ՆԱԽԱՆՁԸ ԹՈ՛ՅՆ ՄԸՆ Է

Ի՞նչ է նա­խան­ձը։ Նա­խան­ձը բա­ցատ­րել, գիտ­նալ կա­րե­լի չէ։ Ա­յո, զգա­ցում մըն է, ու­նի իր տա­ռա­ցի ի­մաս­տը, բայց կա­րե­լի չէ ի­մաստ տալ այդ զգա­ցու­մին մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ։ Ար­դա­րեւ, ի՞նչ է նա­խան­ձը հար­ցու­մին կը յա­ջոր­դէ երկ­րորդ հար­ցում մը՝ թէ ին­չո՞ւ հա­մար մարդ նա­խան­ձի ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռաւ, քա­նի որ նա­խան­ձէն ո­րե­ւէ բա­րիք կամ շահ ա­պա­հո­վել կա­րե­լի չէ, եւ նա­խան­ձի մի­ջո­ցաւ շա­հող չէ տես­նուած մին­չեւ այ­սօր։ Բայց նա­խան­ձին պատ­ճա­ռած վնա­սը ստո՛յգ է, մե՛ծ՝ նա­խան­ձո­ղին հա­մար։

Մար­դուս սրտին նա­խան­ձը ա­հա­ւոր թոյն մըն է, եւ թոյն մը՝ որ միշտ կը թու­նա­ւո­րէ ինք­զինք՝ նա­խան­ձո­ղը։ Եր­բեք տես­նուա՞ծ է որ նա­խան­ձի ա­ռար­կայ մէ­կը ո­րե­ւէ կեր­պով վնա­սուի, ե­թէ ո՛չ միայն նա­խան­ձո­ղը՝ են­թա­կա՛ն։ Ուս­տի գի­տա­կից, վե­հանձն եւ ող­ջա­միտ մար­դը եր­բեք չի նա­խան­ձիր, ի­րաւ «մեծ» մար­դը չի նա­խան­ձիր մէ­կը՝ որ իր­մէ գե­րա­զանց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով օժ­տուած է։ Ա­հա­ւա­սիկ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հո՛ս է. ինք­նա­գի­տա­կից մար­դը «ինք­նավս­տա՛հ մարդ» է եւ ինք­նավս­տահ մէ­կը եր­բեք չի՛ նա­խան­ձիր, այլ գի­տէ ինք­զինք՝ իր դիր­քը, իր աս­տի­ճա­նը եւ վեր­ջա­պէս իր տե­ղը ըն­կե­րու­թեան մէջ։ Ող­ջա­խոհ մար­դը գի­տէ նաեւ թէ՝ նա­խան­ձով ո­րե­ւէ շահ ու բա­րիք կա­րե­լի չէ ա­պա­հո­վել, բայց միա՛յն՝ վնաս՝ թէ՛ մարմ­նա­կան եւ թէ հո­գե­կան…։

Ա­ւե­լի օգ­տա­կար, ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցող, ա­ւե­լի բա­րի եւ ա­ւե­լի սի­րուն մէ­կը պէտք չէ նա­խան­ձի ա­ռար­կայ ըլ­լայ, այլ պէտք է «տի­պար» նկա­տուի եւ ա­նոր նմա­նե­լու աշ­խա­տուի։

