ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐ
Այսօր մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կ՚ուզենք ներկայացնել Հայ Եկեղեցւոյ «Ծիսական Գիրք»երը՝ օգտուելով Նորայր Արքեպս. Պողարեանի «Ծիսագիտութիւն» գիրքէն։ (Ծիսագիտութիւն, 1990 Նիւ Եորք)։
ՆՈՐԱՅՐ ԱՐՔԵՊՍ. ՊՈՂԱՐԵԱՆ ծնած է Այնթապ, 17 յունուար 1904 թուականին։ Հայրը Գարեգին Քահանայ Պողարեան եւ մայրը՝ Սանդուխտ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի ծանօթ դպրոցներէն Վարդանեան վարժարանի մէջ։ Կրօնական կրթութիւն ստացած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի դպրոցին մէջ։ 1922-1928, Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի օրով, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, ապա Եղիշէ Պատրիարքի հրամանով գացած է Անգլիա եւ երկու տարի հետեւած է Աստուածաբանական ուսումներու։ Ուսուցչական զանազան պաշտօններ վարած է 1925-էն ի վեր, ընդհանրապէս Երուսաղէմի դպրոցին մէջ։ 1935-1940 տարիներուն պաշտօնավարած է իբրեւ վերատեսուչ Անթիլիասի դպրեվանքին։ Ան վարած է նաեւ Սրբոց Յակոբեանց վանքին Ելեւմտից տեսչութեան եւ վանքի ձեռագրատան տեսչութեան պաշտօնները։ Աշխատակցած է «ՍԻՈՆ» ամսագրին։ Նոր շրջանի սկզբնաւորութենէն ի վեր յօդուածներ ստորագրած է նաեւ «ՀԱՍԿ», «ՀԱՅ ԽՕՍՆԱԿ»ի, եւ քանի մը ուրիշ կրօնաթերթերու եւ տարեցոյցերու մէջ։ Եպիսկոպոսութեան աստիճան է ստացած Գէորգ Զ. Կաթողիկոսէ, 8 մայիս 1950 թուականին։
Նորայր Արքեպս. Պողարեան ունի հրատարակուած բազմաթիւ երկեր՝ աշխատասիրութիւններ, ուսումնասիրութիւններ։ Ինչպէս եւ «Մայր ցուցակ ձեռագրաց Սրբոց Յակոբեանց», եւ այլն։
Այս վաստակաւոր եւ անխոնջ գրիչը իր աչքերը «լոյսին փակեց» 19 դեկտեմբեր 1996 թուականին, 92 տարեկանին՝ Երուսաղէմ։
Օր մը կը հարցնեն իրեն.
-Սրբազա՛ն, մէկը չհասցուցիք, որ ձեզի օգնէ եւ ձեր գործը շարունակէ։
Ցաւագին շեշտով մը կը պատասխանէ.
-Փափաք յայտնող մը չեղա՛ւ…։
***
Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսական Գիրքերն են.
1.- Ժամագիրք
2.- Շարական
3.- Ճաշոց
4.- Յայսմաւուրք
5.- Տաղարան. Գանձարան
6.- Տօնացոյց (Օրացոյց). Եկեղեցական Տոմարագիտութիւն
7.- Խորհրդատետր (Պատարագամատոյց)
8.- Մաշտոց. Մայր Մաշտոց-Քահանայաթաղ։
ԺԱՄԱԳԻՐՔ. Կազմողներն են՝ Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Գիւտ Կաթողիկոս, Յովհան Մանդակունի Կաթողիկոս, Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոս։
Ժամերգութիւններն են.
