ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ

Իւ­րա­քան­չիւր ժո­ղո­վուրդ իր ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նե­րը ու­նի։ Հայ ժո­ղո­վուրդն ալ ու­րիշ տօ­նե­րու շար­քին ու­նի իր «լե­զուի եւ մշա­կոյ­թի տօն»ը։ Այս կար­գին է՝ Սրբոց Թարգ­ման­չաց տօ­նը։ Ուս­տի դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րէն՝ բո­լո­րը գի­տեն հա­յե­րէն տա­ռե­րով գրուած ա­ռա­ջին նա­խա­դա­սու­թիւ­նը. «Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխրատ, ի­մա­նալ զբանս հան­ճա­րոյ»։ Բայց, հա­ւա­նա­բար քի­չե­րու յայտ­նի է, թէ այդ նա­խա­դա­սու­թիւ­նը Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեա­նէն է՝ որ հա­յե­րէն գի­րե­րը Աս­տու­ծոյ պար­գեւն, շնորհն են հայ ժո­ղո­վուր­դին։

Հա­յաս­տան աշ­խար­հի քրիս­տո­նէա­ցու­մէն մին­չեւ 5-րդ դար հայ ե­կե­ղե­ցին տա­կա­ւին չէր «հա­յա­ցած», քա­նի որ չու­նէր սե­փա­կան գիր եւ գրա­կա­նու­թիւն։ Քրիս­տո­նէու­թիւ­նը իբ­րեւ «պե­տա­կան կրօն» ըն­դու­նե­լէն՝ մօտ մէկ դար ան­ցած էր։ Վան­քե­րու եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ կա­նո­նա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ծէ­սեր կը կա­տա­րուէին, Սուրբ Գիրք կը կար­դա­ցուէր, եւ սա­կայն ժո­ղո­վուր­դին մեծ մա­սը «օ­տա՛ր» էր ա­նոնց, քա­նի որ ան­հասկ­նա­լի էր այդ ա­մէ­նը ի­րենց հա­մար, ո­րով­հե­տեւ հա­յե­րէն գի­րե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն տակ, ե­կե­ղե­ցա­կան լե­զուն ա­սո­րե­րէն էր։ Ուս­տի եւ, Աս­տու­ծոյ խօս­քը շա­տե­րու սրտե­րուն չէ՛ր հաս­ներ։ Ա­հա այս պայ­ման­նե­րուն մէջ էր, որ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց Վար­դա­պե­տը, Սա­հակ Պար­թեւ Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ հա­յոց տա­ռե­րու ստեղծ­մա­նը։ Եր­կար ո­րո­նում­նե­րէ, պրպտում­նե­րէ եւ ու­րիշ ազ­գա­րու տա­ռե­րը հա­յե­րէն լե­զուի հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նե­լու ան­յա­ջող փոր­ձե­րէն յե­տոյ Մաշ­տոց ինք­զինք նուի­րեց ա­ղօթ­քի եւ խո­կու­մի, եւ Աս­տուած լսե՛ց ա­նոր ա­ղօթք­նե­րը։ Մաշ­տոց, ո՛չ թէ ե­րա­զով՝ քու­նի մէջ, ո՛չ տե­սիլ­քով՝ ար­թուն վի­ճա­կով, տե­սա՛ւ, թէ «ձեռք» մը տա­ռե­րը կը գրէր։ Գրուած տա­ռե­րը կը պահ­պա­նէին ի­րենց ձե­ւը, ինչ­պէս ձիւ­նի վրայ։

Ա­ղօթ­քէն պահ մը ետ կե­նա­լով, Մաշ­տոց Վար­դա­պետ, գրի ա­ռաւ հայ նշա­նագ­րե­րը։ Ա­ւե­լի քան 1600 տա­րի ան­ցած է այդ օ­րուը­նէ, բայց հայ գի­րե­րը չեն փո­փո­խուած եւ պահ­պա­նած են ի­րենց նախ­նա­կան տես­քը, քա­նի որ շատ կա­տա­րեալ են, այն­պէս՝ ինչ­պէս Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծած ա­տե­նը, քա­նի որ Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծած ա­մէն ինչ կա­տա­րեալ է։