Եր­բեմն «բա­րի նա­խանձ» ա­սա­ցուած­քը կը գոր­ծա­ծուի։ Կար­ծեմ նա­խան­ձի զգա­ցու­մին պատ­րուակ փնտռե­լու ջանք մըն է ա­սի­կա։ Մինչ­դեռ նա­խան­ձը ըստ էու­թեան միշտ չա՛ր է եւ կա­րե­լի չէ զայն յի­շել «բա­րի»ին հետ։ Նա­խան­ձը քա­նի որ ա­տե­լու­թեան պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, սէ­րը կ՚ոչն­չաց­նէ եւ թշնա­մու­թիւն կը ստեղ­ծէ։ Եւ հոն ուր ա­տե­լու­թիւն կայ, հոն ուր սէ­րը կը պակ­սի, եւ հոն ուր թշնա­մու­թիւն կայ, հոն կա­րե­լի՞ է որ բա­րին, բա­րի­քը տեղ ու­նե­նայ։ «Բա­րի նա­խանձ»ի պատ­րուա­կը կը նմա­նի «ճեր­մակ» կամ «վար­դա­գոյն» գոյ­նե­րով ար­դա­րաց­նե­լու աշ­խա­տուած սու­տին։ Սու­տը միշտ սո՛ւտ է եւ վնա­սա­կար, այ­լա­պէս վնա­սա­կար բան մը կա­րե­լի՞ է ար­դա­րաց­նել զայն գոյնզ­գոյն ներ­կե­լով։ Պար­զա­պէս՝ ինք­նա­խա­բէու­թի՛ւն…։

Եւ երբ «նա­խանձ»ը թո՛յն մըն է, կա­րե­լի՞ է որ ան­կէ օ­գուտ սպա­սուի։ Թե­րեւս ո­մանք ը­սեն եւ օ­րի­նակ տան, թէ բնու­թեան մէջ եր­բեմն թոյնն ալ կրնայ օգ­տա­կա­րու­թիւն ու­նե­նալ, զոր օ­րի­նակ՝ բժշկու­թեան մէջ որ­պէս դեղ գոր­ծա­ծուի։

Կա­րե­լի է այդ մա­սին խոր­հիլ, բայց մենք այդ­պի­սի ար­դա­րա­ցում մը հա­մո­զիչ չենք գտներ, քա­նի որ նա­խան­ձը վատ զգա­ցում մըն է եւ ան­կէ ո­րե­ւէ օ­գուտ քա­ղե­լու աշ­խա­տիլ ժա­մա­նա­կի վատ­նում է։ Ուս­տի երբ կա՛յ սէ­րը, ի­րե­րօգ­նու­թիւ­նը, գնա­հա­տե­լու եւ քա­ջա­լե­րե­լու բա­րի ա­րար­քը, ա­պա ու­րեմն ի՞նչ պէտք կայ նա­խան­ձին, ին­չո՞ւ օ­գուտ ու բա­րիք սպա­սել նա­խան­ձէն, ին­չո՞ւ ջա­նալ ար­դա­րաց­նել զայն, փո­խա­նակ զօ­րաց­նե­լու եւ քա­ջա­լե­րե­լու իս­կա­կան բա­րի­քի աղ­բիւ­րը՝ սէ՛­րը…։

Բայց մարդ­կա­յին բնա­ւո­րու­թիւ­նը կար­ծես կը դժուա­րաց­նէ սի­րե­լու զգա­ցու­մին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը, սէ­րը օգ­տա­գոր­ծե­լը, սէ­րը վա­յե­լե­լը եւ ա­սոր փո­խա­րէն կը քա­ջա­լե­րէ, ա­ւե­լի դիւ­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ վատ զգա­ցում­նե­րու՝ նա­խան­ձի, ա­տե­լու­թեան, հա­կա­ռա­կու­թեան, թշնա­մու­թեան, վէ­ճի եւ բար­կու­թեան։

Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ մար­դիկ ի­րենց փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ա­ւե­լի շատ տա­րուած կ՚ե­րե­ւին վատ զգա­ցում­նե­րով՝ միշտ ինքն­ա­մո­լու­թեան, անձ­նա­սի­րու­թեան, միայն ի­րենց շա­հը հե­տապն­դե­լու տեն­չին ի­րենք զի­րենք գե­րի դարձ­նե­լով։ Այս ուղ­ղու­թեամբ նա­խան­ձը կա­րե­լի է հա­մա­րել յօ­ժա­րու­թեամբ ինք­զինք գե­րի դարձ­նե­լու՝ կիր­քե­րու եւ չար զգա­ցում­նե­րու։ Մինչ­դեռ ա­մե­նա­ծանր եւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը ա­մե­նէն շատ վի­րա­ւո­րող գե­րու­թիւ­նը՝ ինք­նա­կամ, յօ­ժա­րու­թեամբ ըն­դու­նուած գե­րու­թի՜ւնն է։

