը հասաւ մեզի եւ երկարատեւ սովը աւարտեցաւ։ Եկէք ու խմեցէք Կենսատու Աղբիւրէն։

«Եւ շատեր եկան խմեցին եւ կ՚ազդուրուեցան ու Վարպետը այս տեսնելով սրտանց հրճուեցաւ։

«Քիչ վերջ Տէրը մօտեցաւ իր ծառին եւ սիրալիր ժպիտով հարցուց.- Իմ եղէգս, արդեօք կը զղջա՞ս կրած տառապանքներուդ։ Շատ սո՞ւղ էր այդ գինը որ վճարեցիր Կենաց Ջուրը աշխարհին հասցնելու։

«Եւ պամպուն պատասխանեց անկեղծութեամբ.- Ո՛չ, իմ Տէրս. հազար անգամ ո՛չ։ Եթէ տասը հազար կեանք ունենայի կատարեալ յօժարութեամբ կ՚ուզէի քեզի տալ այն գիտակցութեամբ որ գիտեմ թէ օգնեցի որ դուն ուրախ ըլլաս Կենաց Ջուրը մատչելի դարձնելու ծարաւի հոգիներու»։

Ահաւասիկ «Եղէգի առակը», որ շատ դասեր ունի իր մէջ, դասեր որոնք շատ անգամ կը պակսին մարդոց կեանքէն։ Առակին մէջ կա՛յ զոհողութիւն, նուիրում, հնազանդութիւն, հաւատարմութիւն, հասարակաց բարիքի եւ օգնութեան համար այն ամէն ինչ, որ դժբախտաբար օտար են նիւթապաշտ, ինքնամոլ, անձնասէր, անհաւատարիմ մարդկութեան ընդհանրապէս, որ տալէ աւելի առնելու մոլութեան մէջ կ՚անտեսէ իր նմանները եւ անհաւատարիմ կը գտնուի իր սկզբնական կոչումին՝ իրերօգնութեա՛ն։ Մարդիկ ընդհանրապէս անձնասէր եւ ինքնակեդրոն՝ չեն խորհիր ուրիշներու մասին, որոնք «ուրիշ» չեն, այլ՝ իրենք։

Այսօր զոհելու եւ զոհուելու առաքինութիւնը եւ ազնուութիւնը հետզհետէ կը պակսի նիւթապաշտ աշխարհի վրայ. կ՚անտեսուի հասարակաց բարիքը եւ հանրային օգուտը, հասարակական շահեր կը զոհուին անհատական շահերու, եւ ամէն զոհողութիւն, որուն ակնաղբիւրն է համակրական հասկացողութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 29, 2019, Իսթանպուլ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2019