ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆ

ԾՈՎԱ՜Կ

Ծովա՜կ, ծովակ,
Ջինջ եւ իստակ.
Նազես անթարթ
Սրտով հանդարտ։

*

Ծովա՜կ, ծովակ,
Քու ալ ալեակք
Ինձ պէս չունին
Երգեր բնաւին։

ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊՍ. ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑ

Ամուր եւ առողջ մարդկային յարաբերութեան մը համար անհրաժե՛շտ է անկեղծութինը՝ «ջինջ եւ յստակ ծովակ»ի մը նման։ Անշուշտ անկեղծութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ հաւատարմութիւնը՝ որ միութեան մը համար ամենակարեւոր տարրերէն, արժէքներէն մին է։ Արդարեւ, հաւատարիմ է այն՝ որուն կարելի է վստահիլ, քանի որ ան ուղղամիտ է եւ անխարդա՛խ։ Ուստի բարեկամութեան ստուգանիշերէն մին է հաւատարմութիւնը՝  որ հաստատ հիմերու վրայ կը պահէ եւ կը տեւականացնէ բարեկամութիւնը։

Իսկ հոգեւոր մարզի մէջ, կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին մասնակցութիւնը վկայութիւն մըն է հաւատացեալին պատկանելիութեան եւ հաւատարմութեան Քրիստոսի եւ Անոր Եկեղեցիին։ Ասով հաւատացեալներ անկեղծութեամբ կը հաստատեն եւ կը հաւաստեն իրենց հաղորդակցութիւնը հաւատքին եւ սիրոյ։ Արդէն ուր որ սէր կայ, հոն կայ անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն, թէ՛ աշխարհային եւ թէ՛ հոգեւոր մարզի մէջ։

Օրէնքի ճամբով հաւատարմութիւնը Աստուծոյ, մարդս կեանքի կը կոչէ. եւ հաւատարմութեամբ է, որ կ՚ապահովուի մարդուն եւ Աստուծոյ «բարեկամութիւն»ը, որ ըստ էութեան որդիի եւ Հօր յարաբերութիւնն է։

Քրիստոնեան կոչուած է «խոստում կատարելու» Աստուծոյ, բազմաթիւ պարագաներու մէջ. Մկրտութիւնը եւ Դրոշմը, Ամուսնութիւնը եւ Ձեռնադրութիւնը միշտ խոստում ունին։ Եւ ամէն խոստում հաւատարմութիւն կը պահանջէ։ Առանձնական-անհատական բարեպաշտութեամբ քրիստոնեան ալ կրնայ Աստուծոյ խոստանալ արարք մը, աղօթք մը, ողորմութիւն մը, ուխտագնացութիւն մը, եւ այլն։ Հաւատարմութիւնը Աստուծոյ տրուած մեր խոստումներուն հանդէպ արտայայտութիւնն է այս յարգանքին, զոր պարտինք աստուածային մեծվայելչութեան եւ սիրոյն, ի յարգանս հաւատարիմ Աստուծոյ։ Եւ այս իմաստով, «ուխտ»ը, որ կարելի եւ լաւագոյն բարի գործ մը կատարելու Աստուծոյ տրուած ազատ խոստումն է, պէտք է գործադրուի կը-րօնասիրական առաքինութեան տիտղոսով՝ անկեղծութեամբ եւ հաւատարմութեա՛մբ։

«Առաքեալներուն Գործերը» ցոյց կու տան մեզի Պօղոս Առաքեալը՝ որ նախանձա-խընդիր է գործադրելու ուխտերը, զորս ըրած էր հաւատարմութեա՛մբ։ Եւ երբ «Հայր մեր» կ՚ըսենք, նախ եւ առաջ կը ճանչնանք, թէ Մարգարէներուն կողմէ աւետուած Հօր սիրոյ բոլոր խոստումները իրականացած են «Նոր եւ յաւիտենական Ուխտ»ին մէջ՝ Իր Օծեալին միջոցով։ Մենք «Անոր» ժողովուրդը դարձանք, իսկ Ինք այսուհետեւ «մեր» Աստուածն է։ Այս նոր յարաբերութիւնը ձրիաբար տրուած փոխադարձ պատկանելիութիւն մըն է։ Մենք պարտինք ուրեմն, սիրով եւ հաւատարմութեա՛մբ պատասխանել եւ փոխադարձել «շնորհքին եւ ճշմարտութեան», որոնք մեզի շնորհուած են Յիսուս Քրիոտոսով. (ՅՈՎՀ. Ա 17)։

«Աստուածաշունչ»ը Աստուծոյ Խօսքն է եւ իբր այդ գրի առնուած է Սուրբ Հոգիին ներշնչումով։ Իսկ Սուրբ Աւանդութիւնը կը պահպանէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսէն եւ Սուրբ Հոգիէն առաքեալներուն յանձնուած Աստուծոյ Խօսքը եւ զայն ամբողջութեամբ անոնց յաջորդներուն կը փոխանցէ, որպէսզի անոնք ալ՝ լուսաւորուած ճշմարտութեան Հոգիէն, քարոզութեան միջոցով զայն պահեն, բացատրեն եւ հաւատարմութեամբ տարածեն։ Աստուածաշունչին եւ Սուրբ Աւանդութեան մէջ, հաւատքին ժառանգութիւնը առաքեալներուն կողմէ վստահուած է Եկեղեցիին ամբողջութեան։ Ուստի, իր հովիւներուն միացած ժողովուրդը որպէս ամբողջ Եկեղեցի, յարատեւօրէն հաւատարիմ կը մնայ առաքեալներուն ուսուցումին եւ եղբայրական հաղորդութեան, «հաց»ին բեկանումին եւ աղօթքներուն, այնպէս որ, փոխանցուած հաւատքին հաւատարմութեամբ պահպանումով, գործադրութեամբ եւ կատարեալ հաւատով, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն միջեւ կը հաստատուի հաւատարմութեան ոգիի եզական միութիւն մը։

Հաւատարմութիւնը կ՚արտայայտէ հաստատամտութիւնը տրուած խօսքին պահպանումին մէջ։

Աստուած Ի՛նք հաւատարիմ է։

Ամուսնութեան սուրբ խորհուրդին ալ էական հիմն է հաւատարմութիւնը։ Ամուսնութեան սուրբ խորհուրդը կը մտցնէ մարդը՝ «այր-մարդ» եւ «կին-մարդ», այն հաւատարմութեան մէջ, զոր Քրիստոս ունի Իր Եկեղեցիին հանդէպ։ Ամուսնական ողջախոհութեամբ, անոնք այս խորհուրդին իրենց վկայութիւնը կու տան աշխարհի դիմաց հաւատարմութեա՛մբ։ Սուրբ Հոգին կնի՛քն է անոնց ուխտին, աղբիւրը մշտաբուխ՝ իրենց անվերջ սիրոյն, ուժը՝ որուն մէջ իրենց հաւատարմութիւնը պիտի վերանորոգուի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 11, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2020