ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ՄԵՐ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ինչքա՜ն ցաւալի է դարեր ետք մենք մեզ տեսնել հոն՝ ուր էինք դար մը առաջ, ուր ո՛չ Ապրիլը ապրելու կը նմանէր եւ ո՛չ ալ յարութիւնը՝ յարութեան: Քրիստոնէական բարեպաշտութենէ աւելի այդ յարութեան ծարաւն է հաւանաբար, որ Յարութեան այս տօնը սիրելի դարձած է մեր ժողովուրդին համար, ըսել ուզելու որ օր մը դուն ալ, ո՛վ ազգ, կրնաս քու մեռելութենէդ յարութիւն առնել ու վերադառնալ կեանքին՝ որմէ անջատուած ես այսօր:

Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ, թէ «մարդ բանի մը ճշմարիտ արժէքը կը գիտնայ կորսնցնելէ ետք միայն». այդ է պատճառը հայ ժողովուրդին Յարութեան հանդէս ունեցած սիրոյն, որովհետեւ ամէ՛ն անգամ երբ ուզեցինք դուրս գալ մեր մեռելութենէն, փոխան յարութեան նոր խաչելութիւն մը ի գործ դրուեցաւ մեր ազգին նկատմամբ, հայութիւնս կարօտ ձգելով «աւետի՜ս» յաղթական կանչին, որուն ծարաւը փորձեց յագեցնել Քրիստոսի Յարութեամբ:

Կրօնական բարեպաշտութենէ վեր բան մը կայ այն ճշմարտութեան մէջ, որ Յարութեան տօնին կը յաջորդէ մեռելոցը, որուն հարազատ զաւակներէն մին եղած է եւ է՛ հայութիւնը: Յարութեան յաջորդող մեռելոցը յարալէզներուն ուղղուած աղօթքներէն տարբեր բան մը չէ, որովհետեւ Հայոց Պատմութիւնը կը փաստէ, թէ իրապէս ալ ամէ՛ն յարութենէ ետք մեռելոց մը ունեցած է հայութիւնը. վկայ վերջին տասնամեակներու Արցախի յաղթանակն ու անոր յաջորդող ամօթալի պարտութիւնը:

Մեր կեանքը նմանութիւնն է Քրիստոսի կեանքի օրինակին՝ բացի Յարութեան պարագայէն. մենք ալ ազգովի քանի՜ քանի՜ անգամներ մեր «Գեթսեմանի»ին մէջ ծունկի գալով խնդրած ու պաղատած ենք «Հա՜յր, Հայր, քեզի համար ամէն ինչ կարելի է: Այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ» (Մարկոս 14.36), սակայն երկինքը անպատասխան մնաց: Մեր հայորդիներէն շատե՜ր մեր խաչելութեան նախօրեակին Քրիստոսի երեք առաքեալներուն նման քնացան՝ հակառակ բազմիցս տրուող «արթո՛ւն մնացէք» (Մարկոս 14.38) կոչերուն, որուն դիմաց ազգը յուսահատ Քրիստոսի բառերով ըսաւ անոնց «Ասկէ ետք քնացէք եւ հանգստացէ՛ք» (Մարկոս 14.41):

Շա՜տ շատեր Յուդայի համբոյրով մեր ազգը դէպի Գողգոթա առաջնորդեցին եւ այն ատեն Աւետարանի բառերով բոլո՛ր մեր «սիրելի» ու «դաշնակից» կարծածները «ձգեցին ու փախան» (Մարկոս 14.50): Խրիմեան Հայրիկ եւ ուրիշներ բազմաթի՜ւ անգամներ ներկայացան «Կայափա Քահանայապետին», ուր մեզի դէմ ջանացին վկայութիւն մը գտնել՝ սպաննելու համար մեզ (հմմտ Մարկոս 14.55). այդ ատեաններուն առջեւ շա՜տ շատեր սուտ վկայութիւններ տուին մեզի դէմ. անոնց դէմ մե՛նք ալ Քրիստոսի նման «պիտի՛ տեսնէք» ըսինք ու արդարութիւն փնտռեցինք, սակայն չկրցանք հեռանալ ճակատագիրի սեւ խաղերէն: Այդ ատեաններուն մէջ շատե՜ր գոչեցին, թէ հայ ազգը «մահապարտ է». այդ վճիռէն ետք շատե՜ր զարկին մեզի, ու մենք երբեք չկրցանք պատասխանել «գիտցիր ո՞վ է քեզի զարնողը» հարցին, որովհետեւ զանողները մէկ կամ երկու հոգիներ չէին:

Գաւիթին մէջ կանգնած Պետրոսի նմանութեամբ շա՜տ դաշնակիցներ ուրացան մեզ եւ ըսին «չե՛մ ճանչնար զինք» (Մարկոս 14.68)1

Շղթայուած վիճակով քանի՜ցս տարուեցանք Պիղատոսի առջեւ, սակայն հլու հնազանդ նախընտրեցինք մնալ լուռ, որպէսզի «Գիրքին մէջ գրուածը կատարուի»՝ հայու ճակատագիրը կատարուի:

Աշխարհը մահուան դատապարտուող հայուն հանդէպ եղաւ Պիղատոս, եւ ազատ արձակեց Բարաբբան՝ փոխան Քրիստոսի: Այնպէս ինչպէս Քրիստոսի, նոյնպէս մեր պարագային եւս անպատասխան մնացած է «բայց ի՞նչ չարիք գործած է» հարցը, որուն դիմաց «խաչը հանէ՛» կոչերով գծուած երեւցած է Գողգոթայի այնքան ծանօթ ճամբան: Մեզ կեղեքեցին ու ծեծեցին «ողջոյն քե՛զ» մը ըսելով եւ առաջնորդեցին Գանկի վայր՝ Գողգոթա, ուր խաչուեցանք. ուր մեր ծարաւութեան դիմաց տրուեցաւ քացախը:

Ազգովի թաղեցին մեզ, սակայն մեր եւ Յիսուս Քրիստոսի տարբերութիւնը ա՛յն էր, որ մենք երեք օրէն չկրցանք փշրել մահուան կապանքները ու դուրս գալ մեռելութենէն: Խաչելութենէն մի քանի օր ետք երբ այցելեցինք մեր ազգութեան գերեզմանոցը, հսկայական քարը բացուած չգտանք. իւղաբեր կիներ մեր մեռելութեան կտաւները պարապ չգտան, ինչպէս նաեւ չգտան այն հրեշտակը, որ կ՚ըսէր «ինչո՞ւ ողջը մեռնելուն մէջ կը փնտռէք»:

Մեր պատմութիւնը վերջ չգտաւ Յարութեամբ. եւ ճի՛շդ այդ բողոքն է, որ Շահան Նաթալի կը բարձրացնէ իր «Վրէժի Աւետարան» աշխատութեան երկրորդ հատորին մէջ. «Միածին Որդիդ մէկ անգամ միայն խաչուեցաւ, ո՜վ Տէր, ու Աստուած դարձաւ, գոգըդ հանգչեցաւ. Իմ ցեղս եօթն անգամ եօթը խաչուեցաւ». 1918 թուականին գրուած այդ գիրքէն ետք բազմաթի՜ւ անգամներ նորէն խաչուեցանք. արդիւնքը մնաց նոյնը:

Մեր այսօրուան Յարութեան աւետիսները չեն տարբերիր այն մարդու վիճակէն, որ երբեք ծովը չտեսած ծովուն հանդէպ յատուկ սէր մը կը զգայ. մենք չտեսանք այդ յարութիւնը, սակայն անոր հանդէպ ունինք յատուկ սէր մը, կապուածութիւն մը, հաւատալով ֆրանսական այն առածին, որ կ՚ըսէ «Ուզելը՝ կարենալ է» (Vouloir c'est pouvoir):

Քրիստոս իր մահէն երեք օրեր ետք յարութիւն առաւ. մեր պարագային երեք օրը երեք դարէն իսկ աւելի է, որովհետեւ մեր խաչելութիւնը հազարամեակներու պատմութիւն ունի:

Հետեւաբար, ուրիշի հարստութիւնը տեսնող մուրացկանի մը նման այս տարի եւս կը շնորհաւորենք ա՛յն Յարութիւնը, որ տակաւին մերը չէ.-

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց... Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի (ինչու չէ նաեւ տարոսը մեզի):

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2022