Ա­պա սկսաւ Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեա­նի ամ­բող­ջա­կան թարգ­մա­նու­թիւ­նը՝ որ մշա­կում­նե­րով եւ լրա­ցում­նե­րով տե­ւեց շուրջ 30 տա­րի։ Աս­տուա­ծա­շուն­չը այ­լեւս հա­յե­րէն էր։ Աս­տուած կը խօ­սէր հա­յե­րէն։ Սուրբ Սա­հակ Պար­թեւ եւ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց, Եզ­նիկ Կող­բա­ցի եւ Յով­սէփ Պա­ղու­նա­ցի, Կո­րիւն, Ղե­ւոնդ Վա­նան­դե­ցի եւ միւս­նե­րը ի­րենց հո­գիի ամ­բողջ ջեր­մու­թիւ­նը ներդ­րե­ցին, ի­րենց հո­գին նուի­րե­ցին Աս­տուա­ծա­շուն­չի թարգ­մա­նու­թեան սրբա­զան գոր­ծին։ Ա­նոնց անկրկ­նե­լի թարգ­մա­նու­թեան շնոր­հիւ Աս­տուա­ծա­շուն­չի հա­յե­րէն օ­րի­նա­կը բո­լոր ազ­գե­րու կող­մէ ա­նուա­նուե­ցաւ «ԹԱՐԳ­ՄԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ԹԱ­ԳՈՒ­ՀԻ»։ Աս­կէ վերջ, շու­տով բա­ցուե­ցան դպրոց­ներ, դպրա­նոց­ներ, եւ սկիզբ դրուե­ցաւ «հայ դպրու­թեան»։

Գ­րուե­ցան ա­ղօթք­ներ, հո­գեզ­մայլ շա­րա­կան­ներ, զարկ տրուե­ցաւ թարգ­մա­նա­կան եւ ինք­նու­րոյն գրա­կա­նու­թեան, մարդ­կա­յին բազ­մու­թիւն­նե­րով լե­ցուե­ցան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ճո­խա­ցան Փրկչի տօ­նե­րը։

Եւ վեր­ջա­պէս, լու­սա­ւո­րուե­ցաւ ողջ հա­յոց աշ­խար­հը։ Հայ գի­րե­րու գիւ­տով եւ Աս­տուա­ծա­շուն­չի լման թարգ­մա­նու­թեամբ հի­մը դրուե­ցաւ «հայ հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին» նոր շարժ­ման, որ հայ ազ­գի «ՈՍ­ԿԵ­ԴԱՐ»ը դար­ձաւ։

«Թարգ­մա­նիչ» բա­ռը ներ­կա­յիս ա­ռօ­րեայ խօ­սակ­ցա­կան ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ լոկ լե­զուէ մը ու­րիշ, տար­բեր լե­զուի թարգ­մա­նող անձ։ Եւ սա­կայն մեր Թարգ­մա­նիչ հայ­րե­րը ո՛չ միայն թարգ­մա­նե­ցին Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեա­նը, այլ ապ­րե­ցան, կեան­քի կո­չե­ցին եւ հա­յա­ցու­ցին զայն։

Ար­դա­րեւ Սուրբ Գիր­քը, հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կեան­քի ձեւ, ապ­րե­լա­կեր­պի հան­գա­մանք ստա­ցաւ։ Ուս­տի, թարգ­մա­նիչ­նե­րը զԱս­տուած ի­ջե­ցու­ցին հայ մար­դու հո­գիին մէջ։ Քրիս­տո­նէու­թիւ­նը, այս թարգ­մա­նու­թեամբ «միս» եւ «ա­րիւն» դար­ձաւ հա­յուն հա­մար, դար­ձաւ զօ­րու­թիւն եւ հա­յը «հայ» պա­հեց բո­լոր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու մէջ։

Սուրբ Թարգ­մա­նիչ­նե­րը ի­րենց կեան­քով՝ դար­ձան հայ ժո­ղո­վուր­դին թարգ­մա­նը՝ Աս­տու­ծոյ մօտ։ Եւ ան­տա­րա­կոյս, ա՛յ­սօր ալ սուրբ թարգ­մա­նիչ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն իբ­րեւ փա­րոս, իբ­րեւ լու­սար­ձակ լու­սա­ւո­րել հայ ժո­ղո­վուր­դին, հայ մար­դուն ա­պա­գան, միշտ պայ­ծառ եւ լու­սա­ւոր պա­հե­լով զայն։

