ՁԻՒՆԱԽԱՌՆ ԱՆՁՐԵՒ
Եղանակներու նկարագիրը փոխուեր է կարծես. կը նայիս, օդը ամպամած է, կ՚ըսես թէ քիչ յետոյ հաւանաբար անձրեւ պիտի տեղայ։ Բայց կը շուարիս, երբ կը տեսնես, որ արեւ արեգակ օդ մը կը պարզուի քիչ յետոյ փոխանակ անձրեւ տեղալու։
Երբ օդը սոսկալի պաղ է՝ կ՚ըսես թէ ձիւն պիտի տեղայ, բայց ժամանակակից ձիւնը վարանոտ է՝ տեղայ թէ չտեղայ, քիչ մը նազանի, թերեւս ամչկոտ եւ անհամարձակ, կը նախընտրէ անձրեւին ընկերակցութեամբ տեղալ, ձիւնախառն անձրեւի կամ անձրեւախառն ձիւնի կերպով։
Ժամանակակից ձիւնը իրապէս նազանի՜ է՝ անպայման կ՚ուզէ ընկերակից մը՝ համարձակութիւն ստանալու համար։ Թերեւս մենք, մարդիկ այդ վիճակին մատնած ենք խե՜ղճ ձիւնը, որ համարձակութիւնը կորսնցուցեր է մինակ այցելելու՝ տեղալո՛ւ։
Մինչդեռ ո՜րքան գեղեցիկ է եւ հրապուրիչ ձիւնը մինակ՝ սպիտակ՝ անմեղ եւ փաթիլ փաթիլ՝ փափուկ հատիկներով…։ Բայց ձիւնը կը նախընտրէ անձրեւի ընկերակցութեամբ տեղալ. ո՛չ ձիւն եւ ո՛չ ալ անձրեւ, այլ՝ ձիւնախառն անձեւ կամ անձրեւախառն ձի՛ւն։ Ձիւնը, այս կերպով կը նախընտրէ «միջակութիւն»ը՝ ո՛չ ձիւն եւ ո՛չ անձրեւ։
Ո՜վ գիտէ, թերեւս ձիւնը յարգանք ցոյց կու տայ անձրեւին, անոր ընկերակցելով, անձրեւը մինակութեան չմատնելով։ Բայց ամէն ինչ, ամէն արժէք իր տեղը եւ իր ժամանակը ունի, ինչպէս՝ անձրեւը իր ժամանակը եւ ձիւնը իր ժամանակը։ Եւ ամէն բան իր ժամանակին եւ իր տեղը գեղեցիկ է եւ իսկական արժէքը կը ներկայացնէ։
Կեանքի մէջ «միջակութիւն»ը շատ ալ ընդունելի պէտք չէ նկատուի, քանի որ անոր մէջ կը կորսնցնեն իրենց արժէքը, կը կորսնցնեն իրենց յատուկ նկարագիրը, իրենց անհատականութիւնը եւ ինքնութիւնը։ Զոր օրինակ, ձիւնախառն անձրեւը՝ ձի՞ւն է թէ անձրեւ, յայտնի չէ՛. մարդ երբ կ՚ուզէ ձիւն տեսնել, պէտք է առանձինն ըլլայ եւ տեղայ ձիւնը, իսկ երբ անձրեւը կ՚ուզէ վայելել, կ՚ուզէ միայն անձրեւ տեսնել։
Մարդկային բնաւորութիւնն ալ նոյնն է։
Բնաւորութիւն մը՝ որ միջակութիւն ցոյց կու տայ, այդ նկարագիրը անորոշ կը մնայ. այլապէս յայտնի չ՚ըլլար թէ ո՞ր մէկն է մարդուս իսկական նկարագիրը՝ լա՞ւ թէ գէշ, բարի՞ թէ չար, գեղեցի՞կ թէ տգեղ. միջակութեան մէջ կարելի չ՚ըլլար որոշել եւ հետեւաբար «միակ մարդիկ» շատ վստահութիւն չեն ներշնչեր ընկերութեան մէջ։
«Միջակ» ըլլալ կը նշանակէ երկերես ըլլալ, ուր յայտնի չ՚ըլլար թէ մարդու ո՞ր երեսը իր իսկական երեսն է, կարելի չ՚ըլլար ճանչնալ զայն եւ ան կը մնայ միշտ անծանօթ։
Ձիւնն ալ ունի իւրայատուկ նկարագիր մը, բնութիւն մը եւ երբ ան կը տեղայ անձրեւախառն՝ կը կորսնցնէ իր ձիւնի յատկութիւնը, այլապէս այլեւս ան «ձիւն» չէ՝ ուրիշ բան մը, ուրիշ բնաւորութիւն մը։ Մարդն ալ նոյնն է. երբ ան ցոյց կու տայ երկու տարբեր բնաւորութիւն, կարելի չ՚ըլլար ճանչնալ զինք, կարելի չ՚ըլլար հասկնալ անոր իսկական նկարագիրը։ Մարդոց համար, չեմ գիտեր, կարելի՞ է ըսել. «չարախառն բարի» եւ կամ փոխադարձաբար՝ «բարիով խառնուած չար»։ Այս կը նմանի «ոչխարի կերպարանքով յափշտակիչ գայլի» (ՄԱՏԹ. Է 15), որմէ պէտք է զգուշանալ, քանի որ վտանգ եւ վնաս կը պատճառէ փոխանակ՝ ապահովութիւն եւ օգուտ։ Այն՝ որ ինքզինք չի յայտներ, իր իսկութեամբ անվստահելի է եւ վտանգաւոր։
