«ԱՍՏՈՒԱԾ» ԲԱՌԻՆ ՍՏՈՒԳԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ…
«Աստուած» բառը, հաւանաբար ամենէն շատ գործածուած բառերէն մէկն է, քանի որ մարդ իր ամենօրեայ կեանքին մէջ, զանազան առիթներով՝ աղօթելու ժամանակ, հոգեկան նեղութեան մը ատեն, դժուարութեան մը դիմաց, անակնկալի մը առջեւ կը յիշէ զԱստուած, կը բացագանչէ. «Աստուա՜ծ իմ»։ Մարդ, Աստուծմէ օգնութիւն կը խնդրէ, Աստուծոյ անունը արտասանելով ինքզինք ապահով կը զգայ եւ Աստուծոյ վստահելով կը մխիթարուի, կը խաղաղի եւ կը հանդարտի հոգեպէս։ Մէկ խօսքով «Աստուած» բառը անպակաս է մեր ամենօրեայ կեանքին, ապրումներուն մէջ եւ առանց «Աստուած» բառը գործածելու, գրեթէ օր մը չ՚անցնիր։
Բայց հազուագիւտօրէն կը մտածենք «Աստուած» բառին վրայ, եւ շատ անգամ կ՚օգտագործենք զայն մեքենաբար, առանց թափանցելու անոր իմաստին։
Անշուշտ ամէն մարդ կը ճանչնայ զԱստուած, գիտէ թէ ո՛վ է Ան, ծանօթ է Անիկա շատե՛րու՝ որպէս երկնային Հայր, որպէս Արարիչ, որպէս Նախախնամ, որպէս Տէր տիեզերքի։
Բայց յաճախ անծանօթ կը մնայ «Աստուած» բառին տառացի իմաստը։ Մինչդեռ «Աստուած» բառին ստուգաբանութիւնը ընել՝ զԱյն աւելի լաւ ճանչնալու, աւելի մօտէն ծանօթանալու լաւագոյն առիթը ունենալ կը նշանակէ։ Արդարեւ, որեւէ բան աւելի մօտէն ճանչնալ՝ զայն աւելի՛ լաւ հասկնալու, անոր հետ աւելի՛ մտերիմ ըլլալու, աւելի մօտ զգալու, թերեւս աւելի շատ սիրելու պատճառ մը, եւ անհրաժեշտ պայմա՛ն մըն է։ Ճանչնալ՝ աւելի շատ սիրելու, իւրացնելու առիթ մըն է…։
Ուրեմն, այս խորհրդածութիւններուն լոյսին տակ, «Աստուած» բառի ստուգաբանութիւնը կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ Շահէ Արքեպիսկոպոս Աճէմեանի շահեկան ուսումնասիրութիւնը։
Աստուած
Բառի Ստուգաբանութիւնը
«ԱՍՏՈՒԱԾ, սուրբ եւ բարձրագոյն անուն՝ տրուած երեւելի եւ աներեւոյթ աշխարհներու եւ արարածներու յաւիտենական Արարչին։
«Աստուած անունը փոխառած է փռիւգերէնէն (Ծանօթ. Փռիւգերէն՝ Փռիւգիայի բնակիչներու՝ փռիւգացիներու լեզուն. Փռիւգիա=Phrygia, Frikya) եւ պատճէնահանուած է (=կրկնօրինակուած, նմանահանուած) թրակոփռիւգական (=հիւսիս-արեւմտեան՝ Թրակիոյ փռիւգական) աստուածութիւն՝ «Սաւանզիոս»ի։ Ըստ Յովհաննէս առաքեալի՝ -Աստուած սէր է- (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։ Բառը իր ամենէն ընդարձակ եւ հին իմաստով կը նշանակէ գերագոյն էակ կամ էակներ, որոնք տիեզերքին իշխող անտեսանելի եւ վերբնութենական զօրութիւններն են։
