ՍՈՒՏԸ ԵՒ ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

«Սուտ»ը ճշմար­տու­թեան փո­խուած, այ­լա­սե­րած ձեւն է, իսկ «ստա­խօս»ը՝ ճշմա­րի­տը ծած­կող, խա­փա­նող, ճշմար­տու­թեան յայտ­նու­թեա­նը ար­գելք հան­դի­սա­ցող, խա­բէա­կան հնարք­նե­րով զայն տար­բեր կեր­պով ցոյց տա­լու աշ­խա­տող անձն է։

Ստա­խօ­սու­թիւ­նը մարդ­կայ­նօ­րէն վնա­սա­րար ա­րարք մըն է՝ քա­նի որ խա­բէա­կան է, ճշմար­տու­թեան ներ­հակ է եւ ան­կեղ­ծու­թիւնն ու հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը կը վի­րա­ւո­րէ։

Սու­տը ա­մէն ան­գամ տար­բեր ե­րե­ւոյթ­նե­րով, տար­բեր կեր­պա­րանք­նե­րով կը յայտ­նուի։ Ու­րեմն սու­տի տե­սակ­ներ կը գտնուին։ Ա­սի­կա բնա­կան է, քա­նի որ ճշմար­տու­թիւ­նը «մէ՛կ» է, իսկ սու­տը «բազ­մա­թիւ»։ Մարդ մէկ ճշմար­տու­թեան կրնայ վկա­յել, բայց ան­հա­մար սու­տեր կրնայ հնա­րել։

Ու­րեմն մարդ պէտք է բծախնդ­րու­թեամբ եւ ու­շադ­րու­թեամբ խօ­սի, մեծ զգու­շու­թիւն ցուց­նէ իր խօ­սած­նե­րուն, ը­սած­նե­րուն, ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ խոր­հի՛ եւ ա­պա խօ­սի։ Ըն­կե­րա­յին լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու, պահ­պա­նե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու ա­ռաջ­նա­կարգ եւ անհ­րա­ժեշտ պայ­մանն է՝ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը եւ հա­ւա­տար­մու­թի՛ւ­նը՝ ճշմար­տու­թիւ­նը յայտ­նե­լու եւ ճշմա­րի­տը խօ­սե­լու, ուղ­ղա­միտ ըլ­լա­լու մտադ­րու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, այն որ շի­տա­կը չի խօ­սիր, սու­տը կը նա­խընտ­րէ ճշմա­րի­տին, ըն­կե­րու­թեան մէջ եր­բեք վստա­հու­թիւն ներշն­չող մէ­կը չ՚ըլ­լար, որ­քան ալ ծած­կե­լու աշ­խա­տի իր ա­նուղ­ղամ­տու­թիւ­նը, ա­տե­նը կու գայ եւ կեր­պով մը կը յայտ­նուի իր իս­կա­կան նկա­րա­գի­րը։

Հոս շե­ղում մը ը­նենք, եւ հար­ցու­մով մը շա­րու­նա­կենք մեր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը։ Ստա­խօ­սու­թիւ­նը նկա­րա­գի՞ր է, թէ պա­տա­հա­կան սխա­լում մը։ Այ­լա­պէս, ուղ­ղա­միտ մէ­կը կրնա՞յ ստա­խօս ըլ­լալ եւ շա­րու­նա­կել իր ուղ­ղամ­տու­թիւ­նը։ Եւ կամ երբ ան­գամ մը մարդ սուտ խօ­սի, այ­լեւս ա­նի­կա նկա­րագ­րով «ստա­խօս» մէ՞կն է, այ­լեւս ա­նոր կո­չու­մը ստա­խօ­սու­թիւն կ՚ըլ­լա՞յ։

Հար­ցու­մը ջա­նանք պա­տաս­խա­նել ա­ւե­տա­րա­նա­կան պա­տուէ­րով մը, որ միան­գա­մայն ընդ­հա­նուր բա­րո­յա­կան սկզբունք մըն է. «Ձեր ա­յոն թող ա­յո՛ ըլ­լայ եւ ո­չը՝ ո՛չ»։ Ու­րեմն էա­կա­նը ուղ­ղամ­տու­թիւնն է՝ շի­տա՛կ ըլ­լալ միշտ եւ վկա­յել ճշմար­տու­թեան, խոր­հիլ եւ խօ­սիլ ըստ ճշմար­տու­թեան, ան­կեղ­ծու­թեամբ եւ հա­ւա­տար­մու­թեա՛մբ։ Ե­թէ մարդ «ա­յո»ն կը խոր­հի, պէտք է «ա­յո՛» ը­սէ, եւ ե­թէ «ոչ»ը՝ պէտք է «ո՛չ» ը­սէ։ Եւ ա­սի­կա նկա­րագ­րի խնդիր է. «ուղ­ղա­միտ»ը, «ճշմար­տա­խօս»ը՝ ուղ­ղա­միտ է եւ ճշմար­տա­խօս, իսկ «ստա­խօս»ը՝ ստա­խօ՛ս։

Եւ շա­րու­նա­կենք այս ուղ­ղու­թեամբ։ Մարդ ու­ղիղ եւ շի­տակ խօ­սե­լով ար­գելք կ՚ըլ­լայ որ ան­հա­ճոյ եւ վի­րա­ւո­րա­կան խօս­քեր չբխին լե­զուէն, որ կու գայ սրտէն եւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու բա­ռեր, ո­րոնք ներ­հակ են ա­ռա­քի­նու­թեան, ազ­նուու­թեան։

Ար­դա­րեւ, Յի­սուս կ՚ը­սէ, թէ՝ ո՛չ թէ բե­րան մտա­ծը կը պղծէ մար­դը, այլ՝ այն որ բեր­նէն կ՚ել­լէ. (ՄԱՏԹ. ԺԵ 10-11), (ՄԱՐԿ. Է 15)։­

Այս խօս­քին նման է՝ մար­դոց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ա­մէն պա­րապ խօս­քի հա­մար, ո­րուն հա­մար հա­շիւ պի­տի տան. (ՄԱՏԹ. ԺԲ 36)։

Մկր­տու­թեան յա­ջոր­դող դրոշ­մի խոր­հուր­դով միւ­ռո­նով կ՚օ­ծուի մկրտեա­լին շրթնե­րը՝ որ­պէս­զի պահ­պա­նուի ա­նոր բե­րա­նը եւ ա­մուր ըլ­լայ շրթնե­րը ա­մէն սա­տա­նա­յա­կան փոր­ձու­թիւն­նե­րու հան­դէպ։

Մարդ խօս­քով կը մե­ղան­չէ յատ­կա­պէս երբ կը դժգո­հի, երբ կը տրտնջէ, երբ կը բամ­բա­սէ եւ երբ կը հայ­հո­յէ։ Այս մեղ­քե­րը կը ստեղ­ծեն ա­ւե­լի ծանր մեղ­քեր, զոր օ­րի­նակ՝ սուտ վկա­յու­թիւն, չա­րա­խօ­սու­թիւն եւ ծաղ­րա­ծուու­թի՛ւն։

Սու­տը միշտ «սո՛ւտ» է, բայց ա­նի­կա ու­նի ե­րեք տե­սակ­ներ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ վտան­գա­ւոր է եւ վնա­սա­կար, ինչ­պէս՝ սուտ վկա­յու­թիւ­նը, չա­րա­խօ­սու­թիւ­նը։ Երկ­րորդ ձե­ւը՝ «կա­տակ»ով քօ­ղար­կուած է. օ­րի­նա­կի հա­մար, մարդ ծաղ­րե­լը, չա­րամ­տու­թեամբ կապ­կել։ Իսկ եր­րոր­դը՝ անվ­տանգ կը թուի, եւ ո­մանք «օգ­տա­կար» իսկ կը հա­մա­րեն սու­տին այս տե­սա­կը. զոր օ­րի­նակ՝ երբ մէ­կը սուր կը խնդրէ իր հա­կա­ռա­կոր­դը վի­րա­ւո­րե­լու հա­մար, ա­նոր «չու­նիմ» ը­սե­լը, ե­թէ նոյ­նիսկ սուր ու­նի մէ­կը։ Ան­շուշտ այս ե­րեք պա­րա­գա­յին ալ սու­տը «սո՛ւտ» է, միայն ա­նոնց աս­տի­ճա­նը եւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը կը փո­խուի, եւ սու­տը կը մնայ միշտ «սո՛ւտ»։ Այս վեր­ջին պա­րա­գա­յին՝ ա­ւե­լի նպաս­տա­ւոր չ՚ըլ­լա՞ր ուղ­ղամ­տու­թեամբ եւ ճշմար­տա­խօ­սու­թեամբ ը­սել. «Ա­յո՛, սուր ու­նիմ բայց չե՛մ տար, քա­նի որ դուն ա­նի­կա ու­րի­շին վնաս պատ­ճա­ռե­լու հա­մար կ՚ու­զես, ինչ որ սխա՛լ է» եւ հա­մո­զիչ խօս­քե­րով հրա­ժա­րեց­նել ա­նի­կա իր սխալ մտադ­րու­թե­նէն։

Մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս դիւ­րին ճամ­բա­ներ կը նա­խընտ­րեն գոր­ծա­ծել, ինչ­պէս, փո­խա­նակ խրա­տե­լու՝ պա­հան­ջուա­ծը կը մեր­ժեն պարզ եւ դիւ­րին պա­տաս­խա­նով մը. «Ո՛չ» կամ «չու­նիմ», եւ այլն։ Ո­մանք ալ մի­ջին ճամ­բայ մը կը նա­խընտ­րեն, մի­ջակ, գաղջ եւ ընդ­հան­րա­պէս չէ­զոք բնա­ւո­րու­թեան տէր մար­դիկ եւ կ՚ը­սեն. «Ու­նէի, բայց չեմ գի­տեր ո՞ւր է», եւ կամ «Սի­րով կու տա­յի, բայց ու­րի­շին տուած եմ», եւ այլն։

Ա­հա­ւա­սիկ «սուտ»ին ու­րիշ մէկ տե­սա­կը։

Ուղ­ղա­միտ մար­դու նկա­րագ­րով մէ­կը եր­բեք սուտ չի խօ­սիր, քա­նի որ ի՛նչ որ ալ ըլ­լայ ա­նոր աս­տի­ճա­նը եւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը մար­դուս վրայ եւ հե­տե­ւան­քը մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ։ Պարզ խօս­քով՝ սու­տը մի՛շտ «սուտ» է եւ ստա­խօ­սը՝ «ստա­խօ՛ս»։

­Վե­րո­յի­շեալ սու­րի օ­րի­նա­կը կու տայ Սուրբ Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցի, ո­րը ո­րոշ տար­բե­րու­թեամբ կա­րե­լի է տես­նել Նա­ւել Դա­ւիթ Ան­յաղ­թի մօտ, որ կ՚ը­սէ. «Բա­րի այն մէ­կը, երբ ու­րի­շի մը կ՚ը­սէ, թէ ին­ծի ո՛չ մէկ բան տուած ես, այն ա­տեն երբ փոխ տուած սու­րը ետ կը պա­հան­ջէ՝ իր հա­կա­ռա­կոր­դը սպան­նե­լու հա­մար իր բար­կու­թեան մէկ պա­հուն»։ Այս սու­տե­րը քօ­ղար­կուած սու­տեր են, ո­րոնք թէեւ կը փրկեն կա­ցու­թիւ­նը, բայց ի վեր­ջոյ «սուտ» են։ Ընդ­հան­րա­պէս «վար­դա­գոյն սուտ» կամ «սպի­տակ սուտ» կը կո­չեն այս սու­տե­րը ո­մանք, բայց ի՛նչ որ ալ ըլ­լայ՝ վար­դա­գոյն, սպի­տակ եւ նոյ­նիսկ ոս­կե­զօծ, ի վեր­ջոյ «սուտ» են, քա­նի որ բնու­թեամբ հա­կա­ռակ ար­տա­յայ­տու­թիւն են ճշմար­տու­թեան, ճշմա­րի­տին։

Հար­ցում մը երբ պա­տաս­խա­նել ան­պա­տեհ կը նկա­տուի, ընդ­հան­րա­պէս սա­պէս կը պա­տաս­խա­նուի. «Չեմ գի­տեր», եւ կամ «այդ մա­սին տե­ղե­կու­թիւն չու­նիմ»։ Կա­ցու­թիւ­նը փրկե­լու, ներ­կայ վի­ճա­կը կեր­պով մը վա­րե­լու այս մի­ջոց­նե­րը, թէեւ կեան­քը դիւ­րա­տար կ՚ը­նեն, բայց վճռա­կան, հա­տու լու­ծում­ներ չեն բե­րեր հար­ցե­րուն։

Ար­դա­րեւ, սու­տին աս­տի­ճա­նը կրնայ ո­րո­շել ա­նոր պա­տի­ժին հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թիւ­նը։

Ուս­տի չա­րա­խօ­սու­թիւ­նը, սուտ վկա­յու­թիւ­նը ծանր մեղ­քեր են եւ ըստ այնմ պատ­ժի կ՚են­թար­կուին։

Կա­տա­կա­խօ­սու­թիւ­նը՝ պայ­մա­նով որ վի­րա­ւո­րիչ չըլ­լայ, մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը չվի­րա­ւո­րէ, նե­րե­լի մեղք է, ան­շուշտ ե­թէ ան սո­վո­րու­թիւն չէ դար­ձած եւ հա­զուա­դէպ է։ Ուս­տի, ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով դա­տար­կա­բա­նու­թիւ­նը՝ ա­նի­մաստ խօ­սա­կցու­թիւ­նը դա­տա­պար­տե­լի է, քա­նի որ ե­թէ նոյ­նիսկ վի­րա­ւո­րիչ բնոյթ չու­նե­նայ, ժա­մա­նա­կի վատ­նում է, եւ կեան­քի մէջ ժա­մա­նա­կը մեծ եւ կա­րե­ւոր «ար­ժէ՛ք» մըն է։ Ա­մէն ա­նի­մաստ եւ անն­պա­տակ խօ­սակ­ցու­թիւն պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան են­թա­կա՛յ է։

Ար­դա­րեւ, մարդ պէ՛տք է տէր կանգ­նի իր լե­զուին, այ­սինքն խօս­քին, զսպէ զայն եւ «խոր­հե­լով խօ­սի»։ Բ­նու­թեան մէջ կայ բազ­մա­թիւ օ­րի­նակ­ներ՝ ո­րոնք ցոյց կու տան տես­քով անն­շան կամ փոքր բա­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ մեծ գոր­ծեր կա­տա­րե­լու. ձին, զոր օ­րի­նակ, կա­ռա­վա­րե­լու հա­մար ի­րեն չափ մեծ սան­ձի մը չի կա­րօ­տիր, եւ կամ նաւ մը, որ­քան ալ հսկայ ըլ­լայ, իր­մէ շա՜տ փոքր ղե­կով մը կը ղե­կա­վա­րուի։

Լե­զուն ալ, փոքր է, բայց պաշ­տօ­նը՝ մե՛ծ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 10, 2017, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017