ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ պահքի շրջանի վեց կիրակիի երրորդն է «Անառակին Կիրակի»ն, ուր կը պատմուի անառակ որդիի մը մեղանչումին եւ անհնազանդութեանը յաջորդող անկեղծ զղջումը եւ դարձը։

Այս առակը, արդարեւ, մարդկային կեանքի եւ սրտի պատմութիւնն է։ Այս առակով կ՚արտայայտուի եւ կը ներկայացուի քրիստոնէութեան ամբողջ էութիւնը։ Դրախտային կեանքի մը պայմաններուն ոտնահարումէն ետքը, մարդը բնական է որ պիտի ջանար աշխատութեան եւ տառապանքի աշխարհին մէջ ալ «երջանիկ կեանք» մը ստեղծել։ Եւ սկիզբէն ի վեր այս աշխարհի դրախտացումը մարդիկ կարծեր են գտնել իրենց անկաշկանդ, անզուսպ ու անհակակշիռ կենցաղավարութեան, ստացուածքի եւ մանաւանդ դրամի առատութեան մէջ։

Անհակակշիռ եւ չափ չունեցող կենցաղավարութեան համար ինքնավստահ խելքը՝ բաւակա՛ն է. եւ շատեր ու շատեր այս աշխարհի վրայ շա՜տ կը հաւնին իրենց խելքին, իրենց դատողութեան եւ ըստ այնմ կը նետուին կեանքի յորձանքին մէջ։ Դրամի եւ ստացուածքի տիրանալու տենչն ալ, բանաւոր եւ օրինաւոր միջոցներով կամ անոնցմէ դուրս, այն կիրքերէն է, որ կը գերիշխէ մարդոց մեծամասնութեան վրայ։

Աւետարանական երեք Առակներն ալ կը դառնան մարդկութեան համար կենսական այդ խնդիրներուն շուրջ, որոնք անուրանալի է որ միշտ թարմ են եւ արդիակա՛ն։

Մարդը՝ երբ կը վայելէ անհակակշիռ կեանքը, ստացուածքը եւ դրամը, երջանիկ է, բայց երբ կը կորսնցնէ զանոնք, ապերջանիկ է եւ դժբախտ, քանի որ կորուստը միշտ ցաւալի՛ է առաւել կամ նուազ չափով, իսկ կորուստի դառնութիւնը կախում ունի իւրաքանչիւր անձի իր կորուստին տուած արժէքէն։ Ուրեմն «Անառակին Առակ»ը պէտք է դիտել այս տեսանկիւնէն եւ տեսնել, թէ ի՛նչ է Քրիստոսի ուսուցումը այս կենսական հարցերու մասին։

Անառակ Որդւոյն Առակին մէջ տիրող իրականութիւնն է, ինքնավստահ, ինքնահաւան եւ յաւակնող խելքի մը դժբախտութիւնը։ Այս առակին մէջ (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-32), Աւետարանի մեկնիչներ մէկէ աւելի իմաստներ կը գտնեն։

Առաջինը սա է. Անառակը կը խորհրդաւորէ հեթանոսութիւնը, որ օր մը պիտի զըղ-ջայ եւ պատուով պիտի ընդունի ճշմարտութիւնը։ Երկրորդը՝ Աւետարանի թագաւորութեան մէջ գտնուողներ՝ երբեմն կը մոլորին «Անառակ»ին պէս, բայց զղջումով եւ ապաշխարութեամբ կը վերադառնան իրենց առաջուան դիրքը։ Աստուած որ հա՛յրն է ամէնուն, հակառակ երէց որդիներու չկամութեան, կ՚ընդունի «Անառակ»ին պէս ստոյգ եւ անկեղծ զղջումները եւ զանոնք կը վերահաստատէ նախկին երանութեան իրաւունքներուն մէջ։ Արդարեւ, Անառակի պատմութեան մէջ ամենէն աւելի տիրող արժէքը քրիստոնէական իմաստութի՛ւնն է։ Ոչ միայն անփորձ երիտասարդութեան յաւակնութիւնները իրական կեանքի մէջ բան մը չեն արժեր, ոչ միայն երջանկութիւն չկայ դրամի եւ կիրքերու անսահման շռայլութեան մէջ, ոչ միայն անհակակշիռ գործ եւ կենցաղ, ինքնավստահ եւ ինքնահաւան խելքերու ուղղութեան տակ կ՚առաջնորդեն դէպի սնանկութիւն, այլ մանաւա՛նդ այդ անառակ նկարագիրը, որ կրնայ փորձառութեան բովէն անցնելէն ետքը, հրաշալի՜ արժէք մը ներկայացնել, կրնայ կորսուիլ ի սպառ։ Եւ այսպիսի կորուստ մը անդարմանելի է, եւ հետեւաբար անոր վերստին գիւտը ուրախալի՛ է իր մեծ կարեւորութեամբը եւ ներկայացուցած արժէքովը։

