ՀԱՅՐԻԿ ԵՒ «ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԻՔ»
Ահաւասիկ այսպիսով վերջ կը գտնէ Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք» աշխատութիւնը, որ աւելի քան 150 տարուան հնութիւն ունենալով հանդերձ կը շարունակէ մարմնաւորել տիպար հայ ընտանիքը, հայ հայրն ու մայրը, հայ հաւատացեալը, ինչպէս նաեւ հասուն ու հայասէր հայ երիտասարդը. աւելի քան երբեք վստահ ենք, որ այս աշխատութիւնը, ինչպէս նաեւ Խրիմեան Հայրիկի անունը պիտի շարունակէ ապրիլ դարեր շարունակ. ցաւ ի սիրտ, մեր նոր սերունդը չի՛ գիտեր, թէ իրականութեան մէջ ո՛վ է Խրիմեան Հայրիկ. որպէս մեծութիւն գիտեն անոր անունը, աղօտ ձեւով գիտեն շերեփի մը պատմութիւնը եւ վերջ:
Պէտք է գիտնալ, որ Խրիմեան Հայրիկ իր ժամանակի ամենէն կարկառուն դէմքերէն մէկն էր՝ աւելի քան Պարոնեանը, Գրիգոր Զօհրապն ու Օտեանը եւ ուրիշներ։ Հայ ժողովուրդին իր հանդէպ ունեցած սիրոյ արտայայտութիւնն էր «Հայրիկ» անուան շնորհումը եւ Հայրիկին շուրջ գրուած բազմաթիւ երգերը, որոնք ապացոյց են Խրիմեան Հայրիկի մեծութեան:
Ամէ՛ն ժամանակ կ՚ունենայ իր իմաստունները, սակայն անոնցմէ շատեր մոռացութեան կը տրուին, որովհետեւ ժամանակը մարդոց գործերն ու համբաւը կը ստուերէ, սակայն ուրիշներ նուաճելով ժամանակին յաղթանակ կը տանի եւ վստահաբար անոնցմէ մէկն է Խրիմեան Հայրիկը: Առեղծուածային դէմք մըն է Խրիմեան Հայրիկ, որովհետեւ անոր մէջ կ՚ամփոփուի Աստուածաբանը, փիլիսոփան, հոգեբանը, մանկավարժը, քաղաքագէտն ու հոգեւորականը:
Աշխարհի մէջ կան գրողներ, որոնք ամէ՛ն ժամանակի մէջ կը կարդացուին. ինչպէս օրինակ, Շէյքսփիրը, Վ. Հիւկոն եւ ուրիշներ. մեր պարագային նման գրողներ են Գրիգոր Նարեկացին, Տաթեւացին եւ անոնց կողքին նաեւ Խրիմեան Հայրիկ, որ աւելի քան 150 տարիներ ետք կը շարունակէ մնալ այժմէական մերօրեայ հայորդիներուն համար: Պէտք է նկատի ունենալ, որ Հայրիկ իր աշխատութիւնները գրի չառաւ որպէս օր մը որպէս «գրող» պատմութեան էջերուն մէջ յիշուի. Հայրիկ հեռու էր փառքի փնտռտուքէ, անոր միակ մտահոգութիւնը ազգին վիճակն էր՝ իր բարոյական, կրթական եւ նիւթական վիճակով: Մարդկային կեանքը յուզող բոլոր հարցերու դիմաց կարելի է գտնել Հայրիկը. հոգեւորական մը ըլլալով լաւապէս կը տիրապետէր աշխարհիկ գիտութեան եւ անոր աշխատութիւնները կարդալով բնականաբար կարելի է հասկնալ, որ եղած է ընթերցանութեան ծարաւ ունեցող մը:
«Դրախտի ընտանիք» աշխատութիւնը կարդացած ժամանակ իւրաքանչիւր էջի վրայ գրեթէ կարելի է հանդիպիլ «կրթութիւն» եւ «դաստիարակութիւն» բառերուն, որովհետեւ Հայրիկ կը հաւատայ, որ ազգ մը կը յառաջդիմէ ա՛յն ժամանակ, երբ անոր զաւակները ճի՛շդ դաստիարակութեամբ հասակ կ՚առնեն. այդ դաստիարակութիւնը իր բարի պտուղը կու տայ ո՛չ միայն ներկային՝ այլ նաեւ ապագային եւ Հայրիկի մօտ կը տեսնենք, որ ներկան բարելաւելով մեր ազգի ապագան է, որ կ՚ուզէ բարեփոխել:
Հայ ժողովուրդը Հայրիկին եւ անոր ժամանակին կու տայ «Զարթօնք»ի սերունդ անուանումը. այս բառը միւս բոլոր գրողներէն աւելի բաժինն է Խրիմեան Հայրիկին, որովհետեւ ամենէն շատ ա՛ն կը մաշուի իր հայորդիները զարթօնքի հրաւիրելու:
