ԺԱՄԱԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆ
«Ժամակարգութիւն» կը նշանակէ՝ եկեղեցական ժամասացութիւն, ծէս, ժամերու դասաւորում։ Ժամակարգութիւնը, այս իմաստով՝ ժամերու, այսինքն ժամերգութեան եւ ժամասացութեան, պաշտամունքի յատուկ եկեղեցական կարգն է։ Հայ Եկեղեցին ալ ունի ժամերգութեան յատուկ կարգը։ Ուստի կ՚արժէ ժամակարգութիւնը դիտել անգամ մըն ալ Եկեղեցւոյ պատմութեան տեսանկիւնէն եւ տեսնել, թէ ինչպէս հասած ենք ներկայ վիճակին։
Ժամակարգութիւնը կազմակերպուած է Դ եւ Ե դարերուն Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, եւ յաջորդ դարերուն ալ շարունակուած է նոյն բաժանմունքներով։ Մինչ, ան բովանդակութեան կողմէ զանազան փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ յաւելումներ եւ կրճատումներ, յապաւումներ կատարուելով։
Պատմական վկայութիւններով կարելի չէ ճշդիւ որոշել կատարուած փոփոխութիւններու ժամանակը եւ թէ որոնց ձեռքով իրականացած ըլլալը։ Արդարեւ ժամակարգութեան հնագոյն նկարագիրը կու տայ Ը դարուն՝ Յովհան Իմաստասէրը եւ Ժ դարուն՝ Խոսրով Անձեւացին։ Ուստի ժամակարգութեան զարգացման պատմութեան համար անհրաժե՛շտ է ձեռագիրներու գոյութիւնը՝ անոնց համեմատական ուսումնասիրութիւնը կատարելու համար՝ հին յունաց եւ ասորւոց ժամակարգութեան օգնութեամբ։
Արդարեւ Յովհան Իմաստասէրի եւ Խոսրով Անձեւացիի նկարագրականը ըստ էականին նոյնն է ներկայ պաշտաման կարգին։ Թէպէտեւ ներկայ ժամակարգութեան մէջ մասեր կը գտնուին, որ ԺԲ դարուն Շնորհալիի օրով եւ աւելի վերջ միայն մուտք գործեցին։ Զոր օրինակ, հին ժամանակներուն «Մեծացուսցէ» շարականները միմիայն Կիրակի օրեր կ՚երգուէին, բայց ԺԲ դարէն սովորութիւն դարձաւ ամէն առաւօտեան պաշտամունքի ժամանակ երգել։
Արեւագալի կարգը հաստատեց Եզրաս Կաթողիկոս, իսկ Արեւագալի յորդորակներն ու երգերը ԺԶ դարուն միայն կ՚երեւին եւ կը գործադրուին։
Օրհնութեան ժամանակ ներկայիս սովորութիւն է քաղուածքներ ընել, բայց այս սովորութիւնը մինչեւ ԺԲ եւ աւելի ուշ մինչեւ ԺԵ դար գոյութիւն չունէր։
Երեկոյեան ժամերգութեան արդի «Խոնարհեցո եւ Ապրեցո» փոխերը հաստատուեցան Ներսէս Շինողի ձեռքով՝ Է դարուն։ Շաբաթ երեկոյի «Ճրագաց օրհնութիւն»ը՝ Լոյս Զուարթը շա՜տ հին երգ է՝ յունարէնէն թարգմանուած փոփոխութեամբ։
Հին ժամանակներ, Շաբաթ գիշերներ հսկում կը կատարուէր սաղմոսներու եւ մարգարէական գիրքերու ընթերցմամբ։ Ներկայ ժամանակներուն այդ սովորութիւնը միմիայն մեծամեծ տօներուն կը կատարուի, այն ալ՝ այլապէս։
Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւնը (Եկեսցէ) մինչեւ Ժ դար գոյութիւն չունէր եւ Խոսրով Անձեւացին չի խօսիր այդ մասին։ Այդ կարգը մուտք գործած է նախ վանքերու մէջ ԺԲ դարուն յոյներէն Լամբրոնացիի ձեռքով եւ աւելի վերջ հետզհետէ ընդհանրացած է՝ ընդունելով նաեւ յաւելուածներ, զոր օրինակ, «Հաւատով խոստովանիմ» եւ այլն։