Թարգ­ման­չաց տօ­նը հայ հո­գիի, հայ մտքի պան­ծաց­ման, փառ­քի եւ ներ­բո­ղի տօնն է։ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը այ­սօր ալ կար­ծես կը խօ­սին մե­զի հետ, ժո­ղո­վուր­դին հետ։ Սուրբ Սա­հակ Պար­թեւ կը սոր­վեց­նէ մե­զի «մե՛ծ ըլ­լալ ե՛ւ խո­նարհ», Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց՝ «չվախ­նալ, քա՛ջ ըլ­լալ եւ ա­ղօթ­քով յաղ­թա­հա­րել, նուա­ճել ա­մէն դժուա­րու­թիւն», նաեւ Եզ­նիկ ու­ղե­ցոյց է հա­ւատ­քը պաշտ­պա­նե­լու, Ե­ղի­շէն հայ­րե­նա­սի­րու­թամբ կը տո­գո­րէ, Խո­րե­նա­ցին հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը կ՚ու­սու­ցա­նէ, Շի­րա­կա­ցին կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ բնու­թեան եւ տիե­զեր­քի գաղտ­նիք­նե­րուն մէջ, Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին մեր հո­գին կը բարձ­րաց­նէ դէ­պի Աս­տուած, Շնոր­հա­լին հայ հա­ւատ­քի բա­նա­ձե­ւը կու տայ եւ կը սոր­վեց­նէ եր­գել Աս­տու­ծոյ փառ­քը… եւ թարգ­մա­նիչ­ներ, բո­լորն ալ կը կեր­տեն ու կը ձե­ւա­ւո­րեն հայ ժո­ղո­վուր­դին մտա­ւոր եւ հո­գե­ւոր կեան­քը։

«Թարգ­մա­նիչ­ներ» ա­նուա­նուած եւ ճանչ­ցուած հո­գե­ւոր մշա­կու­թա­յին հզօր շար­ժու­մը անկրկ­նե­լի՝ ե­զա­կի ե­րե­ւոյթ էր հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ։ Թարգ­մա­նիչ­նե­րը հիմք դրին ազ­գա­յին ինք­նու­րոյն գրա­կա­նու­թեան, եւ ո՛չ միայն գրա­կա­նու­թեան, այլ նաեւ՝ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան, պատ­մագ­րու­թեան, բժշկու­թեան, փի­լի­սո­փա­յու­թեան՝ ի­մաս­տա­սի­րու­թեան աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան, ե­րաժշ­տու­թեան, ո­րով հայ ժո­ղո­վուր­դը քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հի լիի­րաւ ան­դա­մը դար­ձաւ եւ ինք­նու­թիւն ստա­ցաւ մտա­ւոր աշ­խար­հի մէջ։

Այդ Թարգ­մա­նիչ­ներն էին, որ գրե­թէ ո՛­չին­չէն ստեղ­ծե­ցին ինք­նա­տիպ մշա­կոյթ մը, որ ու­րիշ ո՛չ մէկ ժո­ղո­վուր­դի եւ ազ­գի հետ կա­րե­լի է ո՛չ հա­մե­մա­տել, եւ ոչ ալ շփո­թել։

Եւ դար­ձեալ, այդ Թարգ­մա­նիչ­նե­րուն ջան­քե­րով, ան­խոնջ եւ մշտա­ջան աշ­խա­տու­թեամբ էր, որ ժո­ղո­վուր­դը որ­պէս ազգ, հա­մախմ­բուե­ցաւ միաս­նա­կան մէ՛կ հա­ւատ­քի շուրջ եւ կա­րո­ղա­ցաւ ետ վա­նել ճա­կա­տագ­րի դառն ու տա­ժա­նե­լի փոր­ձու­թիւն­նե­րը։ Հա­զար ու մէկ փո­թո­րիկ­նե­րէ ո՛չ մէ­կը՝ ար­հա­ւիրք ու տագ­նապ, կա­րո­ղա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գիէն խլել իր սե­փա­կան մայ­րե­նի լե­զուն, եւ իր քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը։ Այն լե­զուն եւ այն հա­ւատ­քը՝ որ հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­պե­րը կտա­կե­ցին, ա­ւան­դե­ցին։

Ար­դա­րեւ Թարգ­մա­նիչ­ներ կտա­կե­ցին ժո­ղո­վուր­դին՝ չբաժ­նուի՛լ Մայր Ե­կե­ղե­ցիէն՝ որ ծննդա­վա՛յրն է հայ լե­զուին եւ հայ մշա­կոյ­թին։

Եւ այ­սօր, որ­պէս ար­ժա­նա­ւոր յա­ջորդ­ներ եւ հա­րա­զատ կտա­կա­ռու­ներ, մե­զի կը մնայ ա­ղօ­թել Աս­տու­ծոյ եւ մաղ­թել, որ Թարգ­մա­նիչ­նե­րու ո­գին եւ ա­նոնց ան­գին ու անգ­նա­հա­տե­լի՜ շնորհ­նե­րը մնան՝ գո­յա­պահ­պա­նուին եւ գո­յա­տե­ւեն հայ ազ­գի իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի հո­գիին եւ մտքի՛ն մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 11, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016