ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ

Աս­տուա­ծա­դիր զգա­ցում մըն է «նե­րո­ղամ­տու­թան ո­գի»ն մար­դուն մէջ։ Քրիս­տոս իր ամ­բողջ կեան­քին մէջ կ՚ու­զէ արթնց­նել այս զգա­ցու­մը մար­դուս մէջ՝ իր քա­րոզ­նե­րով, խրատ­նե­րով եւ ա­ռա­քե­լու­թեամբ, որ թմրած եւ անզ­գա­յա­ցած էր, մար­դիկ օ­տա­րա­ցած էին նե­րո­ղամ­տու­թեան ո­գիին։ Քրիս­տո­նէու­թեամբ, նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը ստա­ցաւ նոր նկա­րա­գիր եւ ի­մաստ՝ ո­րով հետզ­հե­տէ օժ­տուե­ցան մար­դիկ։

Մար­դիկ անդ­րա­դար­ձան ի­րենց աս­տուա­ծա­տուր զգա­ցու­մին եւ հետզ­հե­տէ սկսան վա­րուիլ ի­րա­րու հետ նե­րո­ղամ­տու­թեան զգա­ցու­մով՝ ազ­նիւ եւ ա­ռա­քի­նի հո­գիո՛վ։

Ար­դա­րեւ, մարդ ա­րա­րա­ծի «աս­տուա­ծանմա­նու­թեան» կա­րե­ւոր յատ­կա­նիշ­նե­րէն եւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէն մի՛ն է նե­րո­ղամ­տու­թեան ո­գին՝ որ մար­դա­սի­րու­թեան ազ­նիւ զգա­ցու­մին բնա­կան հե­տե­ւա՛նքն է։

«Մար­դա­սէր» ըլ­լալ՝ կը նշա­նա­կէ Աս­տու­ծոյ նմա­նիլ։

Բայց, դժբախ­տա­բար, երբ ինք­նաքն­նու­թիւն մը կա­տա­րենք եւ թա­փան­ցենք մեր նե­րաշ­խար­հին՝ կը տես­նենք, որ մեր մար­դա­սի­րու­թեան սահ­ման­նե­րը շատ ըն­դար­ձակ չեն եւ շատ նեղ շրջա­նա­կի մը մէջ ար­տա­յայ­տու­թիւն կը գտնեն։ Այս նեղ շրջա­նա­կին մէջ միայն կ՚ըլ­լանք ծնո­ղա­սէր, որ­դե­սէր, եղ­բայ­րա­սէր, բայց ո՛չ եր­բեք մար­դա­սէր։ Ուս­տի «մար­դա­սէր» ըլ­լալ այս բո­լո­րէն շատ ա­ւե­լի վեր եւ ըն­դար­ձակ զգա­ցում մըն է։

Աս­տուած մար­դա­սի­րու­թեան բա­ցար­ձա­կը եւ գա­գաթ­նա­կէտն է՝ Ան թշնա­մի­նե­րու հան­դէպ իսկ սէր պա­տուի­րե­լով՝ սի­րոյ կա­տա­րե­լու­թեան աս­տի­ճա­նը նշա­նա­կեց։ Ար­դա­րեւ, սէ­րը՝ «սէ՛ր» է,  երբ կա­տա­րեալ է, բա­ցա­ռու­թիւն չի ճանչ­նար, անխ­տիր եւ ամ­բողջ է։ Եւ քա­նի որ «թշնա­մի»ն իսկ մա՛րդ է, ա­պա ու­րեմն ի­րա­պէս «մար­դա­սէր» ըլ­լա­լու հա­մար պէ՛տք է անխ­տիր սի­րել՝ մին­չեւ իսկ «թշնա­մի՛ն»։ Եւ մարդ երբ կը դժուա­րա­նայ սի­րել իր թշնա­մին, ու­րեմն ա­ւե­լի դիւ­րին է՝ «թշնա­մի չու­նե­նալ»։ Երբ մարդ «թշնա­մի» չու­նե­նայ, «թշնա­մին սի­րել»ու պար­տա­ւո­րու­թիւնն ալ չ՚ու­նե­նար։ Եւ այս ալ կը նշա­նա­կէ՝ մար­դա­սի­րու­թեամբ թշնա­մին բա­րե­կա­մի վե­րա­ծել՝ թշնա­մին շա­հիլ որ­պէս ըն­կեր։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ «մար­դա­սի­րու­թեան» ի­մաս­տը եւ խոր­հուր­դը այս ի­րո­ղու­թեան մէջ կը կա­յա­նայ։

Մին­չեւ Քրիս­տոս, հրեա­նե­րը կը հա­մա­րուէին «Աս­տու­ծոյ սե­փա­կան ժո­ղո­վուրդ», որ Քրիս­տո­սով բո­լոր մար­դիկ մէկ դար­ձան, խտրու­թիւ­նը ջնջուե­ցաւ, վեր­ցուե­ցաւ հրեա­յի եւ օ­տա­րազ­գի, ա­զա­տի եւ ծա­ռա­յի, եւ մին­չեւ իսկ ա­րուի եւ է­գի մի­ջեւ։

