ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Ժ.)

Յաջողութեան ճամբուն վրայ կարեւոր է զգոյշ ըլլալ, սակայն ոչ կասկածամիտ. պէտք է հեռու մնալ ծայրայեղ պահպանողականութենէ. բոլորս ալ գիտենք, որ կեանքը արդար չէ եւ ամէն մարդ իր սեփական շահերուն համար պատրաստ է մեզ հարուածել, սակայն ծայրայեղ կասկածամտութիւնը հիւանդագին վիճակ մը ստեղծելով կը խոչընդոտէ մեր ընթացքը. սխալներ մի՛շտ տեղի պիտի ունենան. անսխալ յաջողութեան ընթացք մը գրեթէ անկարելի է, այդ իսկ պատճառով կասկածամտութեամբ սխալները հեռու պահել փորձելու փոխարէն՝ պէտք է սխալները սրբագրելու մասին մտածել, որովհետեւ սխալը հեռու պահելը շատ աւելի յոգնեցուցիչ կրնայ ըլլալ՝ քան սխալը սրբագրելը: Պէտք է հեռու մնալ այն մտածումէն ու հիւանդագին կարծիքէն, որ մարդիկ կը փորձեն անպայմանօրէն օգուտ քաղել ձեզմէ. այնպէս ինչպէս դուք օգտուած էք ուրիշներէ, նոյնպէս ալ ուրիշներ պիտի օգտուին ձեզմէ. օգտուիլը վատ իմաստով պէտք չէ առնել, որովհետեւ ամէն մարդ իրականութեան մէջ ուրիշի օգնութեամբ, ուրիշէն դասեր քաղելով կը յառաջդիմէ:

Այս բոլորը կ՚ըսենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ կասկածամտութիւնը, ինչպէս նաեւ եսասիրութիւնը մարդուն մէջ կը խեղդեն շատ մը արժէքներ, որոնք անհրաժեշտ են յառաջդիմելու համար: Պէտք է հոգեպէս խաղաղ ու անշահախնդիր ըլլալ, լաւատեսութեամբ նայիլ շուրջը եւ յաջողութեան ճամբուն վրայ ստեղծել յաջողութիւնը նաեւ ուրիշներուն, որովհետեւ միայն հարստութեամբ մարդ բաւարարուածութիւն չի զգար: Տարօրինակ մտածելակերպ է, սակայն որոշ փիլիսոփաներ կը հաւատան հետեւեալ գաղափարին. շատ մը բաներ պահելու լաւագոյն ձեւը տալն է. հարստութիւնը ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ. ձախողութեան եւ յաջողութեան միջեւ տարբերութիւնը աննշմար գիծ մըն է. սակայն, կան մարդկային արժէքներ, որոնք կարելի կ՚ըլլան հարստութեան կորուստէն ետք ալ պահպանել: Մեծագոյն հարստութիւնը մարդոց սիրտերը շահիլն է. շատ անգամ յաջողութեան ճամբուն վրայ կը մոռնանք ուրիշներու եւ մեր ձախողութեան մը դիմաց կը տեսնենք, որ մեր շուրջ ո՛չ ոք կայ. բարձրացած ժամանակ երբ ուրիշները բարձրացնենք, մեր ինկած ժամանակ մեզ բարձրացնողներ շատ կ՚ըլլան. լուսահոգի Մեղրիկ Սրբազան կ՚ըսէր. «Մեծագոյն հարստութիւնը բարեկամութիւնն է». հետեւաբար, յաջողութիւնը լոկ աշխատանքն ու հարստութիւնը չէ:

Յաջողութիւնը դրական ընթացք մըն է եւ այդ ճամբան բռնելու համար պէտք է միայն դրական զգացումներ ունենալ թէ՛ կեանքի եւ թէ մարդոց հանդէպ. քննադատութիւնը, կասկածն ու ատելութիւնը մարդու կեանքին մէջ երբեք դրական երեւոյթներու առիթ չեն տար. անոնք լոկ կը դժուարացնեն ընթացքը. պէտք է յաջողութիւն գտնելու համար լաւ ու բարի տրամադրութիւն ունենալ. մեծ մտաւորական մը հետեւեալը կ՚ըսէ. «Հացդ ջուրին մէջ նետէ, որովհետեւ ժամանակ մը ետք կրնաս գտնել». հացը երբ ջուրին մէջ նետենք կը ծփայ, չի՛ խորտակուիր եւ ժամանակ մը ետք եթէ այդ հացին կարիքը ունենաս, շատ դիւրութեամբ կրնաս գտնել. հարցը մեր բարի կամքն է, իսկ ջուրը՝ բարիքը գնահատել գիտցող մարդիկը. հաւատարիմ ու անկեղծ ընկեր ունեցող աղքատը շատ աւելի հարուստ է, քան առանձնութեան մէջ տառապող մեծահարուստը, որովհետեւ ժամանակ մը ետք յաջողութեան ճամբորդը պիտի նկատէ, որ ճշմարիտ յաջողութիւնը մարդոց կեանքին մէջ տեղ գտնելն է եւ ո՛չ հարստութիւն դիզելը: Այս բոլորէն լաւագոյնս օգտուելու համար պէտք է գնահատել ունեցածը. իր ունեցածը գնահատողը համբերութեամբ կրնայ դէպի յաջողութիւն առաջնորդուիլ, այլապէս իր դժգոհութիւնը կ՚ըլլայ իր կործանման պատճառ, որովհետեւ դժգոհ վիճակը շուտ յաջողելու ախտը կը ստեղծէ մարդուն մէջ եւ մենք մեր գրութեան մէջ բազմիցս ըսինք, որ յաջողութիւնը երկար ժամկէտի ընթացքին յաղթուած ձեռքբերում մըն է:

Ուրիշներուն պէտք է վստահիլ, սակայն պէտք չէ ակնկալել, որ անոնց ճամբով գայ մեր յաջողութիւնը. վստահութիւնը եւս ունի իր բացատրութիւնն ու սահմանները. վստահիլ՝ օգնելով եւ յաճախ օգնութիւն ստանալով, սակայն ո՛չ վստահիլ ամբողջութեամբ, որովհետեւ ուրիշին կողմէ տրուած յաջողութիւնը պայմանական կ՚ըլլայ, իսկ երբ մարդ ի՛նք կերտէ իր յաջողութիւնը՝ ամբողջութեամբ կը տիրապետէ ու կ՚ունենայ անկախութիւնը: Նախապէս ըսինք. յաջողութիւնը ինքնաբուխ երեւոյթ մը չէ. անպայմանօրէն անձեր այդտեղ դերակատար պիտի ըլլան. ուրիշներու վստահելէ առաջ մարդ պարտի վստահիլ իր սեփական ուժերուն. եթէ սեփական ուժիդ հանդէպ վստահ չես ու յոյսդ ուրիշներն են, ապա շատ դիւրութեամբ յուսախաբ կրնաս ըլլալ:

Յաջողութիւնը ֆիզիքականէն աւելի մտաւոր ընթացք մըն է եւ վստահութիւնը այդ մտաւորին մաս կը կազմէ. պէտք է հաւատք ունենալ սեփական ուժերու վրայ. պէտք չէ՛ յուսահատիլ: Տակաւին մի քանի օրեր առաջ ունկնդրեցի աշխարհի ամենէն յաջող մարդոցմէ մէկուն հարցազրոյցը, որ մի քանի անգամ ձախողութեան հանդիպելէ ետք չխորտակուող կամքով շարունակած է փորձել՝ հաւատալով, որ չկայ երեւոյթ, որ կրնայ արգելք ըլլալ իր յաջողութեան: Այդ մէկը սեփական վստահութեան ամենէն պայծառ տեսակն է. կը յաջողի ան՝ որ կը վստահի իր միտքին, ուժին ու կարողութիւններուն:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Քանի՞ անգամ պէտք է ձախողիլ՝ յուսահատելու համար:

Պատասխան. «Քանի անգամ»ը կրնայ յարաբերական ըլլալ եւ կախեալ է անհատի մը անհատականութենէն, ճկնութենէն եւ նպատակներէն: Ոմանց համար ձախողութիւնը յուսալքութեան կ՚առաջնորդէ, պատճառ ըլլալով, որ հրաժարին իրենց նպատակներէն, մինչդեռ ուրիշներ ձախողութիւնը կրնան տեսնել որպէս հնարաւորութիւն՝ վերաքննութեամբ յաջողութեան հասնելու: Յանձնուելու որոշումը կախեալ չէ ձախողութեան թիւէն, այլ կախեալ է անձի վճռականութենէն եւ նպատակներէն եւ ի վերջոյ խոչընդոտները յաղթահարելու ունակութենէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2024