ՄԱՐԴՈՒՆ ԴՐԱԽՏԷՆ ԱՐՏԱՔՍՈՒՄԸ

Մեծ պահոց երկրորդ Կիրակին յիշատակումն է՝ մարդուն դրախտէն արտաքսման։ Արդարեւ Բարեկենդանի յաջորդող այս դէպքը մեզի ցոյց կու տայ՝ անհնազանդութեան հետեւանքը, որ է ստիպուիլ լքե՛լ այն ամէն բարիք, որ հնազանդութեան եւ հաւատարմութեան փոխարէն տրուած է մարդուն։ Կարելի է խորհիլ, թէ «հնազանդութիւն»ը կամ «հաւատարմութիւն»ը կը հակասեն մարդուս ազատութեան գաղափարին եւ «ազատ կամք»ի վարդապետութեան։ Բայց հարցը պէտք չէ լոկ մարդկային ազատութեան եւ հնազանդութեան գաղափարներու սահմանին մէջ խորհրդածել եւ ըստ այնմ եզրակացութեան մը յանգիլ։ Ուստի, թէ՛ հնազանդութիւնը, եւ թէ՛ ազատութիւնը պէտք է նկատի առնել «աստուածային» տեսանկիւնէն դիտելով։

Նախ, «ազատութիւն»ը կը նշանակէ՝ ինքնակամութեամբ տէր ըլլալ իր անձին՝ իւրաքանչիւր անհատի ինքնավար կերպով գործելը եւ շարժիլը։ Այս իմաստով ազատութիւնը իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելո՛ւ, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Այս սահմանումին մէջ «չգործել»ու կարողութիւնը կարծես կ՚արդարացնէ «անհնազանդութիւն»ը կամ «հաւատարմութիւն»ը։ Բայց պէտք է նկատել որ՝ ազատութիւնը անսահման եւ բացարձակ կարողութիւն մը չէ։ Եւ ո՛չ մէկ ազատութիւն, մարդուս կու տայ բոլորովին սանձարձակ շարժելու, քմահաճօրէն գործելու իրաւունք եւ կարողութիւն։ Ազատութիւնը ունի երկու սահման. մին, ուրիշին ազատութիւնը, եւ միւսը տուեալ օրէնքները։ Եթէ նկատի ունենանք, թէ օրէնքներու սկզբնակէտը «Բնական Օրէնք»ն է, ապա ուրեմն ազատութեան սկզբնական սահմանը Բնական Օրէնքն է։ Այս կը նշանակէ, որ ազատութիւնը չի կրնար ներհակ ըլլալ Օրէնքի, եւ յատկապէ՛ս Բնական Օրէնքի՝ որ աստուածային իմաստութեան եւ իմացականութեան արդիւնք է։

Յետոյ, «հնազանդութիւն»ը։ Մարդ պէտք է միշտ հնազանդի իր խղճմտանքին ստոյգ դատողութեան։

Եթէ «ազատ կամք»ով անոր դէմ գործէ՝ մարդ ինքզինք կը դատապարտէ։ Այս կը նշանակէ, թէ ազատ կամքը անսահման չէ, եւ թէ անձնական պատասխանատուութիւնը միշտ պատրաստ է փոխարինելու ամէն շահագործում ազատութեան՝ որ կը նշանակէ օրինազանցութի՛ւն։ Ուստի իշխանութեան հպատակութիւնը եւ հասարակաց բարիքը եւ օգուտը արգելքներ են «ազատ կամք»ի գործադրութեան, չափաւորութեամբ օգտագործման։

Եւ «հաւատարմութիւն»ը։ Օրէնքի ճամբով Աստուծոյ հաւատարմութիւն՝ կեանքի գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժե՛շտ է. հաւատարմութիւնը կը ներդաշնակէ, կը կանոնաւորէ կեանքը։ Հաւատարմութիւնը Աստուծոյ տրուած մարդուն խոստումներուն հանդէպ արտայայտութիւնն է այս յարգանքին, զոր մարդ պարտի աստուածային մեծ վայելչութեան եւ սիրոյն, ի յարգանս հաւատարիմ Աստուծոյ։ Արդարեւ, Ինք Աստուած հաւատարիմ է իր խոստումին, իր դրած Օրէնքին, եւ այդ իմաստով՝ Աստուած տիպա՛րն է հաւատարմութեան։

Ուրեմն Ազատութիւն-Հնազանդութիւն եւ Հաւատարմութիւն՝ երբեք չեն հակադրեր իրարու, այլ կը հաւասարակշռեն, կը ներդաշնակեն եւ աստուածային կամքին համաձայն ընդհանուր կարգապահութիւնը կ՚ապահովեն եւ կը տեւականացնեն։ Ուրիշ խօսքով՝ հնազանդութիւն եւ հաւատարմութիւն արգելք չեն ազատութեան՝ ազատ կամքի, այլ եւ ընդհակառակը՝ կ՚ամբողջացնեն եւ իր լրումին կը հասցնեն զայն։

