ԳՈՑ ԴՈՒՌ ՉԿԱ՛Յ…

Այն որ հաւատք ունի, ան որ յոյս ունի եւ ան որ սէր ունի, անոր համար երբեք գոց դուռ չկա՛յ։

Այս ուղղութեամբ մահը «գոց դուռ» մը չէ, սակայն ըստ էութեան «դո՛ւռ» մըն է։ Ինչպէս ամէն դուռ, մահն ալ «անցք» մըն է դէպի տարբեր ժամանակ, տարբեր միջոց, տարբեր միջավայր, եւ այս իմաստով «դուռ» մըն է մահը…։

Քրիստոնէական հաւատքին հիմնաքարերէն մէկն է եւ կարեւորագոյնը՝ կեանքի յաւիտենականութի՛ւնը։ Ուստի Քրիստոս Ի՛նք Իր կեանքով եւ մահով յայտնեց եւ ապացուցանեց, թէ մահը պարզապէս «դուռ» մը՝ «անցք» մըն է դէպի յաւիտենական կեանք, այսինքն անմահութի՛ւն։

Մահէն վերջ այլեւս մահ չկայ, այլ անմահութիւն, այսինքն յաւիտենական կեանք՝ որուն կոչուած է մարդ իր արարչութեան պահէն իսկ։ Եւ եթէ մարդկային կեանքը յաւիտենական է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ զարմանալ, որ Քրիստոսի գերեզմանը թափուր գտան իր աշակերտները. զարմանալի պիտի չըլլա՞ր, երբ Ան մնար գերեզմանին մէջ։ Եւ զարմանալի պիտի ըլլար գերեզմանին յաղթանակը կեանքին վրայ։

Կեանքը՝ զոր կ՚ապրին մարդիկ՝ Աստուծմէ փոխ առնուած է, աւելի ճիշդը՝ Աստուծոյ կողմէ փոխ տրուած է իրենց. բայց Աստուծոյ կեանքը յաւիտենակա՛ն է. անսկիզբ եւ անվախճան. ուստի նաեւ՝ նո՛յնպէս մարդոց կեանքը։

Կեանքը էապէս նո՛յնն է թէ՛ Աստուծոյ մէջ եւ թէ մարդուս մէջ։ Ասով արդէն նոյն Աստուծմէ սերած եւ նոյն Աստուծոյ զաւակներն են բոլոր մարդիկ անխտիր եւ անբաժան։

Եւ երբ մարդուս աչքերը փակուին՝ յաւիտենականութեան դռները կը բացուին։ Դուռ մը՝ որ նոյն պահուն կը փակուի եւ կը բացուի, եւ երբեք փակ չի մնար… «Ահա՛ քու առջեւդ դրի բացուած դուռ մը որ մէկը չի կրնար գոցել»։ Ուստի Առաքեալը կ՚ըսէ. «Եթէ միայն այս կեանքին համար Քրիստոսի յուսացած ենք, մենք բոլոր մարդոցմէ աւելի խղճալի՜ ենք»։

Քրիստոս մինչեւ գերեզման չառաջնորդեց մարդկութիւնը։ Մինչեւ մահ ճամբայ ցոյց տուող շա՜տ առաջնորդներ ունեցած է մարդկութիւնը։ Մինչեւ մահ առաջնորդութիւն թէ՛ դիւրին է եւ թէ անբաւական։ Բայց Քրիստոս Աստուծմէ ղրկուեցաւ մարդկութիւնը ամբողջ մեղքէն փրկելու «յաւիտենական կեանքի ժառանգութեան» համար։

Մինչեւ Քրիստոս՝ մարդիկ մահկանացութեան գոց դրան առջեւ շուարած՝ կը հեծէին անմխիթար եւ յուսահատ։ Բայց Քրիստոսով այդ փակ դուռը բացուեցաւ եւ մահուան աղջամուղջին մէջէն ծագեցաւ անմահութեան հաւատքին լոյսը՝ յաւիտենական կեանքի յո՛յսը։

Ուստի քրիստոնեան յատկանշօրէն քրիստոնեայ է, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ իր կեանքին ճամբուն վրայ դուռը բա՛ց է միշտ, յառաջանալու համար անվերջ կերպով մինչեւ որ մարդկօրէն չափելի, սահմանելի ժամանակը խառնուի եւ լուծուի անչափելի, անբաւելի, անսահմանելի յաւիտենականութեան մէջ։