Եւ մար­դու մը հա­մար ա­ւե­լի նուաս­տա­ցու­ցիչ բան չկա՛յ, քան ինքն ի՛ր կամ­քո­վը, յօ­ժա­րու­թեամբ գե­րի դառ­նա­լը ինքն ի­րեն՝ իր «Ես»ին, իր կիր­քե­րուն։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, «նա­խանձ»ը, այս վատ զգա­ցու­մը՝ մար­դուս ինքն իր ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը վի­րա­ւո­րող կի՛րք մըն է։ Ա­զա­տիլ կա­րե­լի՞ է ան­կէ։ Կա­րե­լի է ան­շուշտ։ Դժուար բայց ո՛չ եր­բեք ան­կա­րե­լի։ Սա­կայն կը պա­հան­ջէ զօ­րա­ւոր կամք, հաս­տատ նկա­րա­գիր եւ վճռա­կա­նու­թիւն։ Նա­խան­ձի զգա­ցու­մէ ա­զա­տե­լու հա­մար մարդ, նախ պի­տի հա­մո­զուի, թէ նա­խան­ձը միա՛յն նա­խան­ձո­ղին վնաս կը պատ­ճա­ռէ, իսկ ան որ նա­խան­ձի ա­ռար­կայ է, թե­րեւս տե­ղե­կու­թիւն իսկ չ՚ու­նե­նար որ նա­խան­ձող մը ու­նի եւ թէ նա­խան­ձի ա­ռար­կայ հան­դի­սա­ցած է։

Ա­պա ու­րեմն ին­չո՞ւ նա­խան­ձիլ, երբ յայտ­նի է, որ ա­պար­դիւն պի­տի մնայ ա­նոր հե­տե­ւան­քը, այ­լա­պէս ինքն ի­րեն մարմ­նա­կան եւ հո­գե­կան վնաս պի­տի պատ­ճա­ռէ։ Ու­րեմն նա­խան­ձը խո­հեմ, ող­ջա­միտ մար­դու գործ չէ՛։ Խե­լա­ցի մար­դը չ՚ը­ներ այն բա­նը՝ որ ի վեր­ջոյ ո­րե­ւէ օ­գուտ չի պատ­ճա­ռեր ո՛չ ի­րեն եւ ոչ ալ իր շուր­ջին­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ թէ վնաս պատ­ճա­ռե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւնն ալ շատ է, եւ միա՛յն ինքն ի­րեն…։

Ար­դա­րեւ նա­խան­ձը հա­կա­ռա՛կ է նաեւ աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին, քա­նի որ Աս­տուած մար­դը ստեղ­ծեց սի­րով եւ զի­րար սի­րե­լու հա­մար, մար­դը ստեղ­ծեց որ­պէս­զի իր նմա­նին՝ մար­դուն օգ­նէ, զի­րար լրաց­նեն, եւ զի­րար ամ­բող­ջաց­նեն մար­դիկ։ Եւ ա՛յս իսկ պատ­ճա­ռով մարդս կո­չուած է սի­րե­լու եւ ի­րե­րօգ­նու­թեա՛ն։ Եւ երբ կ՚ը­սենք. «մա՛րդ կա­տա­րեալ չէ…», ը­սել կ՚ու­զենք որ իւ­րա­քան­չիւ­րը պար­տա­ւո՛ր է միւ­սին պա­կա­սը լրաց­նե­լու, կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու եւ զօ­րաց­նե­լու, փո­խա­նակ նա­խան­ձե­լու եւ զի­րար ա­տե­լու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 11, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016