Արդարեւ, անկեղծ, սրտակից բարեկամներ ալ կը նմանին անխառն ձիւնի՝ այնպէս կ՚երեւին ի՛նչպէս որ են, այնպէս է իրենց արտաքինը, որպէս է ներքինը։ Ձիւնի պէս սպիտակ՝ անմեղ եւ անկեղծ բարեկամներ իրապէս պարգեւներ են մարդոց, որ արժէքը կ՚աւելցնեն կեանքին…։
«Ձիւնախառն» կամ «անձրեւախառն» միջակութիւններ անշահ, անօգուտ են մարդկութեան եւ չեն նպաստեր բարեկամութիւններու՝ անկեղծ փոխյարաբերութիւններու մշակման եւ աճման։
Գիտէք, սիրելի՜ անկեղծ ընթերցող բարեկամներ. «ձիւն ու բուք» ասացուածք մը կայ, ժողովրդական իմաստութեամբ գործածուած՝ «ձիւնափոթորիկ» կամ «ձիւնամրրիկ» բառերուն տեղ։ Արդարեւ «ձիւն ու բուք» ասոյթը աւելի նախընտրելի եւ գործածական կու գայ ականջներու, քանի որ ընտանութիւն մը ունի ժողովրդական աւանդութիւններու հետ։ Ուստի, «ձիւն ու բուք» կամ «ձիւնամրրիկ»՝ բնական երեւոյթ մըն է. այն ինչ որ կը պատահի, բացայայտօրէն կը յայտնուի մանաւանդ իր բարոյական նկատումներովը եւ կամ դասերովը։ Հոս կարեւորը բնական երեւոյթին բացայայտութիւնն է. այն՝ ի՛նչ որ է՝ յստակ եւ առանց տարակոյսի մատնելով մարդիկը։
Երբ ձիւնը հանդարտութեամբ կ՚իջնէ՝ կը նմանի խաղաղութիւն աւետող մանուկներու՝ անմեղ, անբիծ, անկեղծ, մաքուր եւ սո՛ւրբ…։
Ձիւնը երկինքէն կը տեղայ եւ իր հետ կը բերէ երկինքի խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը։ Ձիւնը որ կը մաղուի եւ անձայն, անաղմուկ կու գայ կը նստի գետնին վրայ, թերթ թերթ կ՚իջնեն ձիւնի հատիկները իրարու վրայ, կը դիզուին, կը թանձրանան, եւ տառական իմաստով տէ՛րը կ՚ըլլան երկրին։ Հապա ձիւնախառն անձրե՞ւը. կրնա՞յ կատարել այս բոլորը։ Չի կրնար կատարել, քանի որ ան ձիւնի յատկութիւն եւ նկարագիր չունի, ան կախում ունի ուրիշ տարրէ մը՝ անձրեւէն որ արգելք կ՚ըլլայ որ ձիւնը տիրապետէ երկրին։ Նախա՞նձ արդեօք։ Ինքզինք գերադաս նկատելու զգացո՞ւմ։ Բայց այս զգացումները մարդու յատուկ զգացումներ են, անձրեւը եւ ձիւնը ունի՞ն նման զգացումներ… թերեւս ունին եւ մենք չենք հասկնար, ինչպէս բնութեան շատ մը երեւոյթներ անծանօթ են եւ անծանօթ կը մնան մեր հասկացողութեան եւ հեռո՜ւ մեր գիտութեան սահմաններուն։
Բայց ձիւնը առանձինն ազնիւ է, առաքինի եւ մե՛ծ։ Ուստի Վուտրօ Ուիլսըն կ՚ըսէ՝ թէ մեծութիւնը չի զիջանիր կռուելու…։
Չար զգացումներով լեցուն մէկու մը հետ խօսիլը աններելի զիջում է. լռութիւնը՝ բաւական արհամարհանք… եւ անձրեւին ընկերակցութեամբ տեղացող ձիւնն ալ միշտ լուռ կը մնայ, միշտ արհամարհական, բայց ազնիւ լռութեան մէջ։
Նախընտրելի է անխա՛ռն ձիւնը, ինչպէս նախընտրելի է անկե՛ղծ բարեկամը։
Անխառն ձիւնը վայելելու մաղթանքով եւ կարօտով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 9, 2019, Իսթանպուլ