«Քրիստոնէական հաւատքի ըմբռնումով -Աստուած- բառի իմաստը բոլորովին տարբեր է։ Հայ իրականութեան մէջ այն ստուգաբանուած է -աստ էած զմեզ- (Խոսրով Անձեւացի, Ներսէս Լամբրոնացի, Յովհաննէս Վանական), այսինքն՝ այստեղ բերող կամ հաստատող իմաստով, ի՛նչ որ կ՚ընդգծէ անոր Արարիչ ըլլալը։ Աստուծոյ մասին հաւատը չէ ծնած մարդու՝ զինք շրջապատող խորհրդաւոր եւ անանձնական ուժերու հանդէպ վախէն։ Այն հիմնուած է Աստուածաշունչի վրայ, ուր Աստուած ներկա՛յ է որպէս բացարձակ իրողութիւն, իբրեւ այդպիսին ան անդրանցնա-կան (Աստուած ինքն ի՛ր համար) եւ անձնական (Աստուած մարդու համար) է։
«Անդրանցականութիւնը ցոյց կու տայ Աստուծոյ լիակատար անմատչելիութիւնը, տիեզերականութիւնը, սեռական պատկանելութեան բացակայութիւնը եւ այլն, իսկ անձնականութիւնը՝ մարդու հետ անոր կենդանի յարաբերութիւնը։
«Երբ Աստուածաշունչը կը խօսի Աստուծոյ մասին, ան կը խօսի կենդանի Աստուծոյ մասին, որու հետ կարող է խօսիլ մարդը եւ որը հիմնաւորապէս տարբեր է անկենդան չաստուածներէն՝ որոնք կարող չեն ըլլալ ԲԱՆ (ԽՕՍՔ) եւ ըսել. «ԵՍ»։ Կենդանի Աստուծոյ եւ մարդու հաղորդակցութիւններէն կը զարգանայ իւրայատուկ յարաբերութիւն՝ կենդանի Աստուծոյ եւ հաւատացեալի միջեւ, յարաբերութիւն՝ որ անհատական բնոյթ ունի՝ անձնական բարեկամութեան եւ մտերմութեան իր արտայայտութեամբ։ Այդ յարաբերութիւնը իր ներքին ուժը կը ստանայ Աստուծոյ բարեացակամ նախաձեռնութենէն։
«Հին կտակարանի մէջ Աստուած ինքզինք կոչած է ԵԱՀՎԷ, որ կը նշանակէ -Ես եմ, որ էն-։ Եբրայերէն կ՚անուանուի նաեւ ԷԼՈՀԻՄ (ԵԼՈՀԻՄ), որ յոգնակի է եւ, ըստ ոմանց, այդպէս է գործածուած՝ Աստուածութեան մէջ Երրորդութիւնը մատնանշելու համար։
«Ան Արարիչն է երկնի եւ երկրի, ստեղծիչը մարդու եւ -ԵՐԿՆԻ եւ ԵՐԿՐԻ ՏԷՐԸ-։ Ըստ Ծննդոց գրքի՝ Աստուած կատարեց իր արարչագործութիւնը վեց հանգրուաններով, որոնցմէ առաջինը՝ լոյսի արարչութիւնն է։ Յաջորդ հանգրուաններուն Աստուած ստեղծեց տիեզերքը, կեանքը եւ մարդը (ԾՆՆԴ. Ա)։
«Ան մարդը ստեղծեց իր նմանութեամբ եւ ըստ իր պատկերին՝ անոր տալով բանականութիւն եւ ազատ կամք, որով եւ՝ իր արարքներուն պատասխանատուութիւնը։
«Միակ Աստուծոյ պաշտամունքը յայտնուած է հրեայ ժողովուրդին մէջ։ Հին կտակարանի մէջ Աստուած կը խօսի իր ստեղծած առաջին մարդուն՝ Ադամի հետ եւ անոր կու տայ առաջին պատուիրանը։
