ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԻՂՁԸ

Աստուծոյ տենչը դրոշմուած է մարդուն սրտին մէջ, որովհետեւ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ համար։ Աստուած չի դադրիր երբեք մարդը իրեն քաշելէ եւ մարդը միայն Աստուծոյ մէջ պիտի գտնէ իր անդադար փնտռած ճշմարտութիւնը եւ երջանկութիւնը։ Արդարեւ, Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Ուրախութիւն՝ Աստուած որոնող սրտերուն». (ՍԱՂՄ. ՃԴ 3)։ Բայց այս որոնումը կը պահանջէ մարդուն իմացականութեան ամբողջ ճիգը, անոր կամքին ուղղամտութիւնը, անոր «ուղիղ սիրտ»ը եւ նաեւ բարի վկայութիւնը անոնց, որոնք իրեն Աստուած փնտռել կը սորվեցնեն։ Եւ մարդ, որ Աստուած կը փնտռէ, կը գտնէ կարգ մը «ուղի»ներ հասնելու համար Աստուծոյ ճանաչումին։ Անոնք կը կոչուին «փաստեր Աստուծոյ գոյութեան», ո՛չ թէ բնական գիտութիւններուն փնտռած փաստերուն իմաստով, այլ «համոզկեկ եւ համընկնող ապացոյցներ»ու իմաստով, որոնք հնարաւորութիւն կու տան հասկնալու իսկական ստուգութիւնը։

Եւ իսկական ստուգութիւնը հասկնալ՝ երջանկութի՛ւն է ինքնին. կը նշանակէ՝ փնտռածը գտնե՛լ։ Արդարեւ, մարդ երբ հասնի իր նպատակին՝ ինքզինք երջանիկ կը զգայ։ Կերպով մը, երջանկութիւնը՝ կատարեալ ըլլալ, կատարելագործուիլ, թերութիւնները ամբողջացնել կը նշանակէ։ «Դուն, Աստուած, մեզ Քեզի համար կազմեցիր եւ մեր սիրտը չունի դադար՝ որքան ստեն որ չի հանգչիր Քու մէջդ», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Զոր օրինակ, մեկնելով աշխարհի ցուցաբերած շարժումէն, լինելութենէն, պատահմունքներէն, կարգաւորութենէն, երեւոյթներէն եւ գեղեցկութենէն, կարելի է ճանչնալ Աստուած իբրեւ սկիզբ եւ վախճան տիեզերքին, ինչ որ մարդս երջանիկ կ՚ընէ։

Ուստի, մարդ արարածը իր բացումով, իր մօտեցումով դէպի ճշմարտութիւնը եւ գեղեցկութիւնը, իր զգացումովը բարոյական բարիին, իր ազատութեամբ եւ իր խղճմտանքին ձայնով, անհունին եւ երջանկութեան իր տենչանքով, ինքզինք կը հարցաքննէ Աստուծոյ գոյութեան մասին։ Եւ այս բոլորին ընդմէջէն ան կը նշմարէ նշանները իր աննիւթական հոգիին։

Մարդուն հոգին, սերմ յաւիտենականութեան, զոր կը կրէ իր մէջ եւ որ անվերածելի է լոկ նիւթին, իր ծագումը չի կրնար գտնել, եթէ ոչ միայն Աստուծոյ մէջ։ Աշխարհը եւ մարդը կը վկայեն, թէ իրենք իրենց մէջ ո՛չ իրենց սկիզբը եւ ո՛չ ալ իրենց վերջնական վախճանը ունին, այլ մաս կը կազմեն Արարչին էութեան, որ անսկիզբ է եւ անվախճա՛ն։

Այսպէս՝ զանազան «ուղի»ներով մարդը կարող է մատչիլ ճանաչումին իրականութեան մը գոյութեան, որ «առաջին պատճառ»ն է՝ ամէն բանի սկիզբը, նախաքայլը, մեկնակէտը եւ նաեւ վերջնագոյն վախճանը ամէն բանի, եւ զոր ամէնքը կը կոչեն Աստուած։

Ահաւասիկ, անդրադառնալ այս ճշմարտութեան եւ տեսնել գեղեցիկը, վայելել բարին՝ երջանկութիւնն իսկ է։ Ուստի ճշմարտութեան անդրադառնալ կը նշանակէ հասնիլ վերջնագոյն նպատակին, իսկ նպատակին հասնիլ արդէն երջանկութիւն զգալու պատճառ մըն է եւ կարեւորագոյն պատճառ մը։

Մարդուն կարողութիւնները զինք ատակ կը դարձնեն ճանչնալու անձաւոր Աստուծոյ գոյութիւնը։ Բայց որպէսզի մարդը կարենայ մտնել Իր մտերմութեան մէջ, Աստուած ուզեց Ինքզինք յայտնել մարդուն եւ տալ անոր շնորհքը, որ կարենայ ընդունիլ այս յայտնութիւնը հաւատքի միջոցով։ Փաստերը Աստուծոյ գոյութեան՝ կրնան մարդը գէթ հաւատալու տրամադրել եւ օգնել որ տեսնէ, թէ հաւատքը չի հակադ-րըւիր մարդկային բանականութեան։

