ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԹԱՏՐՈՆԸ

Ներկայիս շա՜տ շատեր թատրոնը չեն սիրեր, սակայն կար ժամանակ, որ մամուլի կողքին մարդոց մեծագոյն զբաղմունքն ու ժամանցը թատրոնն էր, սակայն այդ մէկը որպէս «զբաղմունք» ընդունիլը կը նեղացնէր մտաւորական խաւը, որոնք թատրոնը ժամանցէ եւ զբաղմունքէ աւելի որպէս դպրոց կը տեսնէին: Մտաւորականներ համոզուած էին, որ թատրոնի ճամբով, քիչ մը ծիծաղով, քիչ մը յուզումով կը յաջողին մարդոց կեանքերուն վրայ ազդել եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ սրբագրել շատ մը թերութիւններ, սակայն դժուար էր անուս հանրութիւն մը մտաւորական նման բարձր մակարդակի մէջ «խեղդել», այդ իսկ պատճառով կար անյստակութիւն մը թատրոնի ինչութեան շուրջ:

Գրիգոր Զօհրապ 1892 թուականին գրած իր յօդուածներէն մէկուն մէջ հետեւեալ տողը կ՚արձանագրէ. «Ո՞վ ըսաւ որ զբօսատեղի մըն է թատրոնը»։ Այդ ժամանակուան մարդիկ թատրոնը կը գործածէին նաեւ որպէս թղթախաղի կեդրոն՝ ինչ որ աւելի հասարակ կը դարձնէր թատրոնը: Մինչ մտաւորական սերունդը թատրոնը կը քաջալերէր, որովհետեւ գիտէր, թէ ամէն մարդ չէ՛ որ գիտէ եւ կամ սէր ունի ընթերցանութեան հանդէպ, հետեւաբար թատրոնը լաւագոյն վայրն էր «կրթել»ու նաեւ գիր ու գրականութենէ հեռու հասարակութիւնը եւս:

Սակայն այս բոլորին կողքին կար աւելի վտանգաւոր եւ մտահոգեցուցիչ երեւոյթ մը. հասարակութիւնը թատրոնը որպէս դպրոց ընդունելու փոխարէն որպէս անբարոյ կառոյց կ՚ըմբռնէր եւ այդ է պատճառը, որ սկզբնական շրջանին արական սեռի ներկայացուցիչները աւելի են՝ քան իգական սեռի ներկայացուցիչները. օրինակ՝ սերտելով պատմութիւնը կը տեսնենք, թէ ինչպէս հայ թատրոնի աստղերէն Սիրանոյշ կ՚ուզէ դերասանութիւն ընել, սակայն մայրը արգելք կը հանդիսանայ: Պոլսոյ մէջ մի քանի տասնեակ դերասանուհիներ իրենց ամուսնութենէն ետք հեռացած են բեմերէն, որովհետեւ երկար ժամանակ կար ամօթ ըլլալ-չըլլալու անտրամաբանական պայքարը:

Աւելին, Պետրոս Դուրեան իր հրապարակախօսութիւններէն մէկուն մէջ կը յիշէ թատրոնը ամբողջութեամբ վերացնել փորձողներ, ըսելով՝ «ամէն հիմնարկութիւն կ՚ունենայ նաեւ իր հակառակորդներն ալ»։ Անոր բացատրութիւններով այդ թշնամիները նախատեցին, բամբասեցին եւ արգելք հանդիսացան թատերական ներկայացումներու, մինչեւ հասաւ ժամանակ, որ Պոլսոյ մէջ թատրոնի հանդէպ սէրը սկսաւ նահանջել եւ դերասաններ սկսան մեկնիլ Գահիրէ, Թիֆլիզ եւ այլուր՝ շարունակելու համար իրենց դերասանութիւնները:

Սակայն հայուն մէջ գոյութիւն ունի հիւանդութիւն մը՝ որուն սկզբնաւորութիւնը թէեւ անծանօթ, սակայն դարերու կեանք ունի. հայ թատրոնը քննադատող եւ անպատուող հասարակութիւնը միաժամանակ ետ չէր մնար օտար թատրոններ յաճախելէ. օտարին ըրածը մի՛շտ աւելի հաճոյք պատճառած է մեզի. Դուրեան այս երեւոյթը հետեւեալ տողերով կը պարզէ. «Թողլով մեր թատրոնը կը յաճախենք հոն, որովհետեւ օտար թատրոնները աւելի զարդարուն են եւ դերասաններն ալ աւելի յառաջադէմ, որովհետեւ մեր թատրոնը խիստ աղքատ է եւ դերասանները տկար». մէկ բռունցք ըլլալու եւ հայ թատրոնը զարգացնելու փոխարէն հասարակութիւնը կը դիմէ թշնամանքի:

