ՃՇՄԱՐԻՏԸ ԵՒ ԽԱԲԷԱԿԱՆԸ

Սովորական է յաճախ լսել սա խօսքերը. «Պէ՛տք է ճշմարտութիւնը յայտնես, ճշմարտախօս ըլլաս», եւ կամ, «Ստախօսութիւնը վատ բան մըն է, սուտ մի՛ խօսիր»։ Եւ ամէն բարոյագիտական եւ կրօնական դրութիւններ, պատուէրներ կու տան սուտ չխօսելու մասին։ Սուտը միշտ պատիժի կ՚արժանանայ։ Այս ուղղութեամբ, ամէն պարագայի մէջ ճշմարտութիւնը պէ՞տք է խօսիլ, ուրիշ խօսքով, կարելի՞ է երբեմն սուտ խօսիլ պարագային համեմատ։ Այս մասին խորհիլն իսկ տարօրինակ կը թուի, քանի որ ճշմարիտը խօսիլ եւ սուտ չխօսիլ անվիճելի եւ ստոյգ կանոն մըն է։

Բայց մարդիկ յաճախ սուտ կը վկայեն, ճշմարտութիւնը չեն յայտներ կամ կը յեղաշրջեն, նպատակէն կը շեղին։ Արդարեւ, կեանքի մէջ, յաճախ օրէնքի, կանոնի դէմ գործել յանցանք կը նկատուի, կը պատժուի, սակայն կարելի չ՚ըլլար արգելք ըլլալ։ Ամէն յանցանք իր համապատասխան պատիժը կը ստանայ։

Սակայն, դարձեալ կեանքի մէջ, սուտը եւ ճշմարիտը այնքան իրարու մօտ են, որ յաճախ կը շփոթուին եւ ո՛րը սուտ է, ո՛րը ճշմարիտ, իրաւ կարելի չ՚ըլլար յստակ կերպով որոշել։ Երբեմն մարդ կը կարծէ, թէ ճշմարիտին կը վկայէ, բայց սուտին կը ծառայէ անգիտակցաբար։ Արդարեւ, սուտը՝ ճշմարիտին յեղաշրջումն է, եւ կամ ճշմարտութիւնը քօղարկել, ծածկել եւ տարբեր ձեւով ներկայացնել։ Սուտը, նաեւ, գիտակցաբար կը վկայուի, եւ ասիկա յանցա՛նք է։

Երբեմն ալ մարդ կը ստիպուի, կը պարտադրուի սուտ վկայութիւն տալ, բայց սուտը՝ սո՛ւտ է եւ կարելի չէ արդարացնել զայն։ Երբեմն ալ ճշմարտութիւնը չափազանցելով եւ կամ զեղչելով կը յայտնուի, ինչ որ կերպով մը ան ալ սուտ վկայութիւն է։

Ճշմարտութիւնը մէկ է. բացարձակ եւ անվիճելի՛, եւ ուրեմն ճշմարտութենէ դուրս ամէն ինչ սուտ է։ Սուտը ճշմարտութեան ուրացումը եւ մերժումն է։

Ուստի, մարդ պէտք է ընտրութիւն մը կատարէ, եւ որոշէ, թէ ճշմարտութեան ո՛րքան հաւատարիմ է։

Բայց երբեմն յատուկ պատճառներ կան՝ երբ ճշմարտութիւնը պէտք է գաղտնի պահել։ Կան ասպարէզներ եւ ծառայութիւններ՝ որ գաղտնիք կը պահանջեն, զոր օրինակ՝ բժիշկը, փաստաբանը եւ հոգեւորականը իրենց ծառայութեան մարզին մէջ գաղտնապահ պէտք է ըլլան, եւ ասիկա օրինական իրաւունք մը եւ նաեւ պարտք մըն է։ Գաղտնիքը պահել բարձր նկարագիր մը կը պահանջէ՝ իրեն վստահուածին հաւատարիմ մնալ։

Արդարեւ, մարդ եթէ ճշմարիտին եւ սուտին միջեւ տարբերութիւնը չկարենայ որոշել, տեւական սուտ վկայութիւն կու տայ։ Կ՚ըսուի, թէ՝ այնքան ատեն որ սուտը երեւան չ՚ելլեր, ամէն ոք ճշտապահ եւ ուղղամիտ է։ Նաեւ կ՚ըսուի, թէ՝ ճշմարտութիւնը որքան ալ սուտերով ծածկուած ըլլայ, ի վերջոյ երեւան կու գայ։ Ուրեմն, ճշմարտութիւնը խափանել, ծածկել, սուտերով պատել ի զուր ջանքեր են։ Ճշմարտութիւնը միշտ ինքզինք կը յայտնէ, որովհետեւ ան «լո՛յս» է եւ լոյսը խափանել կարելի չէ, թերեւս ժամանակաւոր խափանում մը միա՛յն։

Էականը ճշմարտութի՛ւնն է, սուտը ժամանակաւոր եւ անկայո՛ւն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2024