Անշուշտ որ եթէ ամէն ինչ բարի ըլլայ եւ կեանքը բարութեամբ ընթանայ մարդիկ երջանիկ կը զգան իրենք զիրենք, բայց ո՛չ ոք զերծ կը մնայ տառապանքի փորձառութենէն եւ բնութեան մէջ առկայ չարիքներէն, որոնք հետեւանքն են արարածներուն յատուկ եղող սահմանափակումներուն, եւ մանաւանդ բարոյական չարիքին հարցէն, եւ այս իսկ պատճառով մարդ յաճախ դժբախտ կ՚ըլլայ եւ ապերջանի՛կ։ Մարդ եթէ երջանիկ չզգար ինքզինք, ասոր պատճառը անխուսափելի չարն է եւ բնութեան մէջ առկայ չարիքները։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Կը փնտռէի, թէ չարիքը ո՞ւրկէ կու գայ եւ լուծում չէի գտներ»։ Ուրեմն, չարը եւ չարիքը միշտ պիտի ըլլայ մեր կեանքին մէջ եւ կարեւորը կարենալ պայքարիլ եւ կարենալ յաղթահարելն է զայն. արդէն «կեանքի պայքար» ըսուածն ալ ասիկա չէ՞…։

Աստուած, Իր վերանցականութեան (=անջատ գոյութիւն. անդրանցական. «transcendal». այն ինչ որ անդին եւ վեր է. գերզգայական) պատճառով, տեսանելի պիտի ըլլայ ինչպէս որ է՝ միայն երբ Ինքն Իր խորհուրդը պիտի բանայ մարդուն անմիջական վերհայեցողութեան եւ Ինք այդ կարողութիւնը անոր պիտի տայ։ Աստուծոյ Իր երկնային փառքին մէջ այս վերհայեցողութիւնը Եկեղեցւոյ կողմէ կոչուած է «երանաւէտ տեսութիւն»։

Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագինացի կ՚ըսէ.

«Ասիկա պիտի ըլլայ քու փառքդ եւ քու երանութիւնդ, երբ ընդունիս Աստուած տեսնողներուն մէջ, ունենաս պատիւը մասնակցելու փրկութեան ուրախութիւններուն եւ յաւիտենական լոյսին՝ քու Տէր Աստուծոյ Քրիստոսի ընկերութեան մէջ… երբ ձեռք ձգուած անմահութեան ուրախութիւնները վայելես երկինքի Արքայութեան մէջ, արդարներուն եւ Աստուծոյ բարեկամներուն ընկերութեան մէջ»։

Արդարեւ, երկինքի փառքին մէջ, երանելիներ կը շարունակեն ուրախութեամբ կատարել Աստուծոյ կամքը՝ միւս մարդոց եւ ամբողջ արարչութեան նկատմամբ։ Անոնք այլեւս կը թագաւորեն Քրիստոսի հետ։ Անոր հետ «անոնք պիտի թագաւորեն յաւիտեանս, յաւիտենից». (ՅԱՅՏ. ԻԲ 5), (ՄԱՏԹ. ԻԵ 21-23)։

Յոյսին առաքինութիւնը կ՚ընդառաջէ երանութեա՜ն տենչանքին, զոր Աստուած դրած է ամէն մարդու սրտին մէջ։ Ան կը ստանձնէ յոյսերը, որոնք կը ներշնչեն մարդոց գործունէութիւնները, կը մաքրէ զանոնք եւ կը հունաւորէ դէպի երկինքի Արքայութիւնը։

Յոյսը մարդը կը պաշտպանէ վհատութենէն, ան որ անոր թիկունք կը կանգնի լքումի վայրկեաններուն մէջ, կ՚ընդարձակէ սիրտը դէպի սպասումը երջանկութեան եւ յաւիտենական երանութեան։ Յոյսին տուած թափը մարդս զերծ կը պահէ «եսասիրութենէն» եւ կ՚առաջնորդէ սիրոյ երանութեան։ Արդարեւ, հոն ուր սէր կայ՝ հոն երջանկութիւն կա՛յ։

Քրիստոնեայ յոյսը ծաւալ կ՚առնէ Յիսուսի քարոզութեան սկիզբէն իսկ՝ երանութիւններու հռչակումին մէջ։

Մենք կրնանք ուրեմն յուսալ երկինքի փառքը՝ որ Աստուծմէ խոստացուած է անոնց, որոնք կը սիրեն զԻնք (ՀՌՈՄ. Ը 28-30) եւ կը կատարեն Իր կամքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 11, 2021, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2021