Արդարեւ, անհաւատը կամ թերահաւատը մահուան արհաւիրքով կ՚անցընէ իր բոլոր օրերը, իսկ հաւատացեալը ցնծութեամբ կ՚ընթանայ այս երկրաւոր եւ ժամանակաւոր կեանքին ճամբէն։ Ուստի ան գիտէ, թէ մահը՝ ժամանակաւորէն անժամանակի անցք մըն է՝ «դուռ» մը միայն, գոցուող եւ բացուող։ Եւ երբ ժամանակաւոր կեանքի առջեւ կը գոցուի այդ խորհրդաւոր դուռը, անմիջապէս կը բացուի անժամանակ՝ յաւիտենական կեանքին։ Եւ այս իմաստով մահը ժամանակի եւ միջոցի մէջ «փոփոխութիւն» մըն է միայն։ Եւ հաւատացեալը առանց վրդովելու կ՚անցնի այդ դուռէն դէպի լոյս եւ յո՛յս։ Եւ հաւատացեալը երբեք չի վրդովիր, երբ այդ դուռը կը նեղնայ, կամ անցքը կը դժուարանայ։

Յաւիտենական Աստուած՝ անսկիզբ եւ անվախճան Արարիչը եւ Նախախնամը մարդ արարածին հետ կը քալէ միշտ եւ նոյնիսկ «մահուան շուքի ձորին մէջ», ինչպէս կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն. (ՍԱՂՄ. ԻԳ)։

Մարդ արարածին կոչումն է՝ ապրիլ եւ ո՛չ թէ մոլորիլ եւ կորսուիլ այս երկրաւոր եւ ժամանակաւոր կեանքին անել բաւիղներուն մէջ։

Բաց դրան հաւատքը եւ յոյսն է, որ մարդը կը զատէ աշխարհքէ մը, որ ծախուած եւ մատնուած է նիւթապաշտութեա՛ն։

Ամբողջ աշխարհքի մը հարստութիւնը բաւական փոխարէն մը չէ հաւատքի մը, որ կը մերժէ գերեզմանի մը առջեւ կայնիլ եւ ողբագին ըսել.- Ահա՛, վախճանը կեանքի եւ ամէն խոստումի եւ յոյսի։

Վ. Հիւկօ կ՚ըսէ. «Գերեզմաններու մէջ է որ ամենէն շատ կը զգամ անմահութիւնը»։ Եւ ո՜րքան իրաւացի են Վ. Հիւկոյի այս խօսքերը, քանի որ մահէն անդին այլեւս չկա՛յ այլ՝ անմահութի՛ւն։ Մահուան բնական հետեւանքն է անմահութիւնը, քանի որ մարդ երկու անգամ չի մեռնիր, անկարելի եւ անբնակա՛ն է ան։

Արդի նիւթապաշտութիւնը աւելի սպառնալից վտանգ մըն է քրիստոնէական լոյս հաւատքին, որ ըսել է բանաւոր կեանքի մը՝ որուն կենդանի տիպա՛րն է Յիսուս Քրիստոս, քան թէ դժոխահար զէնքեր եւ ռումբեր՝ որոնցմով կարելի է այս մոլորակը՝ ամբողջ աշխարհը իր հիմերէն կործանել եւ ոչնչացնել։

Արդարեւ Սատանային իշխանութիւնը գոց դուռներու ետին միայն կարելի է. Քրիստոս սակայն կը թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից, որուն դէմ եւ ո՛չ մէկ դուռ, եւ ո՛չ իսկ մահուան դուռը, կրնայ գոց մնալ։ Ուստի, ո՛չ թէ Յիսուսի յարութիւնը զարմանալին է եւ անակնկալը. ուստի եւ անհաւատալին, այլ՝ հակառակը այն ճշմարտութեան։ Անկարելի էր որ Յիսուս յարութիւն չառնէր։ Յիսուս անժամանակ յաւիտենականութեան մէջ յարակենդան եւ գործօն անձնաւորութիւն մըն է. կենդանի Աստուծոյ Որդին Ի՛նք կենդանի Աստուած։ Եւ Յիսուսի տիպարով յաւիտենականութեան կոչուած են մարդիկ՝ ըստ իրենց կոչումին եւ աստուածային խոստո՛ւմին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 12, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2020