ՆՈՅՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ՝ ՏԱՐԲԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ

Մեզմէ ո՞վ երբեւէ ճամբան, թատրոնի, հիւանդանոցի եւ կամ հանրակառքի մէջ պատահմամբ հանդիպած չէ երբեմնի իր դպրոցական դասընկերներէն մէկուն՝ դիպուածաբար. հանդիպումներ՝ որոնք յաճախ անցեալի քաղցրութիւնն ու հմայքը կը յիշեցնեն:

Մեր թուականէն վեց տարիներ առաջ՝ 2015-ին երկու դասընկերներու հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ թշուառ դիպուածութեամբ մը: Դասընկերներ երկար տարիներ ետք հանդիպեցան իրարու, մին որպէս դատախազ, իսկ միւսը որպէս ամբաստանեալ՝ գողութեան եւ անիրաւութեան մեղադրանքներով:

Ամերիկացի կին դատախազ Մինտի Կլէյզր երբ կը պատրաստուի ամբաստանեալ Արթուր Պութի մեղաւորութեան վճիռը արձակել, կը նշմարէ իր հին դասընկերը եւ կ՚ըսէ. «Շատ տխուր եմ, որ քեզ այստեղ կը տեսնեմ. կ՚ուզէի գիտնալ քու հետդ ինչ պատահած է, որ հասած ես այստեղ». դառնալով ներկաներուն կ՚ըսէ. «Ան դպրոցի լաւագոյն ու ազնիւ անձերէն մէկն էր. մենք բոլորս իր հետ խաղեր ունեցած ենք իր հետ... եւ այս ի՞նչ պատահած է»:

Այս երեւոյթը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մտածեմ հետեւեալ հարցին մասին. ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ նոյն կրթութիւնը ստացած, նոյն դասագիրքերն ու արժէքները ուսած երկու աշակերտներ կրնան ամբողջութեամբ տարբեր կեանքի ընթացք մը ունենալ: Եթէ ընդունինք, որ դպրոցը կրթութիւն եւ արժէք կը փոխանցէ եւ աշակերտներու նկարագիրի կերտումին մէջ դեր կ՚ունենայ, ինչպէ՞ս իրար հակոտնեայ երկու անհատներ ծնունդ տալ: Չէ՞ որ նոյն աղբիւրէն թէ՛ մաքուր եւ թէ աղտոտ ջուր միաժամանակ դուրս չի կրնար գալ...:

Երբ կը պատրաստեմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր» բաժինը, կը նկատեմ, որ անցեալին կրթական հաստատութիւններու կողմէ գրեթէ նոյն կրթութիւնն ու արժէքները ջամբուած են հայ աշակերտին. օրինակի համար՝ Վենետիկի Մխիթարեան վարժարանը աւարտող ամէն անհատ առաւել կամ նուազ չափով նոյն դրոշմը ունեցած են իրենց մէջ: Օրինակի համար՝ նոյն հաստատութեան մէջ հասակ առած են Ծերենցը, Մկրտիչ Աճէմեանը, բառարանագիր Ամբրոսիոս Գալֆայեանը, Միքայլ Չամչեանը, Ղեւոնդ Ալիշանը, Արփիար Արփիարեանը, Դանիէլ Վարուժանը, Վահրամ Փափազեանը եւ բազմաթիւ այլ անուանի դէմքեր:

Պատահականութեան արդի՞ւնք Մխիթարեան վարժարանին այսքան մտաւորականութեան ծնունդ տալը, թէ՞ դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը անոնց կարեւոր ազդակներէն մէկն է:

