ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆ (ԻՆՏՐԱ) (1875 - 1921) - Բ -

Ստորեւ, կը շարունակենք ներկայացնել Տիրան Չրաքեանի «Ինտրա» բանաստեղծական-մտածողական շունչով գրուած արձակներէն նմոյշ մը։

Հատուածը կը ներկայացնենք բնատիպին բոլորովին հաւատարիմ մնալով։ Արդարեւ, Ինտրա յաճախ բառերը ձեւափոխած է ազատօրէն՝ յստակ նպատակով։ Զոր օրինակ, «շարժլում» գործածած է փոխանակ «շարժում»ի, ինչպէս. «… հեռուն, մոյգ շարժլումներու մէջ, անընդհատ, անընդհատ՝ խուժող ու ծռող կոհակներուն ճերմակ կործանումը կը թնդար»։ Ուստի, բառարանը օգտագործելով կրնանք լաւագոյնս հետեւիլ եւ հասկնալ Ինտրայի հատուածը…։

ՍԵՒ ԾՈՎԸ

Երդի՜ք մը, ծո՜ւխ մը, ասիկա կը նշանակէր տուն, օճախ, ջերմութիւն, հանգիստ, ամփոփում…

Տանիք մը ու օճախ մը, հո՞ս…։ Ուրեմն անբաւ ժխտումին մէջ ջերմութեան, գորովի վայրկեան մը կար, մահաշշունջ անհունին գիրկը՝ սիրոյ, լոյսի կենսաւէտ բջիջ մը։

Հոն, վայրի ափունքներուն վրայ, մռայլ անվախճան գաղափարին տոգորումովը սմքած, մինակուկ խանը որքա՜ն կը նմանէր այդ վայրերէն անցնող մարդուն։ Խոնարհ միջատի մը յամառ կենսունակութեամբ առլի հոգի մ՚ունէր ան, խեղճուկ մարդկային կարիքը կը խորհրդանշէր։

Եւ բուխերիկը կը մխար, հորիզոններուն հովին տակ իր ջերմութեան երազը կը մարմրէր։ Բուխերիկը ցուրտ դատարկութեան մէջ իր բարութիւնը կը խնկէր։

Վաչը մօտեցաւ, տատանելով։ Հասաւ խանին։ Սայլերդիքի մը ապաստանին մէջ կանգ առաւ։

Ծառերուն ու աւազաթումբերու ետին կորսուեր էր Ծովը. եւ ա՛լ հեռու էինք որոտացող ափունքէն, ծերուկ խանին թեւերուն տակը։ Անասուններու թրիքի գեղջուկ, բարեկամ հոտ մը կար սայլերդիքին խոնաւ անկիւնները։

Սայլէն իջայ, ու կթոտ քայլով մտայ պզտիկ խանին ներսը։

Մթնշաղ սանդուխէ մը ելայ միակ յարկը. փոքր, ցուրտ սրահ մըն էր, յատակը ծուռ։ Բրտօրէն վանդակուած մեծ լուսամուտներու նախնականութենէն մեծ հովը կ՚անցնէր սուլելով. սատափէ լեռները, ամպամած, կ՚անրջանային գորշ անտառներէն վեր։ Տան մէջ կը զգացուէր հզօր Դուրսը. իր հալածանքէն՝ խանը տարտամօրէն կը դղրդար։

Սենեակ մը մտանք. օ՜խ տաքուկ մթին խուցը։ Կոփածոյ ջերմոց մը կը վառէր հոն, ցած մրոտ առաստաղին տակ բեկանելով ծուռ խողովակը՝ պատին խաւարին մէջ անհետ։ Ջերմութեան փայփայանքէն սարսռուն՝ նստայ աղօտալի հրաշէկ ջերմոցին դրան վառ ծակին դէմը։ Իջեւանին տենչալի խորհուրդին մէջն էի ա՛լ։

Որչա՛փ դոյզն բան էր տնակը, եւ ինչպէ՜ս կը բաւէր անհունէն վաստակաբեկ ուղեւորին մարդկայնութեանը։ Ամէն ինչ նախնական էր հոն. եւ ամէն ինչ կը դիմադրէր անբաւ Դուրսին։ Սենեակին մտամփոփման մէջ վանական մտածում մը կը խառնուէր լեռնային զգացման մը, եւ երանութեան սարսուռով մը ողնայարէս կ՚անցնէր։ Կրակին քովը նստած ճերմակ կատու մը կար։

Հեռուն Ծովը կը գոռար. ճերմակ կատուն երեսս կը նայէր անձայն։

***

Ծանօթագրութիւն.-

- Գլխագրով՝ «Դուրսը» մակբայ, գործած-ւած է իբր գոյական։ (Յ. Քիւրքճեան, «Հայրենի Աղբիւր»)։

- Ինչպէս արտայայտուեցաւ վերը, բառարանի օգտագործութեամբ կարելի է լաւագոյնս հետեւիլ եւ հասկնալ Ինտրայի «Սեւ Ծովը» հատուածը։ Այս ուղղութեամբ կ՚ուզենք ներկայացնել կարգ մը բառերու բացատրութիւնը։

Հողմակոծ = հովերէն ծեծուած, հողմահար։

Ափունք = եզերք՝ ծովու, գետի։

Վաչ = ճամբորդատար մեծկակ սայլ. գնչուներու սայլ. սայլի՝ կառքի՝ նաւակի բեռներու ծածկոյթ։

Մենաւոր = միայնակ, մինակ, մեկուսի, առանձին. մենաբնակ։

Երիվար = ընտիր ձի. գեղազատ՝ արու ձի, հեծնելու ձի։

Դոփիւն = ոտքի ձայն։

Խռովայոյզ = խիստ այլայլած, յուզումնալից, տագնապալի, խռովալից։

Սրսփալ = սարսափ կամ սարսուռ զգալ, դողալ։

Կոհակ = բարձր կամ խոշոր ալիք, յորձանք, վէտ, ծփանք։

Մթնշաղ = քիչ մը լոյսով խառն մութ, մթնալոյս, վերջալոյս, աղջամուղջ։

Խան = իջեւան, կայան, կանգառ. խոշոր աման արմտիք չափելու համար. բոլորշի խոշոր ափսէ. մետաղէ կլոր սեղան. նահանգապետ։

Սառող = Ինտրա երբեմն ունի մասնայատուկ կէտադրութիւն (հոս եւ ա. նախադասութեան մէջ՝ պակսող ստորակէտ) ի՞նչ տպաւորութիւն տալու համար է։ (Յ. Քիւրքճեան)։

Թաւաստեւ = Թաւ ստեւներով (ստեւ = անասուններու վրայի կարճ մազերը կամ բուրդը), (հոս՝ անտառներով) ծածկուած։ Ինտրայի յօրինած բարդ բառերը մեծ մասով կը հասկցուին, եթէ դիմես արմատ-բառերուն։ (Յ. Քիւրքճեան)։

Սատափ = փայլուն խեցի։

Հեղեղատ = Խոր եւ նեղ ծորակներ, որոնք ձմեռը անձրեւաջուրի հոսանքներու հուն կը դառնան։ (Յ. Քիւրքճեան)։

Ժանեակ = ճերմակ թելով հիւսուած նուրբ ձեռագործ։ (Հոս՝ ի՜նչ գործածութիւն. Յ. Քիւրքճեանի նօթագրութիւն)։

Երկբայական = կասկածելի, անորոշ, մշուշի մէջ հազիւ երեւցող։

Մահաշշունջ = մահուան թեթեւ փսփսուք, շնչիւն, մեղմ ձայն։

Համասեռ = նոյն նիւթէն կազմուած։

Կոփածոյ = տաք-տաք ծեծելէն ձեւ առած։

Դոյզն = չնչին։

Սայլերդիք = Սայլերը կեցնելու ծածկ, ծածկուած վայր։

Արբշռութիւն = գինովութիւն։

Ժպտուն = յափշտակուած՝ ճամբորդը թերեւս կը ժպտի ինքնիրեն, եւ լուր չունի…։

«Չրաքեան օգտագործած է զգայարանական տարրեր, լսողական, բայց մանաւանդ տեսողական, քանի որ նկարիչ էր միանգամայն…», կ՚ըսէ Յարութիւն Քիւրքճեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 12, 2020, Իսթանպուլ 

Շաբաթ, Մայիս 16, 2020