Եւ Յի­սուս, ի՛նք տի­պա­րը ե­ղաւ այս տիե­զե­րա­կան մար­դա­սի­րու­թեան ո­գիին, իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թա­քին։

Ուս­տի Յի­սուս, հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րէ վտարուած եւ մեր­ժուած բո­րոտ­նե­րու հետ շփուե­ցաւ, զա­նոնք բժշկեց՝ ա­նոնց վրայ ձեռք դնե­լով։ Մին­չեւ իսկ յանձն ա­ռաւ խա­չուիլ՝ փրկե­լու հա­մար ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը։

Եւ ան­շուշտ, այս տիե­զե­րա­կան եւ ամ­բող­ջա­կան մար­դա­սի­րու­թեան բնա­կան հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ՝ տիե­զե­րա­կան եւ կա­տա­րեալ նե­րո­ղամ­տու­թեան ո­գիին վե­րա­հաս­տա­տու­մը մարդ­կա­յին հո­գիին մէջ։ Նե­րո­ղա­միտ ըլ­լա­լու այս պատ­գա­մը ի­րա­գոր­ծե­ցին ա­ռա­քեալ­նե­րը, ո­րոնք չար­չա­րանք­նե­րու եւ հա­լա­ծանք­նե­րու մէջ համ­բե­րու­թիւն եւ զո­հո­ղու­թիւն ցոյց տուին եւ Ա­նոր ա­նուան հա­մար նե­ղու­թիւն­նե­րու են­թար­կուե­ցան։ Ա­նոնք «մար­դա­սի­րու­թեան պա­տե­րազմ»ի մէջ հա­ւատ­քի եւ հա­ւա­տար­մու­թեան յաղ­թող մար­տիկ­ներ հան­դի­սա­ցան։ Ա­ռա­քեալ­նե­րը այս բո­լոր նե­ղու­թիւն­նե­րը կ՚ըն­դու­նէին որ­պէս ի­րենց սխալ­նե­րուն եւ յան­ցանք­նե­րուն հա­տու­ցո՛ւմ։ Ի­րենց մեծ խո­նար­հու­թեան, մար­դա­սի­րու­թեան ե՛ւ համ­բե­րու­թեան շնոր­հիւ, ո­րոնք ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թեան յատ­կա­նիշ­ներն էին, կ՚ա­ղօ­թէին զի­րենք չար­չա­րող­նե­րուն հա­մար։

Ուս­տի չար­չա­րանք կրող­ներ, ի­րենք զի­րենք եր­բեք ար­դար եւ սուրբ, ան­մեղ չէին հա­մա­րեր, ա­նի­րա­ւուած չէին նկա­տեր, ինչ­պէս ի­րենց դէմ կա­տա­րուած հա­լա­ծան­քը ա­նի­րաւ ա­րարք չէին տես­ներ։ Եւ ա­նոնք, ի­րենց խո­նար­հու­թեան եւ հա­ւա­տար­մու­թեան շնոր­հիւ դար­ձան «Քրիս­տո­սի խա­չա­կից»ը, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ։ Այս­պէս վարուե­ցան նաեւ ճգնա­ւոր­ներ եւ ա­նա­պա­տա­կան­ներ։ «Չդա­տե՛լ»ու քրիս­տո­սա­ւանդ պա­տուի­րա­նը մտա­պէս եւ հո­գե­պէս ըմբռնե­լով ու կա­տա­րե­լով՝ ա­նոնք դար­ձան քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի ջա­հե­րը եւ լու­սա­ւո­րե­ցին բազ­մա­թիւ սե­րունդ­ներ։

Կը պատ­մուի, թէ Հայր Պի­մէ­նի կու գան հա­ւա­տա­ցեալ­ներ՝ որ­պէս­զի դա­տէ յան­ցա­գործ «եղ­բայր» մը։

Սուրբ Հայ­րը կը մեր­ժէ դա­տել յան­ցա­ւո­րը, յե­տոյ կը ստի­պուի։ Դա­տե­լէ ա­ռաջ մէջ­քին կը կա­պէ ա­ւա­զով լե­ցուն պարկ մը՝ ո­րուն տակ ծակ մը կար՝ ուր­կէ ա­ւա­զը դան­դա­ղօ­րէն գե­տին կը թա­փուէր։

