ԱՂԱՆԴ, ՀԵՐՁՈՒԱԾ ԵՒ ՀԵՐԵՏԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ
«Աղանդ», «հերձուած» եւ «հերետիկոսութիւն»՝ այս երեքը շարժումներ են, որոնք ուղղափառ դաւանանքէ շեղած վարդապետութիւն կը մշակեն, ոչ-ուղղափառ տարբեր ուսուցումով վարդապետութիւն կը քարոզեն։ Թէեւ երեքն ալ «շեղում» են ուղղափառ վարդապետութենէ եւ դաւանանքէ, բայց իւրաքանչիւրին բնոյթը տարբեր է՝ թէ՛ ծագման, թէ՛ զարգացման եւ թէ տարածման տեսակէտէ։
Այս երեք շարժումները ունին իրարմէ տարբեր ծագման պատճառներ ու նպատակներ՝ որոնց ամէն մէկուն նախապատմութիւնն ալ էապէս կը տարբերի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ իւրաքանչիւրը ունի իւրայատուկ նկարագիրը եւ բնոյթը։
Եւ քանի որ անոնք կը տարբերին իրարմէ, ուրեմն պէտք է իւրաքանչիւրը ուսումնասիրել առանձնապէս։
ԱՂԱՆԴ. ինչպէս ըսինք, ընդհանուր առումով կը նշանակէ՝ թիւր վարդապետութիւն, շեղում ուղղափառ վարդապետութենէ։ Ուրեմն «աղանդ»ը՝ Քրիստոսի «Մէկ» եւ «Միակ» Եկեղեցիի պաշտօնական դաւանանքին հակասող ու ժխտող ուսմունք դաւանող ու քարոզող մարդոց խումբն է։
Աղանդը, յաճախ ուղղակի՛ ընդդէմ հանդիսացող, Եկեղեցիին դիմադարձող, հակառակող եւ դէմ կեցող մարդոց խումբն է, որուն խզումը Եկեղեցիին հետ եւ բաժանումը անոնցմէ արդէն իսկ կատարուած իրողութիւն մըն է։ Այս ընդհանուր սահմանումներու մէջ գտնուող շարժումը կը կոչուի աղանդ կամ աղանդաւորական շարժում։ Անցեալի մէջ, պատմութիւնը կը վկայէ, որ միշտ եղած է աղանդաւորական շարժումներ եւ աղանդաւորներ։
Աղանդները նոյնքան հին են՝ որքան Եկեղեցին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնց գոյութիւնը պայմանաւորուած եւ համընթաց եղած է եկեղեցիի գոյութեամբ, տեւական սնուցանելով երկպառակութեան, բաժանումի եւ անհամերաշխութեան ոգին եւ խեղելով ու անդամազրկելով Եկեղեցին ու անոր ուղղափառ դրութիւնները։
Մեր օրերու յատուկ աղանդները, սակայն, հիմնականօրէն ծագում առած են ընդհանրապէս արեւմտեան երկիրներու մէջ եւ Արեւելք թափանցած են այնտեղէն՝ ԺԹ. դարու երկրորդ կէսին եւ Ի. դարու սկիզբին։ Վերջին շրջանի աղանդներ մանաւանդ աչքի կը զարնեն՝ իրենց ծայրայեղ ու արտակարգ յարձակողականութեամբ եւ թէ՛ այլատեաց անհանդուրժողականութեամբ։
Եւ այս իսկ պատճառով անոնք յաճախ կ՚անուանուին՝ «համայնատիրական աղանդ»ներ։
Աղանդները գրեթէ անխտիր հիմնուած ու կազմուած են Եկեղեցիէն բաժնուած ոեւէ գործիչի կամ անհատի կողմէ, որ ինքն իրեն կոչած ու յայտարած է միակ ճշմարիտ «ուսուցիչ» եւ «հաւատացեալ»։ Արդարեւ, կեանքի մէջ, շատ անգամ սուտը իրաւի, սխալկ ճիշդի տեղ կ՚անցնի եւ ցաւալին այն է, որ թէ՛ ինք եւ թէ շուրջինները կը կարծեն ու կը հաւատան, թէ սուտը իրաւ է եւ սխալը՝ ճիշդ։ Եւ անոնք ուղղել, սրբագրել ո՜րքան դժուար է եւ ընդհանրապէս անկարելի՛…։
Այս պարագան, ահաւասիկ, աղանդաւորական խումբի ծագման հիմնական պատճառը եւ տարածման սատարող ընդհանուր կառուցուածքը եւ գործելակերպն է։ Եւ այս առումով յստակ է, որ այսօր աղանդներ կարելի է միանշանակ կերպով համարել՝ «հոգեգալստական»ները, «երկրորդ Գալստական»ները (Adventist), «մորմոն»ները՝ որոնք իրենք զիրենք կը կոչեն նաեւ Յիսուս Քրիստոսի վերջին օրերու սուրբերու եկեղեցի, «մունական»ներ, «Եհովայի վկայ»ներ, «սայենտոլոգ»ներ, «անտրօ բոսոֆ»ներ, եւ այլն։ Այս իմաստով «աղանդ»ը կը տարբերի «հերձուած»էն եւ «հերետիկոսութեն»էն։
ՀԵՐՁՈՒԱԾ. ինչպէս ըսինք, աղանդէն տարբերութիւն ունի ուրիշ շարժում մը, որ «հերձուած» կը կոչուի։ Հերձուածը Եկեղեցիի մէջ տեղի ունեցած խզումը եւ բաժանումն է։ Այս խզումը եւ բաժանումը կը յայտնուի երբ Եկեղեցիի որեւէ մաս կամ հատուած կը բաժնուի բուն հատուածէն՝ մեծ մասամբ վարչական եւ երբեմն միայն աստուածաբանական տարաձայնութիւններու, տարակարծիքներու պատճառով։ Այս իմաստով իւրաքանչիւր հերձուածի հետեւանքը Եկեղեցիի բաժանումն է, մասերու բաժնուի՛լն է։