Մեր թուականէն 77 տարիներ առաջ՝ 1947 թուականին Փարիզի մէջ հրատարակուող «Հայ Կին» ամսաթերթին մէջ Տայիեան ստորագրութեամբ գրող մը կարդալով «Դրախտի ընտանիք» աշխատութիւնը կը գրէ. «Կեանքն ու մարդկութիւնը, միշտ ալ, նորն ու արդիականը ընդգրկելով, հինը կ՚ուզէ թաղել, մենք չէ որ նորը անտես առնելով, հինը պիտի փափաքէինք վերակենդանացնել: Սակայն կը խոստովանինք որ եթէ առիթը ունենայինք, սիրով պիտի կարդայինք այդ գրքոյկը, քանի մը անգամներ, ոչ միայն թարմացնելու համար մեր յիշողութիւնը, այլ եւ ապրելու համար նահապետական Հայաստանի Ընտանեկան երջանիկ կեանքն ու անոր բարգաւաճումը»: Տեղին կը գտնենք Տայիեանի այս տողերը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այն ժամանակուան հայը՝ անուս ըլլալով հանդերձ իր մէջ ունէր անհամեմատելի հայրենասիրութեան ոգի մը. գրեթէ բոլորին համար մեծագոյն սրբութիւն էր հայրենիքը, որուն համար պէ՛տք էր իւրաքանչիւր հայ պատրաստ ըլլար իր կեանքը նուիրաբերելու: Հինը մոռնալ կ՚ուզենք, սակայն տեսնելով հինը կը հասկնանք, որ հողը շատ աւելի արժէք ունէր իւրաքանչիւր հայու համար՝ քան սեփական հաճոյքները. նման սերունդ մը կ՚ուզէր տեսնել Հայրիկ. այսօր ինչքա՜ն ցաւ պիտի ըլլայ Հայրիկի եւ անոր նմաններուն համար, երբ տեսնեն մեր ազգը այսպէս պառակտուած ու յաղթուած վիճակի մէջ:
Մօտաւորապէս 150 տարիներ առաջ արդէն իսկ Հայրիկ կը զգուշացնէր մեր ժողովուրդը եւրոպական ազատամտութենէն միա՛յն լաւ ու դրական մասերը ընդօրինակելու համար, սակայն մեր ժողովուրդը ըրաւ հակառակը՝ կարեւորէն աւելի ուզեց որդեգրել անկարեւորը. Տայիեան իր գրութեան մէջ տեղ մը կը գրէ. «յանուն նոր քաղաքակրթութեան եւ «ազատութեան» քանդուեցաւ ընտանիքի մէջ փոխադարձ յարգանքի եւ սիրոյ ամենանուիրական զգացումը, հաւատքը եւ ստեղծուեցաւ ընտանիք մը, որ «դրախտի ընտանիք» ըլլալէ հեռու է»:
Պէտք է ընդունիլ, որ մերօրեայ վիճակը եւս հեռու է «դրախտի ընտանիք» ըլլալէ։ Հին հայրենասիրութիւնը նորով աւելի ամրացնելու փոխարէն տկարացնելով ուժաթափ ըրած ենք. մէկին վրայ նոր մէկ մը աւելցնելու փոխարէն քանդած ենք նաեւ այդ մէկը՝ հասնելով նման դժբախտ ու պարտուած վիճակի մը:
Հայրիկ հետեւեալ տողերով կը վերջացնէ իր «Դրախտի ընտանիք» աշխատութիւնը. «նոյն բան կրկնելով ու գրելով կ՚աւարտեմ, թէ ընտանեկան տան հաստատուն հիմն՝ ողջամիտ կրթութիւն եւ ուղիղ դաստիարակութիւնն է. այս է աշխարհիս բարոյախօս իմաստասիրաց ցոյց տուած միակ ճանապարհը: ... Երանի՜ որ այս հիման վերայ կը հաստատէ իւր ընտանեկան կեանք. Զոր երբեք չկարեն խախտել աշխարհիս գետեր եւ հեղեղներ»:
Այս գետերն ու հեղեղները այսօր կլանած են մեր ամբողջ ազգը... նոր Զարթօնք մը պէտք է պարզապէս:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար պէտք է գերեզման այցելել:
Պատասխան. Անձի մը գերեզման այցելելը իմաստուն ու խորապէս անձնական միջոց մըն է յարգելու եւ յիշելու անձը: Այդ մէկը ֆիզիքական կապ կ՚ապահովէ մահացած մարդուն հետ, թոյլ տալով որպէսզի զինք սիրողները արտայայտեն իրենց զգացումները եւ այդ անձի վերջին հանգստավայրի շօշափելի ներկայութեամբ մխիթարութիւն մը կը փորձեն գտնել: Շատերու համար գերեզման այցելելը մտամփոփուելու միջոց է, անդրադառնալու այն ազդեցութեան, որ մահացող անհատը ունեցած է իր կեանքին վրայ եւ ձեւով մը միջոց է յարգանքի տուրք մատուցելու: Այդ մէկը յիշատակի ծէս մըն է, միջոց կենդանի մարդուն եւ հանգուցեալին միջեւ պահպանելու կապը եւ մխիթարութիւն գտնելու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան