ԿԱՏԱՐԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՆՀՆԱ՜Ր
Մարդ կրնա՞յ կատարեալ ըլլալ։ Անշուշտ այս հարցումին վճռական պատասխան մը կարենալ տալու համար նախ պէտք է պատասխանել, պէտք է նախապէս բացատրութիւն մը գտնել սա հարցումին, թէ՝ «կատարեալ ըլլալ» ի՞նչ կը նշանակէ։ Ի՞նչ է կատարելութիւն ըսուածը։ Իր ամենապարզ իմաստով, կատարելութիւն կը նշանակէ՝ անթերի վիճակ, բոլոր բարեմաստութիւնները, կարողութիւնները, զօրութիւնները ունենալ, այսինքն լրութիւն, ամբողջութիւն, լիակատարութիւն։
Մարդ կրնա՞յ ամէն ինչ ունենալ, թերութիւն մը չունենալ, ամենազօր եւ անթերի ըլլալ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդկային կեանքի մէջ հաւանականութիւններ այնքան շատ, եւ նոյնիսկ անսահման են, որ բոլոր հնարաւորութիւնները իրականացնել, լրացնել անկարելի է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ՝ մարդ միշտ պակաս մը, թերի կողմ մը, անկատար մաս մը պիտի ունենայ, եւ այս անխուսափելի իրողութիւն մըն է, եւ «անկատարութիւն»ը՝ անայլայլելի նկարագի՛րն է մարդուն։
Ուրեմն վերի առաջին հարցումին կրնանք յստակ պատասխան մը տալ եւ ըսել. մարդ չի՛ կրնար երբեք կատարեալ ըլլալ։ Բայց ասիկա արգելք պէտք չէ ըլլայ՝ կատարելութեան ձգտելու, կատարելութեան հասնելու համար ջանք ընելու։
Մարդուս ապարդիւն եւ անիրականալի նպատակի մը համար ջանք ընելը պարապ աշխատութի՞ւն մը պիտի նկատուի ուրեմն։ Ո՛չ։ Քանի որ կատարելութեան ձգտիլ ինքնին մարդուս հասունութիւնը, սեղմ իմաստով «կատարեալ» ըլլալը կը նշանակէ։ Արդարեւ, աշխատիլ, ջանալ, յուսալ եւ գործել, մարդուս կատարելութիւնը ցոյց կու տայ, եթէ նոյնիսկ իր լայն եւ իմաստասիրական առումով իսկական «կատարելութեան» չհասնի ան։ Աշխատութիւնը, անկեղծօրէն գործելը եւ աննենգ ըլլալը, մարդկային նկարագրի մը չափ ու սահմաններուն մէջ «կատարելութի՛ւն» է։
Կան մարդիկ, որ գոհ են եւ հպարտ իրենց անհատական առաւելութիւններէն եւ գործերէն, բայց դժգոհ՝ հաւաքական կեանքի գործունէութիւններէն, թերութիւններէն։ Մարդիկ, ընդհանրապէս ներողամիտ ու թոյլատու են իրենց անձնական տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն, եւ ինքզինք կատարեալ կարծելու համոզման մը մէջ կը գտնուին։ Եւ սակայն նոյն անձերը աններող եւ բուռն քննադատողներ կը հանդիսանան, եւ հաշիւ պահանջողներու կը դառնան պատասխանատու անձերու եւ պաշտօնական մարմիններու եւ անոնց հետ կը քննադատեն իւրաքանչիւր անդամը այդ մարմիններուն, եւ պատանջատէր՝ անոնց հանդէպ։ Ուստի մարդ գո՛հ է, բաւարարուած է իր կեանքին նկատմամբ, իր անձին համար, իր արարքներուն եւ գործերուն մասին։ Բայց նոյն մարդը, ընդհանրապէս, կը տեսնուի որ դժգո՛հ է ուրիշներուն ընթացքէն, իր շուրջիններուն գործունէութենէն։
Եւ սակայն եթէ այս երեւոյթը կամ իրողութիւնը իր շրջուած ձեւով ներկայանար, մարդ, թէ՛ իր անձին եւ թէ՛ իր համայնքին, իր պատկանած հաւաքականութեան զարգացումը, աճումը եւ օգուտը քառակուսի համեմատութեամբ պիտի ընթանային։ Այսպէս, մարդ, ընդհանրապէս ինքզինք կատարեալ կը նկատէ եւ չի տեսներ իր իսկ թերութիւնները, տկարութիւնները եւ անկատարութիւնները, բայց իր շուրջիններուն ամենէն փոքր եւ աննշան թերութիւնը, տկարութիւնը կարծես խոշորացոյցով դիտելով՝ կը մեծցնէ։
