ՀԱՐՈՒԸՐՏԻ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ
Ծանօթացէ՛ք հայու մը հետ, որով սքանչացած ու հպարտացած են ամերիկացիները, աշխարհի մեծագոյն թերթերը անոր մասին խօսած են, սակայն մեր հայկական իրականութեան մէջ մոռցուած է անոր անունը:
Հին թերթերու ընթերցանութիւնը յաճախ պատճառ կ՚ըլլայ յայտնաբերելու դէպքեր, անձեր ու իրադարձութիւններ, որոնք մերօրեայ մարդ արարածին համար անծանօթ են, այդ իսկ պատճառով ազգի մը պատմութիւնը գիտնալու համար պատմութեան գիրքերէն աւելի պէտք է դիմել մամուլին, ուր կարելի է գտնել ազգի մը ամբողջական պատմութիւնը՝ իր քաղաքական, ազգային ու մշակութային կարգավիճակով:
Վերջերս կատարած ընթերցումներուս ժամանակ Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուած «Լրաբեր» երկօրեայ թերթի երեքշաբթի, 19 մայիս 1942 թուականի թերթի երրորդ էջին մէջ կարդացի հաղորդագրութիւն մը երիտասարդուհի Լուիզ Ոսկերչեանի մասին: Երիտասարդուհի՝ որ իր քսան տարեկան հասակին իր երաժշտական ստեղծագործութիւններով կը խոստանար իր անունը արձանագրել համաշխարհային երաժշտութեան հանճարներու շարքին. երիտասարդուհի՝ որ իր հեղինակած երաժշտութիւններով բազմաթիւ մրցանակներու առաջնութիւնը կը շահէր. երիտասարդուհի՝ որուն մասին կը խօսէին նաեւ օտար թերթերը, երաժշտագէտներն ու երաժշտասէրները:
«Լուիզ Ոսկերչեանի նոր նուաճումները» խորագրեալ հաղորդագրութիւնը կը գրէր. «Նիւ Եորքի, Պոսթոնի եւ Վաթըրթաունի թերթերը մեծ տեղ տուին դաշնակահարուհի Օր. Լուիզ Ոսկերչեանի տարած վերջին յաջողութեանց մասին, զոր ան ունեցաւ Նիւ Եորքի Գառնիկի հոլին մէջ, նուագելով իր անձնական հեղինակութիւնը.- «Վինտօ Շափինկ» սիմֆոնին, մասնակցութեամբ հռչակաւոր Րուտոլֆ Կենդի ֆիլհարմոնիկ սիմֆոնի նուագախումբին»: Օրուան մեծ երաժիշտներէն մին անդրադառնալով Լուիզի տաղանդին՝ կ՚ըսէր. «անոր մասին ապագան պիտի խօսի շատ փայլուն գնահատանքներով»:
Եթէ Լուիզ Ոսկերչեան անունը ինչպէս իմ պարագայիս ձեզի համար ալ նոր անուն մըն է, ապա կրնանք ըսել, որ ապագան այնքան ալ արդար չէ գտնուած Ոսկերչեանի նկատմամբ՝ որ իր քսան տարեկան հասակին երաժշտական գլուխ գործոցներ կը ստեղծէր: Աշխարհի մեծագոյն հրատարակութիւններէն մին նկատուող «Նիւ Եորք Թայմս»ը (New York Times) 20 դեկտեմբեր 1984 թուականի թիւին մէջ կը գրէ Լուիզ Ոսկերչեանի մէկ համերգին եւ անոր երաժշտական տաղանդին մասին:
Այս բոլորը պատճառ եղան, որպէսզի կարճ ուսումնասիրութիւն մը կատարեմ Լուիզ Ոսկերչեանի մասին. մեծ երաժիշտը ծնած է 9 նոյեմբեր 1922 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ. երաժշտական կրթութիւնը սկզբնական շրջանին մէջ ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած Պոսթոնի «Նիւ Ինկլընտ» երաժշտանոց, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1945 թուականին: Իր երաժշտական ուսումը կատարելագործելու համար 1949 թուականին մեկնած է Փարիզ: Ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ որպէս ուսուցիչ պաշտօնի հրաւիրուած՝ աշխարհի մեծագոյն համալսարաններէն մին նկատուող Հարուըրտի համլսարանէն ներս, ուր դարձած է ապագայ յայտնի երաժիշտներէն շատերու դասատուն: Ան իր ստեղծագործութիւններով ելոյթներ ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մէջ:
Սակայն իր կենսագրութեան մէջ կար ցաւալի կէտ մը. ո՛չ մէկ ակնարկութիւն Հայաստանի կամ հայութեան հետ. Լուիզ Ոսկերչեան երբեւէ Հայաստան այցելա՞ծ է. Հայաստանի մէջ ունեցա՞ծ է ելոյթ. անոր երաժշտութեան մէջ երբեւէ տեղ գտա՞ծ է հայկական երաժշտութիւնը. անոր յայտնի ստեղծագործութիւնները օտարալեզու անուններով են. անոր ամուսինը ֆրանսացի մըն էր:
Այստեղ խնդիրը հետեւեալն է. Լուիզ Ոսկերչեան ի՞նք անտարբեր էր իր հայութեամբ, թէ մեր ազգն ու պետութիւնը անտարբեր էր հայազգի աստղի նկատմամբ. եթէ իրապէս հսկայական տաղանդ ունէր Լուիզ Ոսկերչեան, ինչո՞ւ համար անոր անունը չի յիշատակուիր Արամ Խաչատուրեանի, Շարլ Ազնաւուրի եւ այլ մեծանուն հայ երաժիշտներու շարքին. ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել աշխարհի մեծագոյն լրատուութեան եւ համալսարաններուն հայ երաժիշտին հանդէպ ունեցած սքանչացումն ու մեր ազգի անտարբերութիւնը:
Այսօր աշխարհի մեծագոյն համալսարան Հարուըրտի մէջ Լուիզ Ոսկերչեանի անուան մրցանակ գոյութիւն ունի. իր մահէն աւելի քան երկու տասնամեակ ետք օտարներ կը բարձրացնեն յիշատակը հայ երաժիշտին, իսկ մենք...:
Վստահ ենք, որ Լուիզ պարզապէս մէկն է բազմաթիւ մոռցուածներէն, որոնք գնահատուած են օտարին, սակայն ո՛չ հայուն կողմէ: Ու այս բոլորին դիմաց ցաւով կը յիշեմ Կոմիտասի իր նամակներէն մէկուն մէջ գրածը. «Օտարներ աւելի՛ հետաքրքրուած են մեզմով, մեր մշակոյթով, քան մենք՝ հայերս»:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -270-
Մօտաւորապէս 15 տարի առաջ՝ երբ տակաւին պատանի էի, զանգեցի սփիւռքի մէջ ծանօթ երգիչ Ատիս Հարմանտեանին եւ ժամադրութիւն խնդրեցի, Հակառակ փոքր տարիքիս, Պրն. Ատիս չմերժեց եւ յաջորդ օրն իսկ հանդիպումի ժամ որոշեց:
Տեսնուեցանք իրենց պատկանող ճաշարանի մը մէջ, որուն սրահին կեդրոնը կը գտնուէր գեղեցիկ սպիտակ դաշնամուր մը. յայտնեցի, թէ երգ մը պատրաստած եմ, որ համապատասխան է իր ձայնին եւ ոճին: Անցանք դաշնամուրին դիմաց եւ նուագեցի երգը. սիրեց:
Արագ մը թուղթ ու գրիչ առնելով ձայնանիշերը գրեց, մի քանի փոփոխութիւններ առաջարկեց, մի քանի անգամ փորձեց երգել եւ որոշեց այդ մէկը ձայնագրել: Որպէս պատանի հպարտութիւն մըն էր:
Սակայն ցաւ ի սիրտ, չիրականացաւ. հանդիպումէն մի քանի շաբաթ ետք Պրն. Ատիս անհանգստացաւ եւ փակելով ճաշարանը Լիբանանէն մեկնեցաւ Ամերիկա, ուր բժշկական ծանր միջամտութիւններու ենթարկուեցաւ եւ գրեթէ անկէ ետք չերգեց: Գուցէ այդ երգը երբեք ալ չերգուի, սակայն երաժշտութիւնն ու բառերը մոռնալ անհնար է եւ այդ երաժշտութիւնը միշտ հոգիիս մէկ անկիւնը կը լսեմ մինչեւ այսօր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան