ԶՂՋԱԼ ԵՒ ՆԵՐՈՒԻ՛Լ
«Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք։ Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն։ Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ կը զղջամ, պէտք է ներես իրեն» (ՂՈՒԿ. ԺԷ 3-4)։
Մարդուս՝ իրեն դէմ գործուած յանցանքները ներելու հարցը, իրապէս մարդկային միտքը զբաղեցնող խնդիր մըն է, քանի որ յանցանքի մը ներել, մանաւանդ երբ այդ յանցանքը արժանապատուութեան ծանր վիրաւորանքի մը պատճառ է եղած, շատ դժուա՛ր է։ Ներումը խղճի, մտքի եւ զանազան զգացումներու՝ սրտի համաձայնութիւն մը կը պահանջէ, եւ այս համաձայնութիւնը իրականացնել յաճախ անկարելի կ՚ըլլայ։ Արդարեւ, մարդուս «Ես»ը ամենամեծ արգելքն է ներումի։
Ներումի հարցին՝ կը ներկայանան զանազան տեսութիւններ, համոզումներ եւ հաւատալիքներ։
Նախ, սա հարցումին պատասխան մը պէտք է փնտռենք. ամէն յանցանք կարելի՞ է ներել, եւ յաջորդաբար՝ ներումը ի՞նչ պայմաններու տակ կարելի է իրականացնել։ Եւ ահաւասիկ, հոս կը ներկայանայ՝ խիղճը, միտքը եւ սիրտը, որոնք իրարու հետ կը պայքարին՝ ներելու եւ չներելու արարք մը, որ բարոյապէս վիրաւորած է ենթական։
Յիսուս այս մասին կ՚ըսէ. «Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն», (ՂՈՒԿ. ԺԷ 3)։ Առաջին ակնարկով պարզ կը թուի ներումի հարցին լուծումը. երեք հանգրուաններ եթէ կատարուին՝ ներումի համար որեւէ արգելք չի մնար։
Ուրեմն, ներելու համար, պէտք է որ յանցաւորը անդրադառնայ իր չար ընթացքին, եթէ չէ անդրադարձած, պէտք է յանդիմանել զինք՝ յիշեցնել, թէ յանցանք է գործած, եւ վիրաւորած է իր «եղբայր»ը։ Արդարեւ, երբեմն մարդիկ անգիտակցաբար կրնան սխալ մը, յանցանք մը գործել, ապա ուրեմն պէտք է կերպով մը անդրադարձնել անոնք։ Յետոյ սպասել անոնց հակազդեցութեան, այսինքն՝ տեսնել, թէ անոնք պիտի զղջա՞ն, թէ ո՛չ։ Եթէ զղջան, ինչ որ «ներողութիւն խնդրել» կը նշանակէ, պէ՛տք է ներել իրեն։ Յիսուսի պատուէրը ա՛յս է։ Այս ընթացքով արդէն հարցը ինքնին լուացուած կ՚ըլլայ։
Բայց հարցերը չեն վերջանար, քանի որ հոն՝ ո՛ւր մարդ կայ, հոն անպայմա՛ն հարց մը կայ։
Եթէ յանցաւորը չընդունի իր յանցանքը, չզղջայ, եւ հազար ու մէկ պատրուակներով ինքզինք արդարացնէ եւ ըսէ, որ իր յանցանքը «յանցանք» չէ՛, այլ պարզ եւ իրաւացի արտայայտութիւն մը՝ ապա ի՞նչ պէտք է ընել։ Ո՞վ իրաւացի է, ո՞վ արդար է։ Ինչպէ՞ս պիտի որոշուի։ Քանի որ մարդկային բնաւորութիւնը, ընդհանրապէս կը հակազդէ սխալը ընդունելու, զղջում յայտնելու, եւ արժանապատուութեան հարցի մը կը վերածէ զայն, կարծես «սխալը ընդունիլ» կամ «զղջում յայտնել» նուաստացուցիչ բան մը ըլլար։
Յիսուս դարձեալ կ՚ըսէ. «Եթէ եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնայ յանդիմանէ զայն, երբ որ երկուքդ առանձին էք։ Եթէ մտիկ ընէ քեզի՝ եղբայրդ շահած կ՚ըլլաս։ Իսկ եթէ մտիկ չընէ քեզի՝ հետդ մէկ կամ երկու հոգի եւս առ, որպէսզի -երկու կամ երեք վկաներու բերնով հաստատուի ամէն ամբաստանութիւն-։ Իսկ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ բոլոր հաւատացեալներուն ներկայութեան ըսէ, եւ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ զինք նկատէ հեթանոս մը եւ կամ մաքսաւոր մը» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 15-17)։
Ուրեմն, մարդ եթէ հաւատարիմ մնայ ներումի տանող հանգրուաններուն եւ դարձեալ չզղջայ «յանցաւոր»ը, իրաւունք կը ստանայ զայն չներելու, այլապէս «օտար» մը համարելու։
Անշուշտ Աւետարաններու այս երկու հատուածին մէջ «եղբայր» բառին վրայ պէտք է շեշտ դնել, քանի որ կ՚ըսուի, թէ՝ «եթէ եղբա՛յրդ քեզի դէմ մեղանչէ…» եւ ո՛չ թէ ոեւէ մէկը։ Եթէ «եղբայր» բառը առնուի իր ամենալայն իմաստով, կը նշանակէ, թէ ներելու համար, յանցաւորին հետ պէտք է «կապ» մը, անհատական, ընտանեկան, ընկերային յարաբերութիւն մը գտնուի՝ մերձաւոր մէկը ըլլայ յանցաւորը՝ եղբայր, բարեկամ, ընկեր եւ այլն։ Այս բացատրութենէն կը հետեւի, թէ «ներել»ու հարցը մերձաւորներու, մինչեւ իսկ ընտանեկան անդամներու, բարեկամներու, ընկերներու մէջ, մտերմութենէ ծագում առած հարց մըն է, քանի որ չղջացողը, ըստ Աւետարանական պատգամին, այլեւս «օտար» մը պէտք է համարուի։
Ուրեմն «ներում»ը արդէն գոյութիւն ունեցող «կապ»ը հաստատ պահող միջոցառում մը կարելի է նկատել՝ ընտանեկան, ընկերային, բարեկամական կապերը ամուր պահելու միջոց մը։ Քանի որ «օտար»ի մը հետ որեւէ յարաբերութիւն չէ մշակուած, ապա ուերմն, բարոյական որեւէ կապ գոյութիւն չունի, զիրար վիրաւորելու պատճառ մըն ալ գոյութիւն չ՚ունենար, ներելու նիւթ մըն ալ չի գտնուիր։
Ներելու հարցին, ուրիշ խնդիր մըն ալ սա է, թէ՝ դէպքը մոռնալ ներելու համար պայմա՞ն է։ Ուրիշ խօսքով՝ մարդ առանց մոռնալու կրնայ ներել յանցանքի մը։ Մանտէլա կ՚ըսէ, թէ՝ «կը ներէ բայց չի՛ մոռնար…»։
Արդարեւ յանցանք մը մոռնալ կը նշանակէ՝ ներումի նիւթը մոռնալ, այդ պարագային ալ ներումը արժէք մը չի ներկայացներ։ Չմոռնալ ե՛ւ ներել՝ ներումին արժէքը կ՚աւելցնէ, իմաստ կու տայ անոր։ Յետոյ չմոռնալ՝ պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ միշտ աւելի զգոյշ ըլլայ իր յարաբերութիւններուն մէջ, կերպով մը «կրկնուած դաս» մը կ՚ըլլայ չմոռցուած յանցանք մը՝ ճանչնալու մարդիկը, շրջապատը, աւելի լա՛ւ դատելու եւ կշռելու դէպքերը՝ զանազանելու՝ անկե՛ղծը կեղծիքէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 10, 2018, Իսթանպուլ