Ո՜վ գիտէ, թերեւս մարդ իր թերութիւնը, տկարութիւնը, անկատարութիւնը կը տեսնէ, բայց զանոնք ծածկելու, քօղարկելու համար ուրիշներունը մեծցնելով կը ներկայացնէ, որպէսզի ուշադրութիւնները դարձնել տայ անոնց վրայ եւ իրենները չտեսնուի։ Ի՞նչ կը մտածէք, սիրելի՜ բարեկամներ, մարդիկ այսպիսի «ճամբայ» մը կ՚ընտրե՞ն, որպէսզի իրենց թերութիւնները եւ տկարութիւնները չյայտնուին…։ Կրնայ ըլլալ…։ Ուստի, մարդուս իր վրայ կատարելութիւն նշմարելը կարճատեսութիւն եւ կամ ինքնախաբէութիւն է, չըսելու համար «կուրութիւն», որ ահաւո՜ր պատասխանատուութիւն մը կը հրաւիրէ, երբ կը տեսնուի ծնողներու եւ ուսուցիչներու, դաստիարակներու վրայ մանաւանդ։ Շատեր ալ, տեսած են սնափառ եւ կարճամիտ ծնողներ, որոնք իրենց զաւակը ներկայացուցած են իբր ամենէն հանճարեղ եւ սրամիտ տղան, եւ դպրոցին ամենէն յառաջադէմ տղան, աշակերտը, եւ նոյնիսկ «ուսուցիչներէն աւելի՛ խելացի՝ անոր «սխալ»ներն իսկ սրբագրելու աստիճան»…։ Անշուշտ որ ամէն հայր ու մայր, իր զաւակը տեսնել կ՚ուզէ լաւագոյնը, բայց ասիկա ալ ունի, պէ՛տք է ունենայ իր չափն ու կշիռը եւ մանաւանդ՝ առանց վիրաւորելու եւ ստորագնահատելու ուրիշներուն զաւակները եւ աշակերտները։
Ահաւասիկ, հոս ալ կը տեսնուի «կատարելութիւն» կարծուած անկատարութիւններու ներկայութիւնը։ Մարդ, ընդհանրապէս տեսնել չ՚ուզեր իր անկատարութիւնը, կամ իրեն պատկանածին թերութիւնը, եւ զայն կը կարծէ կատարեա՛լ. իսկ ուրիշին ամենափոքր, աննշան մէկ թերութիւնը անմիջապէս պատրա՛ստ է ներկայացնելու որպէս մեծ թերութիւն մը։ Եւ այս փքուռոյց, այսինքն՝ հովով կամ քամիով ուռած, սնամէջ յայտարարութիւնները կ՚ընեն հանրութեան մէջ՝ առանց որեւէ վերապահութեան՝ վիրաւորելով արժանապատուութիւններ։
Միամիտ ծնողներ եւ միամիտ դաստիարակներ ալ կրնան գտնուիլ՝ որոնք գուցէ իրենց զաւակները կամ աշակերտները պանծացնելով իրենց ունայնամտութիւնը գոհացնել կը միտին, եւ անոնց վրայ իրենց շռայլած գովեստները իրենց վրայ ալ փառքի եւ պատիւի կաթիլներ թափուած տեսնելու պարապ մարմաջը ունին։
Բարեբախտաբար, զաւակներ կան՝ որոնք յաճախ իրենց ծնողներէն խելահաս, եւ աշակերտներ՝ իրենց դաստիարակներէն աւելի իմաստուն, անոնց սին գովաբանական հէքեաթներուն չեն համաձայնիր՝ անոնք մտիկ կ՚ընեն սկեպտիկ եւ հեգնախառն ժպիտով մը, եթէ ո՛չ յայտնի սրտեղութեամբ մը։ Եւ ահաւասիկ, եթէ կատարելութեան կամ հասունութեան վրայ խօսուի, այդ տղաքը եւ աշակերտները աւելի՛ կատարեալ, աւելի՛ հասուն են քան իրենց հայրն ու մայրը, կամ դաստիարակը։ Արդարեւ, այդ տղաքը աւելի պատրա՛ստ են կեանքի պայքարին եւ աւելի մօտ կատարելութեան, քան իրենց անփորձ ու միամիտ ծնողները եւ դաստիարակները։
Ծայրայեղ գովասանքներ, կատարեալ ըլլալու սխալ համոզումներ ամենամեծ արգելքներն են իրապէս կատարեալ ըլլալու, կատարելութեան անվերջ եւ անել ճամբուն վրայ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 10, 2017, Իսթանպուլ