ՎՃՌԱԿԱՆ ԸԼԼԱԼԷ ԽՈՒՍԱՓԻԼ
«Կարելի է, ըսեն, բայց կ՚ըլլա՛յ չըսեն»։
Marcus Tullius CİCERO (Ն.Ք. 106-43 թթ.)
Սա, անուրանալի իրողութիւն մըն է, որ կեանքը անիմանալի անակնկալներով եւ անհամար հաւանականութիւններով լեցուն ընթացք մըն է։ Մարդ որքան ալ ծրագրէ որեւէ բան, պէ՛տք է որ խուսափի վճռական ըլլալէ։ Հաստատ եւ վերջնական, անդառնալի որոշումներ կրնան խաբել մարդը եւ յուսախաբութեան մատնել զայն։ Այս առումով, իմաստութիւն է՝ միշտ «բաց դուռ» մը թողուլ խօսքին, քանի որ միշտ կրնայ պատահիլ անակնկալ մը, որ նախատեսուած չէր նախապէս, եւ երբեք…
Երբ ասիկա կ՚ըսենք, անշուշտ, մա՛րդ կեանքի մէջ տեւական անորոշութեան, կասկածի մէջ մատնել չէ մեր նպատակը։ Արդարեւ, կասկածը պէտք չէ շփոթել զգուշութեան հետ։ Մին որքան վնասակար հետեւանքներ կրնայ ունենալ, իսկ միւսը՝ նոյնքան օգտակա՛ր։
Անշուշտ, որ «Այոն այո՛ եւ ոչը ո՛չ» ըլլալու է մարդուն. ո՛չ մէկ կասկած։ Բայց մարդ երբ «այո» կամ «ոչ» պիտի ըսէ, նախ պէտք է լաւ խորհի, դատէ եւ յետոյ որոշում տայ «այո» եւ կամ «ոչ» ըսելու։ Ուրեմն հաստատամիտ կամ կասկածամիտ ըլլալ տարբեր բան է, եւ անորոշ կամ վճռական ըլլալ՝ տարբեր բան։
Ուստի, մարդ պէտք չէ՛ խօսի կամ գործէ այն՝ որուն համար աւելի վերջ պիտի զղջայ։
Ահաւասիկ, այս պատճառով է որ Cicero-ի խօսքը մեծ կարեւորութիւն ունի, քանի որ մարդուն յստակօրէն միակ գիտցածը՝ իր որեւէ բան չգիտնալն է, ինչպէս կ՚ըսէ Socrates (Ն.Ք. 469-399 թթ.)։
Իսկ Bertrand Russell (1872-1970) կ՚ըսէ, որ որեւէ իրողութեան ճշդութեանը վաւերականութիւնը հինգ մասնագէտներու համաձայնութիւնը միայն կրնայ ստուգել։
Եւ բոլոր ասոնք մեզի ցոյց կու տայ, որ կեանքի մէջ ճիշդը եւ ստոյգը՝ վճռականը գտնել շատ դժուար է եթէ ոչ անկարելի։ Չէ՞ որ գիտութիւնը կը նմանի անսահման հորիզոնի՝ որուն որչափ մօտենայ, ան միշտ հեռուն կը մնայ՝ որուն հասնիլ երբեք կարելի չ՚ըլլար։ Եւ ուրեմն, ո՜րքան դժուար է խօսիլ վճռական, բանի մը մասին որ ընդհանրապէս անծանօթ է։ Արդէն, մարդուս համար ամենէն անծանօթը ինք՝ մարդն է։ Երբ մարդ ինքն իրեն անծանօթ է, ապա ուրեմն աշխարհի եւ կեանքի մասին ո՞րքան վճռական կրնայ խօսիլ։
Ահաւասիկ, այս պատճառով, առաքինութիւն եւ իմաստութիւն է ինքզինք ճանչնալ, եւ երբ մարդ կը ճանչնայ ինքզինք, կրնայ ճանչնալ աշխարհը եւ կեանքը։ Արդէն շատ անհամաձայնութիւններ, տարակարծութիւններ եւ անմիաբանութիւններ չե՞ն ծագիր «չճանչնալ»է՝ ճանչնալ ինքզինք, ճանչնալ դրացին, ճանչնալ ընկերը, ճանչնալ բարեկամը, եւ նոյնիսկ ճանչնալ հակառակորդը եւ թշնամի՛ն։
Եւ ընտանեկան անհամաձայնութիւններ, կռիւներ, չե՞ն ծագիր իրար չճանչնալէ, իրար չհասկնալէ՝ իրարու միտքը եւ հոգին «օտար» եւ կամ «ուրիշ» համարելէ։ Իրերհասկացողութիւն եւ իրար իրապէ՛ս ճանչնալ թէ՛ ընտանեկան, թէ՛ ընկերային եւ թէ համաշխարհային շատ մը հարցերու լուծմանը համար անհրաժե՛շտ պայման է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