ՄԱՐԴ ԻՐ ՃԱՄԲԱՆ Կ՚ՈՐՈՇԷ

«Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ. բայց Տէրը կ՚ուղղէ անոր քայլերը»։

ԳԻՐՔ ԱՌԱԿԱՑ ԺԶ 9

Մարդիկ կը քալեն ճամբու մը վրայ, որ «կեանք» կը կոչեն։ Ճամբու մասին անոնք որքան ալ որոշումներ տան, որքան ալ ծրագիրներ ծրագրեն՝ ո՛չ մարդիկ կը փոխուին եւ ո՛չ ալ ճամբաները։ Մարդոց խորհուրդի եւ նպատակներու ուղղութիւնը չի փոխուիր, քանի որ ան կախում ունի ստեղծագործութեան աստուածային մեծ ծրագրէն։ Ուստի մարդուս ծրագիրները կրնան իրականանալ այն չափով՝ որքան յարմար է եւ համաձայն Աստուծոյ ծրագրին։

Ի՞նչ ընել ուրեմն։

Միակ միջոցն է՝ ազդարարութիւնը սպառնացող հաւանական վտանգներուն դէմ. «Զգո՛յշ»։ Արդարեւ, բախումով ճամբան չի կտրուիր, այլ՝ ճամբան կը խափանուի։

Ո՛ւր որ ճամբան կը խաչաձեւուի ուրիշ ճամբով մը՝ հոն հաւանական է, որ վտանգ մը գոյանայ, ուստի ազդարարիչ նշան մը պէտք է, որպէսզի շարժավարներուն ուշադրութիւնը գրաւէ եւ կանխէ հաւանական վտանգը։ Այս ազդարարիչով կանխել կը փորձուի այդ հաւանական վտանգը։ Ազդարարութեան նպատակն է՝ սուրացող կառքին թափը զսպել, եւ կամ բոլորովին կեցնել զայն։ Արագընթաց կառքին շարժավարը եթէ հպատակի, համակերպի ազդարարութեան, վտանգի հաւանականութիւնը մեծ մասամբ կը նուազի։ Եւ ա՛յս է բարին, ա՛յս է եւ վտանգի դէմ ապահովութեան երաշխիքը։ Առակախօսը կ՚ըսէ. «Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ». (ԱՌԱԿ. ԺԲ 1), նաեւ. «Իմաստունը կը վախնայ եւ չարութենէ կը փախչի». (ԱՌԱԿ. ԺԴ 16)։

Անձնական դատողութեան անստուգութիւններու եւ արտաքին պայմաններու քմահաճոյքին ձեռքէն առնելով դէպքերու ընթացքը՝ զայն օրէնքի մը, կանոններու դրութեան մը հրամանին տակ դնել կը նշանակէ այսպիսի ազդարարիչի մը ներկայութիւնը՝ զիրար խաչաձեւող ճամբաներու գլուխը։ Արդարեւ, հոն ուր հաւանական վտանգի մը գոյութիւնը կը զգացուի, հոն, անպայման կա՛յ նաեւ ազդարարիչ մը։

Եւ այդ ազդարարիչը մի՛շտ կայ, միշտ ներկայ եւ պատրաստ կը հսկէ մարդը։ Այդ մշտնջենական ազդարարիչը Նախախնամ Աստուածն է, որ երբեք չի լքեր իր արարածները, եւ հաւատարմութեամբ կը հետեւի անոնց ամէն մէկ քայլին։ Եւ որքան իրաւացի է Սաղմոսերգուն երբ կ՚երգէ. «Տէրը իմ հովիւս է, իմ պակասս չ՚ըլլար…». (ՍԱՂՄ. ԻԳ)։

Արդարեւ, օրէնքի միջամտութիւնը եւ ի հարկին ազդարարութիւնը անհրաժեշտ պահանջ մըն է, երբ մարդկային կամքը եւ դատողութիւնը վստահելի չեն։