Մինչեւ օրս մենք սքանչացումով կը դիտենք օտարազգիներու ժապաւէններն ու ներկայացումները, մոռնալով որ հայ գրականութեան մէջ ունինք այնպիսի գոհարներ, որոնք կրնան մրցիլ եւ մինչեւ իսկ գերազանցել նոյնիսկ աշխարհահռչակ «Օթելլօ»ն. բայց օտարինը միշտ աւելի գրաւիչ կ՚երեւի:

Աւելի քան դար մը առաջ այս դժբախտ երեւոյթները նկատի ունենալով մտաւորականներ թատրերգութեան բօթը փոխանցել կը փորէին. սակայն հրաշքով մը մինչեւ օրս կեանքի որոշ նշոյլ մը կը շարունակէ ցոյց տալ հայկական թատրոնը՝ սակայն անցեալի իր նպատակներէն ամբողջովին տարբեր ուղղութիւններով: Մերօրեայ թատրոնը արուեստ ըլլալէ անկախ կարծես մի քանի անհատներու «հաճոյք»ն է, որ կը գոհացնէ պարզապէս. անձեր՝ որոնք իրենց մէջ կը տեսնեն ու կը գտնեն դերասանական շնորհքը: Հայ մամուլի վիճակէն տարբեր վիճակ մը չի ներկայացներ այսօր հայ թատրերգութեան վիճակը:

Աւելին, շատեր կ՚ունենան այն կարծիքը, որ թատրոնը ծիծաղելու վայր է պարզապէս. ներկայ հանդիսատեսը բարոյական ու խորհրդաւոր զգացումէ աւելի հոն ծիծաղ ու խնդուք կը փնտռէ. այն թատրոնը, որ ժպիտ չի պատճառեր անիմաստ կը նկատէ, որովհետեւ մեզի համար ալ այդ մէկը ժամանց ըլլալու սահմաններէն չ՚անցնիր:

Այսօր ոչ միայն մեր գրասեղաններէն, այլ նաեւ բեմերէն կամաց կամաց կը հեռանան Պարոնեանը, Դուրեանը, Սուրէն Աբեղեանը եւ ուրիշներ: Այդ հեռացումին հետ միատեղ հրապարակէն կը հեռանան նաեւ դերասանները եւ այդ է պատճառը, որ այսօր նոր Սիրանոյշներ, Սաթենիկ Ադամեաններ ծնունդ չեն առներ:

Եթէ Գրիգոր Զօհրապ աւելի քան դար մը առաջ հայ թատրոնի մահը կը գուժէր, ապա մենք այսօր ինչքա՜ն աւելիով անոր կորուստը պիտի ողբանք, որովհետեւ ներկայ բեմական կեանքը անբարոյականութեան հայելին է պարզապէս, ուր գրական, բարոյական եւ փիլիսոփայական ոչ մէկ բան գոյութիւն ունի:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -170-

Մօտաւորապէս երեք տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ Համազգայինը թատերական ներկայացում մը ունեցաւ. ներկայացման ընթացքին թէեւ սրահը ամբողջութեամբ լեցուած չէր, սակայն արդարացուցիչ թիւ մը եկած էր դիտելու, մանաւանդ նկատի ունենալով որ երկար ժամանակ թատերական ներկայացում տեղի չէր ունեցած: Թատրոնի նիւթը վերացական ու փիլիսոփայական էր. քիչ մը հանդիսատեսին սպասումին հակառակ ու անծանօթ:

Ներկայացման ընթացքին շուրջս նայեցայ. հանդիսատեսներուն կէսէն աւելի քնացած էր. թատերասրահէն դուրս գալու ժամանակ կին մը կողքինին կ՚ըսէր. «Մենք ալ կարծեցինք խնդալիք աղուոր բան մըն է». զարմանալի չէ, որովհետեւ աղուորը մի՛շտ ծիծաղելի պէտք է ըլլայ իրենց կարծիքով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2023