ՕԳՏԱԿԱՐԸ ՉԱՐՀԱՄԱՐՀԵԼ

Օգտակարը չարհամարհել, ամէն զոհողութիւն ընել օգտակար բան մը ձեռք ձգելու համար. ասիկա պէ՛տք է որպէս սկզբունք ընդունուի թէ՛ անհատներու եւ թէ՛ հասարակութիւններու կողմէ։ Արդարեւ, ըլլա՛յ անհատը, ըլլա՛յ հաւաքականութիւն մը իրենց կենդանական եւ ընկերային գոյութեան մէջ, գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար բազմաթիւ արտաքին ազդակներու պէտք ունին։

Ուստի, տկար կազմուածք ունեցող մէկը, որ կթոտ, թոյլ կերպով կը կապուի կեանքին, ուժով սննդառութեան մը պահանջքը կը զգայ։ Այդպիսի մէկու մը համար կարեւոր չեն քիմքի քմահաճոյքներէն ստեղծուած զանազան նրբաճաշակ խորտիկներ, որոնք վայելք կրնան ըլլալ զօրաւոր կազմուածք ունեցող փափկակերի մը համար։ Տկար կազմուածք ունեցողին համար բաւարար եւ գոհացուցիչ կ՚ըլլայ պարզ սննդառութիւն մը։

Նո՛յնն է պարագան հասարակութիւններու համար։

Ինչպէս որ տկար կազմուածքի տէր մէկու մը, փափկակերի՝ նուրբ ճաշակ ունեցող եւ համադամներ սիրող անձի մը սնունդը տալ սխա՛լ է եւ անիմաստ, նո՛յնպէս, հասարակութիւններու բարոյական սննդառութեան ատեն երբ նկատողութեան չառնուի անոր մտաւոր եւ ընկերային կազմուածքին չափը, հաւանական է որ նպատակի շեղումներ պատահի եւ սխալներու առիթ տրուի։

Արդարեւ, գեղեցիկը, բարին եւ օգտակարը արժէքներ են, որոնց ներդաշնակ խառ-նուրդը՝ «գեղեցիկ -բարի- օգտակար»ը անհրաժեշտօրէն պէտք է գոյութիւն ունենայ մարդկային կեանքին մէջ։

Այս ուղղութեամբ իւրաքանչիւր անձ պէտք է ինքնաքննութիւն մը կատարէ, թէ այդ հիանալի՜ խառնուրդը ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ իրեն համար։

Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մեր ներկայ բարոյական եւ մտաւոր կեանքին մէջ ո՞ր մէկուն պէտք է նախապատուութիւն տալ. գեղեցիկի՞ն, բարիի՞ն, թէ՞ օգտակարին։ Երեք արժէքներ՝ որոնք անհրաժեշտ են մեր բարոյական եւ մտաւոր կեանքին պահպանման եւ տեւականացմանը համար։ Իրականութեան մէջ, հարցը, գործնականին, կարեւոր խնդիր մըն է, եւ մեծ մասամբ կը կանոնաւորէ անհատներու յարաբերութիւնները իրարու հանդէպ եւ հի՛մը կը կազմէ երջանիկ ընկերային կեանքի մը։

Իմաստասիրօրէն երեքին ալ առանձին գոյութիւնը անուրանալի է. բայց ինչպէս որ մարդկային կեանքին մէջ «բացարձակ ճշմարտութիւն» չկայ, այս «ճշմարտութիւն»ն ալ յարաբերական բնոյթ ունի. առանձնապէս գեղեցիկին, առանձնապէս բարիին, ինչպէս նաեւ առանձնապէս օգտակարին գոյութիւնը որոշ պայմաններու մէջ, զոր օրինակ որոշ ժամանակի, որոշ վայրի մը մէջ կրնայ արդարանալի ըլլալ։

Հիմա, ուրեմն, որո՞նք են այն պայմանները որոնց մէջ, գիտակցութեամբ, հանրային-հասարակական գործունէութիւններու ընթացքին, կա՛մ գեղեցիկին, կա՛մ բարիին եւ կամ օգտակարին պահանջքներուն պէտք է գոհացում տալ։ Արդարեւ, «հաւասարներու մէջ առաջին մը» անպայման կը գտնուի, եւ ո՞րն է անիկա. գեղեցի՞կը, բարի՞ն, օգտակա՞րը. ո՞ր մէկը։

Ոմանք կրնան հարցնել իրենք իրենց, թէ այդքան կարեւո՞ր է եւ այդքան կենսակա՞ն այդ խնդիրը։

Եթէ ո՛չ առաջին ակնարկով, բայց իր խորքին մէջ կարեւոր է անիկա, մանաւանդ երբ մարդ նախընտրութիւն մը ընելու պարտաւորութեան առջեւ գտնուի, ինչ որ գործնական կեանքի մէջ յաճախ կը պատահի կենսական որոշում մը տալու ատեն։

Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին, սիրելի՜ բարեկամներ։ Եթէ նախընտրութիւն մը ընելու պարտաւորութեանը տակ ըլլայիք, ո՞ր մէկը կը նախընտրէիք. գեղեցի՞կը, բարի՞ն, թէ՞ օգտակարը։ Դժուա՞ր է որոշում տալ։ Այո՛, դժուար է, գոնէ այդքան դիւրին չէ մէկ ակնարկով որոշում տալ եւ ըսել.- սա՛ է իմ նախընտրութիւնս։ Դժուար է, քանի որ երեքն ալ, զատ-զատ, իրենց նպաստաւոր եւ նոյնիսկ անհրաժեշտ դերը ունին մարդկային կեանքին մէջ։

Բնական է, որ պարզ յօդուածի մը սահմաններուն մէջ կարելի չէ մտնել այն բոլոր պայմաններուն մէջ, մանաւանդ «հանրային բնոյթ» ունեցող գործունէութիւններու, որոնց մէջ գեղեցիկին, բարիին կամ օգտակարին հետեւելու ուղղութեան խնդիր մը կրնայ ծագիլ, ինչպէս որ ընդհանրապէս կը ծագի…։

Մարդս որքան կը զարգանայ մտաւորապէս, այնքան ալ իր բոլոր բնազդական պահանջները կը փոխուին նպատակաւոր գործունէութիւններու, որոնք կը ձգտին մարդկային ցեղը ազնուացնելու։ Մարդ որքան չգոհացուած պէտքերով ծանրանայ, ա՛յնքան իր ունեցածներէն հարկադրուած է զեղչելու զուտ հաճելին, գեղեցիկը՝ ատով անհրաժեշտը, կենսականը կարելի եղածին չափ մեծ քանակով մը ձեռք անցընելու համար։ Ասիկա ընդհանուր օրէնք մըն է, եւ շատ մը անձեր անգիտակցօրէն, բնազդաբար կը կատարեն նոյն բանը։ Սակայն այն բոլոր պարագաներուն մէջ, ուր բնազդական գործունէութիւն մը տեւելու համար անհը-րաժեշտ պարզութիւն մը չկայ եւ միւս կողմէն ալ բարդ պայմաններուն տակէն յաջող կերպով ելլելու անհրաժեշտ զարգացումը եւ գիտակցութիւնը կը պակսի, բնակա՛ն է որ ամէն բան կը սկսի ծուռ ճամբով մը ընթանալ։ Այս ալ ընդհանուր օրէնք մըն է, թէ՝ գործ մը ի՛նչպէս սկսի, ա՛յնպէս կ՚ընթանայ եւ նոյն կերպով կը վերջանայ։

Արդարեւ, երբ մարդ կեանքի որեւէ շրջանին որեւէ մարզի մէջ մտածողութիւնը միշտ միակողմանի եւ անպատրաստ, եւ կամ անփոփոխ է պահած՝ հանդէպ կեանքի, ամենալայն կերպով ըմբռնուած պայքարին, կռիւին տոկալու եւ յաղթական հանդիսանալու համար անհրաժեշտ շինիչ, առողջ գաղափարները ներշնչելու թերանալով, անխուսափելի է դարձած նահանջը՝ պարտութիւնը եւ անկո՛ւմը։

Եւ ահաւասիկ, այդ թերացումն է որ կը տեւէ ընդհանրապէս հասարակութեան մէջ, եւ այնքան ատեն որ անհատներ չեն անդրադառնար այդ կործանարար թերացումին, անկումը կ՚ըլլայ անխուսափելի՛։ Հո՛ս է որ կարեւորութիւն կը ստանայ գեղեցիկին, բարիին եւ օգտակարին միջեւ նախընտրութիւն մը ընելու գործը։ Այս երեք արժէքներէն ո՞րն է աւելի նախամեծարը մարդուս համար։

Մտային մարզանք մը թերեւս մեզ պիտի կարենայ առաջնորդել այս հարցումին մօտաւոր մէկ պատասխանին։ Հարցնենք մենք մեզի.- ամէն գեղեցիկ բարի՞ է։ Եւ շարունակենք հարցնել.- ամէն գեղեցիկ օգտակա՞ր է։ Կարելի է կարծել, թէ հետզհետէ գաղափար մը կը կազմուի շիտակ պատասխանի մը նկատմամբ…։ Ուրեմն, շարունակենք հարցնել.- ամէն բարի օգտակա՞ր է։ Եւ փոխադարձաբար.- ամէն օգտակար բարի՞ է։ Եթէ գեղեցիկը չըլլայ, բարին եւ օգտակարը կը շարունակե՞ն գոյութիւն ունենալ։

Սիրելի՜ բարեկամներ, այս հարցումներուն պատասխաններն են որ ձեզ պիտի առաջնորդեն ճշմարտութեան՝ ճշմարիտ պատասխանին, թէ ո՞րն է կարեւորագոյնը այս երեք արժէքներուն մէջ։

Փորձեցէ՛ք, հաճելի մտային մարզանք մը պիտի ըլլայ ասիկա…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018