ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱԶԴԸ

Կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման ծառայող բնազդներու կարգին կան նաեւ ուրիշ ազդակներ. ընդհանրապէս հռչակաւոր, համբաւաւոր ըլլալ, կամ այդպէս երեւելու ձգտում, որ ի վերջոյ նպատակ ունի անմոռաց՝ անմահ ըլլալ։ Այս ձգտումը իր մէջ կը բովանդակէ՝ կարողութեան գաղափարը, միտումը, ինչպէս նաեւ՝ ինքնահաւանութիւնը եւ մրցակցութիւնը, եւ անշո՛ւշտ՝ նախանձը։ Արդարեւ, այս զգացումներն են, որ մարդուս կեանքին ուղղութիւն մը կու տան։

Զգացումներով ձեւաւորուած այս ուղղութիւնը կրնայ բարի եւ օգտակար ըլլալ, կրնայ նաեւ չար եւ վնասակար ըլլալ։ Զգացումներու հակակշռութիւնը, ահաւասիկ, պիտի որոշէ «բարի» եւ «օգտակար» մարդը, կամ «չար» եւ «վնասակար» մարդը։

Իմաստուն մարդը ա՛յն է, որ կրնայ ուղղուիլ դէպի բարին, դէպի օգտակարը եւ մերժել՝ չարը եւ վնասակարը։ Եւ այս իմաստութիւնը կարեւորութիւն կը ստանայ նաեւ ընդհանրապէս ընկերային կեանքին մէջ եւ անշուշտ քաղաքականութեան մէջ, քանի որ քաղաքականութիւնը անբաժան է մարդկային հաւաքական-հասարակական-ընկերային կեանքէն։ Արդարեւ, հոն՝ ուր անհատ կայ, հոն անմիջականօրէն գոյութիւն կը ստանայ հաւաքականութիւնը եւ հետեւաբար հոն՝ ուր մարդ կայ, հոն կայ նաեւ ընկերային հասարակական կեանք եւ վերջապէս երբ մարդը կը վերածուի «անձ»ի, այսինքն՝ խորհող, դատող, որոշող անհատի, բանականութիւնը դեր կը ստանայ, եւ որուն հետեւանքով՝ ընդհանուր առումով «քաղաքականութիւն»ը։

Քաղաքականութիւնը՝ անհատին կ՚անդրադարձնէ այն ճշմարտութիւնը, որ ան «անձ» է։ Եւ իւրաքանչիւր անձ ունի իւրայատուկ ազատութիւն, անկախութիւն եւ վերջապէս՝ իրաւո՛ւնք։

Արդարեւ, «անձ» ըլլալու նախապայմա՛նն է անդրադառնալ ազատութեանը, անկախութեանը եւ իր իրաւունքներուն։ Ա՛նձն է, որ գիտակցութիւնը ունի իրաւունքի, ազատութեան եւ անկախութեան։ «Ազատութիւն, եղբայրութիւն եւ հաւասարութիւն» բանաձեւը, ահաւասիկ յստակ կերպով եւ լաւագոյնս կ՚արտայայտէ անհատ-անձ իրականութեան կարեւորութիւնը եւ թէ՝ անհրաժեշտութիւնը։ Ոմանք կրնան մտածել, թէ այս պատմական բանաձեւին մէջ ինչո՞ւ չի յիշուիր «արդարութիւն»ը։ Չի յիշուիր այլապէս, որովհետեւ արդէն հոն է արդարութիւնը, հոն՝ ուր կայ ազատութիւն, հոն՝ ուր կայ հաւասարութիւն, եւ հոն՝ ուր կայ եղբայրութիւն, հոն արդէն կայ արդարութի՛ւն…

Եւ ո՞ւր է «սէր»ը այս բանաձեւին մէջ։

Ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն՝ արդարութիւն. սիրոյ արտադրութիւններ են, ուստի, հոն՝ ուր սէր գոյութիւն չունի, հոն ո՛չ ազատութիւն, ո՛չ հաւասարութիւն, ո՛չ եղբայրութիւն գոյութիւն կ՚ունենայ, եւ ոչ ալ արդարութիւն։

Եւ ահաւասիկ, ընդհանրապէս, քաղաքականութեան առաջնակարգ պարտականութիւնն է անհատներու անդրադարձնել տալ, թէ անոնք ամէն մէկը «անձ» են՝ ազատ, հաւասար եւ եղբայր։ Ուստի անոնք ունին իրաւունքներ՝ իրենց անձերէն անբաժան, անոտնձգելի, անկորզելի, անյափշտակելի, անբռնագրաւելի…

Քաղաքականութիւնը կը ծառայէ անհատին, անձին եւ հաւաքականութեան՝ հասարակութեան, մէկ խօսքով մարդկութեան՝ անոնց բարիք եւ օգտակարութիւն, երջանկութիւն, ուրախութիւն ապահովելով եւ ասիկա Jean-Jacques Rousseau-ի (1712-1778) «Ընկերային համաձայնագրութեան» մէջ ըսածին պէս, անհատին ընտրութեան մէկ արդիւնքն է։ René Descartes, Jean le Rond d՚Alembert, G.W. Leibniz եւ ուրիշներ ազդեցիկ եղած են այս գաղափարին հաստատման եւ որոնց հետեւած են՝ Immanuel Kant, Denis Diderot, Karl Marx, David Hume եւ ուրիշներ…

«Անձ»ը՝ անհատը, այս բանաւոր էակը արժէ՛ք մըն է, եւ անոր կազմած հաւաքականութիւնը արժանի է ամէն բարիքի՝ ազատութեան, եղբայրութեան, հաւասարութեան՝ արդարութեան եւ անպայմա՛ն, անխուսափելի, անմերժելիօրէն՝ ՍԻՐՈ՛Յ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 15 2023, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2023