Տաթեւացին այդ կարգի կատարման համար կ՚ըսէ. «Զայն կատարեմք ի վերայ անկողնոց եւ ննջեմք»։ Ներկայիս այս կարգը կը կատարուի եկեղեցին։
Պատարագի խորհուրդը անապակ գինիով, այսինքն ջինջ, անխառն եւ զուտ գինիով եւ բաղարջ հացով՝ անխմոր հացով կը կատարուէր, ինչպէս մինչեւ այսօր, եւ այս յատկապէս կը շեշտեն մեր եկեղեցական բոլոր կանոները։
Հայ եկեղեցական մատենագրութեան մէջ եւ ո՛չ մէկ տեղ ակնարկ իսկ կարելի է գտնել, թէ հայոց մէջ երբ եւիցէ «ջրախառն» պատարագելու սովորութիւն եղած ըլլայ։ Այստեղ անշուշտ նկատի առնելու չենք յունական եկեղեցիին յարած հայերու սովորութիւնը՝ Եզրի ժամանակներէն սկսած։ Հաւատացեալներ միշտ հաղորդուած են երկու տեսակով եւ այն հին եկեղեցական սովորութեան համեմատ առանձին-առանձին ընդունելով՝ ինչպէս Դուինի ժողովի կանոնէն կարելի է եզրակացնել, բայց աւելի վերջի շրջաններուն ընդունուած է այսօրուայ միանգամից հաղորդուելու սովորութիւնը։
Աւագ Հինգշաբթի օր հաղորդուելու սովորութիւնը եղած է հայոց մէջ հին ժամանակներէն ի վեր, բայց այդ սովորութիւնը իբրեւ «քաղկեդոնական» կը մերժէ Յովհան Իմաստասէրը, պատուիրելով՝ Զատկին հաղորդուիլ, որով եւ մեծ պահքը չլուծե՛լ։
Զ դարուն՝ Դուինի ժողովին Զ եւ Ը կանոններէն կը հասկցուի, որ Շաբաթ, Կիրակի եւ տօն օրեր անխափան Պատարագ կը մատուցուէր։ Նոյնը կը հաստատէ Յովհաննէս Օձնեցին նաեւ Քառասնորդական պահքի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն համար։ Նախապէս սովորութիւն էր Ուրբաթ եւ Կիրակի օրերը պատարագել, բայց կ՚երեւի թէ երբ մարտիրոսներու տօները Շաբաթ օրեր սկսան տօնուիլ, այն ժամանակ եւ Ուրբաթ օրուան Պատարագը Շաբաթ օրը փոխադրուեցաւ։
Ամբողջ Յինունքին պատարագելու ներկայ սովորութիւնը Ե դարէն կու գայ։ Հետզհետէ սովորութիւն դարձաւ նաեւ շաբաթուայ միւս օրերուն ալ պատարագ մատուցանել՝ հանգուցեալներու հոգիի փրկութեան համար, նուիրատուներու խնդրանքով մանաւանդ։
Աստուածպաշտութեան կատարումը շաբաթով բաժանուած էր քահանայ հայրերու մէջ, բայց եւ գլխաւոր քահանայ հօր պարտքն ու պարտականութիւնն էր՝ մշտապէս եկեղեցին գտնուիլ, ըստ Սահակի կանոներու։
Պահեցողութիւնը շաբաթուան համար, այսինքն շաբաթական եւ քառասնօրեայ էր, միայն Յովհան Իմաստասէրը թոյլ կու տայ կամեցողներուն Պահքի Շաբաթ եւ Կիրակի օրեր լուծել, ըստ Է կանոնին, ինչպէս եւ սովորութիւն էր նաեւ երբեմն Երուսաղէմի եկեղեցւոյ մէջ։
Զ դարուն Յուստինիանոսի օրով յունաց մէջ սկսուեցաւ տօնել Տեառնընդառաջը։ Հաւանաբար Է դարուն ալ նոյն սովորութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մուտք գործեց։ Այս տօնի կանոնը «Մարմնացեալդ ի Կուսէն» աւանդութիւնը կը վերագրուի Մովսէս Քերթողին, որ ապրած է Զ-Է դարուն։ Ստեփանոս Սիւնեցի Ը դարու առաջին մասին կը յիշէ Տեառնընդառաջը։
Աւետման տօնը Հայ Եկեղեցին մինչեւ ԺԱ դար, որպէս անկախ տօն տօնած չէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 20, 2016, Իսթանպուլ