ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆ Է…
Վարդանանց տօն է. Յարութեան խօսքն է հիմա, որ կը լեցնէ մեր կեանքը, մեր ապրումները, որոնք կարծես հայութեան յաւերժութենէն փրթած լոյսի շողեր են՝ մեր կեանքի անհաւատալի պահերուն մէջ ճառագայթած։
Եւ ի՜նչ անմեկնելի նախասահմանում…
Աւարայրի Տղմուտ գետի ափին կռուիլ՝ պատերազմիլ ասկէ մօտաւորապէս 16 դարե՜ր առաջ վասն ինքնագոյութեան, գոյատեւման, հաւատքի, հայրենիքի, ազատութեան, անկախութեան եւ ստեղծագործութեան եւ Աւարայրո՛վ կեանք ունենալ, կեանք ապրի՛լ։
Ահաւասի՛կ, այս է պարտութեան մէջ յաղթանակը շահիլ. ա՛յս է ներքնապէս յաղթել՝ արտաքնապէս պարտութեան մէջ։ Տրամաբանութիւնը այն արդիւնքին կը հասնի, թէ պարտուողը կը կորսնցնէ, բայց Աւարայրով՝ պարտուողը վերագտնուեցաւ եւ ապրեցա՛ւ…
Ա՛յս է խաւարէն լոյս դուրս բերել, ա՛յս է Յարութիւնը ահաւասի՛կ։
Ուստի, նիւթականը եւ գերբնականը հակադիր մարզեր մնացին միշտ. ուստի Աւարայրը հոգեկանին եւ գերբնականին յաղթանա՛կն է մարմնականին եւ նիւթականին վրայ, ուր մարտավարները եւ մարտնչողները սուրբեր կը դառնան։ Աւարայրի գոյամարտը «գիտակից մահ»ով մեռնելու կռի՛ւ մըն էր։
Ժողովուրդներ կրնան ապրիլ դարերով, առանց հասնելու այս գիտակցութեան։ Կրօնք մը, հաւատալիք մը, գաղափար մը սակայն նոր դիմագիծով եւ նկարագրով կը կարգադրէ զանգուածը եւ կը ստեղծէ մշակոյթ եւ ոգի, յարդարելով անոր ապագայի ուղին։ Քրիստոնէութիւնը այս դարձակէտը եղաւ, իսկ անոր գիտակից եւ սրտառուչ արտայայտութիւնը՝ Վարդանանց պատերազմը։ Արդարեւ, ո՛չ մէկ ժողովուրդ գուցէ պատմութեան մէջ մղած է այն աննախընթաց եւ անբաղդատելի պայքարը՝ զոր մղած են Վարդանանց պատերազմի մարտիկներ, պատերազմիկներ՝ որոնք ապա սուրբեր դարձած են, հոգեկան եւ մտաւոր երջանկութեան, երկնային երանութեան համար…
Վարդանանց պատերազմը մարմնական կռիւ մը, նիւթական պատերազմ մը չէ՛, այլ հոգեւոր առաքինութեան քաջագործութի՛ւն մըն է՝ սքանչելի՛ք մը։ Ան ինքզինք գոյապահպանելու, իրագործելու կերպ մըն է՝ դիմագծելու, այլակերպելու եւ լուսաւորելու ժողովուրդի մը մարտիրոս եւ հաստատամիտ ոգին։
Արդարեւ, դիւանագիտութիւնը եւ հեռատեսութիւնը քիչ անգամ փրկարար է, երբ վտանգը իր սահմանները անցած եւ մօտեցած է։
Մարդկային ամբողջ պատմութեան մէջ, ամէն դար ունեցած է իր Վասակը՝ ժամանակի եւ համակերպութեան մարդը՝ շօշափելի եւ տեսանելի «մարդ»ը։
Սակայն, սուրբերը եւ հերոսները վե՛ր են իրենց ժամանակէն, եւ Վարդանանց հերոսներ նաեւ սուրբեր էին այս իմաստով։ Վարդան հեռատես մըն էր. ապագային յստակ տեսութեամբ կը նայէր. իսկ Վասակ՝ պղտոր տեսութեամբ կը նայէր անցեալին։ Շփոթ միտքով դիտուած իրողութիւն մը երբեք ճշմարտութիւն չէ՛։ Ուստի, Աւարայրը հայելին է հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ ուղեգիծը իր հոգիին։ Եւ եթէ Վասակին դէմքը սե՛ւ կ՚երեւի եւ աղօտ, տմոյն այդ հայելիին մէջ՝ որքան ալ պայծառատես եւ յստակ ըլլայ հայելին։ Եթէ նայողը մութ է՝ հայելին ալ մո՛ւթ է։ Եւ թէ՝ ուղիղին շիլ աչքով նայիլ, ուղիղը չի՛ շեղեցներ։
Միայն մարմնով յաղթականները հերոս չեն նկատուիր, այլ հերո՛ս են անոնք, որոնք կը պայքարին նպատակի մը համար, եւ ի՞նչ փոյթ թէ անոնք երեւութապէս պարտուած տեսնուին… Վարդանանց հերոսներ, ահաւասիկ, այս իմաստով յաղթականներ եւ հերոսներ եղան, հաւատարիմ իրենց հաւատալիքներուն, պաշտպան՝ իրենց նպատակին եւ անխոնջ ուղեկիցներ Ճշմարտութեան ճամբուն մէջ։
Վասակներ չկրցին քայլ յարմարցնել եւ համակերպիլ այս արդար ուղեկցութեան, դասալիք եղան եւ անհաւատարիմ մնացին իրենց արժէքներուն…
Բայց ճշմարտութեան ճամբուն վրայ հաւատարիմ հերոսներ կը շարունակեն իրենց ուղեւորութիւնը։ Վասակն ալ զարմացած կը նայի անոնց ետեւէն, աւա՜ղ։
Դիւրին չէ պարտութեան մէջ յաղթական մնալ, երբ մարդիկ կը չափուին շեղած չափանիշներով։ Եւ ի՜նչ դժբախտութիւն է, որ ճշմարիտ հերոսներ յաճախ կ՚անտեսուին, քանի որ կշիռը շեղած է եւ հայելին՝ աղօտ։ Երբ կան, եւ այնքան ատեն որ պիտի ըլլան ոսկիի, նիւթի հիացումով շարժող միտքեր, որոնց ուղին է անգթութիւն, խաբէութիւն եւ անսփոփ թշուառութիւն, քանի անոնց ուղին ուղիղ ուղի չէ՛։ Այս կերպով մարդու մը դէմ կենալ, որ ճիշդ հակառակ արժէքներով կը փայլի պատմութեան մէջ, դիւրին չէ՛։
Ասպետական ոգի, զոհողութիւն, քաջութիւն, խանդ ու խոր մարդասիրութիւն. ահա առաքինութեան գրաւականները։ Եթէ պակսին այս առաքինութիւնները, մարդ կը կորսնցնէ իր էութիւնը եւ անհաւատարիմ կը մնայ իր կոչումին եւ հետզհետէ կը նուազի իր արժէքը։
Սա անուրանալի իրականութիւն մըն է, թէ պատմութիւնը ողբերգական պայքարն է նիւթին եւ հոգիին, գաղափարին եւ «Ես»ին։ Եւ երբեք կարելի պիտի չըլլայ լուծել այս խորհրդաւոր պայքարը։ Ի՞նչ փոյթ թէ ան անողոք եւ անտարբեր է միշտ բարձրագոյն արժէքներուն, անոնց որ միշտ վե՛րն են։
Անոնք որ նիւթականը հետապնդելու հետամուտ եղած են, կորսնցուցած են, ինչպէս կը վկայէ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը։ Հոգեղէն տարրին գերազանցութիւնը, անոր պաշտամունքն է, որ վե՛ր կը բռնէ ժողովուրդները։
Ահաւասիկ, Վարդանանց իրականութիւնը օրինակ մը եւ ապացոյց մըն է այս ճշմարտութեան, այս պատմական եւ պատուական իրողութեան։
Անոնք ապրած են՝ որոնք մարմինէն աւելի հոգիին ընծայած են իրենց պատմական բովանդակ կեանքի ընթացքը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 14 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024