ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻ՛ՒՆ

Դար­ձեալ եւ մի՛շտ ան­կեղ­ծու­թիւն։ Քա­նի որ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու լաւ մշակ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ պայման է, էա­կան տարր մըն է ան­կեղ­ծու­թիւ­նը։ Բա­րո­յա­գէտ­ներ, ըն­կե­րա­բան­ներ, եւ նաեւ հո­գե­բան­ներ կ՚աշ­խա­տին կա­նո­նա­ւո­րել մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ եր­ջա­նիկ կեանք մը ա­պա­հո­վել մարդ­կու­թեան։ Ա­սոր հա­մար հա­սա­րա­կաց եզր մը ու­նին ա­նոնք, եւ կ՚ը­սեն, թէ սէրն է, որ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռողջ կեր­պով մշա­կու­մը կ՚ա­պա­հո­վէ։ Կրօնքն ալ կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տայ սէր տար­րին։

Բայց սէ­րը ինք­նին որ­քա՞ն ազ­դու կրնայ ըլ­լալ, երբ կը պակ­սի ան­կեղ­ծու­թիւ­նը։ Այս կը նմա­նի այն ի­րո­ղու­թեան՝ թէ նո­րա­գոյն գոր­ծիք­ներ թէեւ կը դիւ­րաց­նեն կեան­քը, բայց ե­թէ խզուի ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քը, ա­պա ու­րեմն ի՞նչ­պէս պի­տի գոր­ծա­ծուին ա­նոնք, քա­նի որ բո­լորն ալ ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քով կ՚աշ­խա­տին…։

Սէ­րը, ար­դա­րեւ ազ­դո՛ւ մի­ջոց մըն է մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու աճ­մա­նը հա­մար, եւ սա­կայն սէ­րը երբ խա­թա­րուի կամ խախ­տի ան­կեղ­ծու­թեան պա­կա­սին պատ­ճա­ռով՝ այ­լեւս չի՛ կրնար կա­տա­րել իր կեն­սա­կան դե­րը եւ սի­րոյ հան­գա­մանք չ՚ու­նե­նար այդ զգա­ցու­մը, թե­րեւս խա­բէու­թիւն կամ խար­դա­խու­թի՛ւն…։

Երբ սի­րոյ մա­սին է խօս­քը՝ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը անհ­րա­ժե՛շտ տարր մըն է այդ սրբա­զան, աս­տուա­ծա­յին զգա­ցու­մին մէջ։

Սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ սահ­մա­նա­փա­կել սեղմ շրջա­նա­կի մը մէջ. կան ար­տա­յայ­տու­թեան ձե­ւեր՝ որ ըստ ե­րե­ւոյ­թի ան­հա­ճոյ են, բայց սէր կը բղխի ա­նոնց մէ­ջէն, կան նաեւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ՝ որ ա­նուշ կ՚ե­րե­ւին, բայց ա­նոնց խո­րե­րէն ա­տե­լու­թիւն կը ժայթ­քէ։ Եւ որ­քան գե­ղե­ցիկ կեր­պով կը բա­ցատ­րէ այս ե­րե­ւոյ­թը՝ երբ ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը կ՚ը­սէ, թէ ա­ւե­լի նա­խընտ­րե­լի է ան­կեղծ թշնա­միին ապ­տա­կը, քան կեղծ բա­րե­կա­մին սուտ համ­բոյ­րը։ Զոր օ­րի­նակ, հայ­րա­կան յան­դի­մա­նող ժպիտ մը շատ ա­ւե­լի ան­կեղծ սէ­րը կ՚ար­տա­յայ­տէ, քան նա­խան­ձոտ եղ­բօր մը սուտ փայ­փա­յան­քը…։

Ուս­տի ան­կեղ­ծու­թիւ­նը մար­դա­սի­րու­թեան նա­խա­պայ­մանն է՝ անհ­րա­ժեշտ տար­րը եւ ո՛չ սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թեան կեր­պը։ Տի­րա­պե­տե­լու փա­ռա­տեն­չու­թիւ­նը սի­րոյ մէջ գնործ չու­նի եր­բեք. սի­րոյ մի­ջո­ցով տի­րա­պե­տե­լու մտադ­րու­թիւ­նը կ՚ա­պա­կա­նէ այդ վեհ զգա­ցու­մը, այլ զայն կը փո­խէ ա­տե­լու­թեան։