1) Գիշերային (հիմա միացած իբրեւ առաւօտեան ժամերգութիւն)
2) Առաւօտեան
3) Արեւագալի (հիմա Մեծ պահոց ընթացքին միայն կը կատարուի)
4) Երրորդ ժամու (միացած իբրեւ Ճաշու ժամ)
5) Վեցերորդ ժամու (միացած իբրեւ Ճաշու ժամ)
6) Իններորդ ժամու (միացած իբրեւ Ճաշու ժամ)
7) Երեկոյեան
8) Խաղաղական (հիմա միացած իբրեւ Հսկում)
9) Հանգստեան (հիմա միացած իբրեւ Հսկում)
Գիշերային ժամերգութիւնը նախապէս ամէնօրեայ չէր, այլ կը կատարուէր կիրակի կամ կարգ մը մեծ տօներ կանխող գիշերները միայն։ ԺԴ դարուն ան սկսած է դառնալ ամէնօրեայ։ (Հացունի, Հայ Ծէսը, Վենետիկ, 1919, էջ 154 շ.)։
Առաւօտեան ժամերգութիւնը, ամէն օր կը կատարուէր հաստատուն կերպով։ Այս ժամերգութեան կատարումը տեղի կ՚ունենար արշալոյսին։
Արեւագալի ժամերգութեան ծագումը նախորդներուն չափ հին չէ, բայց Ը դարուն արդէն կը յիշուի եւ կը մեկնուի Ստեփանոս Սիւնեցիէն եւ ապա Ժ դարուն Խոսրով Անձեւացիէն։
Արեւագալի ժամերգութեան կատարման պահն է արեւածագը։ Ըստ Հացունիի կը կատարուէր այն օրերուն, ուր Գիշերային ժամերգութիւն չկար։
Երրորդ ժամ. այս ժամերգութիւնը կը կատարուէր ամէն օր, արեւածագի եւ կէսօրուան միջեւ, եւրոպական ժամահաշուով ժամը իննին։ Հին ատեն անապատներու մէջ իւրաքանչիւր ժամու աղօթքը առանձին կ՚ըսուէր, ինչպէս կը հասկցուի Ս. Ներսէս Շնորհալիի ժամատեղեաց խրատէն։
Օձնեցի Երրորդ ժամու աղօթքին իբրեւ բացատրութիւն կը մատնանշէ նոյն ժամուն Քրիստոսի խաչուիլը։ Նոյն բացատրութիւնը ունի նաեւ Սիւնեցի, բառական մանր տարբերութիւններով։
Վեցերորդ ժամ. այս ժամերգութիւնը կը կատարուէր ամէն օր, միջօրէին։
Իններորդ ժամ. այս ժամերգութիւնը եւս նախորդներուն պէս կը կատարուէր ամէն օր, կէսօրուան եւ իրիկուան միջեւ, եւրոպական հաշուով ժամը 3.00-ին։
Երեկոյեան ժամերգութիւնը կը կատարուէր ամէն օր, արեւմուտէն երկու ժամ առաջ, ինչպէս կը ցուցնեն Տօնացոյցը եւ Օձնեցին։
Խաղաղական ժամի կատարման պահն է արեւմուտէն անմիջապէս յետոյ։ Խաղաղականը կը կոչուի նաեւ «Հանգստեան» ըստ Անձեւացիի. իսկ Սիւնեցի կը գրէ լոկ «Հանգստեան ժամ»։
Այս ժամերգութիւնն ալ ամէնօրեայ չէր. տօնական օրերուն՝ ուր Արեւագալը զանց կը լինէր, խաղաղականը եւս կը դադրէր։
Հանգստեան ժամ. Հ. Վարդան Հացունիի համաձայն՝ «Հանգստեանը» բոլորովին նորամուտ աղօթք մըն է համեմատութեամբ միւսներուն։ ԺԳ դարու վերջերը կ՚երեւի իբրեւ «առանձնական աղօթք» եւ երկու դար յետոյ, ԺԵ դարու երկրորդ կէսին, կը սկսի դառնալ հասարակաց։
Հանգստեան ժամը պիտի կատարուի անկողին մտնելէ անմիջապէս առաջ։
Օրմանեան սապէս կը մեկնէ Հանգստեան ժամին ծագումը։
«Հանգստեան ժամու ծագումը կրնանք մեկնել ըսելով թէ Խաղաղականը, որ պիտի զրուցուէր անկողին մտնելէ անմիջապէս յառաջ, սկսած է (կատարուիլ) դիւրութեան համար արեւի մտնելէն յետոյ, փոքր մաս մը թողլով կամ կրկնելով անմիջապէս յառաջ քան զընկողմանելն ու այս փոքրիկ մասը հետզհետէ աճելով եղած է մի յատուկ ժամ, վրան առնելով Խաղաղականին երկրորդ անունը, զոր Անձեւացի ալ կը յիշէ Հանգստեան ժամ կոչելով» (Հայ Խօսնակ, 1936, էջ 78)։
«Օրհնեալ եղերուք»ով հաւատացեալներու արձակումը թէեւ միայն այս ժամերգութեան եւ Սուրբ Պատարագի վերջաւորութեան նշանակուած է, սակայն ընդհանուր սովորութիւն է ամէն ժամասացութենէ յետոյ ժողովուրդը արձակել նոյն օրհնութեամբ. «Օրհնեալ եղերուք»։
«Հանգերուք» բառը, արդարեւ, ցոյց կու տայ որ հաւատացեալները պիտի երթան գիշերային հանգիստով կազդուրուելու, մինչեւ որ վերստին ծագի առաւօտեան լոյսը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 28, 2020, Իսթանպուլ