Ի­րեն դի­մող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը կը հարց­նէին, թէ ին­չո՞ւ այդ պար­կը զե­տե­ղած է մէջ­քին եւ ծա­կած է զայն, որ­մէ ա­ւա­զը կը թա­փուի, եւ ին­չո՞ւ չէ զե­տե­ղած ու­սին վրայ։ Սուրբ Հայ­րը կը պա­տաս­խա­նէ. «Որ­դի­ներ, այդ ա­ւա­զի հա­տիկ­նե­րը իմ մեղ­քերս են, ո­րոնք ին­ծի կը հե­տե­ւին ամ­բողջ կեան­քիս ըն­թաց­քին եւ ես ա­նոնք չեմ տես­ներ. սա­կայն այ­սօր կ՚եր­թամ դա­տե­լու եղ­բայր­նե­րէս մէ­կուն մեղ­քը, որ ին­ծի կը ներ­կա­յա­նայ, եւ ես կը տես­նեմ զայն»։ Դի­մում կա­տա­րող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը կ՚անդ­րա­դառ­նան ի­րենց սխա­լին եւ նե­րո­ղու­թիւն խնդրե­լով կը հրա­ժա­րին ի­րենց եղ­բայ­րը դա­տե­լու դի­մու­մէն։ Ար­դա­րեւ, ան­մեղ մարդ չկա՛յ, երբ մէ­կը կը մե­ղադ­րենք, նախ պէտք է մենք զմեզ քննենք եւ ո­րո­շենք, թէ ո՛ր­քան ար­դար ենք ու­րի­շը դա­տե­լու, դա­տա­պար­տե­լու հա­մար։

Հայր Գե­րա­սի­մոս հին ձե­ռա­գիր ա­ւե­տա­րան մը ու­նէր։ Օր մը կը գող­ցուի այդ հին ա­ւե­տա­րա­նը։ Հայր Գե­րա­սի­մոս եր­բեք չի նե­ղա­նար այդ գո­ղու­թեան պատ­ճա­ռով։ Գո­ղը, ա­ւե­տա­րա­նը շու­կայ կը տա­նի ծա­խե­լու զայն եւ գին մը կը սահ­մա­նէ ա­նոր։ Վա­ճա­ռա­կան մը կը հա­մա­ձայ­նի եւ գնել կ՚ու­զէ ա­ւե­տա­րա­նը՝ այն պայ­մա­նով, թէ՝ պէտք է ա­ւե­տա­րա­նը տա­նի վա­նա­կա­նի մը եւ ստու­գէ ա­նոր հնու­թիւ­նը եւ իս­կա­կան ար­ժէ­քը։ Եւ աս­տուա­ծա­յին նա­խախ­նա­մու­թեամբ ա­ւե­տա­րա­նը կը բե­րուի Հայր Գե­րա­սի­մո­սի։ Ճգնա­ւո­րը տես­նե­լով զայն, չի յու­զուիր եւ չի յայտ­ներ, թէ այդ ա­ւե­տա­րա­նը ի­րեն կը պատ­կա­նի եւ թէ գող­ցուած է, այլ կ՚ը­սէ, որ ա­ւե­տա­րա­նը շատ ար­ժէ­քա­ւոր է եւ պա­հան­ջուած գի­նէն շատ ա­ւե­լին կ՚ար­ժէ։ Ա­ռեւտը-րա­կա­նը կը վե­րա­դառ­նայ եւ կ՚ը­սէ, թէ ինք ա­ւե­տա­րա­նը տա­րած է Հայր Գե­րա­սի­մո­սի եւ ան վկա­յած է ա­նոր հնու­թեան եւ ար­ժէ­քա­ւո­րու­թեան մա­սին։

Գո­ղը, նոյն պա­հուն քար կը դառ­նայ, ապ­շած ու սարս­ռած կը հարց­նէ, թէ ու­րիշ բան չը­սա՞ւ։

Ա­ռեւտ­րա­կա­նը կը պա­տաս­խա­նէ, թէ ու­րիշ ո­րե­ւէ բան չէ ը­սած Հայր Գե­րա­սի­մո­սը։

Գո­ղը ան­մի­ջա­պէս կը խլէ ա­ւե­տա­րա­նը եւ կ՚ը­սէ, որ այ­լեւս հրա­ժա­րա՛ծ է զայն վա­ճա­ռե­լէ։ Եւ գո­ղը կը վա­զէ Հայր Գե­րա­սի­մո­սի մօտ, ա­նոր ոտ­քե­րը կ՚իյ­նայ եւ նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրէ, կը խոս­տա­նայ այ­լեւս հրա­ժա­րիլ չա­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէ եւ դառ­նալ հո­գե­ւո­րա­կան մը։ Մին­չեւ իր կեան­քի վեր­ջը կը մնայ ա­նա­պա­տի մէջ եւ կ՚ա­պաշ­խա­րէ իր գոր­ծած յան­ցանք­նե­րուն եւ մեղ­քե­րուն հա­մար։

Վեր­ջա­պէս, Վ. Հիւ­կո­յի Պիէն­վէօ­նիւ ե­պիս­կո­պոսն ալ լաւ օ­րի­նակ մըն է նե­րո­ղամ­տու­թեան ո­գիի ար­տա­յայ­տու­թեան…։

- Մա­սամբ օգ­տուե­ցանք՝ Տ. Մի­քա­յէլ Վար­­դա­պետ Գե­ւոր­գեա­նի մէկ քա­րո­զէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 9, 2017, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017