Ե­սա­մո­լու­թիւ­նը, ինք­նա­սի­րու­թիւ­նը եւ նա­խան­ձը, դժբախ­տա­բար մարդ­կա­յին բնու­թեան մէջ քիչ ծա­ւալ չեն գտած։ Ար­դեօք հա­մար­ձա­կի՞նք ը­սել, թէ մար­դուս «սե­փա­կան ախտ»ե­րէն են ա­սոնք։ Եւ որ­քա՜ն ա­ւեր­ներ են գոր­ծած այդ նկա­րա­գի­նե­րը կեան­քի մէջ։ Մար­դուս մէջ ար­մա­տա­ցած այս «ախտ»ը չկար­ծուի, թէ կա­րե­լի չ՚ըլ­լար տկա­րաց­նել, ոչն­չաց­նել եւ բո­լո­րո­վին ջնջել։

Ուս­տի ե­սա­սի­րու­թեան դէմ, նա­խան­ձին դէմ պէտք է զո­հո­ղու­թիւն, նուի­րա­կա­նու­թիւն եւ ծա­ռա­յե­լու պատ­րաս­տա­կա­նու­թիւն կամ կա­րո­ղու­թիւն։ Մարդ կա­րող է, տա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նի յաղ­թա­հա­րե­լու ա­մէն վատ զգա­ցում՝ որ պատ­ճառ պի­տի ըլ­լայ իր անկ­ման վեր­ջա­պէս։

Մարդ ե­թէ կա­րող չէ մեծ գործ մը կա­տա­րե­լու, մե­ծը գործ կա­տա­րո­ղին պէտք չէ նա­խան­ձի։ Նա­խան­ձով ո՛չ ոք կրնայ ու­րի­շէ մը ա­ւե­լի մեծ գործ կա­տա­րել, բայց միայն սի­րով, գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ի­րե­րօգ­նու­թեա՛մբ։

Մարդ փո­խա­նակ նա­խան­ձե­լու՝ պէտք է իր կա­րե­լին ը­նէ իր սե­փա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով՝ իր տա­րո­ղու­թեան չա­փով։ Նա­խան­ձը, ա­տե­լու­թիւ­նը մարդ­կա­յին ըն­կե­րա­յին կեան­քը ան­շար­ժու­թեան եւ ամ­լու­թեան կը մատ­նեն, ար­գելք կը հան­դի­սա­նան գոր­ծո­ղին, աշ­խա­տո­ղին եւ բո­լոր բա­րե­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն։ Ուս­տի սի­րող սիրտ մը՝ ան­կեղծ սի­րով լե­ցուած հո­գի մը «մարդ»ը կ՚ըն­դու­նի ամ­բող­ջու­թեան մէկ մա­սը, ո­րուն ինքն ալ մաս կը կազ­մէ, ինքն ալ ան­դամ է, ուր ո՛չ նա­խանձ կայ եւ ոչ ալ ա­տե­լու­թիւն եւ ոչ մէկ յո­ռի նկա­տո­ղու­թիւն, կի­րա­ռու­թիւն։

Ու­րեմն երբ «սէ՜ր, սէ՜ր…» կ՚ը­սենք, պահ մը պէտք է խոր­հինք. ի՜նչ­պի­սի սէր։ Մա­կե­րե­սա­յին, ի ցոյց մարդ­կան ցու­ցա­բե­րուած սէ՞ր, թէ ան­կեղծ եւ իս­կա­կան սէր։ Ան­շուշտ մենք ալ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­թա­յենք սէր տար­րին, բայց սի­րոյ տրուած ար­ժէ­քը, սի­րոյ ըմբռ­նու­մը ըստ իր իս­կա­կան ի­մա­ստին ընդ­նու­նուած «սէր»ն է, որ կ՚ար­ժէ տես­նել եւ ըն­դուիլ որ­պէս անհ­րա­ժեշտ տարր մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու։

Շա­տեր սէ­րը եւ սի­րե­լը «բեր­նի ծա­մոց» ը­րած են. ա­մէն ա­ռի­թով կը կրկնեն այդ «բառ»ե­րը, բայց միայն «բառ» ըլ­լա­լով, գործ­նա­կա­նի մէջ կ՚ա­տեն եւ չեն սի­րեր։ Պահ մը դի­տե­ցէք ձեր շուր­ջը. քա­նի հո­գիի հա­մար կրնաք ը­սել, թէ իս­կա­կան, ան­կեղծ սէր ու­նին, ի­րա­կան սի­րոյ զգա­ցու­մը ու­նին ի­րա­րու նկատ­մամբ։ «Կը սի­րեմ» ը­սող­ներ սի­րոյ հա­մար ի՞նչ կ՚ը­նեն։

