ՊԱՐԶԱՄԻՏ ԻՄԱՍՏՈՒՆՆԵՐ

Մխիթարական պարագայ մըն է, թէ աշխարհի ամենէն իմաստուններն անգամ երբեմն այնպիսի սխալներ կ՚ընեն, որոնք իրենցմէ նուազ եւ համեստ զարգացում ունեցողները ամօթահար պիտի ընէին։ Ըստ յայտնի առածին՝ «շատ բան գիտցողը շատ ալ կը սխալի»։ Իրականութեան որքա՞ն բաժին ունի այս խօսքը, թէեւ վիճելի, բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնն ալ յաճախ ցոյց կու տայ, թէ իրականութեան բաժին մը կայ այդ առածին մէջ։ Մանաւանդ, գիտութեան այսքան արագընթաց կերպով զարգացած դարուս մէջ, մարդ երբեմն կը տարուի մտածելու, թէ տասը տարեկան տղայ մը աւելի՛ լաւատեղեակ է, քան երեք դարեր առաջ ապրող «ամենախելացի»ներէն ոմանք…։

Արդարեւ, պատմութիւնը կ՚արձանագրէ դէպքեր եւ դէմքեր՝ ուր իմաստուն եւ խելացի մարդիկ սխալած են եւ կամ չեն անդրադարձած իրենց սխալին, տարուելով իրենց բազմազբաղ կեանքին։

Զոր օրինակ, Սթրապօ, Կապադովկիոյ Ամասիա քաղաքը ծնած յոյն նշանաւոր աշխարհագրագէտը (մօտաւորապէս Ք.Ա. 58-մօտաւորապէս Ք.Ա. 25) որ գրած է Եւրոպայի, Ասիայի եւ Ափրիկէի 17 հատորնոց «Աշխարհագրութիւն» մը եւ «Պատմութիւն» մը, 43 գիրքէ բաղկացած, կը նկարագրէ փիղ մը ծուղակ ձգելու պարզ միջոցը. երբ փիղը կը կռթնի ծառի մը, հանգչելու համար, սղոցել ծառը, եւ ըստ Սթրապոյի, քանի որ փիղը յօդեր չունի իր ոտքերուն մէջ, չի կրնար նորէն կանգնիլ եւ դիւրութեամբ կը բռնուի…։

Այս նոյն պատմաբանը կը յիշէ նաեւ տեսած ըլլալ օձեր՝ որոնք այնքան խոշոր էին որ իրենց կռնակներուն վրայ ամբողջ դարատափներ, այսինքն՝ բարձրաւանդակի ձեւով բնական ամբարտակներ, թումբեր կային՝ բուսած խոտերով։ Ինչպէս նաեւ կենդանի մը՝ որուն ականջները այնքան խոշոր էին որ իր մարմնին շուրջը կը փաթթէր զանոնք իրիկունները, ջերմութիւն ապահովելու համար։ Այսպէս, այլանդակ եւ տարօրինակ բացատրութիւններ կրցած է տալ հռչակաւոր աշխարհագրագէտ Սթրապօ։

Իսկ Մարքօ Փոլօ (մօտաւորապէս 1254-1324) կը նկարագրէ Քուպիլայ խանի պալատին պատը՝ որ չորս մղոն հաստութիւն ունի եւ թէ խանը այնպիսի խորամանկ կախարդներ ունի իր արքունիքին մէջ, որոնք աղօթքներով կրնան արգիլել որեւէ ամպի եւ փոթորիկի արքայական պալատի վրայով անցքը։ Ահաւասիկ, անհաւատալի պարզամտութեան օրինակ մը եւս, որ կրցած է արձանագրել Մարքօ Փոլօ։

Եւ ուրիշ մը ահաւասիկ. Բլինի Հռոմայեցին, որ բաւականաչափ շրջած է աշխարհի շուրջ, լրջօրէն իր «Հիսթորիա նաթուրալիս» 37 հատորնոց համայնագիտարանին մէջ կ՚ըսէ, թէ կայ մարդկային ցեղ մը, որուն անդամները ունին ոտքեր, որոնք դէպի ետ ուղղուած են։ Բլինի ուրիշ մէկ նկարագրութեան մէջ կը գտնուին շատ գլուխով մարդիկ, մէկ ոտքով անձեր՝ որոնք կռնակի վրայ պառկած, կը գործածէին իրենց միակ ոտքը, իբրեւ արեւանոց՝ արեգակի ճառագայթներուն դէմ։ Մարդիկ՝ առանց գլուխներու, եւ ուրիշներ՝ առանց բերաններու եւ որոնք ստիպուած են ապրելու ամբողջովին պտուղներու եւ ծաղիկներու հոտովը։ Անհաւատալի բայց Բլինիի համայնագիտարանին մէջ արձանագրուած իրողութիւններ…։

Աս ան Բլինին է (Քաթուս Բլինիուս Սէքունտուս կոչուած երէցը), ծնած մօտաւուրապէս Յ.Ք. 23-ին եւ մեռած՝ Վեզիւվի մեծ հրաժայթքումին, երբ Բոմբէյ եւ Հէրքիւլտում կործանեցան (մօտաւորապէս Յ.Ք. 79-ին)։ Կ՚օգնէր աղէտեալներուն։ Ան զինուորական բարձր աստիճանը թողլով, ինքզինք նուիրեց գրականութեան։ Շատ մը գրական գործերէ զատ, գրեց «Գերմանական պատերազմներու պատմութիւնը»։ Մինչեւ իր օրերուն հասցուց Օֆիտիուս Պասուսի «Հռոմի պատմութիւն»ը 31 մեծ հատորներով։

Հերոտոթոս նշանաւոր պատմահայրը (մօտաւորապէս Ք.Ա. 484-425) կը գրէ, թէ Հիւսիսային Հնդկաստան գտնուած միջոցին կրած է յարձակում մը մրջիւններէ՝ որոնք աղուեսներէ աւելի խոշոր էին եւ թէ՝ այդ շրջանին մէջ, չորսդին կուկատուած ոսկի կար։ «Աղուեսէ խոշոր մրջիւն…»։ Կարելի՞ է հաւատալ…։

Պառոն Մընչհաուզէն, մեծ եւ հռչակաւոր ծաղրաբանը, բոլոր այս համբաւաւոր ճամբորդները գլած անցած է, իր «զարմանալիքներու տեղեկագրութիւններ»ուն մէջ։ Իր ըսածին համեմատ, անգամ մը հանդիպած է եղջերուի մը եւ ճակատէն զարկած կեռասի կուտով մը… տարի մը վերջը, եղջիւրներու տեղ, այնտեղ բուսած է խոշոր պտղատու կեռասենի մը…։

Պառոն Մընչհաուզէն նաեւ հպարտ էր իր տէրը եղած ձիու մը պատճառով՝ որ ինկող ռազմագործիքէ մը երկուքի կտրուած ըլլալով, վերստին միացուցած է դափնիի շիւղերով կարելով… եւ ասոր արդիւնքը եղած է իրական անտառ մը՝ բուսած ձիուն կռնակին։

Մընչհաուզէն յանդգնութիւնը ունի իր անհաւատալի արկածախնդրութիւններուն վաւերականութիւնը «երդումներով հաստատելու» Ալատինի, Կիւլիվէրի եւ Սինպատ Նաւաստիին կողմէ…։ (Օգտուեցանք՝ Մկրտիչ Թօփալեանի «Դարերու մէջէն պարզամիտ աշխարհախոյզներ» յօդուածէն - մայիս 15, 1954)։

Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մարդիկ, որքան ալ հռչակաւոր ըլլան, որքան ալ վստահութիւն ներշնչած ըլլան, պահ մը կու գայ որ կը սխալին, կը չափազանցեն իրենց տեսածները կամ լսածները, եւ տարօրինակը այն է, որ իրենք ալ կը հաւատան իրենց ըսածներուն։

Արդարեւ, սա ճշմարտութիւն մըն է, որ մարդ յաճախ կը չափազանցէ, թէեւ անգիտակցաբար, բայց կ՚ուզէ որ ուրիշներ ալ մասնակից ըլլան իրենց չափազանցութիւններուն։

Արդարեւ, «չափազանցութիւն»ը մարդկային բնութեան անբաժան մէկ յատկութիւնն է, մարդ, զոր օրինակ, կը չափազանցէ պարզ բնական յաջողութիւն մը եւ ինքզինք հերոս մը կը նկատէ, կը չափազանցէ նաեւ ցաւերը, վիշտերը, պարզ նեղութիւնները, կեանքի բնական նեղութիւնները, եւ այդ պատճառով դժբախտ կը զգայ ինքզինք։ Մինչդեռ մարդ երբ իրատես ըլլայ՝ դէպքերը, պատահարները իրենց իրական կերպին եւ չափին մէջ տեսնել փորձէ՝ երջանկութիւնը շատ ալ հեռու պիտի չըլլայ իրմէ։ Այս ուղղութեամբ ուրախութիւնն ալ, նոյնիսկ երջանկութիւնն ալ երբ չչափազանցէ՝ իրական երջանկութիւնը այն ատեն կը գտնէ՝ այնպէս, ինչպէս որ է, ինչպէս որ պէտք է ըլլայ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 5 2022, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2022