Արագընթաց կառքի շարժավարը օրինակ մըն է պարզապէս, եւ այս օրինակը կիրարկելի է մարդկային կեանքի բոլոր գործերուն մէջ։ Ի՛նչ որ շարժավարի մը համար ըսուեցաւ, միթէ կարելի չէ՞ խորհիլ մարդուս «կեանք»ին համար։ Կեանքը քանի որ «ճամբայ» մըն է, ապա ուրեմն կարելի՞ է խորհիլ, թէ հոն ալ «խաչաձեւում»ներ չպատահին։ Պահ մը քննենք մեր կեանքը սիրելիներ, արդեօք կա՞յ օր մը, որուն մէջ մեր կեանքի ճամբան չխաչաձեւուի։ Չկա՛յ։ Չկայ, մանաւանդ չափահասի մը համար՝ կեանքի ճամբուն վրայ բաւական ատեն քալածի մը համար…։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի՜ բարեկամներ, չե՞ն եղած խաչաձեւումներ ձեր կեանքի ճամբուն վրայ ալ, եւ յանկարծ ձեռք մը երկարած կարծես, ամէն ինչ կարգադրուած է։ Հրա՞շք. մեզի համար հրաշք, բայց «ձեռքը երկարող»ին համար հայրական հոգածութիւն եւ արարչական խնամատարութի՛ւն։ Ծնողներ կը հոգան իրենց զաւակները, եւ Արարիչը՝ աւելի՛ն, կատարեալը եւ անպակասը…։

Եւ ո՛չ մէկուն կեանքը միակտուր, անմեղ ճամբու մը վրայէն կ՚ընթանայ։ Ուստի բոլորս ալ պարտաւոր ենք զգուշաւոր կերպով, ուշադրութեամբ ընթանալ, զի մի գուցէ բախինք՝ մեր սկզբունքները, մեր գաղափարները, մեր համոզումները, մեր հաւատալիքները, մեր բարքերը եւ աւանդութիւնները խաչաձեւող եւ հակասող հոսանքներու։ Եւ կեանքի մէջ կան եւ պիտի ըլլան միշտ արգելքներ՝ խաչաձեւումներ եւ հակասութիւններ. կեանքը, որովհետեւ երբեմն հանդարտ, բայց ընդհանրապէս փոթորկալից եւ ալեկոծ ծո՛վ մըն է։

Եթէ ամէն մարդու կեանքի ճամբան նոյնը ըլլար, եթէ ամէն մարդ նոյն հեռանկարներով, նոյն իտէալներով շարժէր, նոյն դիտաւորութիւնները ունենար, նոյն նպատակներուն ծառայէր, նոյն փափաքները հետապնդէր, անշուշտ, որեւէ բախում տեղի չէր ունենար։ Բայց այդ միօրինակութիւնը ձանձրալի չէ՞ր ըլլար, այլապէս աննպատակ ճամբու մը վրայ ապարդիւն ճամբորդութիւն մը…։

Բայց մարդիկ տարբեր ճամբաներէ կը յառաջանան։

Ոմանք, փոխաբերական իմաստով, հիւսիսէն հարաւ կ՚երթան, ուրիշներ արեւելքէն արեւմուտք կ՚ընթանան։ Բայց բոլորն ալ նպատակ մը ունին, հոգ չէ թէ նպատակները տարբեր ուղղութիւններու վրայ ըլլան։ Եւ այսպէս ահա, ամէն մարդու քալած ճամբան անպատճառ եւ անպայմա՛ն կը կտրուի կամ կը խաչաձեւուի։

Եւ ամէն մարդ իր ճամբան ինք կ՚որոշէ… Բայց այդ ճամբուն վերջաւորութեան ի՞նչով պիտի դիմաւորուի, եւ կամ պիտի կարենա՞յ հասնիլ ճամբու վերջին կէտին, անիկա անորոշ է, քանի որ այդ աստուածային ծրագրէն կախում ունի։ Ոմանք ասոր «ճակատագիր» կ՚ըսեն… Բայց անիկա աստուածային ծրագրի յարմարութեան կամ անյարմարութեան հարց մըն է. Աստուծոյ կամքը «ծրագի՛ր» է եւ ո՛չ թէ «ճակատագիր»։ Ճակատագիր չէ՛, քանի որ մարդ «ազատ կամք»ի տէր է, բայց նաեւ պատասխանատո՛ւ իր ազատ կամքէն։

Մարդ, այո՛, կ՚որոշէ իր ճամբան, բայց այդ ճամբուն վերջաւորութիւնը կախում ունի Աստուծոյ կամքէն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 15 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2023