Քրիստոսի Եկեղեցին իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ենթարկուած է երեք մեծ բաժանումներու։ Առաջին մեծ բաժանումը տեղի ունեցած է 451 թուականին՝ Քաղկեդոնի Ժողովէն յետոյ, երբ առաջացան Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները։ Երկրորդը՝ 1054 թուականին էր, երբ ծնաւ Կաթոլիկ եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքները։ Իսկ վերջինը՝ Բողոքականութեան ծնունդն էր՝ Կաթոլիկ Եկեղեցիի ծոցէն, ԺԶ. դարուն։ Եւ ահա այսպէս առաջացան Քրիստոնէութեան չորս մեծ ընտանիքները՝ Արեւելեան Ուղղափառ, Արեւմտեան Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Բողոքական հաւաքականութիւնները։
Տիեզերական Եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած հերձուածներու պատճառով վերջին երկու դարերուն տուժեց նաեւ Հայ Եկեղեցին, որ մինչ այդ մեծ զրկանքներու գնով կարողացած էր պահպանել իր նախնական պարզութիւնն ու ամբողջականութիւնը։ Սակայն ԺԸ. դարուն կաթոլիկ առաքելական գործիչներու քարոզչութեան հետեւանքով որոշ թիւով հաւատացեալներ հեռացան Հայ Եկեղեցիէն եւ հաղորդութեան մէջ մտան Կաթոլիկ Եկեղեցիին հետ՝ ստեղծելով «Կաթոլիկ Հայերու հարեւանութիւն»ը։
Իսկ ԺԹ. դարուն, այս անգամ արդէն բողոքական քարոզիչներու ջանքերով, որոշ հայորդիներ բողոքական շարժման ազդեցութեան տակ մնացին՝ հիմնելով ու կազմակերպելով նոր մէկ հարեւանութիւն։
Յատկանշական է, որ այս վերջին շարժումը մօտաւորապէս 165 տարուան պատմութիւն ունի եւ իր ձեւի եւ բովանդակութեան մէջ՝ ընդհանուր բողոքական շարժման մէկ մասնաճիւղը ըլլալով կոչուած է «բողոքական», «աւետարանական» կամ «աւետարանչական», «protestant», եւ որ այսօր ինքն իրեն կ՚անուանէ՝ «Հայ Աւետարանական Եկեղեցի»։
ՀԵՐԵՏԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ. ինչպէս վերը յիշեցինք, հերետիկոսութիւնը կը տարբերի թէ՛ աղանդաւորական եւ թէ հերձուած շարժումէն։
«Հերետիկոսութիւն» (hérésle), ընդհանուր առումով՝ ուղղափառ դաւանանքէն շեղած վարդապետութիւն կամ շեղում կը նշանակէ։
Հերետիկոս կ՚անուանուին անոնք՝ որ ո՛չ-ուղղափառ, տարբեր վարդապետութիւն կը քարոզեն։ Հերետիկոսութիւնը Եկեղեցիի ծոցէն ծնած եւ գոյութիւն ստացած, եւ սակայն Եկեղեցիի դաւանութեան անհամապատասխան եւ անհամեմատ ու անյարմար այն ուսուցումն է՝ որ չի վերածուիր աղանդի կամ հերձուածի, արհեստական (technique) իմաստով, այլ կը շարունակէ իր գոյութիւնը Եկեղեցիին մէջ։
Այսպիսի պարագայի մը Եկեղեցին ստիպուած է եւ պարտաւո՛ր է քարոզչական ազդու պայքար մղել այդ ուսուցման դէմ՝ տիեզերական եւ կամ տեղական ժողովներով ընդունուած համապատասխան կանոններով եւ ձեւերով։
Հերետիկոսութիւնը երբեմն կարելի է բուժել, կամ ըսենք, սրբագրել, իսկ երբեմն ալ, դժբախտաբար հերետիկոսութիւնը ի վերջոյ կ՚առաջնորդէ բաժանման եւ կը վերածուի աղանդի։
Հայ Եկեղեցիի ծագման մասին Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, իր «Հայոց Եկեղեցին» աշխատասիրութեան մէջ կ՚ըսէ. «… Հայոց Եկեղեցիին նախնական եւ հաստատուն աւանդութիւնը իրեն սկզբնական հիմնադիրներ կը ճանչնայ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները, զորս յատուկ կոչմամբ ալ Առաջին Լուսաւորիչներ Հայաստանեայց կ՚անուանէ…։ Բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներ համամիտ են Ս. Բարթողիմէոս առաքեալին նկատմամբ եղած աւանդութեան մասին…։ Բաւական ըլլայ գիտնալ, թէ Հայոց Եկեղեցւոյ ուղղակի՛ առաքելական ծագումը ստոյգ եղելութիւն մըն է եկեղեցական պատմութեան մէջ՝ յարեւնման ուրիշ առաքելական եկեղեցիներու ծագումին ստուգութեան։ … Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն դէմ յարուցուելիք քննադատութիւնները աւելի զօրաւոր չեն քան այն քննադատութիւնները՝ որոնք յարուցուած են ուրիշ եկեղեցիներու ծագումին մասին … ուստի անոնց հաւասար ստուգութիւն կը վայելէ Հայոց Եկեղեցիին առաքելական ծագումն ալ»։
Ուստի Հայոց Եկեղեցին ունի հաստատ եւ անայլայլելի կազմաւորում…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 4, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024