ԵԹԷ ՍԷՐ ՉԿԱՅ՝ Ո՛ՉԻՆՉ ԿԱՅ

Սիրոյ կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը աւելի յստակ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել. եթէ չկայ սէր, չկայ նաեւ որեւէ բան մարդուս համար։ Արդարեւ սէրը կեա՛նք է եւ կեանքի աղբիւր, եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք. եթէ սէր չկայ՝ կեանք ալ չկա՛յ։

Հոգիի աչքով, այս ա՜յնքան ճշմարիտ է, քանի որ «Աստուած Սէր է» եւ ամէն ինչի ստեղծիչը եւ արարիչը՝ ամէն բան Աստուծմով կ՚իրականանայ եւ դարձեալ Անով կը շարունակէ։ Եւ քանի որ Աստուած Սէ՛ր է, ապա ուրեմն ամէն բանի սկզբնակէ՛տն է սէրը եւ ամէն բանի տեւականութիւնը ապահովողը։ Այս իմաստով՝ սէրը կեանքի աղբիւրն է եւ կեանքի ընթացք տուող ո՛ւժը։ Այս իսկ պատճառով. եթէ սէր չկայ՝ ո՛չինչ կայ։

Արդարեւ, սէր եւ ազատութիւն համընթաց արժէքներ են մարդկային կեանքին մէջ։ Եւ քանի որ ազատութիւնը մարդուս էական հանգամանքն է եւ մարդ «մա՛րդ» է երբ ազատ է, ապա ուրեմն հաւաքականութեան մը մէջ եթէ մէկ անհատ իսկ ազատ չէ, հոն ազատութիւն չկայ, ազատութեան համընթաց սէրն ալ եթէ պակսի, շա՜տ բան կը պակսի մարդուս կեանքէն։

Սէրը, իրական սէրը պէտք է զանազանել պարզ մտահոգութեան վիճակէն։ Մերձաւորի մը մասին մտահոգուիլ՝ միա՛յն, քօղար-կըւած հետաքրքրութեան արտայայտութիւն մըն է, որուն մէջ կրնայ սէր ըլլալ կամ չըլլա՛լ։ Ուրեմն, մտահոգութիւն, կասկածամտութիւն արտայայտող հետաքրքրութիւնը, որ ի վերջոյ հիւանդագին վերաբերմունք մըն է, պէտք է զանազանել իսկական սիրոյ արտայայտութենէն։ Քանի որ իսկական սէրը «զոհաբերութիւն» է՝ բարիք խորհիլ, պարզ հետաքրքրութիւն չի՛ բաւեր սիրոյ համար, այլ պէտք է բարիք ընել, եւ ո՛չ միայն բարիք կամենալ, անձնազոհութիւն ընել, նուիրուիլ, մինչեւ իսկ զոհուիլ պէտք է իրական սէրը, անկեղծութեամբ արտայայտելու համար։ Սէրը կարելի է խտացնել աւետարանական սա խօսքին մէջ. «Ասկէ ետք իր հեղինակութիւնը պէտք է զօրանայ, իսկ ես հրապարակէ պէտք է քաշւիմ», (ՅՈՎՀ. Գ 30)։ Այս իմաստով, իսկական եւ անկեղծ սէրը կը պահանջէ համակրական հասկացողութի՛ւն։

Սէրը, կերպով մը մարդուս «Ես»ին «ուրիշ»ի մը հետ միանա՛լն է, քանի որ «ուրիշ»ը մարդուս «Ես»ին ուրիշ մէկ երեսակն է, նմանը եւ պատկե՛րը։

Սէրը, այդ «ուրիշ»ը երբ կը տեսնէ, ինքզինք տեսած կը նկատէ եւ երբ ինքզինք խորհի՝ «ուրիշ»ը խորհած կ՚ըլլայ։ Ուրեմն սէրը ո՛չ հեռաւորութենէ, ո՛չ բաժանումներէ եւ ո՛չ իսկ մահէն կ՚ազդուի, ան կը շարունակէ սիրել, քանի որ երբ կը սիրէ, կը սիրէ ո՛չ թէ «ուրիշ»ը, այլ ինքզինք եւ այնքան ժամանակ, որ ինք կա՛յ, «ուրիշ»ի սէրն ալ կը մնայ առանց պակսելու, այլ՝ աւելի եւս զօրանա՛լով…։

Սէր, ըսինք, ազատութիւն է։ Եւ մարդ այնքան ատեն որ ազատ է՝ մա՛րդ է եւ եթէ մարդ է, սէրը միշտ անոր հետ է, քանի որ մարդ իր արարչութեան առաջին պահէն իսկ սիրոյ զգացումով օժտուած է եւ սիրելու է կոչուած։ Բնական եւ բանական է այս, որովհետեւ մարդը ստեղծողը՝ Աստուած Ի՛նք Սէր է, եւ ուրեմն մարդ ստեղծուած է սիրով, սէրը անոր բնութիւնն է եւ նկարագի՛րը։

Ուրեմն, մարդ ինչ որ ընէ, պէտք չէ ձեւականօրէն կատարէ, այլ՝ կատարեալ եւ անկեղծ սիրով, իր իսկական բնութեան համաձայն, իր արարչութեամբ ստացած կոչումին հաւատարիմ մնալով միշտ։

Սիրոյ ամենէն մեծ եւ վտանգաւոր արգելքներն են վախը, կասկածը, յուսահատութիւնը եւ անվստահութիւնը։ Արդարեւ, մարդ պէտք է հեռու մնայ այս բոլոր վտանգաւոր արգելքներէն, որպէսզի անկեղծ զգացումով կարենայ սիրել։ Եւ ահաւասիկ, այս իմաստով է, որ կ՚ըսենք. սէր եւ ազատութիւն համընթաց են, առանց ազատութեան սէր կարելի չէ՛ որ ըլլայ, եւ փոխադարձաբար՝ առանց ճշմարիտ սիրոյ ալ ազատութիւն գոյութիւն չ՚ունենա՛ր։

Այո՛, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, սէր եւ ազատութիւն երբ միասին կ՚ընթանան, ապա հոն կա՛յ անկեղծ սէր եւ ճշմարիտ ազատութի՛ւն։

Այս ուղղութեամբ, սիրոյ համար անհրաժեշտ է ազատութիւնը յարգել, ճանչնալ անոր իսկական եւ նուիրական արժէքը։ Չէ՞ որ Աստուած կը յարգէ եւ հաւատարիմ է Իր իսկ օրէնքին, Իր էական արժէքներուն, Իր բնութեան եւ Իր նկարագրին։ Ան հաւատարիմ է սիրոյ եւ ազատութեան, հաւատարիմ է այն ամէն արժէքներուն՝ որոնցմով օժտած է Իր ամենակարեւոր արարածը՝ մա՛րդը։ Ան երբեք չի հրաժարիր սիրելէ, վրէժխնդիր չէ, այլ միշտ ներողամիտ, երկայնամիտ։ Ան արեւը կը ծագեցնէ բոլոր մարդոց վրայ՝ հեռու կամ մօտ, հեռացած կամ մօտեցած, անհաւատարիմ կամ հաւատարիմ՝ ամբողջ մարդկութեան վրայ անխտի՛ր։

Եւ այն «արեւ»ը՝ որ սէր է, սիրոյ տիպար, ամէն օր երբ կը ծագի, կը յիշեցնէ Տիրոջ խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Այսօր եւս ես սիրով լեցուած եմ քեզի հանդէպ»։

Արեւը, որպէս սիրոյ խորհրդանիշ, ամէն օր նոր կեանք կը պարգեւէ համայն մարդկութեան անխտիր։ Նոր կեանք՝ որպէսզի մարդ անդրադառնայ եւ տեսնէ Ճշմարտութիւնը, Բարութիւնը եւ Գեղեցկութիւնը՝ որոնք կան երբ կայ Սէրը եւ Ազատութիւնը։ Այն երանութիւնը, որ մարդ կ՚ըսէ ամէն նոր օրուան մը սկիզբին. «Ահաւասիկ, այսօր ալ ողջ եւ առողջ եմ, ուրեմն Տէրը կը սիրէ զիս, եւ ես կը վայելեմ Անոր սէրը, եւ պէտք է նոյն սիրով սիրեմ Իր արարածները՝ իմ շուրջիններս, մերձաւորներս, բարեկամներս, ընկերներս եւ իմ հակառակորդներս՝ թշնամիներս…»։ Եւ ահաւասիկ, ճշմարիտ սէրը ա՛յս է. Աստուծմէ առնուած սէրը փոխանցել ուրիշներուն անխտիր՝ բարեկամ թէ՛ թշնամի…։

Եսասիրութիւն, չարութիւն, ատելութիւն, նախատինք, նախանձ, վախ, վրէժխնդրութիւն, անիմաստ հետաքրքրութիւն եւ հիւանդագին մտահոգութիւն, անվստահութիւն, վարկաբեկիչ եւ քանդիչ քննադատութիւն, բոլորն ալ միասին կամ անջատաբար արգելքներ են, թշնամիներ են սիրոյ։

Խորհեցէ՛ք անգամ մը սիրելի՜ բարեկամներ, որքան ալ ուրանանք զԱստուած, մերժենք Իր գոյութիւնը, հեռանանք Իրմէ, մեղքի մէջ շարունակենք մեր կեանքը, կրկին եւ կրկին մեր վրայ կը շողացնէ արեւը, եւ մենք դարձեալ կը վայելենք անոր լոյսը եւ նոր օրը։

Սա իրականութիւնն իսկ պէտք է անդրադարձնէ մեզ տեսնելու Ճշմարտութիւնը՝ Սէրը եւ Ազատութիւնը, որոնք ամէն նոր օր կը նորոգուին եւ կը նորոգեն մեր կեանքը, բաց աչքով, լոյս աչքով, հոգիի աչքով տեսնելու Անտեսանելի՛ն։

«Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները…։ Գթասիրտ եղէ՛ք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրն ալ գթասիրտ է», կ՚ըսէ Յիսուս (ՂՈՒԿ. Զ 35-36)։

Ան՝ ամէն նոր օր կրկին կը սիրէ մեզ, կարեւոր չէ Անոր համար որ երէկ ի՛նչ էինք, Ան այսօր նո՛յն եւ աւելի՛ սիրով կը սիրէ մեզ, եւ հնարաւորութիւն կու տայ մեզի սիրելու եւ ազա՛տ ըլլալու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 11, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018