Եր­բեք խոր­հա՞ծ էք. ծնող­ներ, որ ե­րե­ւու­թա­պէս կը սի­րեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րը, բայց սի­րե­լու հա­մար ո՛­չինչ կ՚ը­նեն, կը սի­րեն միայն խօս­քով, կը սի­րեն, քա­նի որ ա­նոնք ի­րենց զա­ւակ­ներն են, բայց չե՛ն սի­րեր ա­նոնք ի­րենց իս­կա­կան ինք­նու­թեամբ։ Այս­պի­սի սի­րոյ կերծ ար­տա­յայ­տու­թիւն մը հա­մա­զօր է ինք­նա­յա­գե­ցու­մի, անձ­նա­մո­լու­թեան, քա­նի որ այդ­պի­սի­ներ կը սի­րեն՝ քա­նի որ ի­րենց սի­րած կար­ծա­ծը ի­րենց կը պատ­կա­նի, ի­րենք են ա­նոր «տէր»ը, եւ ո՛չ մէ­կը կ՚ու­զէ, որ ի­րեն պատ­կա­նա­ծը վնա­սուի…։

Ար­դա­րեւ ի­րե­նը ըլ­լա­լուն հա­մար սի­րել՝ սի­րել չէ՛։ Ի­րեն պատ­կա­նա­ծը պա­հել, պաշտ­պա­նել բնա­կան զգա­ցում մըն է, բայց պէտք չէ սի­րոյ զգա­ցու­մին հետ շփո­թել զայն։ Սէ­րը շատ ա­ւե­լի բարձր զգա­ցում մը, ա­ռա­քի­նու­թիւն մը՝ ազ­նուու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն մըն է։ Սէ­րը հե­տաքրք­րու­թեան հետ ալ պէտք չէ շփո­թել։ Սէ­րը «ինք­զինք տես­նել» է ու­րի­շին մէջ…։

Հոս, հար­ցում մը կա­րե­լի է ներ­կա­յաց­նել։

Մարդ ոե­ւէ մէ­կը կը սի­րէ ի­րեն մօտ ըլ­լա­լո՞ւն հա­մար, թէ ոչ՝ սի­րա­ծը մօտ կը զգայ։ Այս ի­մաս­տով՝ սէ­րը պէ՛տք է ու­նե­նայ գի­տակ­ցու­թի՛ւն, թէեւ ան զգա­ցում մըն է։ Զոր օ­րի­նակ, ծնող­ներ, ան­շուշտ, որ կը սի­րեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րը, բնա­կա­նա­բար եւ բնազ­դա­բար։ Բայց կա­րե­ւո­րը՝ այդ սի­րոյ տրուած ի­մաս­տը եւ գոր­ծադ­րե­լիու­թիւնն է։ Ի­մաս­տին հաս­նե­լու հա­մար ալ գի­տակ­ցու­թիւ­նը պայ­մա՛ն է, նաեւ զգա­ցում մը գոր­ծադ­րե­լիի վե­րա­ծե­լու հա­մար ալ խո­րա­նալ պէտք է ա­նոր ընդ­հա­նուր էու­թեան մէջ։

Սի­րե­լի բա­րե­կամ ըն­թեր­ցող, սի­րե­լու հա­մար մարդ պէ՛տք է սէր ու­նե­նայ իր սրտին մէջ. քա­նի որ մա՛րդ իր չու­նե­ցա­ծէն ո՛­չինչ կրնայ տալ ու­րի­շին. իսկ ու­նե­ցա­ծը տալ զո­հո­ղու­թիւն կը պա­հան­ջէ, եւ զո­հո­ղու­թիւն ը­նել՝ ազ­նիւ եւ ա­ռա­քի­նի, ըն­տիր մար­դու գործ է։

Ու­րեմն սի­րենք, սի­րենք ո՛չ միայն խօս­քով, ե­րե­ւու­թա­պէս, այլ ամ­բողջ սրտով, ան­կեղծ, սի­րել այն­պէս, ի՛նչ­պէս թէ մեր սի­րա­ծը մե՛նք ըլ­լա­յինք, սի­րենք, քա­նի որ սի­րել կը նշա­նա­կէ ազ­նիւ, ա­ռա­քի­նի, ըն­տիր ըլ­լալ, մէկ խօս­քով՝ մա՛րդ ըլ­լալ…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 30, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015