ՎԱՏԱՍԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ

Մարդկային հաւաքականութեան մը գոյապահպանման եւ գոյատեւման առջեւ ամենէն վտանգաւոր արգելքը՝ վատասերութեան ախտն է, որ ընկերային կեանքի մինչեւ իսկ կործանման պատճառ կրնայ հանդիսանալ։

Ընկերային-մշակութային եւ ազգային վատասերումը, որուն անյայտ ախտանիշն է ինքնութիւնը ծածկել եւ լեզուն չգործածել՝ անկո՛ւմ մըն է ենթակային համար, եւ յուսախաբութեան ու ցաւի պատճառ մը՝ համայնքին եւ հաւաքականութեան համար։

Իրականին գոյութիւն չունեցող «վախ»եր, երեւակայական «արգելք»ներ ստեղծել, «կասկած»ներ յօրինել եւ ինքզինք կաշկանդել, ազատութիւնը խափանել՝ վատասերութեան ախտին սկզբնական ախտանիշերն են։ Եւ երեւայական արգելքներով ինքզինք կաշկանդել՝ ամենամեծ հարուա՛ծն է ազատութեան, որ մարդ կրնայ ստեղծել ինք ի՛ր ձեռքով։

Անշուշտ զգուշութիւնը օգտակար է, երբ ան չի հասնիր չափազանցութեան՝ հիւանդագին վիճակի, որ ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնա՛ս կը պատճառէ ենթակային թէ՛ անհատական եւ թէ՛ ընկերային կեանքին։

Ուրեմն զգուշութիւնը եւ կասկածամտութիւնը պէտք է զանազանել եւ ըստ այնմ վարուիլ ու շարժիլ։

Արդարեւ, մարդ պէտք է վայելէ իր ազատութիւնը եւ իրաւունքը իրենց սահմաններուն մէջ, եւ իրաւունք մը իր սահմաններուն մէջ վայելել ազատութեան ամենէն յայտնի եւ արդար արտայայտութիւնն է։ Եւ ան՝ որ իր իրաւունքը վայելել կ՚ուզէ սահմանները անցնելով, չափազանցելով, պէտք չէ՛ խօսի ազատութեան մասին, քանի որ ան արդէն ոտնակոխ է ըրած ազատութեան սահմանը՝ անցնելով իրաւունքի սահմանները։

Եւ ուրեմն, երբ մարդ կ՚անցնի իրաւունքի սահմանը, այլեւս կը կորսնցնէ ազատութեան շնորհը, եւ այդ պարագային պէտք չէ՛ ամբաստանէ մէկ ուրիշը՝ գանգատելով թէ խափանած է իր ազատութիւնը, ուստի մարդ կարգ մը աննպաստ երեւոյթներու պատճառը պէտք է փնտռէ իր իսկ վրա՛յ։

Երբ մարդ ինքն իր վրայ վստահութիւն չունի, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս կրնայ սպասել որ ուրիշներ վստահին իրեն եւ կամ ինք վստահութիւն ներշնչէ ուրիշներուն։ Մարդ երբ իր իսկ ինքնութիւնը կը գաղտնէ, չըսելու համար կ՚ուրանայ, կը ծածկէ, ինչպէ՞ս ուրիշներ ճանչնան իր իսկական ինքնութիւնը, եւ վստահին իրեն։ Ինքնութիւն ծածկել՝ ենթակային համար որքան վատասերում մըն է, նոյնքան անյարգանք է դիմացինին համար, խաբել զայն եւ տարբեր ինքնութեամբ ներկայանալ անոր։ Զոր օրինակ, իր անունէն տարբեր անունով ներկայացնել ինքզինք, եւ տարբեր ինքնութեամբ ծանօթացնել իր էութիւնը։ Բոլոր այս արարքները խաբէութիւն են, աւելի ճիշդ՝ ինքնախաբէութի՛ւն, որ մարդկային փոխյարաբերութիւններու ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ապահովեն, հապա՝ վնա՛ս։

Շատ կարեւոր է եւ շինիչ՝ յարաբերութիւններու մէջ անկե՛ղծ ըլլալ. այլապէս ինչպէս անհատներ, նաեւ՝ ընկերութիւններ կը վնասուին, եւ հաւաքականութեան մէջ վստահութիւնը կը պակսի։ Եւ վստահութեան եզրը հաւաքականութեան մէջ անհատներու միութեան եւ համաձայնութեան համար կարեւոր եւ անհրաժեշտ ազդակ մըն է, եւ հոն՝ ուր վստահութեան պակասը կայ, հոն միութիւն չի՛ գտնուիր։

Մարդուս սրտին մէջ լա՜յն տեղ գրաւող ատելութեան, բարկութեան, գութի, բարութեան, սիրոյ նման ազնիւ զգացումներ, եւ կամ՝ սպաննելու, վիրաւորելու, յափշտակելու, եւ կամ՝ համայն մարդկութեան օգնելու, օգտակար ըլլալու նման սեւեռուն գաղափարներ իրենց համապատասխան արտայայտութիւնը կը դրոշմեն դէմքին վրայ, ինչ որ բնախօսական եւ հոգեբանական օրէնքներու արդիւնքն է՝ բնական եւ բանական հետեւա՛նքը։ Զօրաւոր անհատականութիւններ, ազնիւ հոգիներ երբեք վատասերութեան չեն ենթարկուիր, անոնք կը մնան միշտ հաստատ եւ անայլայլելի՛։ Հաստատ եւ զօրաւոր նկարագիրի տէր անձեր երբեք պահանջքը չեն զգար իրենք զիրենք ծածկելու, փոխելու կամ եղածէն տարբեր երեւելու։

Մարդ որքան ալ ծածկէ իր ինքնութիւնը, ուրանայ ինքզինք, ի վերջոյ դիմակազերծ կ՚ըլլայ, եւ իր դիրքն ու պատիւը շատ աւելի կը նուազի քան ինքզինք ուրանալով շահիլ փորձած արժանիքը։

Ազնիւ է այն մարդը՝ որ անկեղծ է. այնպէս կ՚երեւի՝ ինչպէս որ է՛, մէկ խօսքով. արտաքինը եւ ներքինը չեն հակասեր զիրար, համապատասխան են եւ հաւասարակշռուա՛ծ։ Այս իմաստով, ազնուականութեան առաջին պայմա՛նն է՝ ունենալ լա՛ւ «խորք» մը՝ որ կը նշանակէ մարդու մը անմիջական միջավայրին հետ ունեցած նպաստաւոր յարաբերութիւնը՝ որուն հիմը կը կազմէ անկեղծութիւնը։

Արդարեւ, անունը ուրանալ, լեզուն ուրանալ, մշակոյթը ուրանալ, բոլոր այս ուրացումներուն հետեւանքն է՝ ինքնութիւնը ուրանալ, որ կը նշանակէ՝ կորսնցնել անձնականութիւնը, եւ բոլորովին «ուրիշ» մը ըլլա՛լ։ Ասիկա ներելի եւ ընդունելի չէ՛ ամէն ողջամիտ եւ բանիմաց մարդու համար։ Քանի որ ինքնութիւնը ուրանալ ի վերջոյ անցեալը ուրանալ, ընտանիքը ուրանալ, ինքզինք ուրանալ կը նշանակէ։ Լեզուն ուրանալ արդէն այդ ամէնքը ուրանալ չի՞ նշանակեր։ Եւ մէկու մը իրեն պատկանածը, իր սեփականութիւնը ուրանալը ի՜նչ ցաւալի է եւ ի՜նչ դժբախտ երեւոյթ։

Ուրացումը՝ լքո՛ւմ է, հեռացո՛ւմ է, մոռացո՛ւմ է…։

Տէ՛ր կանգնինք սեփականութիւններու, տէր կանգնինք մեզի պատկանած, մեզի յատուկ արժէքներուն, այլապէս երբ անոնք կորսուին, վերստին տիրանալ դժուար է եւ նոյնիսկ անկարելի՛։ Տէր կանգնինք, լեզուին, մշակոյթին, հաւատալիքներուն, աւանդութիւններուն, ընտանեկան, հաւաքական եւ ընկերային եւ անհատական արժէքներու, արժանիքներու եւ մարդկային արժանապատուութեա՛ն։

Տէր կանգնինք անուններուն՝ որոնք ժողովուրդի մը անբաժանելի մշակութային արժէքներուն առաջնակարգ տարրերն են։ Անունը ինքնութի՛ւն իսկ է. անուններու տէր կանգնիլ կը նշանակէ՝ ինքնութիւնը պահել, պահպանել, ապրեցնել եւ տեւականացնե՛լ։ Անձը՝ իր անունով կը ճանչցուի, անձը իր անունով ինքնութիւն եւ անհատականութիւն կը ստանայ։ Եւ ժողովուրդ մը իր լեզուով կը գոյապահպանուի եւ կը գոյատեւէ։ Լեզուն  ժողովուրդի մը հոգին, կեա՛նքն է, եւ եթէ լեզուն ուրացուի եւ մոռցուի, ամուլ վիճակի մատնուի, արդէն հասարակաց հոգին, հասարակաց իմացականութիւնը, հասարակաց բարոյական զօրութիւնը կը կորսուի, ժողովուրդի իմացականութիւը եւ գիտակցութիւնը անիմաստ եւ աննպատակ էութեան մը կը վերածուի։ Մինչդեռ կեանքը շարժող ուժը՝ անոր իմաստը եւ նպատա՛կն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 9, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 16, 2017