«Մարդը կը մեղանչէ։ Աստուած կ՚ընտրէ իր սեփական ժողովուրդը, որպէսզի վերականգնի անկեալ մարդը։ Աստուած կը խօսի իր ժողովուրդին հետ նահապետներու եւ մարգարէներու միջոցով։ Ան ուխտ կը կնքէ իր ընտրեալ ժողովուրդին հետ, որով կը խոստանայ այդ ժողովուրդին Աստուածը ըլլալ։ Հրեայ ժողովուրդը կը հաւատայ իր Աստուծոյ զօրութեան եւ զայն կը կոչէ -Տէր զօրութեանց-, կը հաւատայ անոր կենսունակութեանը եւ զայն կը կոչէ -Աստուած կենդանի-, կը հաւատայ նաեւ անոր սրբութեանը եւ զայն կը կոչէ -Սուրբ, Իսրայէլի Սուրբը-՝ երիցս անգամ։
«Իր փրկարար զօրութեամբ Աստուած կը միջամտէ ընտրեալ ժողովուրդի պատ-մութեանը եւ կը դառնայ անոր փրկարարը՝ զայն ազատելով Եգիպտոսի գերութենէն եւ վերադարձնելով իր Աւետեաց երկիրը՝ որպէսզի ապրի աստուածային պատուիրաններու համաձայն եւ իր հաւատարմութեամբ սրբուի։
«Ան կը խոստանայ ուղարկել Մեսիան, որը կը փրկէ ընտրեալ ժողովուրդը մեղքերէն եւ կ՚արժանացնէ յաւիտենական կեանքին։ Նոր կտակարանը աստուածային փրկարար խոստումի իրականացման պատմութիւնն է, որ կը սկսի Բեթլեհէմի մէջ Յիսուսի հրաշափառ ծնունդով։ Ան կը կոչուի -Օծեալ Տէր-։
«Յիսուսի մասին եղած մարգարէութիւնը զայն կը կոչէ -Որդի Բարձրեալի-։ Անոր մկրտութեան պահուն Աստուած կը խօսի եւ զայն կը կոչէ -սիրելի Որդի-, եւ Աստուծոյ Հոգին աղաւնակերպ կ՚իջնէ երկինքէն։ Միակ Աստուածը կը յայտնուի իր երեք անձերով՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի։
«Հին ուխտի մէջ Աստուած միա՛յն իր ժողովուրդին Հայրն է։ Նոր ուխտի մէջ ան Հայրն է բոլոր անոնց, որոնք կը դաւանին Քրիստոսի՝ -Որդի կենդանի Աստուծոյ-։
«Իսկ անոնք որոնք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու… (ՅՈՎՀ. Ա 12)։ Աստուած կը շնորհէ իր Հոգին անոնց, որոնք կը կատարեն իր կամքը։ Նոր ուխտի օրէնքը սէ՛րն է։ -Սիրել Աստուած ամբողջ սրտով եւ սիրել ընկերը իր անձին պէս-, քանի որ -նախ Աստուած սիրեց մեզ։ Սիրով Աստուծոյ կապուած հաւատացեալի սիրտը -տաճար է Սուրբ Հոգիի-։
«Յունարէն գրուած Աւետարաններու մէջ Աստուած կոչուած է -Տէր- կամ -Տէր Աստուած-, Քրիստոս կոչուած է -Բանն Աստուած-, եւ Սուրբ Հոգին՝ -Տիրոջ Հոգի-։
«Հայ Եկեղեցիի Լուսաւորիչը՝ Սուրբ Գրիգորը ամփոփած է Սուրբ Երրորդութեան հաւատքը իր նշանաւոր վկայութեամբ.- Իսկ մենք պիտի փառաւորենք ան, որ յաւիտեանէն առաջ է, երկրպագելով Ս. Երրորդութեանը եւ մէկ Աստուածութեանը, Հօրը եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին»։
Արդարեւ, Աստուած ճանչնալ կը նշանակէ՝ գիտակցիլ Անոր զօրութեան եւ ըմբռնել Անոր Աստուածութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 15, 2017, Իսթանպուլ