ՀԻՆԵՐ՝ ՈՐՊԷՍ ՀԵՌԱՏԵՍ

Մեր մտաւորականներէն շատեր ունէին այն կանխազգացումը, որ գրեթէ ամէն սրբազան արժէք ժամանակի «զարգացում»ին հակառակ պիտի նահանջէ, այդ իսկ պատճառով երբ ուրիշ գրողներ գրականութիւն ընել կը փորձէին, իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնէին ամուր սիւներու վրայ հաստատելու համար այն արժէքները, որոնց դժբախտ հեռանկարը յստակ պատկեր մը ունէր անոնց համար: Օրինակի համար, Խաչատուր Աբովեան առաջին իսկ օրէն կը փորձէր լեզուի կարեւորութեան մասին խօսիլ, կ՚ուզէր որպէսզի հայը իրապէս հասկնայ ու գիտնայ լեզու, գիր ու գրականութիւն ունենալու արժէքը, որովհետեւ ժամանակը կամաց-կամաց մարդ արարածը կը հեռացնէր մայրենիէն: Ի տարբերութիւն Խաչատուր Աբովեանէն, Խրիմեան Հայրիկ կը խօսէր հողին, հայրենիքին ու ընտանիքին կարեւորութեան մասին. կը խօսէր այդ բոլորին մասին, որովհետեւ յստակ էր, որ ժամանակը կը փոխէր եւ աւելիով պիտի փոխէր ընտանեկան արժէքները:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ ժամանակներուն տարբեր էր դերը նաեւ մամուլին, գիր-գրականութեան. օրուան նիւթն ու հետաքրքրութիւնը կ՚որոշուէր մամուլով։ Մայրենի լեզուն կը ձեւաւորուէր ու կը բիւրեղանար մամուլի ճամբով եւ ընկերութեան ընդհանուր մտահոգութիւնները, խնդիրներն ու առօրեան մամուլի էջերուն մէջ արձագանգ կը գտնէր: Յաճախ արժէքներու նահանջին մէջ կը մեղադրենք նոր սերունդը, ժամանակն ու արհեստագիտութեան զարգացումը, սակայն հիմա կամաց-կամաց կը հասկնամ, որ այդ բոլորին հիմնական պատճառը մեր մտաւորականներու կողմէ հնչեցուած մտահոգութիւններուն լուրջ չի՛ վերաբերիլն է. այդ անտարբերութիւնն ու անփութութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Կը բողոքենք, թէ կը նահանջէ՞ լեզուն. Աբովեան աւելի քան դար մը առաջ կ՚ըսէր. «Առանց լեզուի ո՛չ անհատը եւ ո՛չ ալ ժողովուրդը ի վիճակի չեն իրենց միտքերն ու զգացումները հաղորդել ուրիշներուն եւ մանաւանդ ապագայ սերունդին»։ Այս «միտքերուն» եւ «զգացումներուն» մէջ տեղ կը գտնէ ամէ՛ն արժէք՝ որ անհրաժեշտ են հայը ՀԱՅ դարձնելու։ Աբովեան կեանք մը ամբողջ մոմի պէս հալեցուց, որպէսզի մարդիկ տէ՛ր դառնան լեզուին, սակայն պատկերը յստակ է մեր բոլորին համար. վկայ օտար հողերու վրայ հայ ըլլալով հանդերձ հայերէն չգիտցող մեր նորահաս սերունդները:

Նոյնն է պարագան մեր բոլոր հարցերուն ու խնդիրներուն. այսօր հայրենիքի մէջ հայը հայուն միսը կ՚ուտէ, մինչ Խրիմեան Հայրիկ աւելի քան դար մը առաջ կը բարձրաձայնէր. «Ներքին անհամերաշխութիւնը աւելի շատ կորուստի կը մատնէ Հայրենիքը քան եկած որեւէ թշնամին»: Մեր ներկայ ցաւերուն դարմանը կարելի է գտնել մեր հին մտաւորականներուն մօտ, որոնք ունեցած են հեռատեսութիւնը եւ նախազգացած են գալիք արհաւիրքները եւ այդ իսկ պատճառով պէտքը զգացած են գրելու եւ բարձրաձայնելու այն բոլոր հարցերուն մասին, որոնք մեր երկիրն ու մեր ազգութիւնը կրնայ դէպի անդունդ առաջնորդել: Հետեւաբար հիները պէտք է կարդալ ո՛չ միայն որպէս գրական ստեղծագործութիւն ու գոհար, այլ մերօրեայ ցաւերուն ու վէրքերուն բուժիչ դեղագիր:

Այսօր շատ անգամ կը բողոքենք, թէ մեր մէջ կորսուած են ընտանեկան շատ մը արժէքներ. սակայն անցեալը կարդալով կը տեսնենք, թէ նախապէս մեր հիները բարձրաձայնած են բոլոր այն հարցերը՝ որոնք մեր կեանքի մէջ որպէս ցաւ ունինք այսօր եւս. օրինակի համար, կը կարդամ մեր թուականէն ճի՛շդ մէկ դար առաջ հրատարակուած «Հայ կին» հանդէսի 11-րդ թիւը (Ե. տարի, թիւ 11, 1 յունիս 1924), որուն 1714-րդ էջին մէջ Ե. Գ. Գ. ստորագրութեամբ յօդուածագիր մը կը գրէ «Իմ խօսքս ծնողաց» խորագրեալ գրութիւն մը։ «Հայ կին»ի խմբագրութիւնը այս գրութեան մասին մի քանի տող գրելով կ՚ըսէ, թէ ան «սրտաբուխ աղաղակ մը ըլլալու առաքինութիւնը ունի» եւ «պէտք է անսալ». խմբագրութիւնը կ՚աւելցնէ. «Այս կարգի ձայներ լաւ է որ բարձրանան. անոնք կը հաստատեն ազգային խղճմտանքը, որ միշտ արթուն է...»:

Ազգային խղճմտանքը արթո՞ւն է այսօր. կը կասկածինք, սակայն կը հաւատանք, որ այս գրութիւնները կրնային երկար տարիներ արթուն պահել այդ խղճմտանքը, որուն յիշատակն անգամ վերացած է այսօր:

Ե. Գ. Գ. իր վերոյիշեալ գրութեան մէջ կը բարձրաձայնէ, թէ այրեր կը դաւաճանեն իրենց կիները. կիներ ի պատասխան այդ դաւաճանութեան ու անտարբերութեան, իրենց կարգին կը մերկանան իրենց արժէքներէն եւ կը քայքայեն ընտանեկան սրբութիւնը. այս անտարբերութիւնն ու ընտանեկան սրբութեան ոտնակոխումը այսպէս կամ այնպէս կը նշմարուի մանուկներու կողմէ, որոնք իրենց կարգին ի դիմաց իրենց կատարած անհնազանդութիւններուն երեւան կը հանեն բոլոր այն յանցանքները՝ որոնք ի գործ դրուած են ծնողքին կողմէ: Միտքը աւելի յստակ դարձնելու համար տանք անոր մտածումներէն մի քանի տողեր.

«...Ահա կը սկսի, կամաց-կամաց քայքայուիլ ընտանեկան յարկը: Այսօր քիչ մը բաց արդուզարդ, վաղը այրէ մը նետուած ժպիտ, միւս օր բարեկամի մը հրաւէրով անուշավաճառի մը մտնել, միւս օր փոքրիկ տեսութեան համար այսինչ տեղը ժամադրութիւն մը եւ ահա կը տեսնենք, որ մէկ օրէն միւսը պատուաւոր եւ ազնիւ կարծուած կին մը կը դառնայ ըստ իս հասարակ բոզ մը»: Այս բոլորին դիմաց գրողը կը յիշէ զաւակներու վերաբերումը. «Մամա՛, ես Պ. Մարկոսին հետ ժամադրութիւն ունիմ ճաշս հոն պիտի ընեմ», «Մամա՛, ես այս գիշեր տանսի պիտի երթամ, մի՛ սպասէք»։ Գրողի խօսքերով այս արտայայտութիւններուն դիմաց «“Տիպար” մայր մը որ գլուխ շարժելէ ուրիշ ոչինչ կրնայ պատասխանել իր զաւակներուն, ինչո՞ւ, որովհետեւ զաւակը երբ ուզէ իր դէմ կենալ, իր գործած յանցանքներն է որ պիտի լսէ իր զաւակէն»:

Վերոյիշեալ այս տողերը փշրանք մըն են իր դաստիարակչական բովանդակութենէն. այսօր շատ մը ցաւերու մասին որ կը գրենք, ներկայէն աւելի կը պատկանի ապագային, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցինք, որ ապագայի համար մեր այս օրերը երանելի պիտի թուին, որովհետեւ ինչքա՛ն ժամանակը յառաջդիմէ, որպէս հայ պիտի նահանջենք՝ լեզուով, բարքով, արժէքներով ու գրեթէ ամէ՛ն ինչով՝ որ մեզ տակաւին հայ կը պահէ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ գիտես հայկական խազագրութեան մասին:

Պատասխան. Հայկական երաժշտութիւնը ունի հարուստ պատմութիւն. հայկական աւանդական երաժշտութիւնը գործածած է խազ կոչուող ձայնագրերու յատուկ համակարգ, որ դարեր շարունակ օգտագործուած է: Այս համակարգը հիմնականին մէջ օգտագործուած է տարբերելու եւ չափաւորելու ժողովրդական ու եկեղեցական երաժշտութիւնը: Ժամանակակից հայ երաժշտութիւնը կը գործածէ արեւմտեան ձայնագրութեան համակարգը, սակայն հայկական աւանդական ձայնագրութիւնը՝ խազագրութիւնը կը շարունակէ մնալ եզակի ժառանգութիւն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024