ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՀՈՂԻՆ ՏԱԿ ՏԱՆՈՂՆԵՐԸ

Մեծ հաճոյքով կը շարունակեմ կարդալ մեր մոռցուած՝ սակայն իմաստուն մտաւորականներէն Վահան Մալէզեանի յուշերը, որոնք յուշագրութեան մը կողքին օգտակար ու դաստիարակիչ ամէ՛ն բան կը պարունակեն իրենց մէջ:

«Ճամբուս վրայ» խորագրեալ յուշագրութեան 84-րդ էջին մէջ մտաւորականը կը ներկայացնէ 1900-ական թուականներուն ապրած մեծատուն հայ մը, որ իր հարստութենէն աւելի Պոլսոյ մէջ յայտնի էր իր ագահութեամբ եւ դրամասիրութեամբ:

Մեծատուն հայը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ այսօր, որովհետեւ, ցաւ ի սիրտ, նման հայեր այսօր մեր մէջ շա՜տ շատ աւելի են՝ քան դար մը առաջ: Վահան Մալէզեան հետեւեալ բառերով կը ներկայացնէ մեծահարուստը.

«Իր անմրցելի մասնագիտութիւնն էր, անբուժելի մոլութիւնը, հոգին հանելով դրամը դրամին վրայ դիզել եւ առտու իրիկուն ոսկի հորթին առջեւ երկրպագել: Ուրիշ հաճոյք չունէր այդ խեղճ մարդը եւ յայտնապէս ամէն բանէ կը զրկէր ինքզինք, դրամ չծախսելու կծծիութեամբը: Բնականաբար, իր ագահութիւնը առածի կարգ անցած էր եւ բերնէ բերան ծիծաղելի պատմութիւններ շրջան կ՚ընէին իր առօրեայ կենցաղին մասին: Սովորութիւն չունէր ոեւէ նպաստ կամ նուէր տալու, բայց երբեք չէր մերժեր նուէր մը...: Արդարեւ, այնքան ժլատ էր որ կարելի չէր յանուն գթասրտութեան կամ ազգասիրութեան իրմէ դրամ ստանալ, թէեւ ջերմեռանդ ազգասէր էր եւ կը հետաքրքրուէր ազգային եւ եկեղեցական հարցերով, սակայն խօսքով միայն եւ ոչ թէ դրամով, էապէս անատակ ըլլալով դրամական ոեւէ զոհողութեան»:

Բարեբախտաբար մեծահարուստ մարդու անունը Վահան Մալէզեան չի յիշեր, որովհետեւ կը հաւատամ, թէ ան մէկ անուն չի՛ կրնար ունենալ. անոնց անունները բազմաթիւ են եւ մինչեւ օրս գոյութիւն ունին թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, որոնք զոհողութիւն քարոզելով հանդերձ հեռու կը մնան զոհողութիւններէ, որովհետեւ անոնց հայրենասիրութիւնը համոզումէ աւելի ցուցադրական խօսք է պարզապէս: Մեր ազգի ղեկավարներուն եւ եկեղեցականներուն հասարակաց գիծը այն է, որ շատ անգամ իրե՛նք իրենց ըսածը չեն գործադրեր եւ կամ նոյնիսկ չեն հաւատար, սակայն այդ բոլորը բարձրաձայնելէ չեն յուսահատիր:

Այսօր մեր իրականութեան մէջ բազմաթիւ են հայ մեծահարուստներ, որոնք հայ դպրոցի ապագային մասին կը խօսին, սակայն այդ ապագան աւելի պայծառացնելու համար ո՛չ մէկ քայլի կը դիմեն:

Մեր ժողովուրդին մօտ հիւանդութիւն դարձած է «պէտք է» բառը, որովհետեւ բոլորն ալ որպէս ամէ՛ն ինչէ հասկցողներ գիտեն, թէ ի՛նչն է պէտք, սակայն այդ պէտքը բաւարարելու համար ո՛չ մէկ ձգտում: Պատմութեան ընթացքին բազմաթի՜ւ Ազգային ժողովի անդամներ, ատենապետներ ու ղեկավարներ եկան ու անցան... սակայն յիշուեցան անոնք՝ որոնք խօսքի սահմաններէն անցնելով գործնական բան մը տուին հայ ժողովուրդին. եթէ այսօր բոլոր հայկական հաստատութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, կուսակցութիւններուն ու բոլոր կառոյցներուն ներկայացուցիչները մէկտեղէք, գիտէ՞ք թիւով կ՚ունենանք ինչքա՜ն մեծ ղեկավարներ եւ «առաջնորդ»ներ, որոնք շաբաթական դրութեամբ Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ սփիւռք ժողովներ կը գումարեն եւ հաւատացէ՛ք աշխարհի վրայ կարելի չէ գտնել ազգութիւն մը, որ հայերուս չափ ժողով կը գումարէ։ Մեր գումարած ժողովներուն չափ ժողով եթէ գումարէր այլ պետութիւն մը՝ ինչպէս օրինակ Չինաստանը, այսօր կրնար աշխարհի մեծ մասին վրայ իշխել:

Վահան Մալէզեան կապկելով մեծահարուստ մարդու այս արարքը՝ հետեւեալ տողերով կը յիշէ զինք. «...օրին մէկը մեռաւ, առանց բժիշկի, առանց դեղի եւ առանց պատիւի ալ: Բայց, աւա՜ղ, չկրցաւ հետը տանիլ իր սիրական ոսկիները: Դագաղին մէջ հազիւ սղմեցաւ իր խոշոր մարմինը, հին հագուստովը: Իսկ հողին տակը, փայլուն ոսկիներուն տեղը կեղտոտ որդերը լեցուցին իր դագաղը: Ի՜նչ տխուր ճակատագիր»:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Մալէզեանի ներկայացուցած անձնաւորութիւնը ապրած է աւելի քան դար մը առաջ, անոր օրինակները մեր իրականութեան մէջ բազմաթիւ են եւ կը սպասեն իրենց հարստութիւնով արժանանալ Մալէզեանի ներկայացուցած մեծահարուստին: Յաճախ այս հարցին կ՚անդրադառնանք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր հաստատութիւններուն, թերթերուն, դպրոցներուն եւ կուսակցութիւններուն ապագան վստահուած է անոնց, որովհետեւ անոնց նիւթական միջոցներով է որ պիտի յաջողինք ծնունդ տալ հայ մամուլին, զարգացնել մեր դպրոցները եւ մրցունակ դարձնել համշխարհային այլ կրթական հաստատութիւններու հետ, այլապէս ժամանակի ընթացքին պիտի ճահճանանք, լճանանք ու յետընթացի դիմենք՝ որուն նշանները տակաւ առ տակաւ սկսած է ի յայտ գալ:

Այսօր Մանթաշեան, Պօղոս Նուպար փաշա, Կիւլպէնկեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ հայութեան կեանքին եւ պատմութեան էջերուն մէջ կենդանի կը մնան ո՛չ թէ իրենց հարստութեան, ո՛չ թէ իրենց առեւտրական յաջողութիւններով, այլ՝ իրենց կատարած օժանդակութեամբ, որոնց շնորհիւ կրթուած է բազմահարիւրաւոր սերունդ մը:

Երանի՜ այն հայուն, որ իր հարստութիւնը իր փորին ու գրպանին կողքին կրնայ մաս դարձնել նաեւ ազգային եւ եկեղեցական գործերու, որպէսզի խօսքէն անդին գործով սկսինք կամաց կամաց յառաջդիմել:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -121-

Տարիներ առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ համահայկական ընդհանուր բանակում մը, որու ընթացքին ի յայտ եկաւ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի տարբերութեան խնդիրը:

Բանակումին առաջին օրը կատարուեցաւ խումբերու բաժանումը եւ խումբ մը արեւելահայերու վրայ պատասխանատու նշանակուեցաւ արեւմտահայ խմբապետ մը:

Իրարու ծանօթանալէ ետք արեւմտահայ խմբապետը իր անդամներուն տուաւ 5 վայրկեան, որպէսզի պատրաստուին. 5 վայրկեա՞ն... արեւելահայերէնի մէջ վայրկեանը երկվայրկեան ըսել է: Արեւելահայ անդամները զարմացան եւ սկսան առարկել, որ 5 վայրկեանը բաւարար չէ պատրաստուելու համար։ Խմբապետը զարմացած 10 վայրկեան տուաւ, սակայն դարձեալ չէին կրնար այդքան «կարճ» ժամանակուան ընթացքին պատրաս-տըւիլ: Յուսախաբ էին արեւելահայերը՝ ինչպէս նաեւ արեւմտահայ խմբապետը, որ չէր հասկնար, թէ ինչպէ՞ս 10 վայրկեանը բաւարար չ՚ըլլար պատրաստուելու...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2022