Ազատութիւնը լրիւ գործածելու ճամբան հնազանդիլ եւ հաւատարիմ մնալ է յատկապէս Բնական Օրէնքին՝ բարութեան, օգտակարութեան եւ ճշմարտութեան մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի սկզբունքներուն հնազանդելով եւ հաւատարիմ մնալով։

Ուրեմն վերոյիշեալ տեղեկութիւն եւ խորհրդածութիւններու լոյսին տակ, տեսնենք «Արտաքսման» եղելութիւնը, պատճառ եւ արդիւնքները։ Արտաքսման պատճառը՝ անհնազանդութիւն եւ խոստումի անհաւատարմութիւնն է մարդուն, իսկ արդիւնքը՝ մարդու կեանքին փոփոխութի՛ւնը։ Արտաքսումը փոխեց մարդու կեանքը, կեանքին ընթացքը։ Ըսենք որ արտաքսման պատճառը անհնազանդութիւնն էր՝ բոլոր մեղքերու սկի՛զբը։

Աստուած, նախամարդուն պատուիրեց դրախտի բոլոր ծառերու պտուղներէն ճաշակել, բացի՝ «կեանքի, եւ չարի եւ բարիի գիտութեան ծառ»ին պտուղներէն։

Ահաւասիկ, այն ի՛նչ որ վերը յիշեցինք. ազատութիւնը ըստ էութեան սահման մը ունի, եւ ազատ է այն՝ որ կը հնազանդի պահել այդ սահմանը։

Թէ ինչպէս կը մեկնաբանեն Եկեղեցւոյ հայրեր «Բարիի եւ չարի գիտութեան ծառ»ը. (ԾՆՆԴ. Բ 16-17)։ Անոնք կը մեկնաբանեն սապէս, թէ՝ այդ ծառի պտուղէն ուտելու արգելքը տեւական արգելք մը չէ, այլ՝ ժամանակի մը համար, մինչեւ որ ծառին պտուղները հասուննային, ծառին մշակումովը Ադամի եւ Եւայի կողմէ, եւ խնամուին, այսինքն՝ «առաքինութեան պտուղները տան»։

Ուրեմն ամէն բարիք ունի իր ժամանակը՝ հոգեպէս հասունութեան վիճակի հասնող մարդոց կողմէ օգտագործելու համար։ Մարդ պէտք է հասնի որոշ մտային եւ հոգեկան հասունութեան մը, որպէսզի կարենայ ճաշակել իր խնամած եւ համբերութեամբ հասցուցած ծառի պտուղներէն օգտուի։ Եւ ուրեմն, ազատութիւնը վայելելու եւ ազատ կամքով գործելու համար «ազատութեան միջավայր»ը մշակել եւ խնամել, եւ յետոյ զայն կատարելու եւ վայելելու համար ալ որոշ հասունութիւն մը՝ կարողութիւն եւ տարողութիւն ունենալու է։

Իսկ հասունութիւնը կը պահանջէ համբերատարութիւն եւ յարատեւութիւն։ Ուրեմն, ազատութիւն կարենալ վայելելու համար մարդ պէտք է հաստատակամ ըլլայ, չվհատի, չյուսալքուի եւ շարունակէ իր ընթացքը կատարելութեան հասնելու համար եւ երբ կատարելութեան հասնի, այսինքն հասուննայ՝ իմացականութեամբ եւ բանականութեամբ, արդէն կրնայ զանազանել բարին եւ չարը, եւ ըստ այնմ կը վայելէ ազատութիւնը եւ ուղիղ կերպով կը գործածէ իր ազատ կամքը։ Եւ ահաւասիկ այս պատճառով է, որ ազատութեան առջեւ դրուած են կարգ մը արգելքներ, սահմաններ, որպէսզի ազատութինը սխալ չգործածուի։

Ուստի «արգելք»ը միշտ ժխտական, բացասական իմաստով պէտք չէ ընդունիլ, այլ ազատութեան գետինը լաւագոյն կերպով գործածելու համար միջոց մը, պատրաստը-ւելու ժամանակաշրջան մը։

Եւ ահաւասիկ, երբ մարդ անհնազանդ գտնուի իրեն ի նպաստ դրուած ժամանակաւոր արգելքներու, այդ մասին պատուէրներու, հետեւանքը կ՚ըլլայ «արտաքսո՛ւմ», ինչպէս պատահեցաւ նախամարդուն՝ իր անհնազանդութեանը պատճառով։ Ուստի չափաւորութիւնը անհրաժե՛շտ է ազատ գործելու համար եւ այդ իսկ պատճառով է, որ ըսուած է. «Չափաւորութիւնը կէս աստուած է»։ Եւ ի՛նչ ալ ըլլայ, չափաւորութիւնը իրապէ՛ս աստուածահաճոյ եւ կենսատու միջոց մըն է կեանքին համար։ Չափաւորութեա՛մբ է, որ մարդ կրնա՛յ պահել իր բարւոք վիճակը ամէն ժամանակ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 12, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018