Ուստի աւելի լաւ է, որ «կրտսեր որդի»ներ մնան հայրենի տան մէջ, իրենց համար գծուած պարտաւորութիւնները կատարեն եւ ասոր փոխարէն վայելեն պատրաստ երջանկութիւնը։ Երբ կայ «երջանիկ վիճակ» մը, զայն անտեսել եւ նոր մը ստեղծելու համար անխելք եւ անխոհեմ կերպով վատնել ժամանակ, ինչք, կորով, պատիւ, դիրք, ասոնք աւելորդ են ոչ միայն Աւետարանով, այլ նոյն իսկ ամենէն նիւթապաշտ մտածումներով ալ։

Արդարեւ, կորուստը կորո՛ւստ է. իմաստութիւն է ընդառաջ չերթալ դէպի կորուստ։ Եւ աւելի՛ մեծ իմաստութիւն է փորձառութիւնը հեղինակութեան վերածել քան բո՛րբ երեւակայութեան մը պատրանքներուն։ Որովհետեւ եթէ ապրը-ւած կեանքեր արժէ՛ք մը ունին, եթէ փորձառութիւններ, որոնք մեծ գնով գտնուած են, պիտի դիւրացնեն մարդոց աշխատանքը եւ վազքը, եթէ օգտակար է որ մարդիկ, հնար եղած չափով, նուազ կորսնցնեն իրենց թանկագին եւ անփոխարինելի դրամագլուխներէն, կը հետեւի որ վնասակա՛ր է յամառիլ սխալներու մէջ եւ վերադարձ չընել դէպի շիտակ ճամբան։

Ինքնահաւանութիւնը, յաւակնոտութիւնը եւ սխալները տեսնելէ ետքը՝ յարատեւութիւնը ատոնց մէջ, առանց այլեւայլի կը հանդիպին դժբախտութեան։

Մեղք, զղջում, ապաշխարութիւն եւ վերադարձ առ Հայր։ Կարելի է ըսել, թէ մարդկային կեանքը կ՚ընթանայ այս հանգրուաններով, եւ զարմանալիօրէն միշտ ալ հայրը բարեգութ է եւ ողորմա՛ծ։

Ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ, երբեք Երկնաւոր Հայրը մեղաւորի մահը չի ցանկար, այլ՝ անոր դարձը։ Բա՛ւ է որ ենթական այս պարագային՝ կրտսեր որդին, զղջայ, ապաշխարի եւ վերադառնա՛յ։ Մօտաւորապէս հասկնալով այս առակին իմաստը, կարծես կը հասկնանք նաեւ քրիստոնէական ուսմունքի էութիւնը։ Եւ այս իսկ պատճառով է որ ըսուած է թէ՝ այս առակը, Աւետարանի մէջ աւետարա՛ն մըն է։

Անառակի առակը պարզ կերպով կը թելադրէ, թէ մենք կրնանք մխիթարուիլ Աստուծոյ հայրական գթառատ սիրով՝ որ ուրախութեամբ կ՚ընդունուինք Անոր արքայութեան մէջ՝ եթէ անկեղծ ապաշխարութեամբ դառնանք դէպի Աստուած։ Այստեղ պէտք չէ՛ մոռնալ առակին խրատական բաժինը մանաւանդ, որ Աստուած մեղաւորին հանդէպ միշտ հայրական զգացումներով կը մօտենայ, եւ զայն երբեք անգութ կերպով չի մերժեր, այլ կը ներէ եւ զայն կ՚ընդունի մեծ ուրախութեամբ։

«Անառակին Կիրակի»ն մարդկային կեանքի ամենացայտուն նկարագրութիւններէն մէկն է, երբ որդին անհաւատարիմ եւ անհնազանդ կը գտնուի իր հօրը, եւ կը հեռանայ իր հայրենի տունէն, սակայն երբ ապաշխարութեամբ կը զղջայ, կ՚անդրադառնայ իր գործած մեղքին, կը վերադառնայ իր հօր մօտ եւ ներողութիւն կը խնդրէ եւ կ՚ընդունուի իր հայրենի տունը։

Անառակ որդիին հատուածին կը յաջորդեն նաեւ «կորսուած ոչխար»ին եւ «կորսուած դրամ»ին առակները եւ անառակ որդին ալ եթէ «կորսուած որդի» նկատուի, խորհրդաւոր կարելի է համարել այս երեք «կորսուածներու առակ»ը եւ ըսել՝ «մարդկային կորուստներու կիրակի» կամ «կորուստներու կիրակի», յատկապէ՛ս «կորսուած մա՛րդ»ը նկատի առնելով՝ զայն վերստին գտնելու կարեւորութիւնը տեսնելու համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 3, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 16, 2019