Այսօր այնքա՜ն փոխուած է ժամանակները, որ ո՛չ թէ նոյն դպրոցի, այլ նոյնիսկ նոյն տան մէջ, նոյն հօր ու մօր կրթութիւնը ստացած երկու որդիներ ամբողջութեամբ տարբեր նկարագիրի, համոզումներու եւ բնաւորութեան տէր կը դառնան: Այս դժբախտ իրողութեան պատճառը այն է, որ թէ՛ տան եւ թէ՛ դպրոցին մէջ յատուկ կարեւորութիւն չի տրուիր կրթութեան տուած անհրաժեշտ դաստիարակութեան. թէ՛ ծնողը եւ թէ՛ դպրոցը կ՚անգիտանայ, որ «1+1»էն, Պարոնեանի կամ Իսահակեանի կենսագրութենէն առաջ ու առաջնահերթ է տիպար ու օրինակելի ՄԱՐԴու պատրաստութիւնը:

Ամերիկացի գրականասէր, փիլիսոփայ ու հոգեբան Հերպերթ Սփէնսըր աւելի քան դար մը առաջ հետեւեալ տողերով կը կարեւորէր դաստիարակութեան կարեւորութիւնը. «ի՞նչպէս ապրիլ կատարեալ կեանքով... ահա՛ ինչ որ ամէն բանէ վեր կարեւոր է մեզ գիտնալ, եւ ինչ որ դաստիարակութիւն պարտի ուսուցանել մեզ։ Դաստիարակութեան նպատակն է պատրաստել զմեզ ապրելու կատարեալ կեանքով»։

Ծնողքին եւ դպրոցին պարտաւորութիւնը թուանշանները, գիր-գրականութիւնը սորվեցնելէ առաջ մարդու պատրաստութեան մէջ կը կայանայ, որովհետեւ այդ երկուքը իրա՛ր հետ է որ կը կազմաւորեն մանուկին կեանքի հանդէպ ունեցած ըմբռնումներն ու ընկալումները: Հաւանաբար շատ ծայրայեղ թուի, սակայն աշխարհի երեսին անհատ մը ի՛նչ սխալ որ գործէ՝ ես մի՛շտ ալ ծնողը եւ դաստիարակութիւնը քննարկումի առարկայ կը դարձնեմ, որովհետեւ եթէ խնձորի սերմ մը նետես հողին մէջ, կարելի բան չէ՛ որ տանձ կամ սալոր տայ քեզի: Ապագայի թէ՛ ղեկավարները, թէ՛ գողերն ու ոճրագործները այսօր դպրոցներու գրասեղաններուն ետին նստած են. քով քովի նստած երկու աշակերտներ կրնան ամբողջութեամբ տարբեր ուղիներ ունենալ՝ մին հաւանաբար սրբակենցաղ հոգեւորական, իսկ միւսը գինեմոլ ու աւազակ. այսօրուայ աշակերտը դաստիարակելով մենք մեր ապագան է, որ կը ճշդենք:

Գիր-գրականութենէն աւելի վեր չէ՞ միթէ բարոյականութեան դասընթացքները. ի՞նչ օգուտ եթէ անհատը գիտնայ Թումանեանի, կամ Մեծարենցի մասին, սակայն իր կեանքը ապրի զեխութեամբ եւ անիրաւութեամբ: Վերոյիշեալ դատախազը իր պաշտօնը կը պարտի իր ծնողքին, իր մէջ սերմանուած դաստիարակութեան ու կազմուած նկարագրին, նոյնպէս ալ ամբաստանեալի պարագային:

Ցաւ ի սիրտ, դպրոցական մեր օրերուն ամէն բան վարդագոյն ներկայացուեցաւ մեզի. մենք այդտեղ գիր, գրականութիւն ու արուեստ սորվեցանք, մինչ նախ եւ առաջ պէտք էր կեանքն ու մարդը սորվէինք: Արդի մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան նուրբ լոզունգներուն տակ կը խեղդենք դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը եւ կը փորձենք միջազգային արժեչափերու հետեւիլ, ետքը զարմանալու համար, թէ ինչպէ՞ս եղաւ որ նման անտարբեր, անդաստիարակ սերունդ մը ունեցանք:

Միքայէլ Նալպանտեան 10 փետրուար 1861-ին կոմս Էմանուէլին գրած մէկ նամակին մէջ կը գրէ. «Դուք չգիտէ՞ք, որ հայոց ազգի անկիրթ եւ կոպիտ զաւակները մտրակով եւ կաղնեայ ճիւղերով պիտի դաստիարակուին: Ահա՛ քեզ զատիկ, ուրեմն նախախնամութիւնը արժանացուցել էր մեզ այդ բարբարոսական երջանկութեանը, որով պիտի դիմէինք դէպի լուսաւորութեան եւ գիտնականութեան նախագահը, որովհետեւ գաւազանի հարուածը անպակաս էր մեզանից: Փառք նախախնամութեանը, ինչո՞ւ պէտք էր յուսահատուէինք. այն գաւազանի երկիւղը չէ՞ր, որ գիշերը քնից վեր կը թռչէի. "Խաչ, օգնես ինձ" ասելով շուտով ջրի պէս կը սերտէի մինչեւ վերջի թերթը...»։

Այսօր ծնողներու կողմէ ուսուցչութիւնը կը դիտուի որպէս «գործ» եւ «արհեստ», մոռնալով, որ ուսուցիչին փոխանցած դաստիարակութիւնը համազօր է ծնողքի տուած դաստիարակութեան, պարզապէս անոր ամբողջական իրաւունքներն են, որ առնուած են եւ նուիրումն ու առաքելութիւնը վերածած են «պաշտօն»ի:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԷԼ-ՌԵԳԻՍՏԱՆ
(1899-1943)

Մեր թուականէն 122 տարիներ առաջ՝ 15 դեկտեմբեր 1899-ին Էօզպեքիստանի Սարմաղանդ քաղաքին մէջ ծնած է լրագրող, գրական գործիչ եւ Խորհրդային Հայաստանի «Փառապանծ մնայ, մեր ազա՛տ Հայրենիք» օրհներգի հեղինակներէն Էլ-Ռեգիստան (բուն անունով Գաբրիէլ Ուրկելեան):

Ուրկելեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ուր տիրապետած է ռուսերէն, հայերէն, էօզպեքերէն, տաճկերէն լեզուներուն: Հոկտեմբերի յեղափոխութեան օրերուն՝ 1917-ին տեղափոխուած է Պաքու, ուր կամաւոր մաս կազմած է կարմիր պահակազօրներու շարքերուն, այնուհետեւ անցած է Հայաստան, ուր մասնակցած է հայկական առաջին ժողովրդավարներու գունդի ապստամբութիւններուն: Ուրկելեանի առաջին ստեղծագործութիւնները լոյս տեսած են 1924 թուականին, Թիֆլիզի «Ռապոչայա փրավտա» թերթին մէջ: Այնուհետեւ ան որպէս թղթակից աշխատակցած է «Էօզպեքիստանսքայա փրավտա» եւ «Իզվեստիա» թերթերուն: Հայրենական մեծ պատերազմի տարիներուն եղած է «Ստալինսքի սոքոլ» թերթի ռազմաճակատային թղթակիցը:

Գրողը 1943 թուականին Սերկէյ Միխալկովի եւ Ալեքսանտր Ալեքսանտրովի հետ միասին խմբագրած ու գրած է Խորհրդային Միութեան օրհներգը:

Ուրկելեան որպէս գրչանուն ընտրած է Գաբրիէլ անուան վերջամասին «Էլ»ն ու Սամարղանդի Ռեգիստանի հրապարակի անուանումը եւ ստորագրած Էլ-Ռեգիստան անուամբ: Կատարած է բազմաթիւ ճանապարհորդութիւններ, որոնց մասին իր ունեցած տպաւորութիւններն ու արկածախնդրութիւնները արձանագրած է «Սեւ լեռների գաղտնիքը», «Երբ մեռնում են էմիրները», «Վտարանդին», «Պողպատէ ճանկ» պատմուածքներու ժողովածուներուն մէջ:

Էլ-Ռեգիստան մահացած է 30 յունիս 1945-ին, Մոսկուայի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2021